Ռ. Հ.
Անցեալ օր մէկը կը հարցնէր հրապարակաւ…
– Սէրը որքա՞ն կը տեւէ:
Հարցումը անհանգստացուց զիս, չսիրեցի հարցումին եղանակը, որովհետեւ այդ հարցումը իր մէջ անձայն կերպով կը պարունակէր նաեւ այն հաստատումը, թէ սէրը օր մը կը վերջանայ: Սէրը օր մը կը վերջանայ. բայց վերջանալէ առաջ որքա՞ն կը տեւէ, կը հարցնէր ան:
Բոլոր անոնց համար, որոնք սիրոյ վեհութեան կը հաւատան, դժուար է ընդունիլ, որ սէրը օր մը կը վերջանայ: Ես ալ անոնցմէ եմ: Կը հաւատամ սիրոյ վեհութեան: Կը հաւատամ, որ Մայր Բնութեան կողմէ մարդ արարածին ներաշխարհին մէջ դրուած հազարումէկ զգացումներուն ամէնէն նուիրականն է, ամէնէն հրաշալին է սէր կոչուածը: Կը հաւատամ տակաւին, որ մարդ արարածը այնքան երջանիկ է, որքան շատ սէր կայ անոր սրտին մէջ: Ատոր փոխարէն, մարդ այնքան դժբախտ է, որքան շատ սէր կը մարի իր սրտին մէջ:
Ուրեմն սէրը կը մարի՞, կը վերջանա՞յ օր մը:
Հիմա կը նստիմ ու կը ջանամ յիշել այն սէրերը, զորս ժամանակի ընթացքին կորսնցուցի այսպէս կամ այնպէս: Սէր` սա կամ նա մարդուն նկատմամբ, սէր` սա կամ նա զբաղումին նկատմամբ, սէր` բնութեան սա կամ նա երեւոյթին նկատմամբ: Երանի՜ թէ չյիշէի, բայց կը յիշեմ ու կը տխրիմ: Կը տխրիմ ո՛չ թէ անոր համար, որ սէրս կորսնցուցեր են անոնց նկատմամբ, այլ անոր համար, որ, աւա՜ղ, կ՛անդրադառնամ, որ սէրը մահկանացու է եղեր: Բայց ո՛չ: Հիմա դարձեալ պիտի նստիմ ու պիտի ջանամ այս անգամ յիշել այն սէրերը, որոնք սրտիս մէջ դրուեցան յիսուն, վաթսուն տարի առաջ, եւ որոնք այսօր ալ սրտիս մէջ կ՛ապրին առաջին օրուան ուժգնութեամբ: Չկա՞ն: Կա՛ն: Եւ թէ` որքա՛ն շատ: Կ՛ուրախանամ ո՛չ թէ անոր համար, որ սրտիս մէջ տակաւին շատ սէր կայ, այլ անոր համար, որ, ի՜նչ երջանկութիւն կը նշմարեմ, որ սէրը շատ անգամ կը տեւէ ամբողջ կեանքի մը համար, սէրը ստեղծուած է գոյատեւելու համար:
Բայց ինչ խօսք, մէկդի ընենք քանի մը թշուառ բացառութիւնները ու հարցնենք: Իր զաւկին նկատմամբ սէրը կը դադրի՞ մօր մը սրտին մէջ, հօր մը սրտին մէջ: Իր ծնողքին հանդէպ սէրը կը դադրի՞ գիտակից ու արժանաւոր զաւկի մը սրտին մէջ: Բնականոն ընտանիքի մը անդամները օր մը կը դադրի՞ն զիրար սիրելէ: Գիտենք, որ կրնան դադրիլ, բայց ասիկա Մայր Բնութեան օրէնքներուն դէմ չէ՞: Եթէ հոս սէր մը յանկարծ կը դադրի, եթէ սէր մը յանկարծ թշնամութեան կը փոխուի, ատիկա Մայր Բնութեան ակնկալութիւններուն դէմ չէ՞: Ատիկա մեզի մոռցնե՞լ պիտի տայ, որ սէրը ամբողջ կեանքի մը համար է:
Հիմա կը նստիմ ու դարձեալ կը մտածեմ: Այո՛, թերեւս կան սէրեր, որոնք ժամանակի ընթացքին կը դադրին ու կը մարին: Մարդ կրնայ օր մը դադրիլ սա բարեկամը սա զբաղումը, բնութեան սա երեւոյթը սիրելէ: Բայց այդ մարդը կը դադրի՞ սիրելէ: Կորսուած սիրոյ մը տեղ ուրիշ սէր մը չէ՞ ընդունած ան իր սրտին մէջ: Սա կամ նա բանը սիրելը ուրիշ է, «սիրել»-ը ուրիշ է: Սէրը թերեւս կը մաշի, բայց սիրելը չի մաշիր: Ան, որուն սրտին մէջ այլեւս բնաւ սէր չէ մնացած, ան, որ այլեւս սիրելը մոռցած է, իրական կեանք չ՛ապրիր:
Հիմա կրնամ յիշել բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին սա տողերը.
Մարմինները կը հիւծին
Բառերը կը մաշին
Վրէժը – քէնը – նախանձը փսոր փսոր կը փշրուին
Կեանքը կ՛անցնի
Կ՛անցնինք մենք
Սէրը կը մնայ:
Կ՛ուրախանամ, որովհետեւ կը հաւատամ բանաստեղծին: Սէրը կը մնայ: Եւ ոչ թէ միայն ամբողջ կեանքի մը ընթացքին կը մնայ, այլ կը մնայ նաեւ կեանքէն վերջ: Մենք օր մը կը մեկնինք, բայց սէրը կը մնայ: Մեր սէրերէն յիշատակ մը կը մնայ: Սիրելը կը մնայ: Կը մեկնինք, բայց գիտենք, որ գալիքները դարձեալ պիտի սիրեն այնպէս, ինչպէս մենք սիրեցինք:
Բայց երանի՜ թէ սէրը միշտ մնար նոյնութեամբ, միշտ մնար անայլայլ: Հիմա կը յիշեմ բանաստեղծ Վարդ Շիկահերին «Սէր անայլայլ» անուն բանաստեղծութիւնը, ուր ան կը մաղթէ, որ սէրը մնայ միշտ իր սկզբնական ջերմութեամբ, սէրը ամէն գարուն կանաչներ հագնի.
Սէրն յանկարծ բխած ջինջ ակնաղբիւրէն
Իր սկզբնական ջերմով միշտ մնար:
Իսկ երբ անցնէին տարիներ կարգաւ
Սէրն ամէն գարուն կանաչներ հագուէր:
Չեղծանուէր բնաւ խաղերէն կեանքին,
Նոյն հուրովն անշէջ անայլայլ մնար:
Սէրն ամէն գարուն. կանաչներ հագուէր:
Պատկերացումը գեղեցիկ է: Երանի՜ թէ սէրը ամէն գարնան կանաչներ հագուէր, թարմանար, վերստին կեանքի կոչուէր: Մաղթանքն ալ գեղեցիկ է: Երանի՜ թէ սէրը առաջին օրուան ջերմութեամբ մնար անայլայլ:
Չի՞ մնար:
Բանաստեղծին տողերը գաղտնօրէն կ՛աղաւեն, որ չի մնար:
Բայց ձեզմէ ո՞վ իր սրտին մէջ պիտի չգտնէ սէր մը կամ սէրեր, որոնք կը գոյատեւեն առաջին օրուան ջերմութեամբ: