ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, 22-23 հոկտեմբերին Շրջանային խմբապետութիւնը կազմակերպած էր երէց ճիւղի յատուկ երկօրեայ արշաւ մը` դէպի Լիբանանի բարձագոյն գագաթը` Քոռնեթ Սաուտա:
Այս արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտիի մասնաճիւղերու 40 երէցներ: Հարկ է յիշել, որ երկօրեայ այս արշաւին գործադրութեան համար Շրջանային վարչութիւնը ճիգ չէր խնայած, իսկ մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներէն եւ խմբապետական կազմերէն 2 եղբայրներ սիրայօժար օժանդակեցին, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներ:
Շատ խանդավառ երէցները, շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին հաւաքուեցան եւ հանրակառքերով ուղղուեցան դէպի Լիբանանի Հիւսիս` Արզ – Ույուն Ուրղոշ շրջանը: Հանրակառքերը երէցները հասցուցին ամէնէն հեռու վայրը (բարձրութիւն` 2682 մ, ջերմաստիճան` 12), որմէ ետք սկսաւ արշաւը: Երէցները, իրենց երկօրեայ արշաւի բոլոր գոյքերը ունենալով իրենց հետ, հետաքրքրական գիշերային արշաւի ընթացքին, լուսաւորուելով միայն իրենց լուսարձակներու լոյսով, մօտ 7,5 քմ (երկու ու կէս ժամ) արշաւէ ետք հասան նախօրօք ճշդուած վայրը (բարձրութիւն` 2816 մ, ջերմաստիճան` 2), ուր պատրաստուեցան գիշերելու: Անոնք լարեցին իրենց վրանները ու պատրաստեցին իրենց հետ ունեցած բերած ընթրիքը ու վրաններուն տակ մտնելով` պատսպարուեցան նուազող ջերմաստիճանէն ու հանգչեցան, որպէսզի լաւապէս պատրաստուին յաջորդ օրուան արշաւին:
Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն երէցները արթնցան, նախաճաշեցին, հաւաքեցին վրաններն ու պատրաստեցին իրենց հետ ունեցած ձեռնափայտերով դրօշակի կայմին «ձողերը»: Ապա ՀՄԸՄ-ական սկաուտի լուրջ ու կարգապահ քայլերով, ՀՄԸՄ-ի երէցական նշանաբանին հաւատարիմ` օգնելով եւ քաջալերելով իրարու, արշաւեցին մօտ 2,5 քմ (մէկ ու կէս ժամ) հասնելով Լիբանանի բարձրագոյն կէտին, նուաճելով Լիբանանի լեռնաշղթայի բարձրագոյն գագաթը` Քոռնեթ Սաուտան: 3088 մեթր բարձրութեան վրայ անոնք բարձրացուցին դրօշակի կայմը (Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀՄԸՄ-ի դրօշակները) ու «Յառա՛ջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն:
Կարճ պահեր այս ամպերէ վեր չնաշխարհիկ վայրին մէջ անցնելէ ետք, վայելելէ ետք գեղատեսիլ Լիբանանի լեռներն ու տեսարանները եւ համեմատաբար հովն ու մաքուր ու ջինջ պայծառ օդը, երէցները յաղթանակի քայլերով բռնեցին վերադարձի ճամբան: 3 Ժամ` 10քմ երկարող վերադարձի ճամբու վրայ անոնք ցանկութիւն յայտնեցին յաջորդին բարձրանալու Արարատի գագաթն ու հոն կատարելու դրօշակի արարողութիւն: