Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Թարգմանիչներ Եւ Թարգմանական Լեզու

$
0
0

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Հոկտեմբերի երկրորդ կիրակին Թարգմանչաց տօնն է, մեր ամենանուիրական խորհրդանիշներէն մէկը, որուն շատ բան կը պարտինք մեր` իբրեւ ինքնուրոյն ազգի գոյատեւումին մէջ: Ուրեմն պատշաճ է, որ տարին գոնէ մէկ օր խոնարհինք մեր թարգմանիչներու յիշատակին առջեւ, խորհրդածենք եւ գիտնանք քիչ մը աւելին, քան ինչ կը կարծենք գիտնալ:

Այս տողերը կը շարադրեմ բոլորովին յիշողութեամբ, առանց որեւէ աղբիւր ունենալու ձեռքիս տակ. թերեւս այսպէս աւելի յարմար է, այլապէս կրնայի զանոնք ծանրաբեռնել տաղտկալի մէջբերումներով, որոնք կրնան ձանձրացնել ընթերցողը: Ուստի, եթէ յանկարծ անճշդութիւն նկատէք, անմեղադի՛ր եղէք եւ մի՛ զլանաք ուշադրութեանս յանձնելու զայն: Սխալ  մատնանշելը ազնուութիւն է, զայն սրբագրելը` առաքինութիւն:

Եւ արդ, սկսցուք ուստի արժան է սկսանել:

***

Թարգմանիչներ

Միջին հայուն համար թարգմանիչ հասկացողութիւնը կ’առնչուի Սահակ-Մեսրոպի ու ասոնց աշակերտներուն, որոնք առաջին անգամ թարգմանեցին Աստուածաշունչը եւ ուրիշ գիրքեր, այլեւ արտադրեցին ինքնագիր աշխատութիւններ, այսինքն` սկսած մօտաւորապէս Ե. դարու առաջին տարիներէն, ըսենք` մօտաւորապէս 410-էն սկսեալ: Սակայն իրողութիւնը քիչ մը տարբեր է:

Արդարեւ, թարգմանիչ եզրը գոնէ 100 տարի աւելի հին է, քան` Աստուածաշունչի հայացման թուականը. ան գոյութիւն ունեցած է  մօտաւորապէս 310 թուականէն սկսեալ, որ է քրիստոնէութեան` Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման տարին: Ահա թէ ինչպէ՛ս: Նորահաստատ կրօնը տարածելու, հիմնաւորելու եւ հայուն առօրեայ կենացաղին մաս դարձնելու համար` Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնեց անշուշտ նախ Էջմիածինը, սակայն նաեւ հարիւրաւոր ուրիշ եկեղեցիներ` պատմական Հայաստանի տարածքին, ապա Հայաստան հրաւիրեց յոյն եւ ասորի հոգեւորականներ, որպէսզի իրենց լեզուով պատարագեն ու կարդան այդ եկեղեցիներուն մէջ, քանի որ հայերէն գիր գոյութիւն չունէր, ուստի պատարագի ու Աստուածաշունչի հայերէն բնագրեր ալ գոյութիւն չունէին:

Ուրեմն պատկերացուցէ՛ք այն օրերու եկեղեցական արարողութիւնը` պատարագը, որ տեղի կ’ունենար յունարէն կամ ասորերէն լեզուով, որոնցմէ հայ ռամիկը ոչինչ կը հասկնար: Այս անբնական կացութիւնը դարմանելու համար մեր հոգեւոր հայրերը որոշեցին, իւրաքանչիւր յոյն կամ ասորի պատարագիչի կողքին, խորանին վրայ, կանգնեցնել հայ հոգեւորական մը, որ   յունարէն կամ ասորերէն գիտէր եւ կրնար հայերէն թարգմանել արարողութեան զանազան խորհուրդները, մասնաւորաբար`  աստուածաշնչական ընթերցումները:

Եւ ահա ճիշդ այս վերջիններուն ալ առաջին անգամ տրուեցաւ թարգմանիչ կոչումը:

Ուրեմն մեր առաջին թարգմանիչները  յառաջացած են ա՛յս ճամբով:

Այս` ըստ ինքեան անփառունակ, առնուազն` ոչ նախանձելի կացութիւնը տեւեց ամբողջ դար մը, մինչեւ որ ունեցանք հայալեզու պատարագ, հայալեզու պատարագիչ ու հայալեզու պատարագամատոյց, նաեւ` Աստուածաշունչ եւ ամբողջ մատենագրութիւն մը, ըսինք արդէն`  մօտաւորապէս 410-էն սկսեալ եւ շնորհիւ Մեսրոպին ու Սահակին, այլեւ ասոնց աշակերտներուն` թիւով մօտաւորապէս 100  նուիրեալներու, որոնք իրե՛նց կարգին եւ շատ արդարօրէն կոչուեցան «թարգմանիչներ»:

Թարգմանիչ եզրը, ուրեմն, կ’ընդգրկէ գործիչներու այն երկու բաւական տարբեր խումբերը, որոնց ակնարկուեցաւ, եւ որոնք իրենց թարգմանական գործունէութեամբ ու վաստակով լուսաւորեցին մեր անցեալը եւ մեզ դուրս բերելով կովկասեան ինչ-որ անանուն ցեղի կարգավիճակէն` քաղաքակրթութեան վկայական շնորհեցին  յետնորդներուս:

***

Թարգմանական լեզու

Իսկ ի՞նչ ըսել այն լեզուին մասին, որով տեղի ունեցան այդ  թարգմանութիւնները:

Ե. դարը ուշագրաւ, չըսելու համար` առեղծուածային դարձնող իրողութիւններէն մէկն ալ թարգմանիչներու կամ մատենագիրներու կիրարկած լեզուն է, այն որ կը կոչենք ոսկեղէնիկ, այլ բնորոշումով` դասական հայերէն, նաեւ` գրաբար:

Ի՜նչ ենթադրութիւններ ըսէք` չեն վերագրուած այդ զարմանալի լեզուին, որ մարդկային մտքի գոհարներէն մէկն է:

Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, որ գիր ու գրականութենէ զուրկ ժողովուրդ մը, հազիւ այբուբեն հնարած,  ըսենք` 405-406 թուականին, մէկ օրէն միւսը այնքան շքեղ լեզուով մը թարգմանէր կոթողական գիրք մը, որ Աստուածաշունչն էր, այն աստիճան կատարեալ, որ օտար բանասէր մը «Թագուհի թարգմանութեանց» կոչէր զայն, առաւել եւս թարգմանէր  մինչ այդ քաղաքակրթութեան յառաջամարտիկները դասուած ժողովուրդներու` յոյներու, ասորիներու, լատիններու, հրեաներու   մատենագրական այնքան բարդ երկերը` աւելցնելով այս բոլորին վրայ  սեփական ինքնագիր երկեր, ինչպէս` Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»-ն, Եզնիկի «Եղծ աղանդոց»-ը,  Փաւստոսի «Բուզանդարան»-ը, Եղիշէի «Վարդանանքը»-ը եւ այլն:

Եւ առ այս եղած են զանազան ենթադրութիւններ:

Ըստ ոմանց, գրաբարը կեղծ ու արհեստական լեզու մըն էր, ինքնուրոյն esperanto մը, որ յատուկ էր ու մնաց շատ աննշան փոքրամասնութեան մը սեփականութիւնը, ուրիշներ կ’ըսեն, թէ անով կը խօսէին միայն խումբ մը հոգեւորականներ, ազնուական խաւը կամ «ազատանի»-ն, ինչպէս կը կոչուէին անոնք, եւ` այլ բարձրաստիճան զօրականներ ու պաշտօնեաներ, այլ խօսքով` մենաշնորհեալ հայեր, եւ վերջապէս կան եւ ըսողներ, որ ան համահայկական լեզու մըն էր` բոլորէն իմանալի ու բոլորին մատչելի:

Նախ գրաբարը գիրերու գիւտով չէ, որ ստացաւ իր փառքն ու շքեղութիւնը, այլ ան ամբողջ դար մը, ինչպէս տեսանք, ծառայեց բերանացի թարգմանութեան, եւ այդ ընթացքին ալ կոփուեցաւ, յղկուեցաւ ու վայելչացաւ, այլ հարց թէ Սահակն ու Մեսրոպը եւ իրենց աշակերտները նոր փայլ մըն ալ աւելցուցին անոր վրայ:  Չհաշուած տակաւին այլ նպաստաւոր ու բարեբաստիկ հանգամանքներ, որոնց կ’անդրադառնամ ստորեւ:

Գրաբարը իր ժամանակի հայկական բարբառներէն մէկն էր, որ յատուկ էր Արարատեան նահանգին. սա պատմական Հայաստանի 15 նահանգներէն մեծագոյնն էր: Ան սեփականութիւնն էր Արշակունեաց հարստութեան, այսինքն` արքայական տոհմին: Ան արքայանիստ էր` կեդրոն ունենալով Վաղարշապատ մայրաքաղաքը, բայց նաեւ կաթողիկոսանիստ էր` կեդրոն ունենալով Էջմիածինը: Այստեղ հաստատուած էր կայազօրը, այսինքն` այն մնայուն բանակը, որ երբեք չէր ցրուեր, այլ միշտ զէնքի տակ կը մնար: Եւ վերջապէս այստեղ հաստատուած էին այն այլազան վարչական գրասենեակները, որոնցմով կը կառավարուէր այն օրերու Մեծն Հայքը (Armenia Magna): Այս բոլորը բնականօրէն կը նախատրամադրէին գրաբարը` դառնալու Հայաստանի ամենատարածուն ու մենաշնորհեալ բարբառը, եւ այս պատճառով ալ Հայ եկեղեցին եւ յատկապէս Սահակ եւ Մեսրոպ ոչ իսկ պահ մը տատամսեցան գրաբարը ընտրելու իբրեւ աստուածաշնչական լեզու, այսինքն` այն գիրքին, որով պիտի կրթուէր ամբողջ հայութիւնը:

Ուրեմն պէ՞տք է ենթադրել, թէ հայութեան մնացեալ հատուածները , որոնք ունէին տարբեր բարբառներ,  պիտի հասկնային զայն: Աճառեան կը մտածէ, որ այո՛, պիտի հասկնային, այլապէս  Աստուածաշունչ թարգմանելը իմաստ պիտի չունենար: Դա՛րձեալ ըստ Աճառեանի, թէեւ Հայաստան Ե. դարուն ունէր այլազան բարբառներ, սակայն անոնք շատ հեռու չէին  կամ այնքան մը հեռու չէին` նախ իրարմէ, ապա` Արարատեան բարբառէն, որ զիրար չհասկնային, ինչպէս պատահցաւ շատ աւելի ուշ, երբ եկաւ ժամանակ մը, ուր հայկական բազմատասնեակ բարբառները այնքան հեռացան իրարմէ, որ  այլեւս անհասկնալի էին իրարու, ինչպէս է պարագան այսօր ալ, օրինակ, Մուսա Լերան, եւ ոչ միայն Մուսա Լերան, բարբառին` հայութեան մնացեալ հատուածներուն համար կամ Մեղրիի ու Արցախի բարբառներուն` միւս  արեւելահայերուն համար: Այլ խօսքով, կարելի էր գրաբարը սեպել համահայկական լեզու, եթէ ո՛չ բոլորին կողմէ խօսելի, առնուազն` պատկառելի մեծամասնութեան մը կողմէ խօսելի, իսկ մնացեալին համար ալ` հեշտօրէն ըմբռնելի:

Փոքր խարխափումներով` գրաբարը այս կարգավիճակը պահեց մինչեւ 12-րդ դարը, երբ այլեւս կամաց-կամաց դադրեցաւ համազգային լեզու ըլլալէ ու դարձաւ գրաճանաչ դասին կամ մտաւորականութեան, յատկապէս հոգեւորականութեան լեզուն: Մնացեալները սկսան խօսիլ ու գրել անցումային լեզու մը, որ ծանօթ է միջին հայերէն անունով, սա ալ կամաց-կամաց դարձաւ մեր արդի աշխարհաբարը: Ինչ որ յատկանշական է սակայն, այս բոլորին մէջ տիրապետողը կը մնայ Արարատեան միասնական բարբառը. արդարեւ, հայերէնի երեք տարբերակներն ալ կ’ըսեն`

*** սիրեմ, սիրես, սիրէ
*** քաղաք-քաղաքի, հայր-հօր
*** ի վերայ ծառին-ծառին վրայ
*** յանուն հայրենեաց-յանուն հայրենիքի
*** գնաց յաշխարհ հեռաւոր-հեռաւոր աշխարհ մը գնաց
*** եւ հոգի Աստուծոյ շրջէր ի վերայ ջուրց…
եւ Աստուծոյ հոգին կը շրջէր ջուրերուն վրայ

 

armenag@gmail.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>