«Թերթ.ամ» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի հայազգի անդամ Մուրատ Մըհճը Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Թուրքիոյ Անգարա նահանգի Սինճան շրջանի փոքրիկ աւաններէն Սթանոզի մէջ գանձ փնտռողներու կողմէ պղծուած է հայկական հին գերեզմանատուն:
Կատարուած լուսանկարներուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս գանձ փնտռողները փորած են գերեզմաններն ու հանած` ոսկորները: Յայտնի է, որ գերեզմանատան տարածքը կը պատկանի Ս.Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն մանուկ հիմնադրամին:
Մըհճը նշած է, որ բացի քանի մը սրտցաւ քաղաքացիներէ` ոչ ոք կը հետաքրքրուի գերեզմանատան վիճակով, որ ամբողջովին մատնուած է անուշադրութեան:
Աւելի՛ն. կան փաստներ, որոնց համաձայն, որոշ գերեզմանաքարեր հեռացուած են տարածքէն` շրջանի կեդրոնի ղեկավարութեան անմիջական միջամտութեամբ:
Մուրատ Մըհճը յայտնած է, որ իրենք արդէն դիմած են Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Սինճանի տարածքային գրասենեակ, սակայն կ՛ակնկալեն, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը նոյնպէս միջամտէ եւ աջակցի, որպէսզի գերեզմանատան շուրջ պատ կառուցուի: