ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ամէնէն նոր հիմնուած մասնաճիւղը այս տարի բոլորեց իր 5-րդ ամեակը:
2011-ին հիմնուած այս մասնաճիւղը, բաւական դժուարութիւններէ ետք, այս վերջին 2 տարիներու ընթացքին ինքզինք փաստեց` 2015-2016 տարեշրջանի իր տարեկան բանակումով եւ 2016-2017 տարեշրջանի քերմէսով ու վերամուտով:
2016-2017 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը նուիրուած էր մասնաճիւղին 5-րդ տարեդարձին:
Պաշտօնական բացումի նախօրեակին մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդն ու Խմբապետական կազմը կազմակերպեցին եռօրեայ քերմէս մը` ուրբաթ 14, շաբաթ 15 եւ կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016-ին: Այս քերմէսը շատ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանի բոլոր մանուկներուն եւ երիտասարդներուն մօտ:
Վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնն ու հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ռաուտայի Էհլան շրջանի բակին մէջ, կազմակերպութեամբ` մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, ներկայութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին ու Շրջանային խմբապետութեան, «Շուշի» կոմիտէութեան, ծնողներու եւ համակիրներու:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ժամը ճիշդ 5:00-ին` սկաուտական տողանցքով մը`մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին: Դրօշակի արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նորընծայ արենոյշներու խոստման արարողութիւն ու պաշտօնատուչութիւն:
Պաշտօնական արարողութեան աւարտին խօսք առաւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան, որ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային խմբապետութեան անունով շնորհաւորեց Ռաուտայի մասնաճիւղը իր 5-րդ ամեակին առթիւ ու յաջողութիւն մաղթեց Ռաուտայի մասնաճիւղի սկաուտներուն` իրենց աշխատանքներուն մէջ: Ապա խօսք առաւ Ռաուտայի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի անդամ` Մասիս Աւետիսեանը, որ քաջալերեց բոլորը` իրենց զաւակները անդամագրելու այս մարմնակրթական միութեան:
Դրօշակի արարողութեան աւարտին խումբերը գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր:
Բոլոր ներկաները մեծ խանդավառութեամբ քաջալերեցին սկաուտներուն պատրաստած յայտագիրը, որ վերջ գտաւ «Տուն իմ հայրենի» երգով: