Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17562

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Լիճք Համայնքը Ապահովուած Է Լուսաւորութեամբ

7-img_6136

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը ամփոփած են «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի  ծիրին մէջ միասնաբար իրականացուած հերթական ծրագիրին արդիւնքները:

Գեղարքունիքի մարզի Լիճք շրջանին մէջ այս տարի տեղակայուած է 53 լուսատու` արտաքին լուսաւորութեան լետ համակարգով: Ծրագիրին շնորհիւ լուսաւորուած են համայնքի հիմնական երկու փողոցները` մօտ 1,650 մեթր ընդhանուր երկարութեամբ:

Համակարգի գործարկման մասնակցած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբեն Խաչատրեանը, Լիճք համայնքի ղեկավար Գնել Գրիգորեանը եւ համայնքի բնակիչները:

Լուսատուները համայնքին փողոցները կը լուսաւորեն ամրան շրջանին ժամը 20:00-էն մինչեւ 00:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 23:00:

Տօնական օրերուն լուսաւորութիւն կ՛ապահովուի ամբողջ գիշերը:

Բաղդատելով ելեկտրական լամբերու հետ` լետ լամբերը աւելի արդիւնաւէտ ու դիմացկուն են, կրնան շատ աւելի երկար ծառայել` օգտագործելով 80 առ հարիւր նուազ ուժանիւթ:

«Վերջին տասնամեակներուն, արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումը կը միտի մարդոց կենսամակարդակի բարձրացման եւ ճանաչողութեան նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման: Այնուամենայնիւ, այդ յառաջընթացը իրեն հետ կը բերէ նաեւ բացասական հետեւանքներ. կը չարաշահուին Երկիր մոլորակի բնական պաշարները, կ՛աղտոտի միջավայրը, անդառնալի կորուստներ կը կրէ բնութիւնը: Այս երեւոյթները մեղմելու միջոցներ ստեղծելը եւ կիրառելը օրհասական խնդիր եղած է մարդկութեան համար: Այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործումը լուծումներէն մէկն է, եւ ուրախ եմ, որ այդ գաղափարը լայն տարածում կը գտնէ եւ կը գործադրուի Հայաստանի մէջ», ըսած է Ռալֆ Եիրիկեանը:

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը չափազանց կարեւոր կը նկատէ բնութեան պահպանութեան գործին մէջ նորագոյն արհեստագիտութիւններու օգտագործումը: Այդ մէկը կը նպաստէ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան, ուժանիւթի խնայողութեան բարձրացման եւ համայնքի զարգացման:

Տուտուկահարներու Ֆլեշմոպ-Փառատօն Իրականացուած Է Գեղարքունիքի Մէջ

doudoug_101716

Հոկտեմբեր 17-ին «Գեղարեգ» կրթամշակութային կազմակերպութեան «Անկախութեան սերունդ» ծրագրի ծիրին մէջ իրականացուցած է Տուտուկահարներու ֆլեշմոպ-փառատօնը:

Նուագահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ հասարակական կազմակերպութիւններուն յատկացուած դրամաշնորհին եւ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին յայտարարած մրցոյթի շրջանակներուն մէջ:

Երաժիշտ մասնագետները` տուտուկի մասնագիտացուած դպրոցի, Հ. Թալալեանի անուան երաժշտական դպրոցի ներկայացուցիչները, Գեղարքունիքի մարզի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու երաժշտական դպրոցներուն մէջ նախապէս իրականացուցած են լսումներ: Ընտրուած են 15 պատանի եւ երիտասարդ տուտուկահարներ, որոնք հոկտեմբեր 17-ին իրենց կատարումներով հանդէս եկան փառատօն-ֆլեշմոպի ընթացքին:

«Անկախութեան սերունդ» ծրագիրը ներառած է շարք մը ձեռնարկներ: Անոնց թիւին մաս կը կազմեն` սեպտեմբեր 21-ին Գաւառի մէջ իրականացուած անկախութեան ֆլեշմոպը, հոկտեմբեր 7-ին կայացած անկախութեան քայլերթը: Յառաջիկային տեղի պիտի ունենան ազգային պարի, հայրենասիրական երգի, դաշնակահարներու, երգչախմբային եւ ստեղծագործողներու փառատօներ, որոնք պիտի ընդգրկեն Գեղարքունիքի մարզի շնորհալի երիտասարդները:

«Օրորա» Մատենադարանին Տրամադրած Է 20 Հազար Տոլար

«Օրորա» նախաձեռնութիւնը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրերու գիտահետազօտական հիմնարկին 20 հազար տոլարի դրամաշնորհ որոշած է տրամադրել 8 հոկտեմբերին` Սուրբ Թարգմանչաց տօնին առիթով, միանալով Հայաստանի մշակութային արժէքները լաւագոյնս օտարներուն ներկայացնելու ջանքերուն:

Դրամաշնորհին միջոցով պիտի ֆինանսաւորուի Մատենադարանի տասը զբօսավարներու դասընթացքը Գերմանիոյ մէջ: Այս ծիրին մէջ անոնք պիտի այցելեն թանգարաններ եւ մշակութային կեդրոններ` ծանօթանալու թանգարանային կառավարման եւ ներկայացման նորագոյն սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ` զարգացնելու օտար լեզուներով աշխատող զբօսավարներու անհրաժեշտ հմտութիւնները:

«Մատենադարանը, իբրեւ գիտական կառոյց` կարեւոր կը նկատէ տեղեկատուութեան մատուցման որակը եւ ճշգրտութիւնը: Մենք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք զբօսավարներու մասնագիտական պատրաստուածութեանը: Այս համագործակցութիւնը մեզի համար չափազանց կարեւոր է, եւ մենք ուրախ ենք, որ ան աստիճանաբար կը ստանայ ռազմավարական բնոյթ», նշած է թանգարանային կառավարման գծով Մատենադարանի տնօրէնի խորհրդական Արա Խզմալեանը:

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկը` մատենադարանը, իբրեւ գիտական եւ մշակութային կեդրոն, ունի օտար զբօսաշրջիկներու մեծագոյն հոսքը:

«Դրամաշնորհի տրամադրման որոշումը Սուրբ Թարգմանչաց տօնին կայացնելը աւելի խորհրդանշական է: Այս դրամաշնորհով մենք հպարտութեամբ կը շարունակենք 5-րդ դարու թարգմանիչներուն աւանդոյթները` ամրապնդելով հայերու եւ Հայաստանի տեղը համաշխարհային մշակոյթին մէջ: Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելը որակաւորուած գիտական-զբօսավարներու միջոցով շատ կարեւոր է. եւ անիկա կը համընկնի մեր նախաձեռնութեան որդեգրած սկզբունքներուն հետ», ըսած է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան` ըստ Auroraprize.com կայքին:

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ Մատենադարանը առաջին անգամը չէ, որ կը գործակցին: Յիշողութեան պահպանման «Արմինիըն մեմըրի էքթ» նախագիծի ծիրին մէջ 2015 թուականին հիմնարկը ստանալով 25 հազար տոլարի դրամաշնորհ` ձեռք բերած է ձեռագիրներու հրապարակման յատուկ սարքաւորում` զանոնք դարձնելով առաւել հասանելի հետազօտողներու ու հանրութեան համար: Արդէն մօտաւորապէս 700 ձեռագիր մատեան եւ հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթեր հրապարակուած են ծրագիրին օգնութեամբ. հրապարակման գործընթացը կը շարունակուի: «Օրորա» նախաձեռնութեան յիշողութեան պահպանման «Արմինիըն մեմըրի էքթ» պահպանելու հայկական ժառանգութեան մասին փաստող արխիւները:

«Կրանտ Քենտի»-ն 90 Միլիոն Դրամ Կը Տրամադրէ Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Զաւակներուն

1021grandcandy

«Կրանտ Քենտի»-ի նախագահ Կարէն Վարդանեանի այս անգամուան բարեսիրական նախաձեռնութեան թիրախը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներու անչափահաս փոքրիկներն են:

Անչափահաս զաւակներ ունեցող ընտանիքներու թիւը 11 է: 11 ընտանիքներու մէջ կան 18 անչափահաս փոքրիկներ:

Յայտնենք, որ «Կրանտ Քենտի»-ն անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրէ 5 միլիոն դրամ: Իսկ ընդհանուր գումարը կազմած է 90 միլիոն դրամ:

Տեղի Ունեցաւ Գրող, Հրապարակախօս Յակոբ Պալեանի Վերջին Շրջանին Տպագրուած Գիրքերու Շնորհահանդէսը

hagop-balian_shenorhahantes_101816

Հոկտեմբեր 18-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ հայրենադարձ գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեանի վերջին շրջանին մէջ տպագրուած` «Խնդալու ցանկութեամբ», «Հայ դատ, մտածել եւ հետապնդել», «Գրական արձագանգներ», «Անանունների կեանքի շերտը», «Ամերիկա, Ամերիկա, երազ եւ խորտակման ուղիներ», «Օրիորդ Աննայի սէրը, սէրերը… եւ միւսները» գիրքերուն շնորհահանդէսը:

Հանդիսութեան մասնակցեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ԵՊՄՀ հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտաբանութեան ամպիոնի վարիչ  Սուրէն Դանիէլեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Արտեմ Յարութիւնեան եւ այլ մտաւորականներ, հիւրեր:

Ողջունելով տէր եւ տիկին Պալեանները` սփիւռքի նախարարը նշեց. «Յակոբ Պալեանը սփիւռքեան մտաւորականութեան այն առաջամարտիկներէն է, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարած է մայրենիի պաշտպանութեան եւ տարածման համար: Հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած հարիւրաւոր յօդուածներէն «Ազդակ», «Կամք», «Հայրենիք», «Հորիզոն», «Ասպարէզ», «Ազգ», Փարիզի «Այբ» ձայնասփիւռի ամէնօրեայ քրոնիկներէն, «Բագին» ամսագրի գրական էջերէն բացի` Պալեանը հրապարակած է բազմաթիւ հատորներ: Աւելի քան տասը տարի ղեկավարած է «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութիւնը»:

Նախարարը ընդգծեց, որ Յ. Պալեան սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւն իրականացնող այն բացառիկ անհատներէն է, որ երբեք չխամրող իր գրիչով վեր կը հանէ հայութեան առջեւ ծառացող հարցերը: «Ազգային ինքնութեան պահպանման համար պայքարի լաւագոյն միջոցը Հայաստանի հզօրացումն է, ուրկէ երբեք չեն հեռանար եւ ընդմիշտ հայրենիք կը վերադառնան մեր հայորդիները, ինչպէս որ վերջերս Հայաստան մնայուն բնակութիւն հաստատեցին տէր եւ տիկին  Պալեանները», աւելցուց նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Փրոֆեսէօր Արտեմ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ Յ. Պալեան հայ գրականութեան նուիրեալն է, եւ հայ ինքնութեան պահպանման` հեղինակի մաքառումները մեր գրականութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն են: «Պալեանը փայլուն գիտէ եւրոպական գրականութիւնը, որ աւելի կ՛արժեւորէ անոր գրական ստեղծագործութիւնները»,  աւելցուց Յարութիւնեանը:

Հանդիպման աւարտին հանդէս եկաւ հեղինակ Յակոբ Պալեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` երկրորդ անգամն ըլլալով իրեն համար այսպիսի հանդիպում կազմակերպելուն համար: «Մենք այսօր ունինք մեր գրականութեան եւ մշակոյթի պահպանման ռազմավարութեան մշակման հարց: Այս իմաստով մենք պէտք է օրինակ առնենք հրեաներէն», նշեց Յ. Պալեան` աւելցնելով. «Շատ կ՛ուզեմ, որ մեր հրապարակախօսները հրապարակախօսութիւնը չվերածեն ճառախօսութեան եւ գրեն կարելի եղածին չափ սեղմ: Պէտք է հասկնալ ըսելիքին խորքը: Այսօր հայրենասէրը այն հայ մարդն է, որ կու գայ եւ կը բնակի Հայաստանի մէջ, իր աշխատանքով եւ մտքով կը շէնցնէ մեր երկիրը»:

Հայկական Գրադարաններու Միջազգային Չորրորդ Համաժողովը Ս. Էջմիածնի Մէջ

17 հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Անցեալի պահպանութիւն` յանուն ապագայի» խորագրով հայկական գրադարաններու միջազգային չորրորդ համաժողովին հանդիսաւոր բացումը: Այս տարուան գիտաժողովը նուիրուած էր հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութեան 350-ամեակին:

Համաժողովի կազմակերպիչներն էին` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը:

Բացման արարողութեան ներկայ էին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը:

Համաժողովին բացումը կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, ապա համաժողովի մասնակիցները ողջունեց նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:

Նախարարը յատկանշական նկատեց, որ համաժողովները կը կրեն «Անցեալի պահպանութիւն յանուն ապագայի» խորագիրը:

«Ընտրուած նիւթերը համահունչ են մշակոյթի նախարարութեան կողմէ գրադարանային ոլորտին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն: Գրքափոխանակութեան կազմակերպումը հայագիտական հաստատութիւններու միջեւ կը շարունակուի մնալ նախարարութեան առաջնային հարցերու ցուցակին մէջ, եւ վստահ եմ, որ համաժողովի մասնակիցները կը շարունակեն արդիւնաւէտ համագործակցութիւն այս ուղղութեամբ», նշեց նախարար Ամիրեան: Ան անդրադարձաւ սփիւռքի հայկական մեծ հաւաքածոներ ունեցող կառոյցներուն հրապարակող սարքերով, յատուկ սարքերով եւ մեթոտական լուծումներով օժտելու իմաստով աջակցելու անհրաժեշտութեան եւ այս առնչութեամբ նախարարութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն վրայ:

«Յոյսով եմ, որ համաժողովին առջեւ դրուած առաքելութիւնը, այն է` աջակցիլ հայագիտական կեդրոններուն, գրադարաններուն հայ տպագիր ժառանգութեան հաշուառման հարցին եւ շարունակաբար հոգ տանիլ հայ ժառանգութեան հանրայնացման երկարաժամկէտ պահպանութեան հարցին մէջ, ամբողջովին կ՛իրականանայ եւ քննարկումներու շնորհիւ` կը գտնուին համագործակցութեան նոր ուղիներ, կ՛առաջարկուին նոր մոտելներ, գրադարանային հաւաքածոներու ելեկտրոնային քարտագրման, հրապարակման եւ պահպանման հայաստանեան գրադարաններու ներկայ վիճակի, ապագայի մտորումներով, հայագիտական գրադարաններու միջեւ համագործակցութեան մասին», եզրափակած է նախարար Արմէն Ամիրեան:

Նշենք, որ համաժողովին բացման խօսքը արտասանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան, մատենադարանապետ Տիրայր արք. Փանոսեանը:

Գեղանկարչուհի Արփենիկ Նալպանտեանի Ցուցահանդէսին Աւելի Քան 60 Աշխատանք Պիտի Ցուցադրուի

Հոկտեմբեր 28-ին  Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղանկարչուհի Արփենիկ Նալպանտեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական ցուցահանդէսին բացումը:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ ստեղծագործական զանազան հանգրուաններու գեղարուեստական երկեր` Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մնայուն ցուցադրութեան եւ ֆոնտային 48 գեղանկար, ընտանիքի հաւաքածոյի 17 կտաւ:

Յոբելենական ցուցահանդէսին առիթով հրատարակուած է պատկերագիրք: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ դեկտեմբեր 28:

Յիշեցնենք, որ Արփենիկ Նալպանտեան ծնած է 1916 թուականին, Վրաստան: Մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Թիֆլիսի Գեղարուեստի ակադեմիային մէջ: 1941-ին ամուսնանալով Էդուարդ Իսաբեկեանի հետ` Նալպանտեան տեղափոխուած է Երեւան եւ ներգրաւուած երկրի մշակութային կեանքին մէջ:

Արփենիկ Նալպանտեան աշխատած է տարբեր տեսակներու մէջ` դիմանկար, բնանկար, անկենդան բնութիւն, սակայն դիմանկարը անոր արուեստին մէջ մնայուն, գերակշիռ տեղ կը գրաւէ:

 

VivaCell-MTS_logotype_high


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17562

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>