ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ կը խոստովանինք, մեր մեղանչումներու շարքին կը յիշենք «եօթը մահացու մեղքերը»` հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ պղծասիրութիւն:
Անցեալ երկուշաբթի երեկոյեան, հալէպահայութեան զօրակցութեան հաւաքին ընթացքին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մէջբերելով երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառին խօսքերը, յայտարարեց, որ այս եօթը մեղքերուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ անտարբերութիւնը:
Վերեւը թուարկուած եօթը մեղքերն ալ, անշո՛ւշտ, անմիջականօրէն մահ չեն պատճառեր, բայց ի վերջոյ, կրնան տանիլ ամբողջական կորուստի` հոգեպէս թէ մարմնապէս:
Հաւաքական մեր կեանքին մէջ անտարբերութիւնը իսկապէս մահացու մեղք է, որ իր սպաննող թոյնը կաթիլ առ կաթիլ կը սրսկէ մեր առօրեային մէջ` օր մըն ալ յանկարծակիօրէն մեր դէմ ցցելով իր գործած աւերը:
Անտարբերութիւնը կրնայ ամրապնդուիլ հայկական իրականութեան հաղորդակից ըլլալու նախանձախնդրութեան աստիճանական նուազումով, կամ` դանդաղ թէ արագ քայլերով ազգային հաստատութիւններէն հեռանալով, ի վերջոյ` սպաննելով մեր մէջ ազգային ամէն զգացում ու գիտակցութիւն:
Անտարբերութեան մեղքէն ազատելու համար նախ պէտք է անդրադառնանք կորուստի արժէքին, մեր ազգային դիմագիծի անփոխարինելիութեան: Անգամ մը, որ այս գնահատումը կատարենք, մնացեալը բնական հունով կ՛ընթանայ, առանց մեծ ճիգի:
Յաղթահարուած անտարբերութիւնը յանձնառութեան ոգիով փոխարինե՛լն է դժուարը: Միշտ կարելի է լուսանցքէն դիտել, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ ատիկա ա՛յն եզերքն է, որմէ վերստին անտարբերութեան գիրկ վերադառնալը ժամանակի խնդիր կը մնայ միայն: Յանձնառութիւնը կը պահանջէ ճիգ, ժամանակ, զոհաբերութիւն, անտարբերութիւնը թօթափելու ուժ, որուն շնորհիւ մեր անձնական, մարդկային ու հաւաքական կենսունակութի՛ւնն է, որ զարկ կը ստանայ: Մեր կեանքը իմաստաւորելու, բարի ու նշանակալից գործերու մասնակցութիւն բերելու, մեր գոյութեան բովանդակութիւն տալու ուղիղ ճանապարհն է անտարբերութեան մերժումը:
Ի վերջոյ, սեփական պատեանի մէջ ամփոփուած, շրջապատի ցաւին ու վիշտին անհաղորդ մնալով` կը կորսուի նաեւ յաղթանակներու, իրագործումներու, նուաճումներու եւ ստեղծագործութեանց առթած երջանկութիւնը, կը կորսուի հա՛մը կեանքին: