ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Անցնող երկու օրերուն Համազգայինի տպարան յանձնուած Ճեմարանի «Կանթեղ» միջնակարգ բաժինի պարբերաթերթին տպագրութիւնը աւարտեցաւ: Աշակերտական հրատարակութիւնները մի՛շտ ալ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը կը շարժեն: Այս պարբերաթերթին մէջ Ճեմարանի 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ կարգի աշակերտները իրենց գրական փորձերը կատարած են, եւ վստահաբա՛ր այսօր այդ փորձերուն հրատարակութիւնը արդար հպարտութեամբ կը լեցնէ զիրենք:
Այդտեղ պատանեկան, մարդկային եւ ազգային իրենց անմեղ ու հարազատ ապրումները դրսեւորած են տղաքն ու աղջիկները: Յափշտակութեամբ կարդացի բոլոր գրութիւնները եւ յանգեցայ այն եզրակացութեան, որ անոնք գրուած են աշակերտներու ինքնաշխատութեամբ եւ ուսուցիչներու պատշաճ հսկողութեամբ: Ուսուցիչներուն կողմէ չկա՛յ լեզուական, ոճային եւ բովանդակային միջամտութիւն, ինչ որ աւելի հարազատ կը դարձնէ պարբերականին պատանեկան նկարագիրն ու դիմագիծը:
Կարգ մը գրութիւններ արդէն կ՛աւետեն գրական տաղանդներու յայտնաբերումը: Բնականաբար, այդ բոլորը ուսուցիչներուն կողմէ գուրգուրանքով ուշադրութեան կեդրոն կը դառնան` ի խնդիր մեր մայրենի լեզուի եւ գրականութեան գոյատեւման ու հարստացման:
Այս տղաքն ու աղջիկները արդէն տիրապետած են օտար լեզուներու, պետական քննութիւններուն արձանագրած են փայլուն արդիւնքներ, գիտական ճիւղերուն մէջ ձեռք բերած են ունակութիւն, եւ ահաւասիկ` մայրենի լեզուով նաեւ հեզասահօրէն կ՛արտայայտեն իրենց ապրումներն ու զգացումները:
Թող իրենք եւ իրենց ծնողները հպարտանան, մինչ անդին իրենց զաւակներուն ուսումը օտար վարժարաններու վստահող մեր մնացեալ ծնողները այդ ոգեւորութեան ականատես դառնալով անդրադառնան, թէ ի՛նչ կարեւոր հպարտութենէ եւ ուրախութենէ զրկած են իրենց սիրելի զաւակները:
Թող որ պատանիներու այս «Կանթեղը» այդ օտարացած ու անտարբեր ծնողներուն միտքերը, ապրումները եւ զգացումները հայկականութեամբ լուսաւորէ: Իսկ մենք հաւաքաբար շարունակենք գուրգուրալ հայ կրթօճախներուն վրայ:
«Կանթեղ»-ին մէջ, «Ըլլայի՜»-ներու խորագիրով ընդհանուր նիւթի մը տակ աշակերտները արտայայտած են իրենց մտածումները: Անոնցմէ կ՛առանձնացնեմ քանի մը գրութիւն եւ ձեր դատաստանին կը յանձնեմ` արժեւորելու համար հայկական վարժարանին դերն ու նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Կարէնը կը գրէ.- «Կ՛ուզէի ըլլալ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի յարձակող մարզիկը: Գիտէ՞ք, ինծի համար այնքան կարեւոր չէ կոլ նշանակելը, որքան արդիւնքներու ձեռքբերման ընթացքին աստիճանական յառաջդիմութիւնը»:
Լոռին կը գրէ.- «Երանի՜ մեծահարուստ ըլլայի եւ օգնէի աշխարհի բոլոր աղքատներուն, տկար մարդոց, որբանոցներուն եւ հայկական դպրոցներուն, որպէսզի մարդիկ ուրախ ապրէին»:
Այլ Կարէն մը կը գրէ.- «Երանի ըլլայի հայկական տառերուն կախարդական թուղթը եւ թառէի օտար դպրոց յաճախող աշակերտներու սեղանին վրայ, որպէսզի խօսէի անոնց հետ եւ բացատրէի անոնց հայ դպրոց յաճախելու, այբուբենը սորվելու, հայերէն խօսելու, հայոց պատմութիւնը գիտնալու կարեւորութիւնը»:
Շահանը կը գրէ.-
«Երանի՜ զինուոր ըլլայի
Ու հայրենիքս պաշտպանէի,
Քաջ ու անվախ անձ մը ըլլայի,
Գաղափարի մարտիկ ըլլայի՜,
Եւ թշնամիէն չվախնայի,
Գնդակներու տակ չսոսկայի
Ազգիս համար նահատակուէի…»
Այլեւս, սիրելի՛ ընթերցող, պիտի խնդրեմ դո՛ւն դատես…