Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԶ. Հատորին Շնորհահանդէսը Գիւմրիի Մէջ

$
0
0

haygazian_gyumri_92416

Շաբաթ, 24 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Գիւմրիի «Արաքս» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԶ. հատորին շնորհահանդէսը` Շիրակի Հայագիտական կեդրոնի կազմակերպած  գիտաժողովի ծիրին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ հայագէտներու, մտաւորականներու եւ բարեկամներու:

Արդարեւ, Շիրակի Հայագիտական կեդրոնը կազմակերպած էր «Շիրակի պատմամշակութային ժառանգութիւնը. հայագիտութեան արդի հիմնահարցեր» վերնագրեալ 9-րդ միջազգային գիտաժողովը, որ եռամեայ դրութեամբ կայացող հայագիտական հաւաք մըն է ու կը նպատակադրէ`  Ա) Գիւմրին պահել հայագիտական քարտէսին վրայ, Բ) Հայագիտական հետազօտութիւններու բեւեռ մը դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան գօտին,

Գ) Հայագիտական սերնդափոխութեան զարկ տալ, Դ) Կապեր զօդել տարբեր վայրերու Հայագէտներու հետ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան հարիւր մասնագէտներ, որոնք երկու օրերու ընթացքին հայագիտութեան հինգ տարբեր բնագաւառներու (հնագիտութիւն-մարդաբանութիւն-վիմագրութիւն, պատմագրութիւն-ժողովրդագրութիւն, ազգաբանութիւն, ճարտարապետութիւն-արուեստաբանութիւն եւ բանասիրութիւն) ուղիներով զուգահեռ նիստերով զեկոյցներ կարդացին մասնաւորաբար շրջանի հայագիտական երեւոյթներուն առնչութեամբ: Ահա այս ծիրին մէջ էր, որ շաբաթ երեկոյեան, առաջին օրուան նիստերուն աւարտին տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 36-րդ հատորին շնորհահանդէսը:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Շիրակ Հայագիտական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Սերգօ Հայրապետեան, աշխուժ եւ կազմակերպող հայագէտ մը, որուն յղացումն էին վերոյիշեալ ինն գիտաժողովները: Իր խօսքին մէջ ան ողջունեց հատորի շնորհահանդէսին կայացումը Գիւմրիի մէջ` ընդգծելով, որ նախորդ մէկուկէս տասնամեակին այս «համահայկական Հանդէս»-ին շնորհահանդէսները տեղի ունեցած են Երեւանի, Արցախի, Թիֆլիսի, Ջաւախքի, Գիւմրիի, Հալէպի եւ Պէյրութի զանազան գիտահետազօտական, համալսարանական թէ մշակութային ոստաններու մէջ: Հայրապետեան «Հանդէս»-ը նկատեց «հայագիտական իւրատեսակ շտեմարան` շեշտելով, որ ան «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ կարգախօսի իրականացման լաւագոյն օրինակներից մէկն է մեզանում»: Ան իր խօսքը փակելով` շեշտեց. «Սիրելի՛, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», քո գիտական բարձր վարկանիշով, վարակիչ հայրենասիրութեամբդ, հայ մշակոյթի նկատմամբ քո ակնածալից վերաբերմունքով, կոչմանդ ու նուիրումիդ վեհ գիտակցմամբ դու արժանիօրէն վայելում ես հայ, եւ ոչ միայն, ընթերցողիդ սէրն ու բարձր գնահատանքը: Շնորհաւոր քո նոր` 36-րդ հատորի ծնունդը…»:

Ապա խօսք առաւ «Հանդէս»-ի աշխատակից, կեդրոնի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Կարինէ Ալեքսանեանը, որ տարիներէ ի վեր ժրաջան աշխատակիցն է նաեւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ին: Ալեքսանեան լուսարձակի տակ առաւ «Հանդէս»-ի 36-րդ հատորին խմբագրականը, որ` «յստակ, արհեստականութիւնից զերծ  եւ գիտականօրէն սահմանում է հայագիտութեան վերջին 25 տարիների նուաճումներն ու մարտահրաւէրները` համարելով այն անհրաժեշտութիւն Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարուայ հանգրուանին հասնելուց յետոյ: Աւելի՛ն. «Հանդէս»-ը նոր էջ է նշանաւորում  հայագիտութեան զարգացման մէջ` ազդարարելով պետականագիտութեան, հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի եւ համաշխարհային նման իրավիճակների համեմատական ուսումնասիրութիւնների, ցեղասպանագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, եւ ընդհանրապէս հայոց հին ու նոր խնդիրների գիտական խորքային ուսումնասիրութիւնների  անհրաժեշտութեան մասին»:

Ալեքսանեան շեշտեց, որ «Հանդէս»-ը «ո՛չ միայն յստակեցնում է հայագիտութեան խնդիրները, այլ, որ ամենակարեւորն է, գործնականօրէն հետեւում է դրանց իրականացմանը: Խօսքը վերաբերում է նաեւ հայագէտների նոր սերնդի աճեցմանը, հայ մասնագէտների շփումներին… «Հանդէս»-ը հայագիտութեան մասնագէտների միջեւ համագործակցութեան նոր հարթակներ է ստեղծել, կոչել հայ կեանքը տնօրինող գործիչներին` գիտակցել  հայագիտութեան ռազմավարական նշանակութիւնը, որդեգրել հայագիտութեան սատարման քաղաքականութեան մշակման գործը…«Հանդէս»-ը մատը զարկերակին դրած` մշտապէս արձագանգել է հայոց  կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններին»:

Ապա Ալեքսանեան համառօտակի ներկայացուց 700 էջ հաշուող «Հանդէս»-ի 36-րդ հատորը` եզրակացնելով, որ` «հատորը հաւատարիմ է մնացել հայագիտութեան կարեւոր ճիւղերի` ցեղասպանագիտութեան եւ սփիւռքագիտութեան ուսումնասիրութիւնները խրախուսելուն… 36-րդ հատորը, կարեւոր խնդիր համարելով նիւթերի գիտականութեան ապահովումը, ճանաչողական, տեղեկատուական դրոյթներից վերլուծական, գիտական դրոյթների անցնելու անհրաժեշտութիւնը, համապարփակ մօտեցումը նիւթերին,   որոշակի տեղ է յատկացրել այժմէական տեսակէտից նախկին խնդիրների քննարկմանը նուիրուած հետազօտութիւններին: Պատահական չէ, որ վերջին 25 տարիների հայագիտութեան նուաճումների մէջ որոշակի է հէնց «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի դերը, որի` ընթերցողի սեղանին դրուած  36-րդ հատորը մի կարեւոր փորձ է յաղթահարելու  հայագիտութեան մարտահրաւէրները եւ իւրատեսակ փորձաքար` տեսնելու հայագիտութեան նուաճումները»:

Գիւմրիի Քաղաքային լարային հնգեակը, խմբավարութեամբ Գիւմրիի սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավար Երուանդ Վարոսեանի, մեկնաբանեց կոմիտասեան նուագներ, ապա խումբին միացած երիտասարդ երգչուհիին ընկերակցութեամբ կատարեց կոմիտասեան «Կանչիր կռունկ»-ը:

Իր խօսքին մէջ «Հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղար դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ակնարկելով սրահին մէջ գտնուող «Հանդէս»-ի շուրջ տասը աշխատակիցներու ներկայութեան` ընդգծեց գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ շեշտեց, որ «միասին մենք աւելի զօրաւոր ենք»` իբրեւ փաստ մատնանշելով հատորը եւ նոյնինքն այս գիտաժողովը:

Երգային կատարումէն ետք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայկազեան համալսարանի առաքելութեան, կատարած հայագիտական աշխատանքին ու ծաւալած կրթական գործունէութեան:

Ողջոյնի ու գնահատանքի ինքնաբուխ խօսքեր ըսին` Հայաստանի ԳԱԱ Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը, գրականագէտ դոկտ. Դաւիթ Գասպարեանը, Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի հիմնադիր դոկտ. Աշոտ Գրիգորեանը եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ դոկտ. Լալիկ Խաչատրեանը:

Շնորհահանդէսը առիթ եղաւ նոր շփումներու, մանաւանդ` Գիւմրիի եւ Վանաձորի հայագիտական շրջանակներուն հետ, նաեւ խորացնելու գործակցութիւնը գիտաժողովին մասնակցող հայագէտներուն  հետ` յօգուտ հայագիտութեան առաւել զարգացման:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>