«Քրիստոս Ապաւէն Է Մեր Ժողովուրդին, Երաշխիքը` Մեր Վերապրումին Եւ Գոյատեւման»
Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին հայրապետական իր այցելութեան առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն Ս. պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ:
Հայրապետական պատգամէն առաջ թեմի առաջնորդ սրբազանը ողջունեց վեհափառը եւ յիշեցուց, որ նախորդ երեկոյ, 20-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան պահուն, Վեհափառ հայրապետը շեշտած էր, որ թէ նման տօնախմբութիւններ առիթ են վերանորոգելու նուիրեալ ծառայութեան մեր ուխտը. ապա հրաւիրեց Յովնան արք. Տէրտէրեանը, որ արտասանէ իր ողջոյնի խօսքը: Ան յիշատակներով վերադարձաւ այն օրերուն, երբ ուսանող էր Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, եղած է վեհափառ հայրապետէն ցուցմունք ու խորհուրդ ստացողներուն շարքին եւ անձնական վկայութեամբ վեր առաւ վեհափառին ջանասիրութիւնն ու ծառայութիւնը: Ան հաստատեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան անցեալ 20 տարիները արժեւորուած են ժողովրդանուէր ծառայութեամբ, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ քաջառողջութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ կաթողիկոսին, որպէսզի ան շարունակէ մեր ժողվուրդը ոգեւորել իբրեւ «Հաւատքի առաքեալ» ու անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը:
Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ անսան Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական սփիւռքին միջեւ միասնութիւնը ամրապնդելու վեհափառի կոչին, ծառայութեանց մէջ առաջնորդուին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:
Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է ըլլալու մեր թեմի ժողովուրդին հետ, ականատես ըլլալու եկեղեցւոյ ու մեր հաւատքին նկատմամբ հաւատացեալներու հաւատարմութեան: Ան իբրեւ բնաբան` ընտրած էր կորնթացիներուն ուղղուած Բ. նամակի 13-րդ գլուխէն. «Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէք դուք ձեզ` Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ՞ պարզապէս Իր անունը կը կրէք»: Ան յիշեցուց, որ Պօղոս առաքեալը այս էական հարցումով դարեր առաջ դիմած էր կորնթացիներուն, իսկ այդ հարցումը այսօր այժմէական է եւ ուղղուած` մեզմէ իւրաքանչիւրին: «Քրիստոնեայ ըլլալ, քրիստոնէական հաւատք ունենալ` կը նշանակէ հաւատալ միայն մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի, Զինք մշտական ներկայութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ, վերածել կեանքի նպատակի, վկայել Զինք», շեշտեց վեհափառ հայրապետը եւ շարունակեց. «Մեր Տէրը մշտական ներկայութիւն եղած է մեր պատմութեան, մեր սրբազան հայրերու կեանքին մէջ: Անոր շնորհիւ` մենք յաղթահարած ենք բազում փոթորիկներ, լուսաւորուած ենք ու զօրացած, Անոր ընդմէջէն` մահէն անցած ենք կեանքի: Մեր սրբազան հայրերը Քրիստոսը ունեցած են իբրեւ կեանքի առանցք, իբրեւ ուղեցոյց, ուժի ապաւէն եւ յոյսի աղբիւր: Անոնք իրենց արիւնով վկայագրեցին այս ուղին: Մենք պէտք է հետեւինք անոնց օրինակին: Հայաստանն ու Արցախը պաշարուած են թշնամիներով: Սփիւռքի մէջ մենք շրջապատուած ենք այլ տեսակի թշնամիներով: Հետեւաբար Քրիստոսը պէտք է պահենք մեր կեանքի ճանապարհին մէջ` թէ՛ մեր անձնական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ, վերանորոգուինք մեր հաւատքին մէջ ու միայն Քրիստոսի հետ քալենք, որովհետեւ այս է մեր վերապրումի եւ գոյատեւման բանալին»:
Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Գահակալութեան 20-Ամեակին Առիթով
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքը կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան մեծարանքի ճաշկերոյթով մը պատուեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը` գահակալութեան 20-ամեակին առիթով:
Մեծարանքի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Քալիֆորնիա քլապ»-ի շքեղ սրահին մէջ` հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկին Հերի եւ Շերըլ Նաճարեան բարերար ամոլին:
Երեկոյի բացման ու ողջոյնի խօսքը արտասանեց հանդիսավարը` Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց վեհափառ հայրապետը: Յանուն թեմիս Ազգ. վարչութեան, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը` Վահէ Յովակիմեան, որ շնորհաւորեց վեհափառը եւ կանգ առաւ անոր եկեղեցանուէր, ժողովրդանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն առջեւ, վերահաստատեց անվերապահ զօրակցութիւն եւ Կիլիկեան Աթոռին մաղթեց նոր բարգաւաճում:
Բարի գալուստի իր սրտի խօսքը արտասանեց հիւրընկալը` Հերի Նաճարեան, որ ողջունեց վեհափառը, շնորհաւորեց գահակալութեան 20-ամեակին առթիւ. յանուն ներկաներուն, ան երկար եւ առողջ կեանքի բարեմաղթութիւններ ըրաւ կաթողիկոսին:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան` կեդրոնանալով վեհափառ հարապետի իմաստուն առաջնորդի դերին վրայ` կրօնական, ազգային պահանջատիրական եւ այլ ծիրերու մէջ: Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ լուսարձակի տակ առաւ Արամ Ա.ի առաջնորդողի դերը` միջազգային, միջինարեւելեան եւ Լիբանանի մակարդակներուն վրայ` ի խնդիր խաղաղութեան վերահաստատման, ինչպէս նաեւ` բազմերանգ գաղութներու համերաշխ գործակցութեան մէջ:
Ընթրիքին ընթացքին տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի արարողութիւն:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութեան կարեւորութեան` հաստատելով, որ տեղի ունեցած ձեռնարկները պերճախօս արտայայտութիւնը կը հանդիսանան գաղութին զգացումներուն, նուիրումին ու նուիրաբերումին:
Նախքան պարգեւատրումի բաժնին անցնիլը` յանուն թեմի կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ճաշկերոյթի հիւրընկալ ամոլին նշելով` որ Հ. Նաճարեան իր մատուցած ծառայութեանց ու նուիրաբերումներուն համար արդէն իսկ պարգեւատրուած է «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանով, որ բարձրագոյն շքանշանն է Ս. Աթոռոյս կողմէ շնորհուած. այս առիթով ան վեհափառին կողմէ հիւրընկալ ամոլին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին հրատարակութենէն «The Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission» օրինակ մը, իսկ մեծարանքի այս ճաշկերոյթի հիւրընկալութեան եւ Ազգային առաջնորդարանին հանդէպ ցուցաբերացած անոր զօրակցութեանց համար սրբազան հայրը յանուն թեմիս Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, երախտագիտութեան արտայայտութիւններով արձանագրուած գնահատանքի յատուկ յուշատախտակ մը նուիրեց տէր եւ տիկին Հերի եւ Շերըլ Նաճարեան ամոլին:
Առաջնորդ սրբազանը յայտարարեց, որ ընդառաջելով թեմի ժողովականութեան ու իր խնդրանքին, եւ` «Ծառայութեան տարուան» ծիրին մէջ, կաթողիկոսը «Կիլիկեան իշխան»-ի ու «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշաններով կը պարգեւատրէ հինգ ազգայիններ, որոնք տարիներէ ի վեր վաստակ կերտած են իրենց նուիրաբերումներով, ազգօգուտ ծառայութիւններով ու աշխատանքի պատրաստակամութեամբ: «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանին արժանացան տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները ու տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեանները, իսկ «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանին արժանացող ազգայիններն են տէր եւ տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Կալեանները, տէր եւ տիկին տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեանները եւ տէր եւ տիկին տոքթ. Յակոբ եւ Լիւսի Տիգրանեանները: Առաջնորդ սրբազանը հակիրճ կերպով ներկայացուց անոնց նուիրեալ ծառայութիւններն ու վաստակը` ի սպաս թեմին, կրթական ու ազգային հաստատութեանց: Վեհափառ հայրապետը պարգեւատրեալներուն յանձնեց համապատասխան շքանշանները:
Նախքան իր պատգամը` Արամ Ա. նշեց, որ այս տարի իր գահակալութեան 21-րդ տարեդարձն է եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի` իբրեւ թեմի առաջնորդի ծառայութեան 20-ամեակը: Վեհափառ հայրապետը այս առթիւ յայտնեց թէ հոգեւորականներ շքանշաններով չեն պարգեւատրուիր, սակայն առ ի գնահատանք առաջնորդ սրբազանի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան` սրբազան հօր նուիրեց հոգեւորականներու շնորհուած բարձրագոյն շքանշանը` «Վերջին ընթրիք»-էն խորհրդապատկերով պանակէ մը:
Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ իր կեանքի ծառայութեան հիմնակէտը եղած է տալու եւ ոչ թէ առնելու սկզբունքը` հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, որ մարդկութեան փրկութեան համար մինչեւ իսկ իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ. տալը հոգեկան գոհունակութեան ու մեծութեան աղբիւր է: Քրիստոսի օրինակով պէտք է ծառայել եկեղեցւոյ, ժողովուրդին, հայրենիքին եւ մարդկային բարձր արժէքներուն: «Մեր կեանքի մղիչ ուժն ու իմաստաւորողը պէտք է ըլլայ յստակ նպատակի մը հետապնդումը, իսկ իբրեւ քրիստոնեաներ` մենք կը հաւատանք, որ մեր կեանքերը կապուած են իրարու, ունինք դրացիներ, գործակիցներ, ընտանիքի անդամներ, չենք կրնար ապրիլ մեկուսացման մէջ, մենք կապ ունինք մեր ազգին, հայրենիքին, Արցախի, Հայաստանի եւ հոգեկան արժէքներու հետ, անոնց միջոցով կապուած ենք իրարու», ըսաւ կաթողիկոսը: Ան յիշեցուց, որ իբրեւ կաթողիկոս` ինքզինք միշտ ալ նկատած է Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառան, յաճախ յիշեցուցած է, որ եկեղեցին սոսկական հաւաքատեղի մը կամ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է. հոգեւորականին կոչումն է ըլլալ եկեղեցւոյ եւ ազգին ու ժողովուրդին սպասարկուն, պէտք է ինքնաքննարկումի դիմենք տեսնելու համար, թէ որքանո՛վ կ’իրականացնենք այս յանձնառութիւնը:
Եկեղեցին ժողովուրդին տանիլը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ պատերու ետին ամփոփուող եկեղեցի մը իր նպատակին չի ծառայեր: «Մենք Քրիստոսի դեսպաններն ենք, առաքեալները, համարատու ենք Աստուծոյ առջեւ, մեր պարտքն է մեր բոլոր կարողութիւնները նուիրաբերել եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` պիտի շարունակեմ նուիրաբերումի նոյն ուղին, առաջնահերթ նպատակ ունենալով հոգեկան արժէքներու պահպանումը եւ միասնութիւնը» շեշտեց վեհափառը:
Յայտնենք, որ այս ձեռնարկին առիթով, վեհափառին անունով ու դպրեվանքին ի նպաստ հաստատուած` «Արամ Ա. կաթողիկոս» հիմնադրամին համար կատարուեցան առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնց ցանկը կը հրապարակենք անջատ:
Հանդիպում` Գաղութի Ներկայացուցչական Պատուիրակութիւններուն Հետ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2016-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները:
Վեհափառ հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ վեհափառը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով եւ երախտագիտութիւն յայտնեց հայոց հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը, որուն նպատակն է վերատիրանալ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին: Հայ իրաւաբանները պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դնելու այս դատին: Ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց այն աշխատանքներուն մասին, որոնք յառաջ կը տարուին Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հայկական յանձնախումբին եւ Ցեղասպանութեան դիմաց հատուցում պահանջող յանձնախումբին հետ գործակցաբար: Հրաժեշտէն առաջ անոնք հայկական թռչնագիրով պատրաստուած ներբողական մը նուիրեցին վեհափառին, որ իր կարգին օրհնեց մեր ազգին մասնագիտական ծառայութիւն մատուցող այս ընկերակցութիւնը եւ ներկայացուցիչներուն յանձնեց խաչ-յուշանուէրներ:
Ապա վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինի (SARF) վարչութեան: Շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեանց արտայայտութիւններէ ետք ներկայացուցիչները կաթողիկոսին հետ խորհրդակցեցան Սուրիոյ իրադարձութեանց ու հայ համայնքին վրայ անոր անդրադարձին շուրջ: Քննարկուեցան Ս. Աթոռոյս կողմէ փոխանցուող օժանդակութիւնները, որոնց մասնակից է նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան գաղութը` միացեալ մարմինին ճամբով: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինի վարչութիւնը` իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր սուրիահայութեան ցուցաբերած զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար:
Առաւօտուն վեհափառ հայրապետը ընդունած էր նաեւ այցելութիւնը Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան անդամներուն, որոնք շնորհաւորեցին վեհափառը, երախտագիտութիւն յայտնեցին մանաւանդ այն հոգածութեան համար, որ Արամ Ա. կաթողիկոս ցուցաբերեց Քեսապի նկատմամբ, ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ անոր գրաւման օրերուն ու ազատագրումէն ետք:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ հարցազրոյց տուաւ պատկերասփիւռի «Էյ. Պի. Սի.» ընկերութեան թղթակիցին, որուն մէկ բաժինը սփռուեցաւ նոյն օրը: