Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ծառայասէր Եւ Հայրենասէր Յակոբ Թիւթիւնճեանի Յիշատակին

$
0
0

hagop-tutundjian_102916Քառասուն օրեր առաջ, արկածի իբրեւ հետեւանք  մահացաւ վերջին երկու  տարիներուն «Այնճարի ոռոգման ջուրի յանձնախումբ»-ի ջուրի մատակարարման մեքենաներու պատասխանատու, հալէպահայ, ՀՅ Դաշնակցութեան համակիր Յակոբ Թիւթիւնճեանը: Բոլորովին անակնկալ այս արկածը ցնցեց Այնճարի հայութիւնը:

Արդարեւ, մահացողը Հալէպէն ընտանեօք Այնճար ապաստան գտած հայ ընտանիքի հայր էր, որ պատերազմէն խոյս տալով Այնճարը ընտրած էր իբրեւ ապահով հայկական միջավայր, իր տիկնոջ` Մարալ Սարգիսեան-Թիւթիւնճեանին եւ երկու տղոց` Գարեգինին եւ  Կարոյին համար:

Այնճար փոխադրուելով, ան ճակտի քրտինքով ուզեց հոգալ իր ընտանիքին կարիքները, եւ աշխատանքի սկսաւ իբրեւ վարպետ ինքնաշարժ նորոգող:

Շատ հարազատ զգաց Այնճարն ու այնճարցիները եւ շուտով մաս կազմեց Այնճարի ընկերային կեանքին:

Կամաւոր կերպով մասնակցեցաւ Այնճարի պահակութեան, երբ անհրաժեշտ նկատուեցաւ գիւղի ապահովութեան համար պահակութեան դրութիւն հաստատել:

Յակոբը նաեւ լաւ մարզիկ էր եւ նոյնիսկ Հալէպի մէջ ծանրաբարձութեան մարզիչ եղած էր ժամանակին:

Վերջին երկու տարիներուն ան պատասխանատուն էր «Այնճարի ոռոգման ջուրի յանձնախումբ»-ի մեքենաներուն, աշխատանք մը, որ կատարեց բծախնդրօրէն եւ շատ պարտաճանաչ կերպով` բոլորին կողմէ գնահատուելով: Հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ անոր յուղարկաւորութեան մեծ թիւով հայրենակիցներ եկած էին յարգելու անոր յիշատակը:

Արդէն անցած են քառասուն օրեր այդ դժբախտ պատահարէն, սակայն իր մօտիկները կը շարունակեն փնտռել  զինք…

Սիրելի՛ Յակոբ, դուն պիտի մնաս մեր սիրելի ընկերը եւ յիշատակդ պիտի մնայ մեր մէջ` իբրեւ ազնիւ, ծառայասէր եւ հայրենասէր հայորդիի:

Կը փոխանցենք մեր ցաւակցութիւնները  կողակիցիդ եւ զաւակներուդ` մաղթելով, որ Աստուած լոյսերու մէջ պահէ հոգիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԸՆԿԵՐԴ` ՓՈԼ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>