Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17568

«Ազդակ» Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայ Ազատամարտիկներու Յառաջխաղացք Մարտակերտի Ճակատին Վրայ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Վառելանիւթի Սուր Տագնապ
Հայաստանի Մէջ

18ff1ee425e1106c75e7c1876fe6f5f0

Արցախի ազատամարտիկները, իրերայաջորդ գօտեմարտերէ ետք, կը շարունակէին յառաջխաղացքը, իսկ ազերիները ծանր հարուածներ ստանալով կը նահանջէին Մարտակերտի շրջանին մէջ իրենց գրաւած տարածքներէն: Կարգ մը դիրքերէ ազերիները առանց դիմադրութիւն ցոյց տալու լեղապատառ փախուստ կու տային: Միւս կողմէ, 1993-ի փետրուարին, մէկ ամսուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, ազերիները ականահարեցին Վրաստանէն Հայաստան կազ փոխադրող կազատար խողովակը: Ուժանիւթի տագնապը պատճառ դարձած էր, որ ճարտարարուեստի մարզի ձեռնարկութիւնները դադրին բանելէ, իսկ մեթրոն կանգ առած էր:

* * *

«Ազդակ», 13 փետրուար 1993-ի թիւով եւ «Հայու աննահանջ պայքարի ուղին»` Արցախը խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախի հայը պայքարի դրօշ բարձրացուցած է հայկական այս միջնաբերդին ազերիացումին դէմ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Արցախի հայը, տասնամեակներ շարունակ, օր-ցերեկով ականատես եղած էր իր հայրենիքին քայլ առ քայլ դիմափոխումին: Ստալինեան կամայական կարգադրութիւն մը իբրեւ զէնք ու յենարան գործածելով, Պաքուի վարիչները, Արցախի մէջ, տասնամեակներ շարունակ, կիրարկած էին խտրական քաղաքականութիւն մը` զարկ տուած էին ի հեճուկս հայկական շրջաններու ստեղծուած ազերիական բնակավայրերուն բարգաւաճման, իսկ հայկական շրջաններ ձգած էին անխնամ եւ անհոգ: Անոնք փորձած էին բոլոր այն միջոցները, որոնք արցախցի հայուն պիտի պարտադրէին հրաժարիլ իր պապենական տունէն, հայրենի հողէն եւ երթալ` ուրիշ երկիրներու մէջ փնտռել տանելի կեանք: Արցախի հայը իր մորթին վրայ զգացած էր այդ բոլորը եւ մէկէ աւելի հանգրուաններով, փորձած էր իր ձայնը լսելի դարձնել ազդեցիկ իշխանաւորներուն, սակայն անոր բողոքի եւ արդարութեան պահանջի ձայները մնացած էին անպատասխան:

«Ազդակ» կը նշէր, որ ազերիական ոտնձգութիւնները անցած էին կարմիր գիծը. Արցախի հայուն կը մնար մէկ բան` բարձրացնել պայքարի դրօշ եւ գործնապէս յայտարարել, որ Արցախը ի՛ր` հայուն հողն է եւ, ի հարկին` կեանքի գնով պիտի պաշտպանէ իր հայրենիքը:

%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad2-1993_102616

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ 1988-ի փետրուարէն ասդին, Արցախի հայութիւնը պայքարի պատմութիւն կերտեց: Անոր պահանջները կտրեցին, տարրական իրաւունքներու պահանջէն` մինչեւ ամբողջական ինքնավարութեան, Հայաստանի հետ միացումի պահանջին եւ, վերջապէս` անկախ հանրապետութեան հռչակումի հանգրուանները: Արցախի հայը գիտէր, որ իր այդ սխրանքը անպատասխան պիտի չմնար եւ ազերի թուրքը պիտի փորձէր ի՛ր ոճով հակադարձել: Եւ Արցախի հայը չէր սխալած. արդարեւ, Շուշիի, բնակավայրերու ազատագրումին իբրեւ պատասխան` ան իր դիմաց գտաւ Շահումեանի եւ Մարտակերտ-Հաթերք շրջաններու բռնագրաւման իրականութիւնը: Բայց ե՛րբ պատահած է, որ ոեւէ ժողովուրդի պայքարի անմիջական արդիւնքը` միայն սկուտեղի վրայ հրամցուող յաղթանակներ եւ անխառն նուաճումներ ըլլան: Այդպէս ալ եղաւ Արցախի մէջ, սակայն արցախցի հայը անխախտ պահեց իր պահանջատիրութեան հաւատարիմ մնալու եւ կորսուած ճակատամարտերը վերջնական յաղթանակի վերածելու իր կամքը: Վկա՛յ` Մարտակերտի շրջանին մէջ հայ ազատամարտիկներուն տուած հակահարուածները, որոնց առջեւ, ազերի բանակները խուճապահար կը նահանջեն կրկնակոխ:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով. եթէ Արցախի հայ ազատամարտիկը պատերազմի դաշտին մէջ իր արիւնը չի սակարկեր ազերին նահանջի մատնելու նպատակով, Արցախի պայքարը, քաղաքական եւ դիւանագիտական ճակատներուն վրայ, կը դիմագրաւէ ոչ-նուազ վտանգաւոր հորիզոններ:

Արցախցիին «ասիկա իմ հայրենիքս է եւ ես կ՛ուզեմ զայն միացնել մայր Հայաստանին» յայտարարութեան դիմաց, միջազգային քաղաքականութիւնը վարող եւ աշխարհի նոր համակարգը տնօրինող մեծերուն պատասխանը եղաւ կարճ ու կտրուկ. «Սահմաններու փոփոխութիւնը արգիլուած է, Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի ամբողջականութեան»:

«Ազդակ» հարց կու տար. այդ ե՞րբ էր, որ անարդար ու կամայական որոշումներու հիմամբ կարելի է սահմաններու նման տնօրինումներ կատարել: Ստալինեան 1923-ի կարգադրութիւնը, համայնավար կայսրութեան օրով, դաւադիր ու անարդար միակ տնօրինումը չէր: Ու երբ այսօր աշխարհը կ՛ընդունի եւ գործնապէս կը սրբագրէ ստալինեան ու յետ-ստալինեան անարդար կարգադրութիւնները, Արցախի ժողովուրդն ու անոր կողքին կանգնող ամբողջ հայ ժողովուրդը արդարօրէն կը պահանջէ, որ ինք չմնայ անցեալի կամայականութեանց միակ զոհը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. արդարութեան պահանջը` ինքնին, բաւարար չէ: Արցախի ազատամարտիկին մղած պատերազմը ամէնէն հատու միջոցն է այդ պահանջներուն իրագործման համար, որովհետեւ «սահման քաջաց` զէնն  իւրեանց» նշանախօսքը ճիշդ է նաեւ այսօր: Սակայն նաեւ ճիշդ է այն, որ այսօրուայ աշխարհի համակարգին մէջ, երկաթեայ շերեփին կողքին եւ նոյն տրամաբանութեամբ կը գործածուին բազմաթիւ այլ զէնքեր: Ահաւասիկ այդ զէնքերն են որ ի սպաս պիտի դրուին Արցախի ազատամարտիկին արեան կողքին: Այդ զէնքերը կը կոչուին պետական ու դիւանագիտական միջոցառումներ, որոնք թերեւս անցեալին արգիլեալ կալուածներ էին Խորհրդային Հայաստանի համար, մինչդեռ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան առջեւ, այսօր չկան այդ արգելքները, հետեւաբար, հայրենի պետութիւնը իր պետական, դիւանագիտական եւ այլ ճանչցուած միջոցներով, պիտի ըլլայ իրաւական առաջնորդը` Արցախի համար մղուող բազմաճակատ պայքարին, մէկտեղողն ու համակարգողը` իր եւ հայկական գաղթօճախներուն կարողականութեանց: Արցախի անդառնալի պայքարը գործնական ուղեցոյց մըն է բոլորին:

* * *

%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad-1993_102616

Հայաստանի մէջ ուժանիւթի պահեստները չափազանց հազուագիւտ դարձած էին: Վառելանիւթի սուր տագնապ դիմագրաւող երկրին մէջ սաստիկ ցուրտ էր եւ ժողովուրդը անխնայ ծառերը կը կտրէր, անոնց փայտը այրելու եւ իբրեւ ջեռուցիչ գործածելու համար: Օրուան որեւէ մէկ ժամուն, գիշեր թէ ցերեկ, միակ ձայները` կացիններուն ձայներն էին, ինչպէս նաեւ` աղմուկը ճիւղերուն, զորս մարդիկ կը քաշքշէին սառոյցներով ծածկուած փողոցներուն մէջ: Ձիւնին վրայ հաւաքուած տախտակի տաշեղները վկան էին տեղի ունեցած վերջին փայտի որսին:

Բնակարաններուն մէջ ջերմաստիճանը զերոյի մօտ էր: Անոնք ջեռացումի միջոց չունէին: Անոնք օրական միայն երեք ժամ ելեկտրականութեան հոսանք կրնային ունենալ, իսկ կազէ զրկուած էին:

Ճատարարուեստի մարզը ամբողջովին անդամալուծուած էր: Միակ անձերը, որոնց աշխատանքը բարգաւաճումի մէջ էր, փողոցները, չափազանց սուղ գինով, սպառողական անհրաժեշտ նիւթեր եւ ուտեստեղէն ծախողներն էին, ինչպէս նաեւ սեւ շուկային վրայ առեւտուր ընող անձերը, որոնք ամէն գնով կ՛ուզէին իրենց ռուբլիները տոլարի վերածել:

Քաղաքի մեթրոն , որ օրական քանի մը ժամ կը գործէր, գեր-խճողուած էր մարդոցմով, որոնցմէ շատեր ճիւղեր, կոտրուած կարասիներ եւ տուփեր կը կրէին:

Փայտերը կը զետեղուէին կրակարանին մէջ: Ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին անոր շուրջ եւ հոգ կը տանէին անոր, այնպիսի ձեւով մը, որ կարծէք իրենց կեանքը կախեալ ըլլար անկէ:

Գողութեան արարքներ հակակշիռէ դուրս եկած էին, իսկ սոված, կատղած շուներ անցորդներ կը խոշտանգէին:

* * *

Արցախի ազատամարտիկները 1993-ի փետրուարի կիսուն կարեւոր յառաջախաղացք արձանագրեցին Մարտակերտի ճակատին վրայ:

Ազատամարտիկներու յարձակողականին մէկ թեւը կարեւոր դիրքեր գրաւեց Մարտակերտ քաղաքին մօտ եւ մօտեցաւ ազերիներու կողմէ բռնագրաւուած քաղաքին:

Ազերիական դիրքերը զգալիօրէն թուլացան Արցախի հիւսիսային գօտիին մէջ, ինչ որ դիւրացուց հայ ազատամարտիկներու յառաջխաղացքը:

* * *

%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad1-1993_102616

«Ազդակ» 18 փետրուար 1993-ի թիւով եւ «Պիտի շահինք նաե՛ւ արցախեան Աւարայրը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայուն ու թշնամիներուն միջեւ մղուած ճակատագրական կռիւներուն` պատերազմի դաշտ նետուող քաջորդիներուն թիւերուն յիշատակումը հազուադէպ է մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ, սակայն եթէ բոլոր պատմագիրները ճշգրիտ թուանշաններով ներկայացուցած ըլլային մարտնչող բանակներուն թիւերը, վստահաբար այսօր մեր աչքերուն դիմաց պիտի պարզուէր ոչ անակնկալ պատկեր մը. այլ խօսքով` Տղմուտի ափին մղուած անհաւասար ճակատամարտի պատկերին կրկնութիւնը պիտի տեսնէինք բոլոր հանգրուաններուն ու այսօր ալ պիտի գօտեպնդուէինք մեր համեստ բայց ոչ արհամարհելի յաղթանակներուն ի տես:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ այդ երթը այսօր կը շարունակուի Արցախի մէջ: Բուռ մը ազատամարտիկներ, Աւարայրէն ու աւարայրանման այլ ճակատամարտերէն իբրեւ պատգամ ու նուիրական աւանդ փոխանցուած կամքով, կռիւի դաշտ նետուած են գերիվեր ուժերու դէմ: Անոնք եւս, Տղմուտի ափին ինկած 1036 քաջերուն պէս կը հարուածեն ու հարուածներ կը ստանան, կրնան ճակատամարտեր կորսնցնել եւ ուրիշներ շահիլ, բայց վերջնական յաղթանակի կամքն ու հաւատքը անոնց հոգիներուն մէջ կը մնան աննկուն ու աներեր:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. Աւարայրի քաջերուն պէս, Արցախի ազատամարտիկներն ալ այսօր գիտեն, որ միջազգային փոթորիկները շրջանին մէջ ստեղծած են վիճակ մը, որ գլխագիր տառերով հրապարակ կը նետէ հայուն լինել-չլինելու հարցը: Ու եթէ Մամիկոնեան սպարապետը եւ հայոց աշխարհի աւագանին, իրենց օրերուն, թշնամիին տուին յստակ պատասխան եւ «քու սուրդ, մեր պարանոցը» ըսելով նետուեցան Նուարսակի յաղթանակին ճամբայ հարթող պատերազմին մէջ, տարբեր չէ մօտեցումն ու վճռակամութիւնը Արցախի ազատամարտիկին եւ անոր զօրակից եղող ամբողջ հայութեան:

***

Արցախի հայկական ուժերը 20 փետրուար 1993-ին ազատագրեցին Հաթերքը` Մարտակերտի շրջանի երկրորդ մեծագոյն աւանը:

Հայկական ուժերը յարձակում գործեցին նաեւ Հաթերքի արեւմուտքը գտնուող Զափար գիւղին եւ Մեհմանայի վրայ:

Շարունակելով յառաջխաղացքը, հայկական ուժերը փետրուար 22-ի գիշերը ազատագրեցին Սարսանգի ամբարտակը, որ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող դիրք մըն է Հաթերքի եւ Մարտակերտի միջեւ:

Արցախի հայկական ուժերը նաեւ ազերիական մեծ յարձակում մը ետ մղեցին Արցախի հարաւային գօտիին մէջ, ինչպէս նաեւ` Աղտամի մօտ քանդեցին ազերիական զինուորական կարեւոր խարիսխ մը:

Այսպիսով, քանի մը օրուան ընթացքին, ազերիական ուժերը արցախեան 18 դիրքերէ նահանջեցին:

Նոյն օրերուն Ազրպէյճանի զինուորական մէկ ատեանը մահավճիռ արձակեց Լաչինի շրջանին մէջ գերի ինկան 11 հայ ազատամարտիկներու դէմ:

Հաթերքի եւ Մարտակերտի միջեւ գտնուող Սարսանգի ամբարտակի շրջանին մէջ սաստիկ բախումները կը շարունակուէին:

Նոյն օրերուն ազերիները հրդեհեցին Մարտակերտը, զոր 1992-ի ամրան բռնագրաւած էին: Ռազմաճակատը միայն քանի մը քիլոմեթր հեռու էր Մարտակերտէն: Նախապէս, ազերիները, հայ ազատամարտիկներու շղթայազերծած յարձակումներէն ետք, այրած էին հայկական բռնագրաւուած բազմաթիւ գիւղեր, որոնք ի վերջոյ ազատագրուեցան արցախեան ուժերուն կողմէ: Յայտնապէս, ազերիները կը կիրարկէին «այրած հող»-ի քաղաքականութիւն:

***

%d5%a1%d5%ba%d6%80%d5%ab%d5%ac-17-1993_102616

Ազերիները պատերազմի եւ ոճիրներու աքցանին մէջ բռնուած էին: Պաքուի փողոցներուն մէջ ոստիկանները կը վխտային գիշերով, հետապնդելով դասալիք զինուորներ եւ ոճրագործներ: Երկու տեսակի այդ խմբակներուն թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնար:

Բազմաթիւ ազերիներ յոգնած էին պատերազմելէ եւ խոյս կու տային իրենց բանակէն: Անոնք կը կասկածէին, որ իրենք մաֆիայի մը կողմէ սարքուած պատերազմի մը մէջ նետուած են, մաֆիա մը, որ պատերազմէն շահ կ՛ապահովէ եւ կապեր ունի քաղաքական ու աւազակային շրջանակներու հետ:

Երբ խօսուէր զինուորական ծառայութեան մասին, փողոցներուն մէջ ազատօրէն շրջագայող առողջ երիտասարդները իրենց գրպանէն դուրս կը քաշէին փաստաթուղթ մը, ուր կ՛ըսուէր, թէ ենթական յօդացաւէ կամ այլ հիւանդութենէ կը տառապի եւ կամ ուսանող է: Բժիշկները փոքր կաշառքով մը նման վկայագիրներ կու տային ծառայութենէ խուսափիլ ուզող երիտասարդներուն:

«Մեր ինչի՞ն է պէտք այս յիմար պատերազմը. ո՛վ կ՛ուզէ սպաննուիլ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները այդ չեն ուզեր: Պարզապէս երկու մաֆիաներ կը պատերազմին իրարու դէմ եւ ազերի երիտասարդներ կը սպաննեն իրենց սակարկութեանց հաշուոյն», այդ էր տիրող մտայնութիւնը ազերիներուն մօտ:

Սեւ շուկայէն ապրանք գնելու համար պէտք էր վճարել բազմապատիկ, ինչ որ «պատերազմի վաճառականներ»-ուն մեծ շահ կ՛ապահովէր: Ազերիներ կը հաւատային, որ իրենց «պատերազմի վաճառականներ»-ն էին իրողական ղեկավարները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17568

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>