ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
ՀՅԴ 29-րդ Ընդհանուր ժողովի բովին մէջ մենք, յամենայն դէպս, ժամանակ գտանք վիճելու հին եւ նոր ուղղագրութիւններուն մասին` թեր ու դէմ պատճառաբանութիիւններով: Դադարի պահ մըն էր Ծաղկաձորի Գրողներու միութեան հանգստի տան ճաշարանի իր սեղանին առջեւ, դէմ-դիմաց: Վերջաւորութեան` իր քաղցր եւ զինաթափող ժպիտն էր եւ իմ լռութիւնս: Վերադարձանք նիստին: Յաջորդ առաւօտ, ինծի տուաւ իր նոր հրատարակուած հատորը` «Ես ձեր յիշողութիւնն Եմ» հետեւեալ մակագրութեամբ` «Կարօ ջան, Սիրով քեզ եւ համոզմունքով, որ մեզ չի կարող տարանջատել ոչ տարածութիւնը, ոչ կենցաղը եւ ոչ էլ ուղղագրութիւնը… Ռուբէն»:
Մենք առաջին անգամ հանդիպեցանք 1973-ին, Երեւանի ձմեռնային սառնամանիքին մէջ: Իրենք երեք ընկերներ էին` Ռուբէնը, Ռազմիկը եւ Մանուկը: Ես եղայ չորրորդը խումբին` յանկարծ յայտնուելով աշխարհի հեռաւոր ծագերէն եւ նոյնանալով մեր մայրաքաղաքի մրսկոտ եւ մտերիմ առօրեային: Մեր կապը երբեք չխզուեցաւ եւ պիտի չխզուի: