ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Մեր միակ փրկութիւնը
Հայաստանի ուժին մէջն է:
Կեանքդ յաւերժ իմաստ կ՛առնէ,
երբ դուն ապրիս հայրենիքիդ:
Հայրենիքիդ հողին ապրիլ`
բաղձանքներուդ գերբնականն է,
որ կապ չունի ամենեւին
ուրիշ ոչ մէկ սին բաղձանքի,
որոնք կը զգաս, բայց կ՛անհետին,
կը կորսուին, կը նուազին`
կեանքիդ իմաստ մը չտալով:
Մնայունը ան կը մնայ`
յաւերժական ու հոգեթով:
Ներաշխարհիդ կանչն է ան,
որ հոգիէդ դուրս կը ժայթքի
անխօս կերպով, առանց բառի,
իմաստ, ուղի քեզի տալով:
Դուն իրական պիտ՛ դարձնես
երազդ այս տարիներու,
որուն տենչով պայքար տարիր
երկիրներուն պանդխտական:
Արդէն ժամն է, որ հոս ապրիս,
նոր ապագադ դուն հոս կերտես,
զաւակներուդ ու քու ազգիդ,
որ ապագան պիտի ըլլայ
ընդմիշտ չքնաղ հայրենիքիդ:
Եթէ ներսէն մենք զօրանանք
ու նոր կարգեր մենք պարտադրենք,
հզօր երկիր մենք կը դառնանք
ու անվրէպ առաջ կ՛երթանք:
Կեանքդ յաւերժ իմաստ կ՛առնէ,
երբ դուն ապրիս հայրենիքիդ:
Ուշի գ. 21 սեպտեմբեր 2016