Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Այս Համերգիս Համար Ժողովուրդիս Կը Փորձեմ Հասնիլ Տարբեր Ազդակներով, Ինչպէս Հայկական Մեր Ժողովրդային Երգերը` Տեղաւորուած Ճազ Երաժշտութեան Մեղեդիներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Մանտալեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

img_1623

Լիբանանի ճազ երաժշտութեան հարթակի նշանաւոր կիթառահար լիբանանահայ տաղանդաւոր երիտասարդ Րաֆֆի Մանտալեան հոկտեմբեր 22-ին պիտի ներկայացնէ փունջ մը հայկական վերամշակումներ եւ հեղինակային յօրինումներ, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթըր» սրահին մէջ:

Մանտալեան այս մենահամերգը կ՛անուանէ «Borderland» (Պորտըրլենտ), այսինքն` սահմանամերձ շրջան:

«Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Րաֆֆի Մանտալեան համերգին մասին տուաւ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ իր երաժշտական ասպարէզին մասին:

feed-poster

«Կ՛երեւի սփիւռքահայու իրավիճակս ու երաժշտութեան մէջ մշակոյթներու հետ ունեցած կապերս զիս մղեցին, որ համերգս կոչեմ Պորտըրլենտ: Բայց եւ այնպէս համերգին ընթացքին պիտի նուագեմ ո՛չ միայն ճազի տարբեր տեսակներ, այլ նաեւ լատինական, պրազիլական ու մանաւանդ հայկական վերամշակումներ: Հետեւաբար համերգին անուանումը կու գայ այն հանգամանքէն, որ ես երաժշտական կեանքիս մէջ կը քալեմ տարբեր սահմաններու մէջ կամ սահմաններու ընդմէջէն: Մէկ ոտքս հոս է, միւսը հոն: Այսպիսով ուզեցի վիճակս ներկայացնել հանրութեան: Ելոյթին հրամցուելիք երեք քառորդ երգացանկը հայկական կտորներու վերամշակումներ են, երգ մը իմ յօրինումս է, իսկ մնացածը ճազ ռոք երաժշտութեամբ միաձուլուած եւ ափրիկեան քուպայական լատինական (afro Cuban latin) երաժշտութիւն է», ըսաւ Րաֆֆի Մանտալեան:

«Այս համերգը իմ նկարագիրս պիտի ներկայացնէ,- դիտել տուաւ Մանտալեան,- քանի որ հոս պիտի երեւին թէ՛ ճազի հանդէպ ունեցած սէրս, թէ ալ հայկական երաժշտութեան նկատմամբ սէրս: Ըսեմ, որ այնքան ալ դիւրին չեղաւ ընտրել այն հայկական երգերը, որոնք կրնայի վերամշակել ճազով, որովհետեւ անկարելի է հայկական պատահական երաժշտութիւն մը ընտրել եւ վերամշակել: Այդ կը կատարուի ուսումնասիրութեամբ եւ փորձերով: Կրնամ ըսել, որ երաժշտութեան մեղեդին, ներդաշնակութիւնը, յանպատրաստից ստեղծագործութիւնը (improvisation) կու գան իմ օրական փորձերէս եւ տարբեր տեղեր տուած համերգներէս, այսինքն` ջանքը, որ զիս հասցուց Պորտըրլենտին ի գործ դրուած է երկար շունչէ եւ ընթացքէ մը ետք»:

Ի դէպ Մանտալեանի ներշնչման աղբիւրները եղած են այն անմիջական միջավայրը եւ անձնաւորութիւնները, որոնց հետ նուագած է, մանաւանդ Արթիւր Սաթեանը: «Ես դասական երաժշտութիւն ուսանած եմ, եւ ատոր ազդեցութիւնը անուղղակիօրէն երբեմն կ՛երեւի երաժշտութեանս մէջ, ինչ որ անպայմանօրէն գիտակցաբար չ՛ըլլար: Կրնան ներշնչել զիս, ինչպէս օրինակ Պախի երաժշտութիւնները: Բայց այն երաժիշտները, որոնց հետ ժամանակ կ՛անցընես թէ՛ որպէս ընկեր, եւ թէ որպէս երաժիշտ, աւելի շատ ազդեցութիւն կը ձգեն վրադ, ինչպէս է պարագաս Արթիւր Սաթեանի հետ, որմէ շատ կը ներշնչուիմ: Ընդհանրապէս մարդիկ կը մոռնան նման ներշնչումներ, որոնք շատ աւելի ազդեցիկ են», նշեց Մանտալեան` շարունակելով. «Նուագելով տարբեր երաժիշտներու հետ, մէջդ կը ստեղծուին տարբեր փորձառութիւններ, որոնք ստեղծագործութեան որեւէ ժամանակ դուրս կու տան: Ստեղծագործութիւնը ընթացք մըն է միշտ, եւ ոչ վախճան»:

Խօսելով ժողովուրդին ճազ երաժշտութեան հետ առնչութիւն ունենալուն մասին, Մանտալեան ըսաւ, որ ամէն մարդ ճազ երաժշտութիւն չի լսեր, բոլորին համար մշակուած երաժշտութիւն մը չէ անիկա, մանաւանդ Լիբանանի մակարդակի վրայ: Ան նշեց, որ Լիբանան առիթներ չ՛ընծայեր երաժշտասէր հանրութեան, որ ճազը հասանելի ըլլայ ու անոր նախասիրութեան մաս կազմէ, հետեւաբար ճազ նուագողը աւելի մեծ պարտականութիւն ունի` նախ ընտրելու այն որակը, որ հանրութիւնը կրնայ ընկալել ու հաճոյք ստանալ, ապա մերթ ընդ մերթ զարգացնել ատիկա ժողովուրդին մէջ ու երաժշտութիւնն ու ժողովուրդը հասցնել տուեալ մակարդակի մը: «Այս համերգիս համար ժողովուրդին կը փորձեմ հասնիլ տարբեր ազդակներով, ինչպէս հայկական մեր ժողովրդային երգերը, որոնց ծանօթ են բոլորը, տեղաւորուած ճազ երաժշտութեան մեղեդիներուն մէջ: Այս մէկը ընելու քաջալերանքը ես ստացայ 2014-ին տուած առաջին մենահամերգիս, երբ օտարներ ինծի մօտեցան եւ ամէնէն աւելի անդրադարձան համերգին ընթացքին նուագած  «Շողեր ջան» կատարումիս: Եթէ օտար հանրութիւնը ոգեւորած էր մեր երաժշտութեան վերամշակումը, ուրեմն անպայման արդէն իսկ այս ճաշակը ունեցող հայ հանրութիւնը պիտի կարենայ ընկալել ու գնահատել այս մէկը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարեւոր է, որ այդ ամբողջը պահէ հայկական ոգին ու ճազի նոթերուն մէջ չկորսնցնէ իր ինքնութիւնը: «Ասոր համար այնքան ալ դիւրին ընթացք մը չէր երգերու ընտրութիւնը, բայց շատ ազդեցիկ էր ասպարէզիս արտայայտման ու զարգացման համար: Այսինքն` շատ բան սորվեցայ ու հասկցայ ասկէ», ըսաւ ան:

mandalian_101316

Րաֆֆի Մանտալեան ունի ճազի իր քառեակը, ինչպէս նաեւ կը նուագէ վաստակաշատ հայ ճազ երաժիշտ Արթիւր Սաթեանին հետ: Ան նաեւ Սուրբ Հոգի համալսարանի մէջ կիթառի եւ ճազ երաժշտութեան գնահատման դասընթացքներ կու տայ: Նախորդ տարի Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ճազ փառատօնին եւ նուագած է տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր առիթներով:

Խօսելով ճազի քառեակին մասին Մանտալեան ըսաւ, որ որպէս երաժիշտ հարկ զգացած է ստեղծագործելու ու մեծերէն սորված փորձառութիւնները ի գործ դնելու ճազի աշխարհի մէջ: Այս պատճառով ան ստեղծած է իր քառեակը, որ կը ներկայացնէ իր վերամշակումներն ու յօրինումները: «Արուեստի աշխարհին մէջ կարեւոր է կատարել անձնական փորձարկումներ, որոնք կը հասունցնեն արուեստագէտը: Այս քառեակը այդ առիթը կ՛ընծայէ ինծի: Ոմանք համերգէ համերգ կը նուագեն, բայց, ըստ ինծի, երաժիշտը մնայուն կերպով պէտք է նուագէ ու ստեղծագործէ, որպէսզի կարենայ ստեղծել ճաշակ մը ու հարազատօրէն հրամցնէ հանրութեան», ըսաւ ան:

Մանտալեանի քառեակին մէկ կազմը կը բաղկանայ  կիթառ, թաւ կիթառ, հարուածային գործիքներէ եւ սաքսոֆոնէ, իսկ միւս կազմը` կիթառ, թաւ կիթառ, հարուածային գործիքներ եւ դաշնամուր:

«Պորտըրլենտ» համերգին առիթով Րաֆֆի Մանտալեանին Հայաստանէն կը միանան տուտուկահար Նորայր Քարթաշեանը եւ Երուանդ Մարգարեանը, Զուիցերիայէն կը միանայ երգչուհի Հուրի Աբարթեան, դաշնակի վրայ Արթիւր Սաթեան, թաւ կիթառի վրայ Ֆիլիփ Տիպ, հարուածային գործիքներու վրայ  Խալիլ Եասին, թմբուկի վրայ Ֆուատ Սաֆրա եւ սաքսոֆոնի վրայ Թոմաս Հորնիք:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը հովանաւորէ «Պորտըրլենտ»-ը: Այս մասին խօսելով` Մանտալեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանատան, յանձինս դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեանին, որ, քաջալերելով իր ջանքերը, ընդունեց հովանաւորել համերգը: Խօսելով Հայաստանի մէջ ճազ երաժշտութեան ընկալման մասին, ան ըսաւ, որ Հայաստանի ժողովուրդը աւելի մշակուած է ճազով եւ կը սիրէ ճազը, ուստի հոն աւելի դիւրին է հասնիլ հանրութեան: Թէեւ առաջին համերգէս ետք ընդգծուած էր ոչ հայերուն կողմէն «Շողեր ջան» երգին նկատմամբ համակրանքը:

Րաֆֆի Մանտալեան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդ երաժիշտներուն` ըսաւ, որ «երաժշտութեան մշակումը ընթացք մըն է: Առաջ դասական կը նուագէի, յետոյ ժողովրդական, մինչեւ որ ինքզինքս գտայ եւ ստեղծագործեցի ճազի աշխարհին մէջ: Դիւրին ընթացք մը չէր ասիկա, մանաւանդ Լիբանանի մակարդակի վրայ, երբ ստիպուած էի որոշել կա՛մ երաժշտութեան ասպարէզ նետուիլ, կա՛մ մնալ գործի ասպարէզի մէջ: Ընտրեցի երաժշտութիւնը եւ փառք Աստուծոյ, որ դուռեր բացուեցան առջեւս ու կարողացայ նետուիլ տարբեր առիթներու: Չեմ գիտեր ասկէ ետք ո՛ւր կ՛երթամ, չեմ կրնար ըսել, որ տեղ մը հասած եմ, բայց կարեւորը հետեւողական ըլլալն է, ուրեմն երիտասարդ երաժիշտը պէտք չէ ընդվզի ու շուտով հեռանայ երաժշտական հարթակէն, եթէ ամէն բան իր ուզածին պէս չըլլայ առաջին օրէն»:

Իսկ ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` Մանտալեան ըսաւ. «Հիմա  ամբողջ կորովս Պորտըրլենտին վրայ կեդրոնացուցած եմ, բայց անշուշտ կ՛ուզեմ այս ծրագիրով շրջիլ տարբեր երկիրներ ու հոն ալ հրամցնել երգերս»:

«Շատ խանդավառ եմ այս համերգով, քանի որ երբ առաջին քայլը առի, չէի գիտեր հոս պիտի հասնիմ: Համերգին տեղի պիտի ունենայ նաեւ լսատեսողական լուսաւորման խաղեր եւ այս մէկը կարծեմ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի ճազի մէջ կը կատարուի: Ուրեմն պիտի հրամցուին թէ՛ ականջին, եւ թէ աչքին հաճելի արուեստ, ուրեմն նաեւ` միտքին: Կ՛արժէ չփախցնել»:

Պորտըրլէնտ համերգին, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 22, ժամը 8:30-ին, տոմսերը կարելի է ապահովել «Վըրճըն թիքէթինկ պոքս օֆիս»-էն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles