Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ին, Տպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի երգահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի սաները:
Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի առաջին խտասալիկը լոյս տեսած է 2010 թուականի նոյեմբերին. շարք մը ժողովրդական երգերու կարգին տեղ կը գրաւէ Մաժակ Թօշիկեանի (Ճենք Թաշքան, որ փոփ երաժշտութեան ամէնէն յայտնի յօրինողներէն մէկն է) յօրինած նշանաւոր «Նամակ» երգը: Խտասալիկի պատրաստութեան իրենց աջակցութիւնը բերած են` Մաժակ Թօշիկեան, Մերճան Տէտէ, Կէօքսել Պաքթակիր եւ Փեթրոյի նման համբաւաւոր արուեստագէտներ: խտասալիկը բարձր գնահատուեցաւ երաժշտական քննադատ Նայիմ Տիլմեների կողմէ իբրեւ «2010-ի լաւագոյն ալպոմներէն մէկը»: Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պետական եւ անձնական ժողովրդական պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայաններէն սկսան հաղորդուիլ Սիպիլի հայերէն երգերը, ինչպէս նաեւ` «Նամակ»-ի տեսահոլովակը:
15 մարտ 2011-ին մասնակցած է «Իսթանպուլ Սազենտելերի» համերգին` իբրեւ հիւր արուեստագիտուհի:
2011-ի ամրան Սիպիլ Հայաստան հրաւիրուած է երգելու համար Համահայկական խաղերու բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն, ուր ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած է «Տեսնեմ Անին» երգը:
Մարտ 2012-ին դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի ընկերակցութեամբ եւ Մաժակ Թօշիկեանի ղեկավարութեամբ, առաջին անգամ համերգներ տուած է Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Իսկ ապրիլ 7-ին Մոսկուայի մէջ ան արժանացած է «Հայկական երաժշտութեան մրցանք»-ի «Կախարդական ձայն» մրցանակին: Այսպէս, ան Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ այս մրցանակին արժանացած առաջին անձը եղած է: Նոյն օրերուն Սիպիլ Հայաստանի մէջ արժանացած է «Հայ երաժշտութիւնը սփիւռքի մէջ պահպանելու առաքելութիւն» յատուկ մրցանակին: Յաջորդաբար, Հայաստանի ամէնէն համբաւաւոր արուեստագէտներէն Անտրէի հետ զուգերգներով Սիպիլ ութ շաբաթ տեւողութեամբ Հ1 պատկերասփիւռի կայանի «Մենք ու մենք» յայտագրին մասնակցած է ու վայելած` մեծ ժողովրդականութիւն:
20 հոկտեմբեր 2012-ին, դարձեալ դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի ընկերակցութեամբ եւ Մաժակ Թօշիկեանի ղեկավարութեամբ, սիմֆոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ առաջին անգամ համերգ մը տուած է Մոնրէալի մէջ:
21 յունուար 2013-ին Պոլսոյ շքեղագոյն սրահներէն «Մասլաք թիմ շով սենթըր»-ի մէջ, Մաժակ Թօշիկեանի ղեկավարած սիմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ, հայաստանցի արուեստագէտ Անտրէի հետ հանդէս եկած է համերգով մը:
2014-ին Սիպիլի «Սէր» խորագրով երկրորդ ալպոմը «Օսսի միւզիք»-ի պիտակով լոյս տեսած է ծանօթ արուեստագէտներու զօրակցութեամբ:
Համաշխարհային համբաւի տէր Ջիւան Գասպարեան, համբաւաւոր յօրինող Արա Գէորգեան, երգիչ Անտրէ, Արմէն Տիւանեանի «Արեւներ» համոյթը, Հայաստանի հռչակաւոր փոփ արուեստագէտներ եւ փոփ երաժշտութեան երիտասարդ տաղանդներէն Փեթրօ Սիպիլի ալպոմին զօրակցութիւն բերած են իրենց ձայնով, յօրինումներով եւ կատարումներով:
11 մայիս 2014-ին «Փալմ սփրինկզ»-ի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ամերիկայի համաշխարհային երաժշտութեան մրցանակաբաշխութիւն»-ը: Երկու օր տեւող այս նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած էր «Կլոպըլ արթց ինթըրնեշընըլ»-ի եւ «ՈՒՍ Արմենիա»-ի համագործակցութեամբ, «Տը շով» համերգասրահին մէջ, ի մի բերաւ հայ արուեստագէտներ: Սիպիլ, որ տեղ կը գրաւէր այլ հանրածանօթ արուեստագէտներու կողքին, արժանացաւ «Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի» մրցանակին:
18 սեպտեմբեր 2Օ14 թուականին, Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, տեղի ունեցած է «Սէր» ալպոմին շնորհահանդէսը, որուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը Սիպիլի կողմէ յանձնուած է մանկապարտէզի մը: Առ ի գնահատանք իր բարեսիրական եւ հայ երգարուեստի բնագաւառին մէջ կատարած աշխատանքներուն, Սիպիլ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ «Կոմիտաս», իսկ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ Երեւանի քաղաքապետարանի ոսկեայ զոյգ մետալներով պարգեւատրուեցաւ: Օգոստոս 2015-ին երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերուն բացման հանդիսութեան ընթացքին: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Երախտագիտական մետալ»-ով պարգեւատրուած է Համահայկական Խաղերու բերած իր նպաստին համար:
21 սեպտեմբեր 2014-ին Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած համերգին ընթացքին երգած է Արմէն Տիւանեանի «Արեւներ» մանկապատանեկան համոյթին հետ:
2014-ի նոյեմբերին բեմադրիչ Էօզքան Աքսուլարի եւ տեսաբեմադրիչ Վարոլ Շահինի կողմէ, անուանի երգիչ Անտրէի մասնակցութեամբ, նկարահանումը կատարուած է «Սէր» երգի տեսահոլովակին: Սիպիլի «Սէր» խորագրեալ ալպոմը երաժշտական յայտնի քննադատ Նայիմ Տիլմեների կողմէ ընտրուած է 2014 տարուան լաւագոյն երրորդ ալպոմը:
Օգոստոս 2015-ին երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է Համահայկական խաղերու բերած իր նպաստին համար:
2015-ի հոկտեմբերին Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Նիւ Ճըրզիի «Պերկեն» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին ելոյթ ունեցած է Նունէ Եսայեանին հետ:
Իր մասնակցութիւնը բերած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երաժշտութեան միջոցով արուեստի կամուրջ մը հաստատելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկին` ի մի բերելով թուրք եւ հայ երաժիշտներ:
Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանատան հովանաւորութեամբ իրականացած այս ձեռնարկին առաջինը տեղի ունեցած է 14 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի, իսկ երկրորդը 22 դեկտեմբեր 2015-ին` Պոլսոյ մէջ: