Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Ինչպէ՞ս Անցուցի Ամառնային Արձակուրդը

$
0
0

img_1372

Ամրան արձակուրդին «Ազդակ»-ի յարկին տակ գտնուիլ փափաքող աշակերտները միշտ ալ ներկայութիւն եղած են, գործնական աշխատանքով շատ բան սորված են, փորձառութիւն ձեռք ձգած են, ապրած են օրաթերթի մթնոլորտը եւ հեւքը, հայոց լեզուին հետ աւելի ճկուն եւ սերտ կապ ունեցած են:

Այս տարի եւս «Ազդակ»-ի խմբագրատուն յաճախեցին եւ իրենց ամառնային արձակուրդը լրագրական աշխատանքներով լեցուցին քանի մը աշակերտներ, որոնց կարգին արժանի է յիշել Կալի Աւագեանը, որուն հետեւողականութիւնը, ամէնօրեայ դրութեամբ ներկայութիւն ըլլալու, թելադրանք մը երբեք կրկնել չտալու, աշխատելու մնայուն պատրաստակամութիւնը ուշագրաւ էին: Այս բոլորին կողքին, անոր հետ փորձառութիւնը փաստեց, որ հայ մամուլի աշխատանքը նոր սերունդին կողմէ շարունակելու առաքելութիւնը յուսադրիչ է:

Այս իմաստով, «Ազդակ»-ի դռները միշտ բաց են մեր երիտասարդներուն դիմաց:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Կալի Աւագեանին տպաւորութիւնները` «Ազդակ»-ի մէջ անցուցած իր օրերուն մասին, իսկ անոնց տակ կը հրատարակենք անոր կողմէ պատրաստուած նիւթեր, թէեւ ամրան շրջանին մեր էջերով արդէն իսկ լոյս ընծայեցինք աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած լուրեր:

«Ա.»

Ահա հասաւ յունիս ամիսը, երբ դպրոցի կրթական տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, եւ սկսաւ ամառնային արձակուրդը:

Այս սպասուած ամառնային արձակուրդին առաջին մէկ-երկու շաբաթը շատ լաւ անցաւ, բայց անկէ ետք սկսայ ձանձրանալ, բոլոր աշակերտներուն պէս:

Մտածեցի` արդեօք ինչո՞վ զբաղիմ: Ի՞նչ ընեմ, որպէսզի չձանձրանամ: Բայց միշտ ալ ձանձրացայ, որովհետեւ տան մէջ բանտարկուած էի եւ չէի կրնար ընկերուհիներս տեսնել, որովհետեւ ծնողքս կ՛աշխատի, առանձինս հեռու տեղեր ալ չէի կրնար երթալ` երկրին մէջ անապահովութեան պատճառով:

Բաւական մտածելէ ետք ուզեցի գործ մը փնտռել եւ ամառը աշխատիլ: Չգտայ գործ, որովհետեւ տակաւին 18 տարիքը չեմ ամբողջացուցած (տակաւին 14 տարեկան եմ), ծնողներս ալ իրենց հերթին բաւական հետաքրքրուելէ ետք, ինծի գաղափար մը տուին, որ երթամ «Ազդակ» օրաթերթ եւ հարցնեմ, թէ կ՛ընդունի՞ն զիս` նկատի ունենալով իմ սէրս հայոց լեզուին նկատմամբ:

Միացայ «Ազդակ» օրաթերթի ընտանիքին: Շատ դժուարութիւն չունեցայ միջավայրին եւ աշխատանքին ընտելանալու: Շատ բաներ սորվեցայ եւ շատ աւելի բարելաւեցի հայերէնս: Կրցայ հասկնալ ուղեղիս մէջ աղօտ մնացած քերականական օրէնքները:

Առաջին բանը, որուն մէջ կարողութիւններս բարելաւեցի, արեւելահայերէն արեւմտահայերէն թարգմանութիւնն էր: Այս մէկը ինծի համար շատ օգտակար պիտի ըլլայ, որովհետեւ ես արդէն կը ներդրեմ համացանցի վրայ «Ուքիփետիա» բաց հանրագիտարանին մէջ: Սորվեցայ կարգ մը գոյականներու եւ բայերու արեւմտահայերէն թարգմանութիւնները: Օրինակ` տոննա բառը արեւմտահայերէնով թոն բառն է: Կարեւորել բային արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը կարեւոր նկատել է:

Երկրորդ բանը, որ սորվեցայ, հայցական եւ տրական հոլովներու ճշգրիտ գործածութիւններն են: Օրինակ` Ան իր եղբայրը շատ կը սիրէ եւ ոչ թէ` եղբօրը: Ամէնէն դիւրին օրէնքը, որով կարելի է ճիշդ կիրարկել այս օրէնքը ուղիղ խնդիրը առարկայի վերածելն է:

Երրորդ բանը, որ սորվեցայ, ՄՈՒԿ ստեղնաշարի գործածութիւնն է: Ես հայերէնով մեքենագրելու համար կը գործածէի համակարգիչներու մէջ եղած արեւմտահայերէն ստեղնաշարը: Հիմա բաւական գիտեմ, բայց տակաւին շատ ժամանակ կ՛առնէ մինչեւ յօդուած մը գրեմ ՄՈՒԿ ստեղնաշարով:

Մէկ անգամ միայն փորձեցի արաբերէնէն հայերէն թարգմանութիւնը կատարել, որ իսկապէս չսիրեցի, չըսելու համար` ատեցի, որովհետեւ արաբերէն լեզուն ինծի համար բաւականին դժուար է, ինչպէս նաեւ` շատ մեծ թիւով հայերու:

Ինծի համար կարեւոր է նաեւ ընկերային շրջանակը: Բոլորը շատ լաւ վերաբերում կը ցուցաբերէին ինծի հանդէպ:

Ահա հասաւ սեպտեմբեր ամիսը եւ մօտեցած է վերամուտը: Այս տարի իններորդ դասարանի աշակերտուհի եմ, այսինքն շատ լաւ պէտք է աշխատիմ, որպէսզի յաջողիմ պետական քննութիւններուն: Յուսամ` գալ տարի ալ կը միանամ «Ազդակ»-ի եւ հաճելի ամառ մը կ՛անցընեմ զովացուցիչ սարքերուն տակ (թէեւ բուն բառը ջեռուցիչ է, բայց որովհետեւ ամրան տաք եղանակին մեր բոլորս կը զովացնէ, ուզեցի զովացուցիչ բառը գործածել):

Շատ կը փափաքիմ, որ յառաջիկայ տարի գան ինծի տարեկից պատանիներ, որոնք կ՛ուզեն թերթի մը մէջ գրել: Նոյնիսկ եթէ լեզուական դժուարութիւններ ունին, ինչպէս քերականական եւ ուղղագրական, թող միանան մեզի, հետզհետէ կը սորվին: Անձնակազմն ալ անպայման կ՛օգնէ եւ արդէն ունինք լեզուական սրբագրիչ, որ կը սրբագրէ մեր լեզուական սխալները, որոնց շնորհիւ մենք կը սորվինք ճիշդը: Ի վերջոյ, բոլորս կը սխալինք:

Կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել «Ազդակ»-ի տնօրէնին, անձնակազմին եւ բոլոր միւս պաշտօնեաներուն` իրենց ցուցաբերած վերաբերումին եւ գիտակցութեան համար:

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Տխուր Իրականութիւնը` Հայաստանցի Կիներուն Մասին. «Արքայադուստրից` Ստրուկ»

48156_102816

Ստեփանակերտի «Մուկլիմանդիլ» սրճարան-գինետան մէջ վերջերս տեղի ունեցած է արմատներով արցախցի լուսանկարիչ-լրագրող Անահիտ Հայրապետեանի «Արքայադուստրից` ստրուկ» լուսանկարչական գիրքին շնորհահանդէսը:

hayrabedian2_102816

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ա. Հայրապետեան նշած է. «Ամէն հայ աղջիկ իբրեւ փոքրիկ արքայադուստր կը ծնի, որովհետեւ ծնողները այդպէս կ՛ընկալեն զայն: Ետքը արքայադուստրը կը մեծնայ, կ՛ամուսնանայ եւ կը դառնայ նոր տան «ծառան»` երբեմն ենթարկուելով բռնութիւններու եւ հոգեբանական ու ֆիզիքական ճնշումներու. դժբախտաբար երբեմն անոնք կը վերջանան մահուան ելքով»: Խորագիրի ընտրութիւնը այսպէս կը բացատրէ լուսանկարիչը:

Հայրապետեանի համաձայն, ինք ընտանեկան բռնութիւններու դէպքերու ծանօթ եղած է մանկութենէն, երբ իրենց բակի աղջիկներէն մէկուն հայրը սպաննած է իր կինը:

hayrabedian3_102816

«Դէպքին մասին իմացած են բոլորը, սակայն արգիլուած եղած է ատոր մասին խօսիլ: Վերջին քանի մը տարիներուն իմ լուսանկարչական գործիքիս թիրախը ուղղուած եղած է տարբեր հանգամանքներու մէջ յայտնուած եւ տարատեսակ բռնութիւններու զոհ դարձած կիներուն: Անոնց մասին պատմութիւնները ամփոփուած են «Արքայադուստրից` ստրուկ» լուսանկարչական գիրքին մէջ», ըսած է լուսանկարիչը եւ` աւելցուցած, որ «այդ գիրքը կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տարբեր կիներու մասին պատմութիւններ: Գիրքին մէջ զետեղուած են լուսանկարներ, որոնց պատմութիւններուն ես առնչուած եմ»:

hayrabedian4_102816

Լուսանկարիչին համաձայն, այս գիրքով ինք կը փորձէ նման դէպքերու ու պատմութիւններու նկատմամբ անտարբեր մարդոց ուշադրութիւնը սեւեռել կարեւոր այս խնդիրին վրայ: Թերեւս շատեր կը կարծեն, թէ այսպիսի հարց չկայ, սակայն ինք գիրքին մէջ ցոյց տուած է, որ իրականութեան մէջ այդ հարցերը կան:

hayrabedian5_102816

«Այստեղ ներկայացուած են ընկերային տարբեր խաւերու պատկանող կիներ, որոնք ընդգրկուած են Հայաստանի տարբեր մարզերէն ու բնակավայրերէն: Անոնք հիմնականին մէջ ընկերային անապահով խաւի ներկայացուցիչներ են, որովհետեւ այդպիսիներուն մօտ աւելի շատ են ընկերային ու կենցաղային հարցերը: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ աւելի ապահով խաւեր ներկայացնող կիները զերծ են բռնութենէ», շեշտած է Ա. Հայրապետեան:

hayrabedian6_102816

Պատասխանելով «Արցախփրես»-ի թղթակիցին այն կատառումին, թէ հայ ընտանիքին մէջ կինը աւելի փակ է եւ իր ընտանեկան հարցերուն մասին միշտ չի խօսիր, Ա. Հայրապետեան նշած է. «Իրականութեան մէջ, ես համամիտ չեմ հայ ընտանիքի փակ ըլլալուն եւ հարցերու մասին չխօսելու միտքին: Որեւէ փակ ընտանիքի հարցերուն մասին մարդիկ ուշ կամ կանուխ կ՛իմանան. մէկը միւսին կ՛ըսէ, մէկ-երկու բառ լսածին վրայ աւելցնելով, կը տարածուի»:

hayrabedian7_102816

«Ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի իրավիճակը փոխուի» հարցումին ի պատասխան լուսանկարիչը մասնաւորապէս ըսած է. «Նախ` ինծի կը զարմացնէ, թէ ինչո՞ւ ընտանեկան բռնութիւններու վերաբերող համապատասխան օրէնքը չ՛ընդունուիր. անհրաժեշտ է, որ ոչ ոք անտարբեր ըլլայ այս հարցին նկատմամբ` շարքային քաղաքացիէն սկսեալ մինչեւ պետական այրերը: Պէտք է նաեւ հաշուի առնել այն փաստը, որ մարդիկ այնպիսի ընկերային հարցերու հետ կ՛առնչուին, որ ժամանակ նոյնիսկ չ՛ըլլար այլ բաներու մասին մտածելու կամ խօսելու: Ըստ իս, այս գործին մէջ մեծ ընելիք ունի պատկերասփիւռը. հեռարձակուող հաղորդումներն ու ֆիլմաշարերը պէտք է շօշափեն նմանատիպ հարցեր: Ես կարեւոր կը նկատեմ նաեւ ընտանիքին եւ կրթօճախին մէջ երեխաներուն դաստիարակութեան գործը»:

Խօսելով իր ծրագիրներուն մասին` գիրքին հեղինակը նշած է նաեւ, որ յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ իր երկրորդ` «10 տարի Ղարաբաղում» վերնագիրով գիրքը:

hayrabedian8_102816

«Հիմնականին մէջ կը լուսանկարեմ Արցախի մարդոց առօրեան: Ցանկութիւն ունիմ բոլորին ցոյց տալու, որ Արցախը լոկ տարածք չէ, որ կարելի ըլլայ տալ մէկուն կամ առնել. Արցախի մէջ կան մաքառող մարդիկ, որոնք ապրած են, կ՛ապրին ու պիտի ապրին այստեղ: Ես գիրքին մէջ ցոյց պիտի տամ արցախցիներուն կեանքը` առօրեան, ցաւը եւ ուրախութիւնները, պայքարն ու երազանքը», խօսքը եզրափակած է Ա. Հայրապետեան:

hayrabedian9_102816

Հայաստանցի կիներուն տխուր իրականութիւնը ներկայացնող «Արքայադուստրից` ստրուկ» լուսանկարչական գիրքը հրապարակուած է 2015-ին: Անահիտ Հայրապետեան զայն նուիրած է յիշատակին Ռուբէն Մանգասարեանի` լուսանկարչութեան իր ուսուցիչին, որուն շնորհիւ ինք դարձած է Հայաստանի լաւագոյն երիտասարդ լուսանկարիչ-վաւերագրողներէն մէկը:

 

Հիմա Մենք Միայն Խաղաղութեան Կարիքը Ունինք, Ուրիշ Բան Պէտք Չէ Մեզի. Սահմանամերձ Թաղլարի Բնակիչ

taghlar_102816

Գիւղին մէջ շատ խնդիրներ կան, սակայն բնակիչներուն համար ամէնէն անհրաժեշտը խաղաղութիւնն է: Գիւղի երիցագոյն բնակիչներէն Արմէն Բուդաղեան կ՛ըսէ, որ առաւօտեան արթննալու ժամանակ գիւղի փոքրագոյնէն երիցագոյն բնակիչը Աստուծմէ խաղաղութիւն կը խնդրէ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անցած խաղաղ օրուան համար:

«Գիւղին մէջ շատ խնդիրներ կան, բայց քառօրեայ պատերազմէն ետք հասկցան, որ այդ խնդիրները խաղաղութեան դիմաց ոչինչ են: Հիմա մենք միայն խաղաղութեան կարիքը ունինք, ուրիշ բան պէտք չէ մեզի, ինչպէս ըլլայ կ՛ապրինք` հացն ալ կայ, ջուրն ալ կայ…»:

Թաղլարցի կիները կը տարբերին իրենց կամքի ուժով եւ հանգստութեամբ, այստեղ ոչ միայն տղամարդիկ, այլ նաեւ կիները պատրաստ են հարկ եղած ժամանակ յանուն իրենց հողի իրենց կեանքերը տալ:

«Ով որ կու գայ մեր գիւղը, նոյնիսկ տղամարդիկ, առաջին հարցումը, որ մեզի կը հարցնեն` ինչպէ՞ս կրնաք ապրիլ այս պայմաններուն մէջ: Դժուար չէ, երբ սահմանը կանգնած զինուորներուն եւ տղամարդոց կը վստահինք մեր կեանքը: Բացի անկէ, մեր տունն ու օճախը այստեղ է, ամէն օր կը շնչենք այս օդը եւ կը խմենք աս սարերէն եկած ջուրը, անոր համար ալ ուժ ունինք այստեղ մնալու: Հարկ եղած պարագային, կը կանգնինք մեր տղամարդոց կողքին ու կը պաշտպանենք մեր հողը: ինչպէս ապրիլին ըրինք, կարեւորը մեր երեխաները անվնաս ըլլան, մենք ալ իրենց կողքին` երջանիկ ծնողներ», ըստ «Նիուզ.am»-ի` կ՛ըսէ Թաղլարի բնակիչներէն Մարինէն:

Թաղլացիները վստահ են, որ պիտի գայ օր մը, երբ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ. Արմէն Բուդաղեան կ՛ըսէ, որ երբ բան մը կառուցելէ առաջ այլեւս չի մտածեր այնպէս մը շինել, որ կրակոցներու եւ պատերազմի ժամանակ իր երեխաներուն եւ թոռներուն համար անիկա նաեւ իբրեւ թաքստոց ծառայէ, ուրեմն ամէն ինչ լաւ է. «Պատերազմը երեխաներու համար չէ, թող գայ այն օրը, որ բան մը կառուցելէ առաջ չմտածեմ ինչպէս շինել, որ երեխաներուն եւ թոռներուս պաշտպանէ, երբ ես սահման ուղղուած եմ կռուելու…»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles