Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Նորութիւն չէ անշուշտ, որ Արեւմուտքը, իր իշխանաւորներով եւ իշխող լրատու միջոցներով, յաճախ իր շահերուն համար կ՛աղաւաղէ իրականութիւնը եւ կը կարծէ, որ կը կլլեցնէ բոլորին: Ամերիկեան շարժապատկերներու ոճով ժխտական եւ դրական կերպարներ («պետ կայզ -կուտ կայզ» (գէշ տղաք-լաւ տղաք) կը յայտնուին, ժխտական կերպարները աշխարհի բոլոր թերութիւնները հաւաքած կ՛ըլլան, իսկ դրական կերպարները` բոլոր առաքինութիւններով օժտուած: Արեւելեան եւ արաբ ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս «պետ կայզ» են: Վերջին տարիներուն այդ «համբաւ»-ը կը «վայելէ» նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Բարեբախտաբար կան պարկեշտ մեկնաբաններ, որոնք չեն հետեւիր իրենց պետերուն ուղիին: Բրիտանական «Սփեքթէյթըր» եւ զուիցերիական «Նէու Զիւրչըր Զէյթունկ» թերթերէն թարգմանաբար կը ներկայացնենք երկու յօդուածներ:
Ն.
Դադրեցուցէ՛ք Ռուսիոյ Դէմ
Զէնք Ճօճելը
Վերջին շրջանին կը մտածեմ, թէ արդեօ՞ք աւելի աժան կ՛ըլլայ նկուղ մը փորել, կամ օրինակ` Նոր Զելանտա արտագաղթել: Թերեւս երկրորդ ընտրանքը աւելի դիւրին է: Կրնաք զիս այպանել, բայց ես այս ընթացքէն գոհ չեմ: Ես դիւրազգաց եղած եմ միայն Պաղ պատերազմի վերջին փուլերուն ժամանակ, բայց այն, որ ես կը յիշեմ, երկու կողմերը` անոնք եւ մենք, ընդհանրապէս որոշ բանականութիւն մը եւ տրամաբանութիւն կը դրսեւորէին: (Ես կը նախընտրեմ, որ իմ քաղաքական գործիչներս աւելի գործնապաշտ ըլլան, քան` քաշողական,համակրելի, այդ պատճառով ալ եթէ ինծի հարցնէք, թէ ո՞վ է իմ նախընտրած խորհրդային բռնապետս, միշտ պատասխանը պիտի ըլլայ` Պրեժնեւ (աւելի գորշ, ճնշող բթամտութիւնը եւ տեթանթը, քան` Խրուշչեւի անվստահելի, սեղան հարուածող գաւառական կոշտութիւնը): Անցեալին, երբ Ռիկըն բարձրախօսէն յայտարարեց, որ մենք հինգ վայրկեանէն կը սկսինք ռմբակոծել», բոլորին բացայայտ էր, որ ան կը կատակէ: Այսօր, երբ բրիտանական Թորի կուսակցութեան անդամ, խելագար խորհրդարանական մը կանգնի եւ պահանջէ, որ մենք սկսինք վար առնել ռուսական օդանաւեր, բոլորին բացայայտ է, որ ան չի կատակեր, պարզապէս ապուշ եւ վտանգաւոր է: Բայց այժմ առանց մտածելու պատերազմի մասնակցելու անմիտ խանդավառութիւնը կը տիրէ: Ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք Ռուսիոյ դէմ հռետորաբանութեան հրահրումին: Ատոնցմէ ոմանք կու գան մեր զինուորականներէն, որոնք հաւանաբար աւելի յարմար կը նկատեն գործ ունենալ կանխատեսելի թշնամիի հետ, քան` անհամատեղելի, հաւատադրժողական, ժիհատական խմբաւորումներու խելագարներուն հետ: Մեզի այն ատեն զգուշացուցած էին, որ «Իսքանտար» հրթիռներ տեսնուած են պալթեան ծովեզերքին մօտ, աւելի լաւ վնաս պատճառելու համար Լաթվիոյ, իր ռուս մեծ բնակչութեամբ, եւ` Լեհաստանի: Եւ այն ատեն, ժողովրդային լրատու աղբիւրներ ամէն օր մեզի կ՛ըսէին, որ ռուսական օդուժի օդանաւեր թռիչքներ կը կատարեն մեր ծովեզերքին վերեւ: Կարծես, թէ 70 տարիէ նոյնը չէին ըներ: Եւ կարծես, թէ մենք չենք հակադարձած:
Այսպիսի բաներ ակնկալելի են զինեալ ուժերէն, կ՛ենթադրեմ: Բայց երբ քաղաքական գործիչներ այսպիսի դրսեւորումներ կ՛ունենան, իսկապէս կը մտահոգուիմ, որովհետեւ մե՛ր կողմը, այլ ոչ իրենցը զիս կը մտահոգէ: Անտրիւ Միչել (Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամ) առանձին չէր ժանգոտ թուրը ճօճելով պահանջելու, որ մենք կրակենք եւ վար առնենք Սուրիոյ վերեւ թռիչքներ կատարող ռուսական կործանիչներ: Մենք նաեւ ունէինք Պորիս Ճոնսընը` մեր արտաքին գործոց նախարարը, որ կոչ կ՛ուղղէր մարդոց` ցոյց կատարելու Բրիտանիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց, ի պատասխան ռուսական եւ սուրիական օդուժի Հալէպի ռմբակոծման, որ անշուշտ վայրագ էր: Ապա, շուրջ շաբաթ մը ետք, Արեւմուտքը սկսաւ անթերի ճշգրտութեամբ ճշդել ՏԱՀԵՇ-ի վերջին ամրոցին` Մուսուլի մէջ ինքնութիւնը իսկական ծայրայեղական մօրուքներով մարդոց, եւ սկսաւ ռմբակոծել զանոնք, գթասրտաբար եւ մարդասիրաբար խնայելով տեղական, պարկեշտ, ժողովրդավարօրէն մտածող քաղաքացիները, որոնք անշուշտ փախուստ տուած են ռմբակոծումներէն, առանց այնքան ալ ճարակելու:
Մարդիկ լրջօրէն կը կլլե՞ն այս աղբը: Պորիս եւ Միչել կը կլլե՞ն: Ե՛ւ ՄԱԿ, ե՛ւ Միջազգային կարմիր խաչի խորհուրդը զգուշացուցած են, որ աւելի քան մէկ միլիոն անձ գաղթական պիտի ըլլայ, հաւանաբար հարիւրաւորներ սպաննուին Մուսուլի փառաւոր ազատագրման կռիւներուն: Բայց երբ ատիկա պատահի, դաշնակից ուժերուն թերութիւնը պիտի չըլլայ, այլ` ՏԱՀԷՇ-ի, կամ` վրիժառու իրաքցի շիի զինուորներու, կամ ալ` արիւնարբու փեշմերկաներուն: Կապ չունի մեզի եւ կառավարութեան հետ…
Դաշնակից ուժերու գործունէութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ դաշնակից ուժերու գործունէութիւնը նոյնքան անկապ եւ ապակողմնորոշող է, որքան` ամէն բան, որ մենք ըրած ենք Միջին Արեւելքի մէջ` Իրաք ներխուժումէն, անցնելով այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ի ըմբոստութիւններուն աջակցութենէն, մինչեւ աղէտալի եւ բթամիտ միջամտութիւնը Լիպիա: Ինչ որ մենք ըրած ենք խորասուզուող, լաւ իմաստով ազատական աւետարանական անունով, խլած է շատ աւելի կեանքեր, քան կարելի է փռել ռուսերուն եւ Վլատիմիր Փութինի դրան առջեւ: Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մենք կը կռուինք զօրակցելու համար իսկապէս գոյութիւն չունեցող մարդոց` մեղմ չափաւորականներու, այլ ոչ` ժիհատականներու, բայց նաեւ` ոչ Ասատի: Կրնաք անոնք հաշուել մէկ ձեռքի մատներու վրայ. Սուրիական ազատական ժողովրդավարականներ, Մոհամետ Քլեկ եւ իր ընկերները:
Շուրջ ամիս մը առաջ ես զրուցեցի անձի մը հետ, որ այդ խաւարած երկիրներուն մէջ կ՛աշխատի ներգաղթեալներուն համար, եւ որ Ասատի վարչակարգին բարեկամը չէ: Անոր հարցուցի, թէ հիմա լաւագոյն բեմագրութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ: Ան պատասխանեց.«Ռուսիա եւ Ասատ կարելի եղածին չափ շուտ կը յաղթեն:Ատիկա նուազագոյնի կ՛իջեցնէ սպաննուող քաղաքայիններու թիւը»:
Բայց մենք, ինչ որ կրնանք, կ՛ընենք արգիլելու համար այդ ելքը` պատերազմը այսպէս երկարաձգելով:
Երբ Մուսուլի ազատագրութեան պատերազմը յայտարարուեցաւ ամբողջովին դիւրահաւատ արեւմտեան լրատու միջոցներուն կողմէ, Փութին յոյս յայտնեց, որ դաշնակից ուժերը իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն սահմանափակելու համար քաղաքային զոհերու թիւը` հետեւանք զինուորական գործողութեանց, թէեւ կը հասկնայ, որ պատերազմ մը շահելուն արդիւնքը երբեմն կ՛ըլլայ անմեղ կեանքերու կորուստը, եւ ինք ոտքը գետին զարնելով պիտի չի պնդէ, որ բոլորս դուրս գանք բողոքի ցոյցի` Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ ամէնէն մօտիկ դեսպանատուներուն դիմաց:
Այս յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները զինադադար յայտարարեցին Հալէպի մէջ եւ շուրջը, որպէսզի մարդասիրական պատճառներով քաղաքայիններու առիթ ընձեռուի վեց լաւ հսկուած միջանցքներէ ապահով դուրս գալու:Ուրեմն երբ դաշնակից ուժերու հրետանին սկսաւ ռմբակոծել Մուսուլը, Փութին զինադադար յայտարարեց: Եւ հաւանաբար ասիկա այլ պատճառ մըն է հակառուսական կաթուածային կատաղութեան, ե՛ւ մեր կառավարութեան ու անզօրներուն ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու յոգնած վարչակազմին:Փութին խորամանկ գործարկու է: Ան դիւրաւ կը շահի քարոզչական պատերազմը:
Ժամանակէ մը ի վեր Ռուսիոյ համար բաց տարեշրջան մը եղած է այժմ: Անոնց աթլեթները խարդախութիւն կ՛ընեն եւ կը կախակայուին մարզական մրցումներէ: Մինչ մերինները խթանիչ դեղեր կ՛օգտագործեն բացառապէս պայքարելու համար ջլատող շնչարգելութեան (ազմա) դէմ, որ այլապէս արգելք կը հանդիսանայ շահելու հեծանիւի Ֆրանսայի շրջավազքը: Միացեալ Նահանգներ Փութինը կ՛ամբաստանեն նախագահական յառաջիկայ ընտրութեան վրայ ազդելու նպատակով «Սայպըրուրեֆեր» (cyberwarefare) շղթայազերծելու համար: Ըստ ինծի` այո՛, անշո՛ւշտ, թէեւ անոնք առ այժմ պէտք եղածին չափ չեն ըներ, բայց` քիչ մը թափ տո՛ւր, Տմիթրի՛:
Սակայն մենք պէ՞տք է հաւատանք, որ Միացեալ Նահանգներ զերծ են «Սայպըրուրեֆեր» շղթայազերծելէ: Ապա նաեւ կայ «Ռուսիա Այսօր»-ը (լրատու գործակալութիւն), որ այժմ մղուած է դէպի ճակատ: «Նաթ Ուեսթ» պետական լրատու գործակալութիւնը ծանրաշուք բարեպաշտ ձեւով յայտարարեց, որ կը մտադրէ փակել դրամատնային հաշիւները Բրիտանիա հաստատուած, ռուսական ֆինանսաւորումով սփռումին: Խե՛րն անիծածս, մենք ատիկա բնաւ չըրինք «Փրաւտա»-ին: «ՆաթՈւեսթ» ըստ երեւոյթին ընկրկեցաւ, երբ «Ռուսիա Այսօր», որոշ արդարացումով բողոքեց խօսքի ազատութիւններու սահմանափակման դէմ` սպառնալով սառեցնել դրամական հաշիւները Ռուսիոյ մէջ Պի.Պի.Սի.-ի գործունէութեան: Մինչ մեր կառավարութիւնը հերքեց, որ ազդեցութիւն բանեցուցած է «Նաթ Ուեսթ»-ի վերաբերող որոշումին, այո՜ ճիշդ է, Թերեզա Մէյի (Բրիտանիոյ վարչապետ) բանբերը անխոհեմաբար աւելցուց. «Աւելի լայն առումով, մենք չենք ուզեր, որ ապատեղեկատուութիւնը տարածուի»:
Ուրեմն բաւական յստակ է, այդպէս չէ՞: Իսկապէս կառավարական ուղղակի միջամտութիւն կայ: Մենք կը փորձենք հետապնդել եւ փակել սփռումը, որովհետեւ կը հաղորդէ նիւթեր, որոնց մեր կառավարութիւնը համաձայն չէ: Կը խորհէի, թէ ատիկա կ՛ակնկալուէր, որ ընէին ռուսերը. այլախոհութիւնը լռեցնել: Եւ սակայն մինչ «Ռուսիա Այսօր» լրատու գործակալութիւնը իրօք հաւատարմօրէն կ՛ենթարկուի Փութինի շուայտութիւններուն, իր լուրերու հաղորդումները, որոնք յաճախ կը ցոլացնեն Բրիտանիոյ անցեալի լաւ հին օրերու ժողովրդային օրաթերթերը, երբեմն կը բացայայտէ ճշմարտութիւն մը, որ այլապէս թաքնուած պիտի ըլլար: Ուրեմն խնդիրը այն չէ, թէ անոնք ապատեղեկատուութիւն կը հաղորդեն, այլ այն, որ «Ռուսիա Այսօր» կը տարածէ ճշմարիտ տեղեկութիւն, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը չափազանց ոչ ձեռնտու կը նկատէ: Արդեօ՞ք ատիկա անկողմնակալ չէ, ատիկա միշտ հաւասարակշռութիւն եւ պատասխանելու իրաւունք կու տա՞յ: Ո՜չ, ո՛չ, եռակի՛ ոչ: Պի.Պի.Սի-ն այդպէս կ՛ընէ՞:
Յատկապէս իմ տարիքիս կարգ մը բրիտանացիներու մէջ որոշ նախասիրութիւն մը կայ` հիանալու Վլատիմիր Փութինին` հիմնականին մէջ իր վճռակամութեան եւ ընկերային պահպանողականութեան: Մինչ Արեւմուտքը կը սայթաքի, Փութին կը գործէ, ուրեմն մենք կրնանք ներել զայն, անոր պատահական խտրական ջղաձգութիւնը (կամ նոյնիսկ ողջունենք զինք ատոր համար): Թէեւ ես անդամ չեմ իր բրիտանացի համակիրներու ծլարձակող ակումբին: Շատ դիւրին է ըլլալ վճռական, երբ դուք կը բախիք ոչ ժողովրդավարական մարտահրաւէրի, բան մը, որ Փութինի չի պատահիր: Ան կ՛ապշեցնէ զիս իբրեւ բարոյազուրկ, անխիղճ եւ ռազմատենչ: Եւ ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս խոր արմատացած է մէջքէն վեր մերկ – ըմբշամարտիկի առնական կերպարը, թէ՞ ցուցադրութեան, «շօ»-ի համար է ատիկա:
Իմ մտահոգութիւնս հետեւեալն է. մենք կը հրահրենք եւ կը հրահրենք, մենք կ՛աղաւաղենք փաստերը, որպէսզի մեր օրակարգին յարմարի, մենք կը մրոտենք Փութինը եւ իր երկիրը, ամբողջովին ռազմատենչ, միականի ձեւով, անտեսելով մեր սեփական անցեալի սխալները` Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եւ կապուած` մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան:
Անձկութեամբ կը յուսամ, որ Փութինի ռազմատենչութիւնը միայն միջազգային սպառման համար է, եւ որ ան ոչ մէկ ձեւով այնքան յիմար է, որքան` Էնտրիւ Միչելը կամ Պորիս ճոնսընը: Ես ատոր կը կառչիմ` նախքան դէպի Նոր Զելանտա օդանաւային տոմս գնելս: Որովհետեւ ատիկա կրնայ շատ անտեղի յոյս մը ըլլալ: Եւ զինք կրնան իր տոկալու կարողութեան սահմաններէն աւելի հեռու մղել :Փութին առնուազն մեր ստեղծածն է անշուշտ: Դուք հինգ կամ վեց կարճ տարիներու ընթացքին չէք կրնար զրկել երկիր մը իր կայսրութենէն, իր քաղաքական համակարգէն եւ «ռեզոն տ՛էթրէն», իր արդիւնաբերութենէն, իր աշխատատեղերէն, իր դրամէն, իր հեղինակութենէն եւ համաշխարհային բարձր դիրքէն` առանց ակնկալելու որոշ տեսակի վերացայտում մը, տեսակ մը անձկութիւն, կարօտ` հին կենսաձեւէ մը ետք, տենչանք` ստալինականութեան:
Փութինի հետ տենչանք: Կորսուած առիթ մըն էր, 1990-ականներու կէսերուն, Ռուսիան ռմբակոծել չուզելը, եւ զայն հրաւիրել անդամակցելու ՕԹԱՆ-ին: Այս պատճառով այժմ մենք գործ ունինք Փութինի հետ: Եւ մենք կը ձախողինք ատիկա ընել: Մենք բոլորս կը կորսնցնենք:
Մերքելի Երկնտրանքը
Փութինի Շուրջը
Եւրոպացի առաջնորդները պէտք է նկատի առնեն, որ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց իրենց: Արտաքին գործոց նախարարները հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան մեծ պետութիւններուն հետ, սակայն անոնք ներկայացուած չեն բանակցութիւններու սեղանին շուրջը: Միաժամանակ Հալէպի մէջ իրավիճակը աւելի շատ կը վերաբերի արեւմտաեւրոպական հասարակութիւններուն, քան` ռուսերուն եւ ամերիկացիներուն: Գերմանիոյ կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ Եւրոպական խորհրդարանը մտահոգ են հակամարտող կողմերու համար հետեւանքներէն: Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները վտանգուած են, սակայն դաշնակից մեծ ուժերուն մէջ լսելի կը դառնան տրամագծօրէն հակառակ կարծիքներ:
Անկելա Մերքելի ներկայացուցիչ Շտեֆեն Զայպերթ տակաւին օգոստոսին, Հալէպի մէջ մահուան դէպքերու պատասխանատւութիւնը բարդած էր Դամասկոսի կառավարութեան եւ Մոսկուայի վրայ: Գրեթէ միաժամանակ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր Եկատերինպուրկի մէջ ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ միամտաբար կ՛երազէր Սուրիոյ աւերակները միասնաբար վերականգնելու մասին:
Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատները կ՛ուզեն Մոսկուայի հետ վստահելի եւ խաղաղ յարաբերութիւններ ունենալ, մինչ Ռուսիա համարձակօրէն կը հետապնդէ իր շահերը ռազմական ուժի կիրարկումով: Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը խաղաղարար քաղաքականութեան պաշտպանեալ ներկայացնելու ձգտումները միամիտ կը թուին, յատկապէս այն պատճառով, որ պաշտելի գործընկերը ընդհանրապէս խաղաղութիւն չի փնտռեր:
Գերմանիոյ կառավարութեան մէջ լարուածութիւնը Ուքրանիոյ պարագային կը յաջողէր հսկողութեան տակ պահել: Երբեմն ատամները սեղմած` եւրոպական պետութիւնները ամէն պարագայի համաձայն էին, որ Ռուսիոյ պէտք է ցոյց տալ անոր քաղաքական սահմանները: Հիմա այդ վճռակամութիւնը անցեալին մէջ է: Գերմանիոյ եւ այլ եւրոպական երկիրներու մէջ հետզհետէ աւելի շատ կ՛աջակցին առեւտրային սահմանափակումները ջնջելու:
Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մեծ մասը դէմ է պատժամիջոցներու ընդարձակման` յանուն ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան մատչելիութեան: Ատիկա կրնային պաշտպանել միայն Ֆրանսան, Գերմանիան եւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրները: Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ հակառուսական պատժամիջոցները պաշտօնական նիւթ չեն եղած: Գերմանիոյ դիրքորոշումը յստակ չէ: Վարչապետին անունով Զայպերթ կրկնած է նախորդ յայտարարութիւնները, որոնցմէ պարզ կը դառնայ, որ Գերմանիա կը մտածէ վայրագութիւններու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու պատճառով երկարաձգել պատժամիջոցները: Առաջին հերթին խօսքը պէտք է վերաբերի քաղաքացիական հասարակութեան տառապանքներուն վերջ դնելուն: Բոլոր ջանքերը ուղղուած են այդ նպատակին: Շթայնմայեր յայտարարած էր, որ պատժամիջոցները չեն լուծեր մարդասիրական ճգնաժամը, ուրեմն պէտք չէ ատոնք նկատի առնել: Սուրիոյ պատերազմի խոյապատկերին վրայ ատիկա կրնայ ճիշդ որոշում ըլլալ, սակայն տնտեսական պատժամիջոցները միշտ ալ քաղաքական գործիքներ եղած են եւ ամբողջովին ալ` ոչ կարճաժամկէտ հեռանկարով: Անոնք, որոնք կ՛աջակցին ատոնց, դէմ կ՛արտայայտուին Ռուսիոյ` մեծ պետութեան ձգտումներու իրականացման:
Հաւանաբար Շթայնմայեր նոյնպես մտահոգ է Մոսկուայի նկատմամբ վերահսկողութիւնը կորսնցնելու պատճառով: Այդ մտավախութիւնները իրենց ցոլացումը գտած են մեծ պետութիւններու հակամարտութեան մասին անոր յայտարարութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ կառավարութեան` Ռուսիոյ հարցերով լիազօր ներկայացուցիչ Կերնոտ Էրլերի մօտ: Արեւելաեւրոպացի պատմաբանները եւ արտաքին գործոց նախարարները չեն կրնար առաջնորդուիլ միամիտ ենթադրութեամբ, որ եթէ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հակամարտութիւնները լուծուին, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կը դառնան նախկինին նման:
Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան միւս քաղաքական գործիչները կը հիմնուին Ուիլլի Պրանտի եւ Էկոն Պարի հին արեւելեան քաղաքականութեան վրայ, ուշադրութիւն չեն դարձներ Եւրոպայի մէջ բոլորովին այլ տագնապային իրավիճակին: Այդուհանդերձ, անոնք կը կարծեն, որ խաղաղութեան քաղաքականութիւնը անոնց կ՛օգնէ Պունտըսթակի մէջ աթոռներ ստանալու: Դժուար չէ աւելի անպատասխանատու քաղաքականութիւն փնտռել, քան այն, որ կ՛աղաւաղէ իրականութիւնը գաղափարական պատճառներով: