Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Դժուար Է Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

erdogan1_101416

Միջազգային հեղինակաւոր լրատու միջոցներ, նաեւ` թուրք խիզախ յօդուածագիրներ եւ մեկնաբաններ, գրեթէ ամէն օր կ՛անդրադառնան Թուրքիոյ մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին, իշխանութիւններու գործունէութեան, մամլոյ, ազատ արտայայտուելու եւ մարդկային իրաւունքներու քմահաճ խախտումներուն: Առարկայական լրատուութենէն անդին երթալով` վաւերական մեկնաբաններ կը յայտնեն կարծիքներ եւ կ՛ընեն հաստատումներ, որոնք անշուշտ հաճելի չեն թուիր նախագահական շրջանակներուն: Կը ներկայացնենք քանի մը օրինակներ:

Ն.

Թանտողան Ույսալ (Թուրքիոյ «Սոնսէօզ» թերթի յօդուածագիր, վերլուծաբան).- «Թուրքիոյ մէջ մէկ  ճգնաժամը կ՛աւարտի, միւսը կը սկսի, ներքին եւ արտաքին անվերջ ցնցումներով: Թուրքիոյ մէկ կողմը տարիներ շարունակ կիսատ է, ինչպէս` կարկտան կապոցը: Երկիրը չի կրնար փրկուիլ ճգնաժամերէ: Եթէ նայենք Թուրքիոյ ժամանակային փապուղիին, ճգնաժամեր կը տեսնենք: Երկիրը չի կրնար զերծ մնալ ճգնաժամերէ: Մէկը կ՛աւարտի, միւսը կը սկսի: Ժամանակ մը հայկական խմբակներն էին, յետոյ ի յայտ եկաւ Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութիւնը, այժմ ալ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ միւս իսլամական խմբաւորումները Թուրքիոյ գլուխը մտահոգութեան տակ դրած են: Ըստ վարուող քաղաքականութեան, շարունակաբար տնտեսական տագնապներ կ՛ըլլան, իսկ քաղաքական ճգնաժամերը չեն աւարտիր: Ամէնէն մօտիկ դաշնակիցին` Միացեալ Նահանգներու հետ շարունակաբար «քաշքշուքի» մէջ ենք: Մինչեւ այն աստիճան, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ սպառնացող Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութիւն ահաբեկչական կազմակերպութեանն ու ատոր կապուած կառոյցներուն զանազան տեսակի օգնութիւն ցոյց կու տան: Թուրքիա չի կրնար կայուն զարգանալ: Լա՛ւ, ինչո՞ւ Թուրքիա չի կրնար ըլլալ այնպիսին, ինչպիսին եւրոպական երկրներն են: Վատ իշխանութի՞ւնն է պատճառը: Աշխարհագրական դի՞րքը: Գուցէ անցեալին մէջ մեծ կայսրութիւն ըլլալու հանգամա՞նքը: Եւ որքա՞ն կրնայ ասիկա շարունակուիլ: Ահաւասիկ այս հարցումները մասնագէտներու կողմէ տարիներ շարունակ  լրատու միջոցներով կ՛ուղղուին, սակայն` ապարդիւն: Թուրքիան դուրսէն շատ գեղեցիկ կ՛երեւի, սակայն ներսէն երբ կը նայինք, կը նշմարենք, որ ապրելու համար որքա՜ն դժուար են պայմանները: Այդ պատճառով Թուրքիոյ մէջ ապրիլը հերոսութիւն է: Այս պայմաններուն չդիմացողը կը կորսուի, կ՛երթայ»:

erdogan_press_101416

«Տէօչէ Վել».- «Անգարայի մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք քանի մը թուրք դիւանագէտներ Գերմանիայէն ապաստան խնդրած են: Գերմանական շարք մը լրատու միջոցներ տեղեակ են առնուազն երեք նման դէպքերու մասին: Ապաստան խնդրողներէն մէկը դիւանագիտական գերատեսչութեան նախկին զինուորական կցորդն էր: Յեղաշրջման ձախողութենէն ետք  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիւանագիտական անձեռնմխելիութենէ զրկած է նախարարութեան աշխատակիցներ, որոնց շարքին` ութ դիւանագէտներ, որոնք նախապէս Գերմանիոյ մէջ կ’աշխատէին: Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունէն հաստատած են այդ տեղեկութիւնը: Օգոստոսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ պետական յեղաշրջման փորձէն ետք աւելի քան 30 դիւանագէտ անտեսած է հայրենիք վերադառնալու Անգարայի պահանջը, եւ անոնք նախընտրած են պահուըտիլ: Գերմանիայէն ապաստան խնդրողներու թիւը կրնայ աճիլ: Ներգաղթեալներու հարցերով դաշնակցային նախարարութեան մէջ տակաւին դիւանագէտներու դիմումներու վերաբերեալ որոշում չեն տուած»:

«Ինտիփենտընթ»

(Թերթը հրատարակած է բրիտանացի յայտնի լրագրող Ռոպերթ Ֆիսքի յօդուածը, որուն մէջ Ֆիսք անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք տիրող իրավիճակին)

Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակը
Ստալինեան Տարիները Կը Յիշեցնէ

Այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ կիւլենականներու դէմ իրականացուող «մաքրման» գործողութիւնները իրենց բնոյթով կը յիշեցնեն ստալինեան տարիները, երբ  Խորհրդային Միութեան համար «անբաղձալի» մարդոցմէ  ազատելու նպատակով կ՛իրականացնէին ձերբակալութիւններ եւ ճնշումներ:

Թուրքիոյ մէջ  զինուորական յեղաշրջման փորձի ընթացքին արձանագրուած զոհերու թիւը գերազանցեց Հալէպ քաղաքին մէջ օրուան մը ընթացքին զոհուողներու թիւը:

Անդրադառնալով յեղափոխութեան փորձէն ետք երկրին մէջ տիրող տնտեսական անկայուն վիճակին, ես թերահաւատօրէն կը մօտենամ  տնտեսական նիւթեր մեկնաբանող հրատարակութիւններէն մէկուն մէջ լոյս տեսած այն հրապարակման, ըստ որուն, ամերիկացի գործարարները կը շարունակեն իրենց ներդրումները Թուրքիոյ մէջ` հակառակ 15 յուլիսին  տեղի ունեցած զինուորական  յեղաշրջման փորձին:

Այդ հրապարակումը կարդալէ ետք, իրականութիւնը ըսելու համար, կասկածեցայ,  որ ամերիկացի գործարարները այդպէս կը մտածեն: Բացի «Հապերթիւրք» թերթը. ատիկա լեցուած էր բարգաւաճող տնտեսութեան մասին լուրերով: Ասիկա անշուշտ երեւակայութիւն էր:  Սակայն, միաժամանակ թերթի, 5-րդ էջին մէջ խոշտանգուած 14 զօրավարներու նկարները կային:

Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է մոռնա՞նք: Մեր բերանները փակե՞նք եւ Էրտողանի  իշխանութեան ապագայի՞ն նայինք,  թէ՞  խոշտանգուած  զօրավարներուն նայելով` յիշենք, որ Էրտողան կը փորձէ Թուրքիոյ մէջ  մահապատիժի օրէնքը վերականգնել, եւ  վախէն  դողա՞նք:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ.»

erdogan_financial-times_101416Բրիտանական հեղինակաւոր թերթը դատապարտելով կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան չարաշահումներուն, տիրող իրավիճակին եւ նոր զարգացումներուն: Թերթը կը գրէ.

«Արտակարգ դրութեան ժամկէտի երկարաձգումը բոլորովին անսպասելի չէր: Սակայն, ձախող յեղաշրջման փորձէն ետք, Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող պատժիչ գործողութիւնները արդէն մտահոգիչ ծաւալներու կը  հասնին: Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի նման յամառ եւ բռնատիրական անձի մը համար զանազան կառոյցները եւ յատկապէս սահմանադրական դատարանը շրջանցելու կարելիութիւնը միշտ ալ ծայրայեղօրէն հրապուրիչ է: Բայց ատկէ շատ աւելի մտահոգիչ են արտակարգ դրութեան անուան տակ իրագործուող լուծարման հոլովոյթներու ծաւալները:

Կարելի չէ համոզիչ նկատել Էրտողանի յառաջ մղած այն տեսակէտը, թէ արտակարգ դրութեան ժամկէտի երկարաձգման համար իբրեւ օրինակ առնուած է Ֆրանսան: Ատոր առաջին պատճառը այն է, որ ներկայիս ահաբեկիչ նկատուող կիւլենականներու հզօրացումը ապահովողը ի՛նքն է: Նախորդ տարիներու ընթացքին զինուորական եւ աշխարհիկ մրցակիցներէն եկող սպառնալիքները յաղթահարելով ուժը իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնելու ատեն Կիւլեն Էրտողանի եւ իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան համար անգնահատելի դաշնակից էր:

Տեղի ունեցող սարսափելի ուժային պայքարի պատասխանատուներէն մէկն ալ նոյն ինքն Թուրքիոյ  հանրապետութեան նախագահն է:

Կիւլենականներու դէմ ուղղուած լուծարման եւ  ձերբակալութիւններու հոլովոյթը աննախընթաց մեծ չափերու հասած է: Նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան արտակարգ դրութիւնը կ՛օգտագործէ իր բոլոր թշնամիներէն ազատելու համար: Իսկ աւելի վտանգաւոր է այն, որ Էրտողան յեղաշրջման փորձը կ՛օգտագործէ իբրեւ պատրուակ` բոլոր ընդդիմադիրները ձերբակալելու համար: Այս իրավիճակը ոչ միայն կ՛ոչնչացնէ յեղաշրջման փորձէն ետք ազգային համախմբման կարելիութիւնը, այլեւ կը փճացնէ թուրք ազգի էութիւնը եւ հիմքէն կը խարխլէ Թուրքիոյ ենթակառոյցները, որոնց շարքին նաեւ` անվտանգութեան համակարգը: Պէտք է ընդգծել, որ ստեղծուած իրավիճակը վտանգաւոր է նոյնինքն Թուրքիոյ համար, որ արդէն տկարացած է ժիհատական  սպառնալիքներու եւ բախումներու պատճառով:Այս խիստ միջոցառումները կը կատարուին, առանց յարգելու օրէնքի գերակայութիւնը:

Եւրոպական Միութեան անդամ որոշ երկիրներ, ինչպէս, օրինակ, Հունգարիա, կրնան առաջնորդուիլ սեփական մոլեռանդ ժողովրդավարական մոտելներով: Սակայն նոյնիսկ թերութիւններ ունեցող եւրոպական կառավարութիւններու հետ համեմատելու ատեն  Եւրոպական Միութեան թեկնածու Թուրքիա, շատ հեռու է ժողովրդավարութեան սահմաններէն»:

Ռիչարտ Չարքին (Հրատարակիչներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ).-

erdogan_101416

«Թուրքիոյ իշխանութիւնները, առիթէն օգտուելով` վրէժ կը լուծեն ազատ մամուլի ներկայացուցիչներէն` երկրին մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք սահմանուած արտակարգ դրութիւնը  օգտագործելով:

Մամլոյ ազատութեան չափանիշով 180 երկիրներու ցուցակին մէջ Թուրքիա կը գրաւէ 151-րդ դիրքը եւ սովորաբար միշտ կը գտնուի վերջին դիրքերուն վրայ: Մինչեւ յեղաշրջման փորձը` Թուրքիա լրագրողներու եւ  մտաւորականներու համար ամէնէն վտանգաւոր երկիրներէն մէկը կը նկատուէր, իսկ վերջին դէպքերէն եւ երկրին մէջ արտակարգ դրութեան հաստատումէն ետք  պետութիւնը առիթը կ՛օգտագործէ բոլոր անկախ լրատու միջոցներուն «աչքը վախցնելու» եւ զանոնք լռեցնելու համար եւ այդ ճամբուն վրայ կ՛օգտագործէ ձեռքին տակ եղած իշխանական բոլոր լծակները: Մեր ընկերակցութեան եւ մարդկային իրաւունքներու  պաշտպանութեան համաշխարհային բոլոր կառոյցները ուշադիր կը հետեւին այն բոլորին, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ մէջ: Մենք կը տեսնենք, թէ ի՛նչ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի մամլոյ ազատութեան եւ մարդկային  իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը Թուրքիոյ մէջ: Բոլոր այլախոհները ճնշելով` պետութիւնը առաջին հերթին ինքն իրեն կը վնասէ»:

Թիորպորն Եակլանտ (Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր  քարտուղար).- «Թուրքիոյ մէջ ճնշումներու ենթարկուող լրագրողներուն օգնելու համար կը հաւաստենք, որ բոլոր թուրքերը կրնան դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, եթէ կը կարծեն` իշխանութիւնները իրենց հետ սխալ վարուած են: Թուրքիոյ մէջ  յեղաշրջման փորձի տապալումէն ետք մենք լայնածաւալ աշխատանք սկսած ենք իրականացնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ, նաեւ` մարդկային  իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով: Ինչպէս գիտէք, Թուրքիոյ դէմ բազմաթիւ դատական հայցեր կան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ, պէտք է սպասել, թէ ի՛նչ վճիռ կը տրուի: Կարեւոր է, որ մարդիկ կարենան դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու գործողութիւնները սխալ կը նկատեն»:

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>