Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ գայլիկ եւ արծուիկ ճիւղերու ու մոկլի ճիւղի ժողով մը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի` «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ: Այս ժողովին մասնակցեցան Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերու գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի խմբապետական կազմերը: Այս ժողովին ընթացքին արծարծուեցան երեք ճիւղերը հետաքրքրող հարցեր, ինչպէս նաեւ ծրագրուեցաւ երեք ճիւղերու 2016-2017 տարեշրջանի աշխատանքները: Ժողովի աւարտին նաեւ մասնակիցները հետեւեցան «պուլինկ»-ի մասին շահեկան դասախօսութեան մը:
↧