Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Վերամուտը

$
0
0

img-20161026-wa0026

Շաբաթ, 15 հոկտեմբեր եւ ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցին վերամուտը: Դասարաններէն ներս ներկայ էին նաեւ ծնողներ: Դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ներկայացուց «Արեգ»-ի տարեկան ծրագիրը, պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, ապա անցաւ գործնական աշխատանքներուն:

Թատերական այլազան վարժութիւնները կը վերաբերէին դերասանի կեդրոնացման ու կեցուածքին, բեմական շարժման ու խօսքին, երեւակայութեան ու դիմախաղին…

Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ծնողներուն առաջարկեց ստեղծաբանութեամբ (improvisation) հանդէս գալ աշակերտներուն հետ: Նայիրի Ապրումեան-Ճերմակեան եւ «Արեգ»-ի երկրորդ դասարանի աշակերտուհի Սէրլի Պաստաճեան ներկայացուցին «Ծոյլ աղջիկը» զաւեշտը` արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութեան:

Կը յիշեցնենք, որ Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ գործող «Արեգ» թատերական դպրոցին դռները տակաւին բաց են բոլոր թատերասէր աշակերտներուն համար` առաջին դասարանէն սկսեալ:

ԹՂԹԱԿԻՑ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>