Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
![Վահրամ Էմմիեան Յակոբ Հանտեան Պետիկ Ծառուկեան](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/10/IMG-20161028-WA0024.jpg?resize=680%2C251)
Վահրամ Էմմիեան Յակոբ Հանտեան Պետիկ Ծառուկեան
Համազգայինի նորագոյն ծրագիրներուն, աշխատանքներուն, գեղարուեստի եւ երաժշտական դպրոցներու վերամուտի աշխատանքներուն մասին մօտէն իմանալու նպատակով «Վանայ ձայն» հարցազրոյց մը ունեցած է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեանի, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանի եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խօսինք Համազգայինի ծրագիրներուն մասին. ի՞նչ հիմնական մտահոգութիւններու անդրադարձաւ Համազգայինի վերջին ժողովը:
ՊԵՏԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ.- Շրջանային վարչութիւնը մէկուկէս ամիս առաջ նշանակուեցաւ, այսինքն մենք նոր ստանձնեցինք մեր աշխատանքը: Համազգայինի աշխատանքները միշտ ալ շարունակական եղած են: Բնական է, որ ունինք գեղարուեստական ծրագիրներ, ունինք նաեւ կանոնագրային որոշ աշխատանքներ, բայց կրնամ ըսել, որ նիստին գլխաւոր շեշտը դրուեցաւ մեր միութեան շարքերը մարդուժով օժտելու կարեւորութեան վրայ, այլ խօսքով` առաւելագոյն չափով երիտասարդ տարրի անդամակցութեան հարցը առաջ նկատուեցաւ: Մեր դպրոցներու եւ միաւորներու աշակերտութեան, որոնց տարիքը 16-էն վեր է, պիտի փորձենք զեկոյցով մը բացատրել ու ներկայացնել Համազգայինը` իբրեւ կառոյց, միութիւն, որպէսզի հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդները գան եւ անդամակցին: Կառոյցներուն կողքին, ունինք նաեւ մեր մասնաճիւղերը` «Կոմիտաս» մասնաճիւղը, Պուրճ Համուտի, Էշրեֆիէի «Զարդարեան» մասնաճիւղը, «Աղբալեան»-ի եւ ասոնց կողքին ունինք նաեւ Այնճարը: Նշեալ մասնաճիւղերու վարչութիւնները իրենց աշխատանքները կը տանին, բայց իրենք ալ ունին մարդուժի հարց, իրապաշտ ըլլանք եւ մեր մատին ետեւ չպահուըտինք: Ուրեմն, որպէսզի մեր կառոյցները քիչ մը աւելի աշխուժացնենք եւ ժողովական կեանքը ճշգրիտ ձեւով ներկայանայ ընդհանուր ժողովներուն, մենք ծրագրած ենք անդամարշաւի աշխատանքին:
Պուրճ Համուտի «Լ. Շանթ» եւ «Աղբալեան»-ի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնները իրենց աշխատանքները արդէն կը տանին, դասաւանդութիւնները բնականոն կը շարունակուին: Ունինք նաեւ միաւորները, որոնք իրենց վարչութիւնները նշանակելէ ետք պիտի զբաղին իրենց յատուկ աշխատանքերով: Նախատեսած ենք նաեւ մշակութային, գրական եւ գեղարուեստական ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենան այս շրջանին, եւ որոնց մասին կ՛իմանայ հանրութիւնը մամուլով եւ «Վանայ ձայն»-էն. օրինակ` Սիպիլի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ 4 նոյեմբերին, «Էմիլ Լահուտ» սրահի մէջ եւ այլն:
Հ.- Խօսինք Համազգայինի միաւորներուն մասին: Երբ միաւոր կ՛ըսենք, ի՞նչ կը հասկնանք:
Պ. Ծ.- Համազգայինի դպրոցներուն մէջ փոքրիկները հասակ առնելով` կը հասնին մինչեւ պատանեկութեան տարիք, որմէ ետք բնական է, որ այդ պատանիները տեղ մը կառչած մնան: Ահա ճիշդ այս նպատակով ալ հիմնուած են Համազգայինի միաւորները. «Գ. Իփէկեան» միաւորը, «Քնար» պարախումբը, «Գուսան» երգչախումբը, «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը, որոնք կը ղեկավարուին Շրջանայինին կողմէ նշանակուած վարչութիւններով: Միաւորները ունին նաեւ իրենց գեղարուեստական ղեկավարները: Քիչ առաջ ակնարկեցի անդամարշաւի մասին, յայտնեմ, որ անդամագրուող երիտասարդները իրաւունք պիտի ունենան ընտրելու իրեն նախասիրած միաւորի վարչութիւնը. այսինքն` պիտի աշխատինք լիիրաւ կազմ ստեղծել, որ կարելի ըլլայ երիտասարդութիւնը մղել դէպի Համազգայինի կառոյցներ: Պարզ է բոլորիս, որ ամէն միաւոր իր տարեկան ելոյթները ունի: Միաւորները կը հրաւիրուին նաեւ մասնակցելու տարբեր ձեռնարկներու` Լիբանանի տարածքին: Ըսեմ նաեւ, որ մշակոյթի օտար պատասխանատուներ տեսնելով մեր աշխատանքը` շնորհաւորած են մեզ եւ բազմիցս ըսած, որ Լիբանանի մէջ չկայ նման կառոյց, որ այսքան բծախնդրութեամբ մշակութային աշխատանք կ՛իրականացնէ մանուկ տարիքէն մինչեւ պատանեկութիւն եւ չափահասութիւն:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգայինի դերակատարութիւնը մեր գաղութին մէջ: Եկէք` նաեւ անդրադառնանք դժուարութիւններուն:
Պ. Ծ.- Մեր ազգային դպրոցներուն նման` Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ալ ունին իրենց դժուարութիւնները, որոնց գլխաւորը նիւթականն է, ասկէ դուրս ունինք նաեւ այլ դժուարութիւններ: Ամէն պարագայի, մենք մեր գրաւը պիտի դնենք մեր գիտակից ծնողներուն վրայ, որոնք իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն արուեստի դպրոց, յաւելեալ ճիգ կը թափեն, որ ուրիշեր ալ գան եւ ներդրում ունենան մեր մշակութային բնագաւառին մէջ: Եթէ իրենց բաժին գումարները վճարեն, այդ դժուարութիւններէն մասամբ մը արդէն դուրս եկած կ՛ըլլանք: Այս պատկերը, բաղդատմամբ նախորդ տարիներուն, բաւական լաւ ընթացքի մէջ է: Ասկէ զատ, որպէս դժուարութիւն, ըսեմ, որ մշակութային գործը դիւրին չէ, դժուար է, բայց մենք բնաւ չենք դժգոհիր, չենք յուսահատիր, այլ մեր կարելին կ՛ընենք լուծելու ամէն հարց ու խնդիր: Փա՛ռք Աստուծոյ, որ երբ դիմած ենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, առանց ճիգ խնայելու` օժանդակած են ու` ձեռք երկարած մեզի: Նշեմ, որ ունինք ձեռնարկներ, որոնք նիւթական պարտաւորութիւն մը չեն ենթադրեր, ինչպէս` գրական ձեռնարկները եւ հանդիպումները, գինեձօնները եւ այլն: Տեղ մը պէտք է ըսեմ նաեւ, որ Շրջանայինի նորակազմ անդամները ճիգ չեն խնայեր միակամ աշխատելու: Թէեւ մէկ ամսուան կեանք ունինք, բայց բաւական գործ տարած ենք արդէն:
Հ.- Խօսինք ու ներկայացնենք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները. ի՞նչ է իւրաքաչիւրին աշխատելաոճը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ.- Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնը ստեղծուեցաւ 1983-ին, Լիբանանի պատերազմի օրերուն: Այդ տարիներուն մարդիկ կ՛ապրէին տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամային օրեր: Կը յիշեմ` այն ժամանակ շատեր այպանեցին մեզի մեր առած քայլին համար: Բայց մենք համոզուած հիմնեցիք այս կեդրոնը, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը հայ մշակոյթով սնանի, գեղարուեստի դպրոցներու ճամբով հասակ առնէ եւ կազմաւորուի: Այսօր ալ կ՛ապրինք ճգնաժամային տնտեսական իրավիճակ, դժուարութիւնները շատ են, բայց յուսահատական երեւոյթներ չենք տեսներ: Ամէն դժուարութիւն ձեւով մը կարելի է յաղթահարել: Այս իմաստով ալ ունինք «Լ. Շանթ» եւ «Խաչատուրեան» կեդրոնները, որոնք կը գործեն զուգահեռաբար: Այս կեդրոնները ունին գեղարուեստի 4 դպրոցներ` «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, որուն նորանշանակ տնօրէնն է Վահրամ Էմմիեան, «Թորոս Ռոսլին» գծագրական ակադեմիան, որուն վարիչ-տնօրէնը Վազգէն Մուղալեանն է, «Արեգ» թատերական դպրոցը, որուն վարիչը Ռոպերթ Առաքելեանն է, «Գայեանէ» պարի դպրոց, որուն պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները: Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտը սկսաւ մեծ խանդավառութեամբ, 17 հոկտեմբերին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեր բոլոր աշակերտները իրենց ժամերը գիտնալով` կապուեցան, արձանագրուեցան եւ նոյն թափով սկսան հետեւիլ դասաւանդութեանց: Մեր դպրոցները կը գործեն կէսօրէ ետք, շաբաթը 6 օր, ուրբաթ` մինչեւ ժամը 7:00-ը, իսկ շաբաթ ամբողջ օրը. կրնամ ըսել, որ շաբաթ օրերը «Լ. Շանթ» կեդրոնը մեղուի փեթակի կը նմանի, ինչ որ յուսադրիչ երեւոյթ է, կ՛ոգեւորէ եւ ուժ կու տայ մեզի: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները արուեստի ճամբով կու գան ամբողջացնելու մեր զաւակներուն գիտութիւնը: Կը թելադրեմ, որ բոլոր աշակերտները մտածեն գեղարուեստի դպրոցներուն հետեւելու, որովհետեւ մշակոյթն է, որ մեր դիմագիծը պահպանած է եւ պիտի շարունակէ պահպանել:
Հ. – «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ ամէնէն ճոխն է եւ հարուստը` իր թիւով, երաժշտական գործիքերու բազմազանութեամբ եւ երաժշտական ծրագիրներով: Եկէք` խօսինք «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մասին: Երբ ստանձնեցիք ձեր պաշտօնը, որպէս տնօրէն, ի՞նչ էր ձեր հիմնական մտահոգութիւնը, բարելաւման ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսած էք:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Յայտնեմ, որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէնութեան պաշտօնը նոր ստանձնած եմ, եւ ինչպէս անունը ցոյց կուտայ, երաժշտական քոլեճը կրթական հաստատութիւն մըն է, դպրոց մըն է, ուր կը դասաւանդուի երաժշտութիւն, որ ինքնին լեզու է, հետեւաբար ունի իր գիրերը, որ ձայնանիշներն են, ունի իր քերականութիւնը, որ տեսական բաժինն ունի նաեւ իր շարադրութիւնը, որ հարմոնիի նիւթն է: Ասոնց կողքին, ունի իր կատարողական բաժինի տարբեր գործիքները` ջութակ, դաշնակ, կիթառ եւ ձայնալարեր, որոնք աստուածատուր են: Աշակերտները պէտք է գիտակցին, որ իրենք կրթական հաստատութիւն յաճախող աշակերտներ են, հետեւաբար պէտք է ամբողջացնեն բազմաթիւ նիւթեր եւ պէտք է կատարեն հարկ եղած բոլոր աշխատանքները. այսինքն` ինչպէս որ կարելի չէ աշակերտ մը դպրոց ներկայանայ եւ ըսէ, որ կ’ուզէ միայն թուաբանութեան հետեւիլ զանց ընելով անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը, նոյնպէս ալ` երաժշտական մեր քոլեճը: Երբ աշակերտ մը ճշդուած ծրագիրը ամբողջութեամբ չէ իրականացուցած եւ կիսատ ձգած է, վկայական չի կրնար ստանալ: Ասոր համար սկիզբէն նախանձախնդիր եղանք, որ այս պատկերը յստակ ըլլայ ե՛ւ աշակերտներուն, ե՛ւ ուսուցիչներուն, ե՛ւ ծնողերուն համար, որպէսզի աշակերտը անակնկալի առջեւ չգտնուի, եւ անախորժ կացութիւններ չստեղծուին իրեն համար: Տեսական նիւթերը` թէորին, սոլֆեժը, հարմոնին, երաժշտութեան պատմութիւնը ծրագիրին մաս կը կազմեն եւ կարելի չէ զանոնք զանց առնել: Այս նպատակով ալ պատրաստեցինք տախտակներ, որոնց վրայ յստակօրէն կ՛երեւին իւրաքանչիւր դասարանին յատկացուած նիւթերը, որոնք պէտք է ամբողջանան աշակերտին կողմէ:
Հ.- Եկէք երաժշտանոցին մէջ դասաւանդուող գործիքներուն մասին խօսինք:
Վ. Է.- Երաժշտանոցին մէջ ունինք երկու բաժին, մէկը երաժշտական դասական գործիքներու բաժինն է, միւսն ալ` հայկական ժողովրդային գործիքներու բաժինը:
Դասական երաժշտական գործիքերու նուագարաններն են` դաշնակ, կիթառ, ջութակ, թաւջութակ, սրինգ, մինչեւ իսկ հարուածային գործիքներ (թմբուկ, զիլոֆոն, մարինպա, տրամզ եւ այլն) եւ ձայնամարզութիւն: Իսկ` ժողովրդական գործիքներու պարագային` քանոն, տհոլ, շուի եւ տուտուկ: Իւրաքանչիւրը իր ծրագիրը ունի: Այն աշակերտները, որոնք կ’արձանագրուին, պարտաւոր են այդ գործիքին ծրագիրը ամբողջացնել: Աշակերտները պէտք է գիտակցին,թէ որոշ կշռոյթ մը կայ պատրաստելիք, իբրեւ կրթական հաստատութիւն` տարեվերջին կան քննութիւններ: Եթէ աշակերտը ծրագիրը լիովին ու կատարեալ ամբողջացուցած չէ, մեծ դժուարութեան կը հանդիպի յաջորդ տարին:
Հ.- Որոշ գաղափար մը տուէք երաժշտական տարեշրջանին, դասարաններուն, ապա վկայականներուն մասին, պարզեցէք նաեւ կապը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին հետ:
Վ. Է.- Տասնամեակներու վրայ երկարող պայմանագիր մը ունինք, որ ստորագրուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին հետ: Ըստ այս պայմանագիրին, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը անմիջականօրէն կապուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցին: Մեր քով աւարտող աշակերտները կրնան իրենց երաժշտական ուսումը շարունակել Երեւանի մէջ: Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն յաճախ կը հրաւիրենք հիւրեր, որոնք դասախօսութիւններ կու տան, դասընթացքներ կը կազմակերպեն: Իսկ վկայականներու քննութիւններուն անպայման Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներկայացուցիչ մը կ՛ունենանք, որ ներկայ կ՛ըլլայ քննութեան, տեղւոյն վրայ կը տեսնէ տարուած աշխատանքը, արդիւնքը, որ ըստ այնմ զեկուցէ իրենց տնօրէնութեան:
Ինչ կը վերաբերի երաժշտական տարեշրջանին, կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեր պարագային աւելի ճիշդ է խօսիլ դասարանի մասին, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ աշակերտ մը մէկ տարուան մէջ չկարենայ յաջողութեամբ աւարտել ծրագիրը, այս պարագային` դասարանը: Ընդհանուր առմամբ, երաժշտական մեր ծրագիրը կը սկսի նախապատրաստական դասարանէն մինչեւ 10-րդ դասարան, այսինքն 11 դասարաններ: Երաժշտանոցը երկու վկայական ունի, մէկը 7-րդ դասարանին, միւսը` 10-րդ: Երբ աշակերտը 7-րդ դասարան հասնի, երաժշտական դպրոցը կ՛աւարտէ եւ կ՛անցնի երաժշտական ուսումնարանի մակարդակին: Դասարանէ դասարան նիւթերը կը շատնան, կը ծանրանան եւ յաւելեալ փորձ ու մարզում կ՛ենթադրեն աշակերտէն տան մէջ, որովհետեւ դասարանին մէջ աշխատանքին 10 առ հարիւրը կը կատարուի, իսկ մնացեալ 90 առ հարիւրին համար աշակերտը կրնայ կարիքը ունենալ ամէնօրեայ մէկ ժամէն մինչեւ 4-5 ժամ մարզումներու: Երբեմն աշակերտները դժուարութիւն կ՛ունենան համադրելու իրենց համալսարաններու կամ դպրոցներու քննութիւնները եւ երաժշտական ծրագիրը: Այստեղ կը թելադրենք իրենց, որ գիտակից ըլլան ու պատրաստ` յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները: Վերջապէս, երաժշտանոցն ալ պարտաւոր է պահելու իր հաւաստիութիւնը եւ վարկը:
«Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը աւարտելէն ետք աշակերտին կը մնայ երաժշտութեան մէջ մասնագիտանալու որոշումը: Մեր նպատակը եւ մտահոգութիւնը անպայման մասնագէտ երաժիշտ պատրաստելը չէ, մեր առաքելութիւնը երաժշտասէր որոշ կրթութեան տէր մարդիկ պատրաստելն է, հայ աշակերտին հոգեմտաւոր պաշարի հարստացումը, հետեւաբար աւարտողները կրնան երաժիշտ ըլլալ, կրնան երաժշտասէր ըլլալ կամ ուսուցիչ, կրնան լաւ կատարող կամ երաժշտական ասպարէզի մէջ գործունեայ մարդ ըլլալ: Մեր ծրագիրին կողքին, մեր հետաքրքութեան առանցքը աշակերտն է` իբրեւ անհատ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ տարբեր պարագայ է, եւ մենք բոլոր պարագաները պարտաւոր ենք նկատի ունենալ:
Հ.- Համազգայինի իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր գործելաոճը. այսօր ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները:
Պ. Ծ.- Հաւատացէ՛ք, որ միայն մշակոյթն է, որ ազգապահպանման կը ծառայէ եւ կը նպաստէ: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները այս առաքելութեամբ առաջնորդուելով հիմնած ենք:
Մեր դպրոցներուն մէջ ունինք նաեւ օտար աշակերտներ, ուսուցիչներ, բայց դիմագիծը հայկական է: Այս դպրոցները իրենց ազգանպաստ գործունէութենէն զատ ունին առաւելութիւն մը. անոնք հիանալի եւ ապագայ խոստացող առիթներ են ասպարէզի առումով, երբ մէկը կ՛ուզէ մասնագիտանալ գեղարուեստի ճիւղերէն մէկուն մէջ եւ այդ մէկը ընդունիլ որպէս կեանքի ասպարէզ:
Վ. Է.- 80-ականներէն «Լ. Շանթ» կեդրոնն եմ եւ 1994-էն ի վեր ուսուցիչ եմ հոն, եթէ հիմա բաղդատական մը ընենք այն թուականներուն եւ ներկայի միջեւ, կը տեսնենք, որ այն տարիներուն «Լ. Շանթ» կեդրոնին մէջ այսօրուան պայմանները չկային, ո՛չ գետինը յղկուած էր, ո՛չ պատերը ներկուած էին, ելեկտրականութիւն չկար, եւ մենք կը դասաւանդէինք մոմի լոյսին տակ, լապտերներով, բայց աշակերտները երաժշտութեան ծարաւն ունէին, երաժշտութեան սիրով տարուած` շատ խանդավառ էին, հակառակ վատ պայմաններուն` մօտեցումը տարբեր էր:
Պ. Ծ.- Նոյնն է պարագան պարախումբին համար, անցեալին փորձերը կ’ընթանային չոր գետնի վրայ, յետոյ է, որ սրահը բոլոր յարմարութիւններով օժտուեցաւ եւ վերածուեցաւ իսկական պարի սրահի:
Յ. Հ.- Կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ վերամուտին մեր առաջին գործը եղաւ բարեկարգել «Լ. Շանթ» կեդրոնը. աշխատանքները սկսանք գետնայարկէն, հիմա մուտքին հասած ենք եւ կ՛ակնկալենք մօտիկ ապագային ամբողջացնել նորոգութեան ծրագիրը: Կ’աշխատինք մեր լաւագոյնը ընել, որ մեր աշակերտները լաւ պայմաններու մէջ իրենց փորձերը կատարեն եւ իրենց մշակութային ճաշակը ստանան: Մենք կրնանք դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները, եթէ հաւատք ունենանք մեր կատարած գործին եւ առաքելութեան հանդէպ:
Հ. – Ծնողներուն հետ շփում ունենալով` ի՞նչ կը կարծէք, ի՞նչ են մեր ծնողներուն մտահոգութիւնները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն:
Յ. Հ.- Կան ծնողներ, որոնք շահագրգռուած են, որ իրենց զաւակները գեղարուեստական որոշ ճաշակ մը ստանան, արուեստի ճիւղի մը տիրապետեն: Կան ծնողներ ալ, որոնք ուրիշներուն նայելով` իրենք ալ ղրկած են իրենց զաւակները. այս ալ իր կարգին դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, որովհետեւ վերջաւորութեան մեր նոր սերունդի զաւակները մշակութային որոշ ճաշակ մը կը ստանան եւ կը կապուին մշակոյթին: Վարակիչ այս երեւոյթը շատ օգտակար կը դառնայ մեր հասարակութեան համար:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛աշխատին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները, թուային առումով, ի՞նչ պատկեր կը պարզեն անոնք:
Յ. Հ.- Խօսելու համար գեղարուեստի դպրոցներուն մասին` առաջին հերթին ըսեմ, որ իւրաքանչիւր գեղարուեստի դպրոցի համար պատրաստեցինք ուսումնական ծրագիր, որուն հիման վրայ պիտի ընթանան ամբողջ տարին: «Թ. Ռոսլին»-ի ուսումնական ծրագիրը կ՛երկարի 7 տարիներու վրայ. փոքր տարիքէն աշակերտը կը հետեւի իրեն համար սահմանուած ծրագիրներուն, տարուան մը ընթացքին կ՛ունենայ երկու տարբեր ուսուցիչներ, կը սորվի շատ մը մանրամասնութիւններ, գոյներու ներդաշնակութիւն, գիծերու համաչափութիւն, մինչեւ իսկ` նկարչութեան պատմութիւն: Ամէն տարի կը ստանայ հաստատագիր մը, մինչեւ հասնի 7-րդ տարին, ուր որպէս սկսնակ կամ խոստմնալից արուեստագէտ` կրնայ իր թեզը ներկայացնել պատկերով մը կամ քանի մը պատկերներով եւ ըստ այնմ կը ստանայ իր վկայականը:
Թիւերու իմաստով, գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտութեան թիւը չէ պակսած, այլ աւելցած է: Կրթաթոշակի որեւէ յաւելում չենք կատարած: Մեր հիմնական նպատակն է, որ մեր զաւակները մօտ ըլլան հայ հաստատութիւններուն եւ աւելի կապուին մեր արուեստին եւ մշակոյթին: Երկու կեդրոններուն մէջ ալ նոյն ծրագիրները զուգահեռ կ՛ընթանան: Ինչ կը վերաբերի «Արեգ» թատերական դպրոցին, «Արեգ»-ը երկու տարուան ծրագիր ունի: Փոքրերը կու գան եւ երկու տարի յատուկ դասագիրքերով կը հետեւին իրենց մարզումներուն եւ վերջաւորութեան կը ստանան իրենց վկայականները: «Արեգ» դպրոցի կողքին ունինք նաեւ «Արեգ» թատերախումբը, որուն անդամները անցած են դպրոցէն, ստացած են իրենց վկայականները եւ կը շարունակեն թատերախումբին մէջ աշխատիլ Ռոպերթ Առաքելեանին հետ` պատրաստելով ներկայացումներ: «Արեգ»-ի անցեալ տարուան ներկայացումը ապացուցեց, որ ունինք պատրաստուած դերասաններ, որոնք պատրաստ են լաւ մակարդակի ներկայացումներով հանդէս գալ: «Արեգ»-ի դաստիարակած դերասանները այսօր մեր իրականութեան մէջ կը ներառուին տեղական թատերախումբերու մէջ, հեռատեսիլով ցուցադրուող տեսերիզներու կամ ֆիլմաշարերու մէջ: Հետեւաբար մենք պէտք է տիրութիւն ընենք մեր տղոց, ճանչնանք անոնց կարողութիւնները եւ արժեւորենք: «Արեգ» թատերախումբը մասնակցած է «Շուշի»-ի փառատօնին` եւ մրցանակ բերած է, մասնակցած է Գիւմրիի միջազգային փառատօնին «Կարօտ» ներկայացումով եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր դարձած է: «Արեգ»-ի խմբակին մէջ կան անհատներ, որոնք ծրագրած են այս արուեստը իրենց ասպարէզը դարձնել: Շատերը պիտի դառնան մասնագիտացած դերասաններ, իսկ ուրիշներ` մասնագիտացած բեմադրիչներ: Մեր կապերը Հայաստանի հետ շատ հին են, եւ դիւրութեամբ կրնան հոն շարունակել իրենց մասնագիտութիւնը: Ինչ կը վերաբերի «Գայեանէ» պարի դպրոցին, աշակերտները մինչեւ 16 տարեկան կը թրծուին, կը կազմաւորուին որպէս պարողներ եւ ապա կը փոխանցուին «Քնար» պարախումբ: Մեծ թիւով պարողներու մթնոլորտը խրախուսիչ է, խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն կը ստեղծէ: Իրապէս իւրայատուկ պարագայ է «Գայեանէ» պարի դպրոցը: Պէտք է բոլորս քաջալերենք, որ մեր ժողովուրդը պարարուեստին մօտ ըլլայ, հայկականութեան մօտ ըլլայ: Պայման չէ, որ բոլորը մասնագիտացած պարողներ կամ պարուսոյցներ դառնան հետագային, կը բաւէ, որ սերունդները մեր մշակոյթը սիրեն, ըմբռնեն եւ ապրին զայն իրենց առօրեային մէջ: Կը կարծեմ, որ «Գայեանէ»-ն յաջողած է այս առաքելութեան մէջ:
Հ.- Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը ի՞նչ գործով կը զբաղի:
Յ. Հ.- Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալները մօտէն կը հետեւին դպրոցներու բոլոր անցուդարձերուն եւ շաբաթական դրութեամբ կը գումարեն իրենց ժողովները, որոնց ես ալ իմ մասնակցութիւնս կը բերեմ. Շրջանային վարչութիւնն ալ մօտէն կը հետեւի դպրոցներու անցուդարձներուն: Դժուարութիւնները կամ ծրագիրները միասնաբար կը քննենք, կը ծրագրենք եւ լուծումներու կը հասնինք:
Հ.- Խնդրեմ` ձեր ակնկալութիւնները եւ մաղթանքները այս տարուան համար:
Յ. Հ.- Համազգային գեղարուեստի դպրոցներ համազգային են, այսինքն կը պատկանին ազգին. հետեւաբար կը մաղթեմ, որ բոլորը զգան, թէ գեղարուեստի դպրոցները իրենցն են, տէր կանգնին անոնց, քաջալերեն զաւակները ուղարկելով: Ազգի զաւակներն են տէրը այս դպրոցներուն եւ ոչ թէ Համազգային միութիւնը: Թերեւս մեր կեդրոններու կառոյցները քիչ մը նեղ թուին, բայց կը հաստատեմ, որ Համազգայինին սիրտը լայն է եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը կրնայ ընդունիլ:
Պ. Ծ.- Մենք մեր ուժերով, մեր կարելիութիւններով ու կարողութիւններով կ՛աշխատինք ու պիտի շարունակենք աշխատիլ լաւագոյնին ձգտելու: Մեր միակ ապաւէնը ժողովուրդն է: Վարչութիւնները կու գան ու կ՛երթան: Համազգայինի առաքելութիւնը իր ազգի զաւակներուն պաշտպան կանգնիլն է: Մեր ժողովուրդը միշտ ալ Համազգայինի աշխատանքին ու առաքելութեան հաւատացած է: Մեր կառոյցները կը բարգաւաճին եւ կը ծաղկին մեր սերունդներով, մեր ժողովուրդով, ահա այս է մեր հարստութիւնը եւ իսկական յաջողութիւնը:
Վ. Է.- Պեթհովեն կ՛ըսէ. «Երաժշտութիւնը շատ աւելի բարձր արտայայտութիւն է, քան` ամէն իմաստութիւն եւ իմաստասիրութիւն»: Երաժշտութիւնը կը բանայ այնպիսի դռներ ու աշխարհներ, որ խօսքը, գիծը, պարը անկարող են բանալ: Տեսէ՛ք` եկեղեցւոյ պատարագներն անգամ երաժշտութեամբ կը մատուցուին, որովհետեւ խօսքը անբաւարար է հոգեկան ապրումներ տալու այնպէս, ինչպէս երաժշտութիւնը կու տայ: Կոչ կ՛ուղղեմ ծնողներուն, որ իրենց զաւակները ղրկեն երաժշտանոց, որպէսզի սիրով լեցուին երաժշտութեան հանդէպ: Ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ, տնօրէնութիւն եւ վարչական պատասխանատուներ` այս շրջանակը կ՛ենթադրէ ամբողջական աշխատանք, նուիրում` վասն հայ աշակերտի բարօրութեան եւ հոգեմտաւոր զարգացման:
Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ