Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արմենակ Թատրոնի Եւ Հանդիսատեսի Քննադատ

$
0
0

ՄԱԿԱՐ

i-kaghia2

Կեդրոնականցի Արմենակ Երեւան է կրկին:

Տարիները չեն աղօտեր իր միտքը, ականջը եւ աչքը: Աւելի դիւրին է իրեն Փարիզ հանդիպիլ, քան` Երեւան: Օրը չորս «միջոցառում»-ներու ներկայ կ’ըլլայ. թատրոն, համերգ, ցուցահանդէս, շնորհահանդէս: Ժամանակ չունի: Հայերէն լսելու կիրքով մէկ սրահէն միւսը կը վազէ: Եթէ ազատ ըլլայ, կը հանդիպինք, կամ հեռախօսով կը զեկուցէ:  Հանդիպում կը կազմակերպէ երկու սրահներու միջեւ տեղ մը:

Սրճարան մը: Ամերիկեան անհասկնալի, գոռացող եւ արդիական նուագ:

Կեդրոնականցին հարազատութեան խիղճի վերջին մոհիկաններէն է: Կը պատմէ.

– Ուրբաթ թատրոն գացի: Նկատա՞ծ ես, որ սրահներու մէջ կիները մեծամասնութիւն են: Այրերը ուրիշ երկիրնե՞ր գացած են աշխատանքի, թէ՞ մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրութիւն չունին: Շաբաթ օր դասական պարի` «բալէտ»-ի գացի, նոյնն էր պատկերը: Մեծ ու պզտիկ գերարդիական բջիջայիններով` մութ սրահին մէջ անոնց լոյսով մոմավառութիւն կազմակերպեցին: Եւ կը խօսէին, չլսուելու համար` փսփսալով:

– Սիրելի՛ս, մի՛ զարմանար, փողոցը կամ հանրակառքին մէջ,  եթէ չտեսնես ականջներէ կախուած թելը եւ ափի ժամագիրքի պէս բռնուած հեռախօսը, կը խորհիս, որ իրենք իրենց հետ խօսող փախուկներ են: Երիտասարդ եւ պառաւ: Կամ տգէտ ենք եւ չենք գիտեր, որ կարեւոր անձնաւորութիւններ են` առանց թիկնապահի:

– Ուրբաթ սրահին մէջ հաւաքուած կիներն ու աղջիկները, մինչեւ որ ներկայացումը սկսի, խումբեր կազմած` կը խօսէին, ներկայացման ընթացքին ալ մէկ շարքէն միւսը դառնալով կարծիքներ կը փոխանակէին:

Էլպիս, որ մինչ այդ լուռ էր, ըսաւ.

– Չհասկցա՞ր, այցելութեան երթալու փոխարէն` հոն ժամադրուած էին: Եւ բնական է, որ խօսէին եւ հեռախօսով բացականերն ալ մասնակից դարձնէին:

Արմենակ կիներու հոգեբան Էլպիսը լսելէ ետք, ըսաւ.

– Դժուար պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդը, գործազուրկները, չնչին թոշակ ստացող երէցները, ընտանիքի բոլոր անդամները ինչպէ՞ս գնած են իրենց քանի մը ամսուան թոշակէն աւելի արժող այդ գործիքները եւ կը վճարեն ծախսը, երբ անոնք կպած կը մնան իրենց ականջներուն:

Արմենակ պահ մը լռելէ ետք շարունակեց.

– Այս բոլորէն անկախ, արուեստագէտ է մեր ժողովուրդը: Բեմադրութիւնը շատ լաւ էր, խաղը` արագ: Հասկնալու դժուարութիւն ունէի: Դերասանները բեմին առջեւ կու գային, այնքան ցած ձայնով կը խօսէին, որ անկարելի էր հետեւիլ, երբեմն իրենց կռնակը կը դարձնէին եւ կրկին այնպէս կը խօսէին, որ չէի հասկնար: Չեմ գիտեր, թէ սրահի խորքը եղողը ինչ կ’ընէր: Ինչո՞ւ բարձրախօս չեն գործածեր:

– Յաջորդ անգամ ականջի գործիքով եկո՛ւր, կամ հովանաւոր եղի՛ր,- ըսաւ իմաստուն Էլպիս:

1 հոկտեմբեր 2016, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles