Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ռուբէն Կիպինեանի Անմեռ Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

roupen-guibinian_101416Քառասուն օրեր առաջ խոր վիշտով հրաժեշտ տուինք Ռուբէն Կիպինեանին, որդին Սամուէլ եւ Ժաքլին Կիպինեաններուն, որոնց ընտանեկան ջերմ ու հաւատքով լեցուն յարկին տակ հասակ նետեց Ռուբէն:

15 մարտ 1960-ին ծնած Ռուբէն Կիպինեանի մէջ անոր ծնողները կանուխէն նկատեցին սէրը նորաձեւութեան հանդէպ, ուստի, Պէյրութի մէջ ուսումը աւարտելէ ետք զայն ղրկեցին Իտալիա` ուսումը կատարելագործելու առիթ ընձեռելով անոր:

Ռուբէն Կիպինեան իւրայատուկ ճաշակով եւ բծախնդիր ոճով յատկանշուեցաւ, ան միշտ կը փորձէր լաւն ու գեղեցիկը տարածել, ժպտուն ու կեանքով լի անձնաւորութիւն մըն էր` իր շուրջ գտնուողներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելու կարողութեամբ օժտուած:

Սիրեց ազգն ու եկեղեցին, իր բարերարութիւնը կատարեց յատկապէս Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներուն: Փորձեց միշտ օժանդակ ու նեցուկ ըլլալ հայկական իրականութեան:

Կեանքը դաժան գտնուեցաւ Ռուբէն Կիպինեանի նկատմամբ, ան յաղթահարեց ամէն տեսակ դժուարութիւն եւ կրկին ոտքի կանգնեցաւ, բայց եւ այնպէս անոր ճակատագիրը եւս դաժան եղաւ, որովհետեւ ան կանուխ տարիքին հեռացաւ իր ընտանիքէն, հարազատներէն եւ բարեկամներէն: Այսուհանդերձ անոր քաղցր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ բոլորին սրտերուն ու մտքերուն մէջ, որովհետեւ անոր նման եկեղեցասէր ու եկեղեցանուէր անձնաւորութիւն մը իր հեռանալէն ետք եւս կը դրոշմէ գեղեցիկ ու մնայուն յիշատակներ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Ռուբէն:

Պիտի յիշենք քեզ առյաւէտ:

ՍԳԱԿԻՐ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>