Շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2017-ին, «Երազ» թատերախումբը սկսաւ իր տասնութերորդ թատերաշրջանին` «Սպիտակ ագռաւը» նոր ներկայացման բեմադրութեան փորձերով, ղեկավարութեամբ` հեղինակ, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանի:
Դերաբաշխման բարդ եւ պատասխանատու փուլը յաղթահարելէն ետք փորձերուն կը ներկայանան շուրջ 35 դերակատարներ, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ պիտի անցնի բեմական դժուարին, խորհրդաւոր ու անչափ հաճելի ոլորաններէն:
Վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան, ինչպէս միշտ, ստանձնած է կազմակերպչական աշխատանքներու առանցքային մասը:
Բեմադրիչի օգնական Լենա Ճորճեան արդէն իսկ սկսած է ապահովել այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է ներկայացման:
Մարիա Շենզեան ստանձնած է ներկայացման պարերու իրագործումը:
Բեմադրութեան տարբեր հանգրուաններուն ընդհանուր աշխատանքին պիտի միանան այլ ստեղծագործ ձեռքեր:
Ռոպերթ Առաքելեանի «Սպիտակ ագռաւը» երաժշտական կատակերգութիւնը մերօրեայ խնդիրներու մասին է: Խնդիրներ, որոնց լուծման համար պարզապէս պէտք է գործածել ի վերուստ շնորհուած խելքը:
«Սպիտակ ագռաւ»-ի առաջին փորձերու կարգապահ ու խանդավառ ստեղծագործական ընթացքը կ՛ենթադրէ, որ 2017-ի մարտ 10-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանդիսատեսը պիտի գտնէ երկար սպասուած ներկայացումը:
ԹՂԹԱԿԻՑ