ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Եոզկաթ նահանգի Սարըքայա շրջանի գիւղերէն մէկուն թուրք իմամը լրջօրէն կը զբաղի այդտեղ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մաքրութեամբ եւ պահպանութեամբ:
Մեթին Հալըճը անունով իսլամ կրօնաւորին երեւոյթը տեղւոյն բնակչութեան ու թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ զարմանք եւ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է, սակայն ոչ տողերուս հեղինակին մօտ: Արդարեւ, բազմաթիւ վկայութիւններ գոյութիւն ունին 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան մեղսակից ըլլալ մերժած եւ հայեր մահէն փրկած ուղղամիտ թուրքերու մասին, որոնք այդ «մեծ յանցանքը» գործած են վտանգելով եւ մինչեւ իսկ զոհելով իրենց կեանքը:
Այս ուղղամիտ իմամը կը յիշեցնէ այլ իմամ մը, որ ցեղասպանութեան օրերուն եկեղեցի մուտք գործելով ի զուր փորձած էր տարհամոզել եւ արգելք հանդիսանալ թուրք զինուորներուն ու աւազակախումբերուն ողջակիզել այդտեղ հաւաքուած հայերը, եւ ինք եւս զոհուած էր այդ անմեղ նահատակներուն հետ:
Իւրաքանչիւր թուրք այսօր կանգնած է երկընտրանքի մը առջեւ. ինք վերոնշեալ ուղղամիտ մարդո՞ց թոռն է, թէ՞ ցեղասպաններունը: Ընտրանք մը, որ թուրքերուն մեծամասնութիւնը տակաւին կտրուկ կերպով կը մերժէ կատարել: Սակայն ի զուր. անոնք, բոլոր մարդ արարածներուն նման, կանգնած են կեանքի եւ մահուան, բարիի եւ չարի միջեւ ազատ կամքով եւ անխուսափելի ընտրանք մը կատարելու հրամայականին առջեւ(Օր.30.15-19):
Այն թուրքը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իր այդ կեցուածքով հաստատած կ՛ըլլայ, թէ թոռն է մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը մերժած, մարդկային խղճի տէր թուրքերուն, իսկ ան որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը, կը դառնայ մեղսակիցը այդ ոճիրին եւ կը հաստատէ, որ իր երակներուն մէջ կը հոսի արիւնարբու հրէշներուն արիւնը: Մեզի յայտնի չէ, եթէ Սարըքայայի իմամը կատարած է այդ ընտրանքը, թէ ոչ, սակայն անոր ողջունելի յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի տարբերութիւն հայկական եկեղեցիներուն լուրջ վնասներ պատճառող գանձ փնտռողներուն` ան առնուազն կ՛ընթանայ ճիշդ ուղիով: