Ըլլայ տարողութեամբ թէ որակով` աննախընթաց ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 հոկտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ: Ցուցադրութեան դրուած հարիւրէ աւելի ստեղծագործութիւնները ընդհանուր գաղափար մը կու տան վերջին հարիւրամեայ հայ կերպարուեստի անցած ուղիին մասին: Դասականներէն գրեթէ բոլոր մեծերը ներկայացուած էին հոն: Ինչպէս` Երուանդ Քոչար, Մարտիրոս Սարեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Գառզու, Ժանսեմ, Գայֆեճեան, Սուրէնեանց եւ այլն: Յաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն կային` Յակոբ Յակոբեան, Մինաս Աւետիսեան, Սէյրան Խաթլամաճեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Հանրիկ եւ Ռոպերթ Էլիբեկեաններ եւ այլն: Ասոնց զուգահեռ, ցուցադրուած էին նաեւ Ռուբէն Աբովեանի, Արա Ալեքեանի, Վարուժան Վարդանեանի, Այվազ Աւոյեանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նորեկներու ստեղծագործութիւնները:
Յատուկ ուշադրութեան արժանի այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր յիշեալ թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ` գործակցութեամբ «Բարձր արուեստ» ցուցասրահին, որուն հարուստ հաւաքածոյէն մաս մը միայն նկատի առնուած էր:
Իսկ հայրենի «Բարձր արուեստ»-ը այն քանի մը հայ ցուցասրահներէն է, որոնք կրցած են եւ կը շարունակեն հայ կերպարուեստը ներկայացնել միջազգային բեմերու վրայ: Շնորհիւ անոր` 1913-ին Երուանդ Քոչարի «Առաջին մեղքը» եւ 1914-ին Վարուժան Վարդանեանի «Խաչելութիւն» ստեղծագործութիւնները Մոնաքոյի միջազգային փառատօներու ընթացքին ստացան յատուկ մրցանակներ:
«Բարձր արուեստ» ցուցասրահը միշտ հետամուտ եղած է գնահատելու եւ բարձրացնելու հայ կերպարուեստի որակն ու վարկը` նոյնիսկ միջազգային միջազգային բեմերու վրայ: Անցնող տարուան ընթացքին, Եղեռնի հարիւրամեակին առիթով, ան կազմակերպեց յատուկ ցուցահանդէս մը` «Հայկազեան» համալսարանի «Մուկար» սրահին մէջ, նաեւ կարեւոր ստեղծագործութիւններ տրամադրեց «Նոազ Արք»-ի կազմակերպած եւ Եղեռնի հարիւրամեակի կեդրոնական յանձնախումբին հովանաւորած «Ազգի մը վերածնունդը» խորագրեալ ցուցահանդէսին:
Տրուած ըլլալով, որ հայ կերպարուեստը արժանի է եւ պէտք ունի միջազգային ճանաչման եւ տարածման, «Բարձր արուեստ»-ի նման ցուցասրահները խիստ անհրաժեշտ են ու քաջալերական:
ԹՂԹԱԿԻՑ