Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ինչո՞ւ համար Հայաստանի մէջ կառավարութիւններու փոփոխութիւնները մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ` անոնք կը կատարուին դիպուածային կերպով, առժամեայ-ժամանակաւոր, անցումային, անհեռատես եւ թատերական անորոշութեան ու սպասողական մթնոլորտի մը մէջ, եւ ոչ թէ իբրեւ բնական հետեւանք անոր գործունէութեան-կատարողութեան ըստ էութեան, բնագաւառ առ բնագաւառ համակարգային արժեւորումին ու գնահատումին:

Յստակ է պատասխանը: Անոնք արդարօրէն տեղի կ՛ունենան ժողովրդային տագնապի մը պատճառով, եւ ոչ թէ այս պարագային` գոյութիւն ունեցող 216 էջերէ եւ 733 կէտերէ բաղկացած «Հայաստանի Հանրապետութեան 2014-2025 թթ. հեռանկարային զարգացման ռազմավարական ծրագիր»-ին (1), կամ` մայիս 2014-ի կառավարութեան 76-էջնոց ծրագիրին (2) գործադրութեան մէջ թերացումին: Նախ կառավարութեան հրաժարականը` ըստ էութեան:

hovig-garen_101416

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականի խօսքին մէջ թէեւ ակնարկութիւն կար մայիս 2014-ի կառավարութեան ծրագիրին, սակայն այդ ծրագիրի կէտ առ կէտ արժեւորում չկատարուեցաւ: Ընտրաբար հատուածներ` անոր խօսքերէն. «Մայիս 2014-ին Ազգային ժողովին մէջ երբ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացուցի, յատուկ շեշտադրեցի հանրային մտահոգութիւններուն ականջալուր ըլլալու եւ համագործակցութեան վերաբերեալ իմ համոզումներս: Իմ ամբողջ քաղաքական կենսագրութեան ընթացքին ես պայքարած եմ քաղաքական անջրպետներուն դէմ` աշխատելով համագործակցութեան կամուրջներու կայացման համար»:

«… Մեր որդեգրած անկեղծ եւ իրատեսական մօտեցումները իրենց արդիւնքը ունեցան,  սակայն հասարակութիւնը տակաւին մնաց բեւեռացած: Իմ կարծիքով, անոր հիմնական պատճառներէն մէկն է աշխարհաքաղաքական, արտաքին տնտեսական եւ ռազմական մարտահրաւէրներով սնուող առկայ տարաձայնութիւնները: Անոնք են, որ տակաւին հնարաւորութիւնն չեն ընձեռեր մեզի` ժողվելով բոլոր ուժերը, հրատապ լուծումներ տալու մեր առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներուն` տնտեսական հաւասար պայմաններ ապահովելէն մինչեւ փտածութեան դէմ պայքարը» (այս եւ բոլոր ընդգծումները` իմս):

«… Մենք տակաւին անցումային խնդիրներ ունեցող երկիր ենք, որտեղ առկայ տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակի բարելաւման համար մեզ անհրաժեշտ են հասարակութեան եւ կառավարութեան միասնական ջանքեր: Իսկ անոր համար անհրաժեշտ են նոր մօտեցումներ, նոր սկիզբ… Այդ պատճառով ես որոշած եմ հրաժարական տալ եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու հնարաւորութիւն ընձեռել նախագահին: Պէտք է մտածել մեր բոլորին յաջողութեան մասին եւ առիթ տալ նոր կառավարութեանը` կատարուած աշխատանքի հիման վրայ եւ նոր մօտեցումներով համախմբելու հասարակութիւնը»:

«… Իսկ աշխատանքներ իրապէս կատարուած են: Երբեւէ չեմ խօսած եւ պիտի չխօսիմ իմ կողմէս վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու պահուն առկայ իրավիճակի մասին: Այդ իմ աշխատաոճս չէ: Սակայն բաց ճակատով պիտի խօսիմ մեր համատեղ աշխատանքով կառավարութեան ձեռք բերած արդիւնքներուն մասին» (3): Ապա ան ամփոփ կերպով նշեց կառավարութեան կատարած իրագործումները:

Ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ հրաժարականին հիմնական պատճառներէն մէկն էր` «Աշխարհաքաղաքական, արտաքին տնտեսական եւ ռազմական մարտահրաւէրներով սնուող առկայ տարաձայնութիւնները», որոնք արգելք հանդիսացան կարեւորագոյն խնդիրներ նկատուող` տնտեսական հաւասար պայմաններ ապահովելէն մինչեւ փտածութեան դէմ պայքարելու աշխատանքին…: Իրապէ՞ս, միա՞յն արտաքին:

Նախագահը նոր կառավարութեան հետ առաջին հանդիպումին ըսաւ. «Հարցերու, խնդիրներու ժամանակ մի՛ փորձէք անոնց արմատները տեսնել անցեալին մէջ: Ատիկա ամէնէն դիւրինն է: Միշտ պէտք է գտնել յառաջ ընթանալու ուղիները» (4): Սակայն կարելի չէ՛ յառաջ ընթանալ` առանց ներկայ իրավիճակին տուն տուող պատճառները, արմատները քննելու, համապատասխան լուծումներ ու սրբագրում կատարելու եւ վե՛րջ տալու անցեալէն եկած սխալ որոշումներուն ու շարունակուող ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ու ՅՈՌԻ վարքագիծերուն:

Որքա՞ն սառն սիրտ կը պահանջէ անտեսել տարողութիւնը` կէս միլիոն հայաստանաբնակ հայերու ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ հայրենիքէն, որ համազօ՛ր է ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ: Այս իրավիճակին ուղղակի պատասխանատուն են բոլոր նախորդող կառավարութիւնները եւ իշխանութիւնները:

Հրաժարեալ կառավարութեան ծրագիրին մէջ (2) բնաւ ուղղակի ակնարկութիւն չկայ արտագաղթի մասին իսկ էջ 60` թիւ 2.4.6.1 Ժողովրդագրութիւնը գլխուն տակ միայն կը կարդանք. «Ներգաղթի խրախուսման պայմանների ստեղծմանը եւ հայրենադարձների ինտեգրմանն (համարկման) ուղղուած ծրագրերի մշակումն ու իրականացումը»: Ո՞վ է պատասխանատուն ժողովուրդի յուսալքումին, որ կ՛առաջնորդէ արտագաղթի: Պատճառները պէտք չէ փնտռել արտաքին գործօններու մէջ: Փաստօրէն ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին համայն հայ ժողովուրդը կտրականապէս ջնջեց այդ «արտաքին» վարկածը` պատճառաբանութիւնը:

Կրկին պիտի անդրադառնամ սեփականաշնորհման ՅՈՌԻ հոլովոյթին` (5), որ հիմնական աղբիւրը եւ պատճառը կը հանդիսանայ Հայաստանի տնտեսական ճգնաժամին, փտածութեան եւ մենաշնորհներու ստեղծումին: Թելադրելի է անպայման կարդալ Կարօ Արմէնեանի «Մենաշնորհներ, «խոշոր խաղացողներ» եւ տնտեսական արդար քաղաքականութեան հրամայականը», (տես «Ազդակ», 26 սեպտեմբեր 2016) (6): Թէեւ փտածութիւնը` հայու անվայել, արժանապատուութեան բացակայութեան ու դաստիարակութեան պակասի նկարագրային խնդիր է նաեւ: Ստորեւ` սեփականաշնորհման վարչութեան վերջին տեղեկագիրէն հատուած մը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան առանցքային գործառոյթները 2014-2016թթ. Ներկայումս Հայաստանում պետական (անշարժ- Յ.Չ.) գոյքի մասնաւորեցումը (սեփականաշնորհում- Յ.Չ.) որպէս պետական գոյքի կառավարման ոլորտի բարեփոխումների առանցքային ուղղութիւն, այլեւս չի կիրառւում: Ըստ էութեան, մասնաւորեցման գործընթացը Հայաստանի Հանրապետութիւնում մօտեցել է աւարտին… ներկայումս պետական գոյքի կառավարման ոլորտում բարեփոխումների հիմնական ուղղութիւնը համարւում է.

  1. Պետական գոյքի կառավարման ինստիտուցիոնալ (հաստատութենական- Յ.Չ.) համակարգի ձեւաւորումը,
  2. Պետական գոյքի կառավարման մեթոտների (ոճի- Յ.Չ.) ամբողջ տիրոյթի մեթոտական ( ոճային- Յ.Չ.) դաշտի մշակումը եւ կիրառումը,
  3. Պետական մասնակցութեամբ առեւտրային կազմակերպութիւնների գործունէութեան բարելաւումը,
  4. Պետական գոյքի օտարացման (սեփականաշնորհման- Յ.Չ.) միջոցով պետական սեփականութեան կազմի օպտիմալացումը (լաւագոյնս բարելաւումը- Յ.Չ.),
  5. Պետական գոյքի օտարացման, վարձակալութեան եւ օգտագործման տրամադրման միջոցով պետական պիւտճէի դրամական մուտքերի աւելացումը,
  6. Պետական գոյքի նուիրատուութեան, նուիրաբերումի, անհատոյց օգտագործման տրամադրման միջոցով սոցիալական հիմնախնդիրների լուծումը,
  7. Պետական գոյքի ամբողջական հաշուառումը, հաշուառման գրանցամատեանի վարումն ու արդիականացումը,
  8. Պետական գոյքի արդիւնաւէտ օգտագործման արդիւնքում ՀՀ պետական պիւտճէի մուտքերի աւելացումը,
  9. Պետութիւն-մասնաւոր հատուած գործընկերութեան ձեւաւորումը» (7):

Նախ` տեղեկագիրին ձեւը: Առաջին` տեղեկագիրը թուական չունի, թէ ե՛րբ պատրաստուած է: Երկրորդ` չէին թուագրուած վերեւ նշուած 9 կէտերը, որոնք ես թուագրեցի: Իսկ երրորդ` «Word» ծրագիրով գործածուած տառատեսակը` «GHEA Grapalat» էր, զոր չունէի, ու համակարգիչը փոխարինեց զայն բարակ, մանր ու ցանցառ 11 չափի, տառատեսակով մը: Թելադրելի է, ՀՀ պաշտօնական թղթակցութեան հետեւողներուն, իրենց համակարգիչներուն մէջ ներմուծել «GHEA Grapalat» եւ այլ տառատեսակներ, տես` կառավարութեան որոշումը այս մասին (8):

Ա. Առաջարկ (հին) (9). Որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր տեղեկագիրները աւելի ընթեռնլի, արհեստավարժ ու արդիւնաւէտ դառնան, նախընտրելի է օգտագործել որոնումի կարելիութեամբ համակարգչային «pdf» ծրագիրը: Խուսափիլ երկարաշունչ ու յոգնեցուցիչ վիպային շարադրական ոճէն` թուագրեալ կէտերու վերածելով պարբերութիւնները:

Թէեւ կարգ մը տեղեկագրեր գործածած են «pdf» ծրագիրը, սակայն նաեւ պէտք է օգտագործել «կապ»-ի դրութիւնը (hyperlink), որ կ՛առաջնորդէ տուեալ նիւթի մը մասին այլ տեղ գտնուող յաւելեալ տեղեկութեան: Այսպէս, օրինակ,` «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան առանցքային…»: «ՏՏ ոլորտով» ու «Թումօ» կեդրոններով հպարտացող, մեր երկրին` ընդհանրապէս անյարիր են համացանցային պետական տեղեկագրերը:

Տեղեկագիրին մէջ նշուած` «Ըստ էութեան, մասնաւորեցման գործընթացը Հայաստանի Հանրապետութիւնում մօտեցել է աւարտին» կը նշանակէ, թէ այլեւս սեփականաշնորհուելիք գոյք չէ մնացած, կամ թէ` որոշուած է կասեցնել սեփականաշնորհումը. յստակ չէ, թէ ո՛րն է պատճառը: «Անցած տարիներին ՀՀ-ում սեփականաշնորհուած է շուրջ 10 հազար «փոքր» գոյք, 2 հազար միջին եւ խոշոր ձեռնարկութիւն եւ 100-է աւելի անաւարտ շինարարութեան գոյք» (10):

Նախ` նշեալ վարչութենէն կը պահանջուի սահմանել ոչ բնակարանային գոյքերու վերաբերող չափերը, թէ ի՛նչ է տարողութիւնը «փոքր», «միջին» ու «խոշոր» արժեչափերուն գնահատականին` նիւթական արժէք, կալուածային տարածութիւն, վայր, ազգային-ռազմավարական արժէք եւ այլն: Այլ խօսքով,  օրինակի համար, արդեօք «փո՞քր» կը նկատուի 5-50 հազար տոլար եւ 30-300 քառակուսի մեթր տարածութեան առեւտրական կամ արտադրողական կալուած եւ այլն:

factories_101416

Սոյն վարչութեան առաջարկած` վերեւ նշուած էական 9 բարեփոխման կէտերէն պիտի առանձնացնեմ թիւ 5, 7 եւ 8-ը: «5. Պետական գոյքի օտարացման, վարձակալութեան եւ օգտագործման տրամադրման միջոցով պետական պիւտճէի դրամական մուտքերի աւելացումը»: Եթէ պայմանագրութեան մը հիման վրայ կատարուած է այս գործառնութիւնը, ինչպէ՞ս կարելի է դրամական մուտքերը աւելցնել, արդեօք սոյն խնդիրը կը վերաբերի՞ նոր սեփականաշնորհումի, որ սակայն, ըստ տեղեկագիրին, աւարտած է… Ութերորդի պարագային համանման է հարցադրումը. «8. Պետական գոյքի արդիւնաւէտ օգտագործման արդիւնքում ՀՀ պետական պիւտճէի մուտքերի աւելացումը»: Ինչպէ՞ս…

Հիմնականը ու անյետաձգելին եօթներորդի պարագան է. «Պետական գոյքի ամբողջական հաշուառումը, հաշուառման գրանցամատեանի վարումն ու արդիականացումը»:

Բ. Առաջարկ (նոր). Իբրեւ առաջնահերթ ու անյետաձգելի աշխատանք` այստեղ պէտք է աւելցնել նաեւ անոնց թուայնացումը ու հրապարակումը համացանցի միջոցով: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի 12 յօդուածներէն եօթներորդը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հարստութիւնը` հողը, ընդերքը, օդային տարածութիւնը, ջրային եւ այլ բնական պաշարները, տնտեսական, մտաւոր, մշակութային կարողութիւնները անոր ժողովուրդի սեփականութիւնն են» (11): Հայ ժողովուրդը, իբրեւ սեփականատէր, նուազագոյն պարագային պէտք է գիտնայ, թէ իրեն պատկանող կալուածները ովքեր իւրացուցած են` սկսելով 1991 թուականէն առաջին սեփականաշնորհեալէն մինչեւ վերջինը` նշուած շուրջ 12 հազար հարիւր «գոյքերու» մանրամասն պատկերը` հետեւեալ դասաւորումով եւ «Էքսել»-ի նման համակարգչային ծրագրով, որ ընթերցողին կարելիութիւնը կու տայ տեղեկութիւնները դասաւորելու թուականով, վայրով, արժէքով, փակուած գործարաններով… եւ այլն: Նախընտրելի է ցուցակները պատրաստել տարեկան գործառնութեան համաձայն, որպէսզի ունենանք 25 տարուան համապատասխանող 25 ցուցակ. Այսպէս` 1. Գոյքի անուն, 2. Վայր, 3. Թուական, 4. Նախկին գործածութիւն, 5. Ներկայ գործածութիւն, 6. Օգտագործող անձ, 7. Փոքր, միջին թէ խոշոր, 8. Ձեռքբերման փոխարժէք, 9. Այժմու փոխարժէք, 10. Նախկին աշխատաւորներու թիւ, 11. Այժմու աշխատաւորներու թիւ, 12. Այժմու օգտագործող, 13 Պետութեան հանդէպ պարտք, 14. Պետութեան վերադարձի թուական, 15. Յաւելեալ բացատրութիւն:

Ժողովուրդը կը բամբասէ ընդհանրապէս ծածկանուններու տէր անձերու մասին, որոնք իւրացուցած են այս գոյքերուն մեծամասնութիւնը: Եթէ նոր կառավարութիւնը իսկապէս պիտի պայքարի փտածութեան դէմ եւ ժողովուրդին վստահութիւնը պիտի շահի` հրապարակելէ ետք վերոնշեալ ցուցակները, պատասխանատուութեան պէտք է կանչէ բոլոր չարաշահողները` 1. Պետական անձինք, որոնք թոյլատրեցին չարաշահումները, եւ` 2. Չարաշահող սեփականատէրերը: Յատկապէս անոնք, որոնք թալանեցին ու փակեցին հազարաւոր գործարանները, եւ իբրեւ նուազագոյն պատիժ` այդ գործարանները պէտք է վերադարձուին պետութեան:

Վարչապետ Կարապետեան Ազգային ժողովին մէջ պետական պաշտօնեաներու մասին հարցումի մը պատասխանելով` ըսաւ. «Պէտք է անոնց մէջէն ընտրենք այն մարդիկը, որոնք առաքելութիւն կը կատարեն, եւ այսօր խօսիլ պետական ծառայողի աշխատավարձին մասին, երբ բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ կան, ճիշդ չ՛ըլլար» աւելցնելով, որ յառաջիկային պէտք է անդրադառնան պետական կառավարման կազմի արդիւնաւէտ աշխատանքի հարցին, հակառակ պարագային, որակեալ կառավարիչներ կարելի չէ ունենալ (12), (13):

Գ. Առաջարկ (հին) (13). Աշխատանքի հետ կապուած` առաջարկը գիտական է, որ կ՛ենթադրէ աշխարհագրական տուեալի մը սրբագրութիւնը: Հայաստանի ժամը, Կրինիչին համեմատած, պէտք է ըլլայ +3 եւ ոչ թէ +4, ինչպէս որ է ներկայիս: Երեւանը կը գտնուի զերօ ուղղահայեացէն 44 աստիճան եւ 30՛ դէպի արեւելք, իսկ իւրաքանչիւր 15 աստիճան կը համապատասխանէ մէկ ժամի, ուրեմն Երեւանը Կրինիչէն միայն 3 ժամ առաջ պէտք է ըլլայ: Նաեւ` Հայաստանի մէջ աշխատանքային պաշտօնական ժամը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի, ինչպէս որ է ընդհանրապէս ճարտարարուեստական զարգացած երկիրներուն մէջ, որ ճշդուած է մարդկային մարմնի ներքին` կենսաբանական «ժամացոյց»-ին հետ` նկատի առնելով արդիւնաբերութեան լաւագոյն ժամանակամիջոցը: Կարգ մը երկիրներ «ամառնային ժամանակացոյց» կը կիրարկեն` քանի մը ամիս ժամացոյցը մէկ ժամ առաջ տանելով, Հայաստանը ներկայիս մնայուն կերպով «ամառնային ժամանակացոյց»-ի մէջ կը գտնուի:

Վերջապէս, վարչապետին առաջին դրական քայլը կը նկատեմ, թող ներէ Արծուիկ Մինասեանը,

«էկոնոմիկայի» նախարարութեան անուանափոխութիւնը «տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան» գոնէ մէկ նախարարութեան անուն այսպիսով «հայացաւ»: Տակաւին կը սպասենք վեց նախարարութեանց եւ երկու մարմիններու, որոնց անունները եւս պէտք է «հայացուին» (14):

Բարի երթ ու բեղմնաւոր աշխատանք կը մաղթենք նոր կառավարութեան:

 

9 հոկտեմբեր 2016

——————————————-

(1) (http://www.gov.am/files/docs/1322.pdf )

(2) (http://www.gov.am/files/docs/1321.pdf )

(3) ( http://www.tert.am/am/news/2016/09/08/abrahamyan/2127431 )

(4) (http://www.aztagdaily.com/archives/318878 )

(5) (http://www.aztagdaily.com/archives/310121 )

(6) (http://www.aztagdaily.com/archives/316824 )

(7) (http://spm.am/am/hashvetvutyun/ )

(8) (https://www.e-gov.am/gov-decrees/item/18506/ ), (https://www.e-gov.am/u_files/file/decrees/kar/2010/09/10_1259.pdf )

(9) (http://www.aztagdaily.com/archives/273766 )

(10) ( http://spm.am/am/pgkdepatrmennts/mermasin/ )

(11) (http://www.gov.am/am/independence/ )

(12) (http://www.aztagdaily.com/archives/318608 )

(13) (http://www.aztagdaily.com/archives/285157 )

(14) (http://www.aztagdaily.com/archives/275607 )

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>