Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Բանակին Արթնութիւնը Լիբանանը Կը Փրկէ Ահաբեկչական Գործողութիւններու Դիպաշարէ Մը

$
0
0

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Ապահովական կառոյցներուն կողմէ Աշուրայի երեկոներու հաւաքներու առիթով իրականացուած ապահովական նուաճումները կը շարունակեն իրենց կշիռը պարտադրել ներքին լիբանանեան կացութեան վրայ:

Լիբանան դարձեալ փրկուած է պայթումներու դիպաշարէ մը` նկատի ունենալով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին կողմէ վերջերս կատարուած շարք մը ձերբակալութիւնները, որոնց լոյսին տակ  յանցագործները հաստատած էին, թէ իրենք կը պատրաստուէին գործադրել արդէն իսկ ծրագրուած ահաբեկչական գործողութիւնները:

Հակառակ շրջանային իմաստով ապահովական իրավիճակի վատթարացման` Լիբանան կրցաւ պահպանել իր կայունութիւնը շնորհիւ երկրին ապահովական կառոյցներուն:

Ռուէյսի պայթումէն տեսարան մը

Ռուէյսի պայթումէն տեսարան մը

Աշուրայի առիթով տեղի ունեցած տասնօրեայ սգահանդէսներուն ընթացքին որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներն ու պատրաստ վիճակը իր գագաթնակէտին հասաւ 10-րդ օրը: Մինչ այդ տասնօրեայ ժամանակաշրջանին բանակն ու ապահովական կառոյցները ձերբակալեցին տասնեակ մը ահաբեկիչներ, որոնք մաս կը կազմէին ահաբեկչական «քնացած» բջիջներու, որոնք կը գտնուէին հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի, Լեռնալիբանանի եւ Պեքաայի, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:

Ապահովական այս նոր նուաճումներուն առընթեր, լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը աւելի եւս ամրապնդուած կարելի է նկատել, սակայն վտանգը որեւէ ատեն առկայ է, եւ այդ պատճառով ալ երկրին բոլոր կառոյցներուն միջեւ ապահովական գործակցութեան ամրապնդումը առաւելագոյն չափով կարեւոր է:

Աշուրայի օրերուն տիրող ապահովական հսկողութեան շրջագիծին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը եւ լիբանանեան բանակը ձերբակալեցին անձնասպանական գործողութեան երկու հեղինակներ, որոնք կը պատրաստուէին երկու տարբեր մզկիթներու մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարել:

Այսպէս, Հարաւային արուարձանները փրկուեցան իսկական սպանդէ մը` նկատի ունենալով, որ չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016-ին, Քոլայի շրջանին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուած ահաբեկիչը խոստովանեցաւ, որ ինք երկու օր ետք` 7 հոկտեմբեր 2016-ին, ուրբաթ օրուան նամազին ընթացքին մուտք պիտի գործէր Հարաւային արուարձաններու ամէնէն մեծ մզկիթը` կատարելու համար անձնասպանական գործողութիւնը:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ձերբակալած ահաբեկիչին եւ բանակին ձերբակալած ահաբեկիչին բացայայտած տեղեկութիւններէն յստակ դարձաւ, որ անոնք իրենց հրահանգները կը ստանան մէկ անձէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի Ռաքքայի էմիրն է: Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ անոնք նոյն ատեն ղրկուած են Լիբանան, նոյն հրահանգները ստացած են, սակայն զիրար չեն ճանչնար:

Միաժամանակ բացայայտուեցաւ, որ գոյութիւն ունին երկու խմբաւորումներ, որոնք գումակային օժանդակութիւն կ՛ապահովեն ահաբեկիչներուն` մինչեւ անոնց կատարելիք անձնասպանական գործողութիւնը: Այսինքն այդ օժանդակութիւններուն մաս կը կազմեն կեցութեան վայրի ապահովումը, ինչպէս նաեւ` ականուած գօտիներու եւ ահաբեկչական գործողութեան թիրախին մասին տեղեկութիւններու տրամադրումը:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ ահաբեկչական այդ խմբաւորումները տարանջատուող բջիջներ են, որոնք մասնագիտական կերպով կազմաւորուած են Ռաքքայի մէջ եւ կը գործեն այնպիսի կերպով, որ մէկուն ձերբակալութիւնը կամ բացայայտումը չկարենայ ազդել ամբողջ ցանցին վրայ:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ իրագործուած բուն նուաճումը արձանագրուեցաւ անցեալ ուրբաթ առաւօտեան, երբ անոնք ձերբակալեցին ութ սուրիացիներ, որոնք կը գտնուէին պայթուցիկ նիւթերու եւ զինամթերքի պահեստանոցի մը մէջ:

Հարցաքննութեան ընթացքին անոնք հաստատած էին, որ այդ պահեստանոցին տէրը Ժապհաթ Նուսրայի անդամ մըն է, սակայն աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ ան Նուսրային անդամակցած է, սակայն իրականութեան մէջ զէնքի վաճառական մըն է, որ ահաբեկչական գրեթէ բոլոր խմբաւորումներուն զէնք վաճառած է:

Պէյրութի իրանեան դեսպանատան պայթում

Պէյրութի իրանեան դեսպանատան պայթում

Պհամտունի մէջ գտնուող այս պահեստանոցը նաեւ կեդրոն մըն է ահաբեկիչները եւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակները պահելու, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ մէջ գտնուող հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն հետ կապեր հաստատելու:

Պհամտունի այս կեդրոնը խուզարկելու ընթացքին գտնուեցան ձեռնառումբեր, պայթուցիչներ, գնդացիրներ փամփուշտներ, որոնք կրնային կէս բեռնատար մը լեցնել:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն գրաւած ամէնէն վտանգաւոր իրը, սակայն, կը մնար «Ֆլայ քեմ» մը, որ կերպընկալէ թռչող սարքի մը վրայ զետեղուած քամերա մըն է եւ փոքր ական մը կրելու կարողութիւն ունի:

Ապահովութեան ուժերը յաջողեցան ձերբակալել նաեւ Պհամտունի պահեստանոցին տէրը, որուն հետ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին ան հաստատած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ շատ մը ահաբեկչական խմբաւորումներու տրամադրած է զէնք, զինամթերք, ականներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ այլն: Անոր կատարած ամէնէն վտանգաւոր արտայայտութիւնը եղաւ հետեւեալը. «Եթէ երէկ հասնէիք, վեց հատ «Ֆլայ քեմ» պիտի գտնէիք»` աւելցնելով, որ գիշեր մը առաջ ինք անոնցմէ հինգը վաճառած է Ժապհաթ Նուսրային:

Որակական այս գործողութեան զուգահեռ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Սուրի մէջ հետապնդեցին այլ կասկածելի մը, որ ահաբեկիչէ մը աւելի` կը նմանէր ազնիւ եւ ընկերային անհատի մը, սակայն անոր շուրջ կային կասկածներ, յատկապէս` Ռաքքայէն անոր անունով հասած հսկայական գումարներու պատճառով: Իսկապէս ալ, ձերբակալուելէ ետք ան յայտնեց, որ վերջերս հասած է Լիբանան` ականներու պատրաստութեան մասին վարժանքներու հետեւելէ ետք:

Հետաքննութիւններուն լոյսին տակ յստակացաւ, որ անոր դերակատարութիւնը պիտի ըլլար գումակային, յատկապէս` ահաբեկիչներուն ապաստան տրամադրելու եւ ահաբեկչութեան թիրախները ճշդելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի իր պատասխանատուներուն վաւերացումը ստանալու առումով:

Շէյխ Պասսամ Թարրասի Ապահովական Թղթածրարը

Ռաշայայի նախկին միւֆթի շէյխ Պասսամ Թարրաս շուրջ տասը օր առաջ վերադարձուեցաւ բանտ, ուր մուտք գործած էր Ատհայի տօնին զուգադիպող գիշերը` Զահլէի Քսարա հրապարակը թիրախ դարձուցած պայթումին հարցով:

Այդ թղթածրարին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն տրուեցաւ, մանաւանդ երբ նախապէս Թարրասը ազատ արձակող դատական իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Թարրաս ոչ մէկ կապ ունի Զահլէն պայթումի թիրախ դարձուցած ահաբեկչական բջիջին հետ:

Սակայն ապահովութեան ուժերուն կողմէ բացայայտուած որոշ տեղեկութիւններու լոյսին տակ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբերին Թարրասը հրաւիրեց իր կեդրոնը` վերադարձնելու համար անկէ գրաւուած հեռաձայնի թիւերը:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կեդրոնը հասնելէն ետք շէյխ Թարրաս դարձեալ ձերբակալուեցաւ` «ապահովական թղթածրար»-ի մը պատճառով, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տրուելու:

Շէյխ Պասսամ Թարրա

Շէյխ Պասսամ Թարրա

Ապահովական աղբիւրներու համաձայն, Թարրաս երկրորդ անգամ արգելափակուած է նոյն յանցանքին համար, պարզապէս զայն հարցաքննող կողմը փոխուած է, եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերէն թղթածրարը ստանձնած է ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, իսկ անոր դատական հարցին կը հետեւի Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչի պաշտօնակատար դատախազ Հանի Հաժժար:

Միւս կողմէ, Թարրասի պաշտպան իրաւաբան Օմար Քուշ յայտնեց, որ ինք ոչինչ գիտէ Թարրասի դէմ ուղղուած ամբաստանութեան մասին` հաստատելով, որ հետաքննութիւնները գաղտնի են եւ կը կատարուին ընդհանուր դատախազութեան վերահսկողութեամբ:

Քուշ յայտնեց, որ իրեն արտօնած են այցելել Թարրասին եւ հաստատել, որ ան ոչ մէկ ճնշումի, սպառնալիք կամ խոշտանգումի ենթարկուած է:

Միւս կողմէ, Իսլամական հոգեւորականներու խորհուրդը, որ նախապէս բողոքի ցոյց մը կատարած էր Զինուորական ատեանին դիմաց եւ բողոքագիր մը հրապարակած էր շէյխ Թարրասի ձերբակալութեան առիթով, այս անգամ նման քայլերու չդիմեց:

Իսլամական հոգեւորականներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապու Պաքր Զահապի յայտնեց, որ խորհուրդը բոլոր կողմերուն հետ կը հետեւի Թարրասի հարցին` աւելցնելով, որ խորհուրդը որեւէ ատեն կրնայ դիմել յարմար քայլերու:

Զահապի հաստատեց, որ Թարրաս անպարտ պիտի հռչակուի, որովհետեւ ան իսկապէս ապահովական թղթածրարներու մեղսակից շէյխ մը չէ, եւ արդարութիւն պահանջեց:

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Թարրաս խոստովանած է, թէ ինք Ապու Պարայի հետ կապի մէջ է: Ապու Պարա բուն անունով Մոհամետ Քասեմ Ահմետն է, որ Նաամէի բջիջին, Ռուէյսի ականուած ինքնաշարժին եւ Քսարայի պայթումին հեղինակն է:

Պըրժ Պարաժնէ՝ պայթումի թիրախ

Պըրժ Պարաժնէ՝ պայթումի թիրախ

«Թարրաս հարցաքննութեան ընթացքին յայտնած է նաեւ ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչներէն Մահմուտ Ռապիհի հետ իր ծանօթութեան մասին` աւելցնելով, որ ինք այցելած է Թուրքիա եւ հանդիպումներ ունեցած` Մահմուտ Ռապիհի եւ Քսարայի պայթումը գործադրող հիմնական յանցագործ Ալի Ղանեմի հետ: Ղանեմ օրին խոստովանած էր, որ ինք Քսարայի պայթումը գործադրելու համար հրահանգ ստացած է իր էմիրէն` Ապու Պարայէն: Իսկ Ապու Պարայի ինքնութեան մասին ապահովութեան ուժերուն հարցումին պատասխանելով` Ղանեմ ըսած է. «Թարրաս կը ճանչնայ զայն»: Իսկ Մահմուտ Ռապիհ Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու բանալի անձնաւորութիւնը եղած է: Այսպիսով, ապահովութեան ուժերը բացայայտած են, որ նախկին միւֆթին ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապի մէջ է», գրեց նոյն օրաթերթը:

Ըստ «Ախպար»-ի, շէյխ Թարրաս մերժած է իր կապը «Սուրիացի Ապու Ուալիտ»-ի հետ, որ ՏԱՀԵՇ-ի արտաքին գործողութիւններուն պատասխանատուն է եւ անձամբ հսկած է անցեալ դեկտեմբերին գործուած Պըրժ Պարաժնէի եւ Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններուն, սակայն տեղեկահաւաքի բաժանմունքին տրամադրուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները արձանագրող յատուկ տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ Թարրասի բջիջայինին մէջ գտնուող տեղեկութիւնները կը փաստեն Թարրասի եւ «Սուրիացի Ապու Ուալիտ»-ի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու գոյութիւնը:

Աւելի՛ն. Թարրասի մասին կան նաեւ տեղեկութիւններ, որ ան անձնական կապեր ունեցած է նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Ապու Մոհամետ Ատնանիի հետ, որ Պաղտատիէն ետք ՏԱՀԵՇ-ի Բ. գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատուէր` նախքան սպաննուիլը:

Ապպաս Իպրահիմ Կարեւոր Կը Նկատէ Երկրին
Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութիւնը

Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ

Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ բանակին կողմէ ահաբեկչական եռանդամ բջիջի մը ձերբակալումէն 24 ժամ առաջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Քոլայի շրջանին մէջ ձերբակալած էին ահաբեկիչ մը, որ ինքզինք պիտի պայթեցնէր մզկիթի մը մէջ: Անոր ձերբակալութեան յաջորդեց երկրորդ ահաբեկիչի մը ձերբակալութիւնը, որ իր հրահանգները կը ստանար ՏԱՀԵՇ-ի Ռաքքայի հրամանատարութենէն:

Ապպաս Իպրահիմ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ կատարեալ գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ շէյխ Պասսամ Թարրասի ձերբակալութիւնը հարիւր առ հարիւր լիբանանեան ապահովական գործողութիւն էր, որովհետեւ այդ մասին արտաքին ոչ մէկ տեղեկութիւն արձանագրուած էր:

«Շէյխ Թարրասի մասին մենք տեղեկութիւններ ունէինք, եւ երբ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց զայն, մեր տեղեկութիւնները փոխանցեցինք այդ բաժանմունքին, որ իր կարգին շարունակեց իր առաքելութիւնը:

«Մենք չենք պահեր կամ ուրանար, թէ կը գործակցինք նաեւ արտաքին ուժերու հետ: Օրինակի համար` Շատի Մաուլաուիի ձերբակալութեան ընթացքին մենք արտաքին ուժերէ տեղեկութիւններ ստացած էինք եւ օրին յայտնեցինք այդ մասին: Սակայն մեզի համար հպարտութիւն է այն իրականութիւնը, որ լիբանանեան ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ կատարեալ գործակցութիւն գոյութիւն ունի: Իսկ միջազգային կառոյցներու հետ տեղեկութիւններ փոխանակելու մեր առաքելութիւնը կ՛իյնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն ունեցած փորձառութիւնը հզօրացուցած է անոնց կարողութիւնները` զանոնք դարձնելով արեւմտեան ապահովական կարգ մը կառոյցներէն աւելի հզօր:

«Իսկ եթէ անոնք մեր տրամադրած տեղեկութիւնները օգտագործէին, ապա կրնային իրենց երկիրները փրկել ապահովական շարք մը ցնցումներէ եւ ահաբեկչական կարգ մը գործողութիւններէ», ըսաւ Իպրահիմ:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ ապահովական կայունութիւնը կ՛ամրապնդուի, երբ քաղաքական կայունութիւն գոյութիւն ունի: «Մենք իբրեւ ապահովական կառոյցներ` կը հասկնանք եւ գիտենք այս իրականութիւնը: Մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է անոր վրայ, իսկ վերջերս Պապ Թըպպանէ, Պեքաա եւ Շեպաա կատարած իմ այցելութիւններուս նպատակը եղած է քաղաքական կայունութեան հաստատման պահանջով: Լաւ գիտենք նաեւ, որ ընկերային տագնապներուն պէտք է դիմադրենք, որպէսզի երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ պահենք», եզրափակեց Ապպաս Իպրահիմ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>