Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Մեսրոպեանը Կը Գործակցի The Little Engineer Կազմակերպութեան Հետ

$
0
0

mesrobian-1_101416

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարեշրջանին կը սկսի գործադրել աշակերտներու գիտական զարգացման ծրագիր մը` հանրայայտ The Little Engineer կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:

Սոյն ծրագրին մասնակից աշակերտները պիտի սորվին օգտագործել արհեստագիտական նորագոյն միջոցներ եւ անոնցմով պիտի պատրաստեն տարբեր արտադրութիւններ: Անոնք պիտի կազմեն մարդամեքենաներ, պիտի կատարեն եռաչափ տպագրութիւն (3D printing), պիտի սորվին համակարգչային ծրագրաւորման լեզուներ  եւ պիտի իրականացնեն զանազան այլ գիտափորձեր` ուսողութեան, ճարտարագիտութեան, վերարտադրուող ուժանիւթի, ելեկտրոնային եւ այլ ուղղութիւններով:

Ծրագիրը առայժմ ներառուած է Մեսրոպեանի շաբաթավերջի արտադասարանային աշխատանքներուն մէջ, որոնց աշակերտները կրնան մասնակցիլ տարիքային չորս տարբեր խումբերու մէջ` 6-18 տարեկան: Հետագային նախատեսուած է վարժարանին մէջ հաստատել աշակերտական առանձին ակումբ մը, որուն  անդամները պիտի հետեւին դասընթացքներու` The Little Engineer կազմակերպութեան մասնագէտներու հսկողութեան տակ: Նոյնպէս նախատեսուած է գիտելիքներու կարեւորագոյն բաղադրամասերը ներառել կրթական ընդհանուր ծրագրին մէջ:

10 հոկտեմբեր 2016-ին The Little Engineer կազմակերպութեան մասնագէտները այցելեցին Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունենալով աշակերտներուն հետ` անոնց ներկայացուցին այն տարբեր աշխատանքները, որոնք պիտի կատարուին նշեալ ծրագրով: Արտադասարանային միւս աշխատանքներուն պէս, The Little Engineer-ի դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթավերջին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>