ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Դրժուած «Խոստումը»
Ծանօթ .- Մօտիկ անցեալին հրապարակ հանուեցան երկու քարոզչական ժապաւէններ: Առաջինը` «Kervan 1915», որ պատուիրուած էր Թուրքիոյ «Միլլի կէօրիւշ» ուղղութեան տնտեսական թեւին կողմէ, իսկ երկրորդը` «Խոստումը», ֆինանսաւորած էր Քըրք Գրիգորեան: Յօդուածի առաջին մասը անդրադարձած էր թրքական ժապաւէնին:
Ցաւոտ տարելից մը Եւս.- 11 սեպտեմբերին Թորոնթոյի միջազգային փառատօնի մրցոյթային բաժինի ծիրին մէջ ցուցադրուեցաւ Թերրի Ճորճի բեմադրած «Խոստումը» (The Promise 134 վ.): Այս առաջին հոլիվուտեան ժապաւէնն է, որ կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան:
Ժապաւէնին բներգը «սիրային եռանկիւն» մըն է, զետեղուած` 1915-ի Եղեռնի խորապատկերին վրայ: Աւարտական տեսարանն է Մուսա Լերան հայերու փոխադրութիւնը ֆրանսական նաւերով: Ցուցադրութեան թուականը կը համընկնէր այդ հերոսամարտի աւարտին: Յիշենք, որ թրքական «Կարաւան»-ի նկարահանման առաջին օրը եւ վայրը կը համընկնէին Կիրասոնի բռնագաղթի թուականին: Գովազդային հնարամտութիւն:
Հայկական լրատուական միջոցները խանդավառ էին ցուցադրութեան նախօրէին: Բեմադրիչը 2004-ին նոյնինքն Թորոնթոյի փառատօնին ներկայացուցած էր իր «Հոթէլ Ռուանտա»-ն, որ կը խօսէր Թութսի փոքրամասնութեան ցեղասպանութեան մասին, եւ որ 14 մրցանակներ ստացած էր: Բայց այդտեղ կար շատ կարևոր հանգամանք մը: Ժապաւէնը կու գար, երբ այդ սպանդի յիշողութիւնը տակաւին թարմ էր: Հութու ցեղախումբին պատկանող շուրջ երկու հարիւր հազար հոգի գործօն մասնակցութիւն բերած էր սպանդին… Լրատուական միջոցներու շնորհիւ ամբողջ աշխարհը հանդիսատես դարձած էր ահաւոր տեսարաններու: Թերրի Ճորճ գիտցած էր շահարկել առիթը: Մրցանակները ունէին քաղաքական եւ բարոյական հիմնաւորում:
Ժապաւէնը ֆինանսաւորուած եւ արտադրուած է Քըրք Գրիգորեանի (1917-2015) «Սըրվայվըլ փիքչըրզ» (Գոյատեւման Ժապաւէններ) ընկերութեան կողմէ: Գրիգորեան թերեւս լաւատեսօրէն կը յուսար փորձուած ուղիէն ընթանալով ստանալ յաջող արդիւնքը: Բայց ի հեճուկս ծանօթ առածի, պատմութիւնը երբե՛ք չէ կրկնած ինքզինք (1):
Թ. Ճորճ, որուն բեմադրած 7 երկարամեթրաժ ժապաւէններէն հինգին բներգները լրատուական միջոցներու մէջ յոյժ աղմկալի եղած են, (Իրլանտա, Վիեթնամ, աղէտ եւ ցեղասպանութիւն) թղթակիցներուն յայտնած է, թէ «հայ համայնքը անկասկած պիտի ողջունէ այս ժապաւէնը» (2): Եւ իրօք, հայ լրատուական միջոցները ջերմօրէն ողջունեցին ժապաւէնը նախքան ցուցադրութիւնը, պարզապէս հիմնուած այն տուեալին վրայ, որ անոր խորապատկերը 1915-ն է…
«Խոստում»-ի ցուցադրութեան անմիջապէս յաջորդեց հայ – թուրք համացանցային (Internet Movie Database կամ IMDb) «քուէամարտ» մը: Ի սկզբանէ պարզ էր, որ քուէարկողներէն ոչ մէկը կրնար դիտած ըլլալ ժապաւէնը: Ոմանք թերեւս հարկ իսկ չեն զգացած դիտելու լոկ 2,5 վարկեան տեւող գովերիզը (trailer): Պարզ էր նաեւ, որ թուրքեր քանակական առաւելութիւն պիտի ունենային, մանաւանդ որ անոնց միացած էին իսլամական կարգերու ջատագով եւ այս օրերուն զօրակոչի կարգավիճակ ունեցող ոչ թուրք լայն զանգուածներ:
Ցուցադրութեան յաջորդեցին նաեւ արհեստավարժ քննադատներու եւ թղթակիցներու ակնարկները, որոնք զուսպ էին, նկատի առնելով ժապաւէնի ողբերգական բներգը: Այսուհանդերձ անոնցմէ եւ ոչ մէկը բարձր գնահատական տուաւ: Անոնք Թերրի Ճորճը թաքուն կամ բացայայտ ձեւով կը մեղադրեն ցեղասպանութեան հանդէպ մեղմ ասած անլուրջ մօտեցում ցուցաբերելով: «Հայաստանի Ազգային Կինոկենտրոն»-ի օրկան «Կինոաշխարհ» պարբերականը իր 22 սեպտ. 2016-ի թիւով արտատպած է կարգ մը հեղինակաւոր քննադատական յօդուածներ:
Դիպաշար.- Կու տամ հակիրճ նկարագրութիւն յաղագս այն ընթերցողին, որ չէ հետեւած որեւէ հայկական հաղորդումի: 1914 թուականն է: Միքայէլ դեղավաճառ մըն է Ալեքսանտրէթի աւաններէն մէկուն մէջ: Իր հարսնացուի հօրմէն 400 լիրա (մօտ 2,6 քիլոկրամ ոսկի) օժիտ կը ստանայ եւ կը մեկնի դէպի Պոլիս, բժշկութիւն ուսանելու համար: Ուշադի՛ր… կը խոստանայ վերադառնալ… բայց իր հօրեղբօր տան շեմէն ներս մտած պահուն իսկ կը սիրահարի գեղուհի Աննայի: Քիչ անց գիւղացի տղան եւ փարիզցի աղջիկը կը հասնին անկողին: Այո, Թ. Ճորճ չի սիրեր ժամանակ վատնել: Բայց Աննա (ի հարկէ) կապուած է ուրիշի մը` «Ասոշիէյթըտ փրես»-ի անվեհեր լրագրող Քրիսթոֆըրին (3): Մրցանակային արագութեամբ կ’ամբողջացայ սիրային եռանկիւն մը: Այդ եռանկիւնը իր օգտաշատութիւնը փաստած է բազմաթիւ յաջող ժապաւէններու մէջ, որոնց խորապատկերը պատերազմն է.- «Կան ուիտ տը ուինտ» (1939), «Քազապլանքա» (1942), «Տաքթըր Ժիվակօ» (1965), «Փըրլ Հարպըր» (2001) եւ կամ աղէտը, ինչպէս` «Թայթանիք» (1997) եւ «Լաւ ին տը Թայմ աֆ Քոլըրա» (2007)…: Նկատել, որ պատերազմն ու աղէտը բեմադրիչին բազմաթիւ առիթներ կրնան ստեղծել եռանկիւնի գլուխները միացնելու եւ բաժնելու համար: Առիթ կը ստեղծեն նաեւ հերոսներէն դերակատարներէն ոեւէ մէկը յանկարծ, ողբերգականօրէն բեմէն վերացնելու: Ինչո՞ւ չօգտագործել բազմիցս փորձուած այս «հանճարեղ» կաղապարը…
Միքայէլ կը բարեկամանայ նաեւ ազդեցիկ փաշայի մը զաւկին հետ, որ ուսանող դարձած է խուսափելու համար զինուորագրութենէ: Իմա` ռազմատենչ չէ: «Կը զինուորագրուի», սակայն, Միքայէլ: Հերոսը (ի հարկէ) կը յաջողի փախչիլ մահուան ճամբարէն, կը վերադառնայ հօրենական գիւղ եւ անտառին մէջ գաղտագողի կը յղիացնէ իր օրինաւոր կինը: Օսմանցիք կը սպաննեն ամբողջ ընտանիքը: Միքայէլ եւ Աննա փախստականներու խումբի մը հետ լեռ կը բարձրանան եւ կռիւ կը մղեն օսմանցիներու դէմ: Քրիստափոր եւ Աննա կ՛օգնեն, որ փախստականները հասնին ծովափ, ուր ֆրանսական նաւեր կը սպասեն: Աննա իր սէրը կը խոստովանի: Պահ մը ետք զիրենք փոխադրող նաւակը կ’ընկղմի եւ կը խեղդուի… ո՛չ, չկռահեցիք, կը խեղդուի Թայթանիքի… ներողութիւն, «Խոստում»-ի աղջի՛կը: Միքայէլ իր միակ զարմիկին հետ կը հասնի փրկութեան լաստ` Ամերիկա:
Ծանօթ.- Օսմանցին ժողովուրդ մըն էր, որ այս շրջաններու մէջ կ’ապրէր թրքական հանրապետութեան հռչակումէն առաջ: Օսմանցիք կը ծնէին կարմիր ֆէսերով եւ լայն սեւ պեխերով:
Արհեստագիտական.– Ժապաւէնը նկարուած է լայն պաստառի թուայնային (տիճիթըլ) գեր-յստակ ոսպնեակով: Այս կը ստեղծէ անիրական (վըրչուըլ), սթիւտիօ-պատկեր: Կարգ մը տեսարաններու շողշողուն գոյները նոյնպէս չեն նպաստեր պատմական մթնոլորտ ներշնչելու: Ընդհանուր առմամբ թուայնային հզօր միջոցներու համբակ գործադրումը նմանած է «արջի ողջագուրում»-ի:
Լալկան երաժշտութիւնը իր կարգին կը խրտչեցնէ արեւմտեան հանդիսատեսը: Հայաստանեան աղբիւրներ նշած էին, թէ այդ կը պատկանի Սերժ Թանքեանին: Ժապաւէնի անձագիրը, սակայն, կու տայ Կապրիէլ Եարէտի անունը: Անհաւանական կը նկատեմ, որ զայրացկոտ ռոք երաժիշտ մը յօրինած ըլլայ լալկան մեղեդիներ:
Հապճեպ մոնթաժը կը ձգէ բարոյական շինծու առակախօսութեան տպաւորութիւն: Հայ կալանաւոր մը կ’ըսէ թէ ինք հտպիտ մըն էր, որ ուրախութիւն կու տար մանուկներուն: Կալանաւորը կը սպաննուի վերջին բառը հազիւ դուրս եկած էր բերնէն: Զաւեշտական պիտի չըլլա՞յ եթէ ցոյց տանք մարդ մը, որ կը ծխէ, ապա որպէս քաղցկեղի զոհ անմիջապէս անշունչ կ’իյնայ դագաղի մը մէջ: Ի՞նչ նպատակի կրնայ ծառայել նման միամիտ պատճառականութիւն:
Խաղարկութիւնը աւելի քան ընդունելի է: Հոլիվուտեան ճարտարարուեստը մեծապէս կը յենի «աստղերու» համակարգին վրայ: Մինչդեռ բազմաթիւ հեղինակային բեմադրիչներ կ’օգտագործեն ոչ արհեստավարժ եւ ոչ գեղատեսիլ դերասաններ: Տագնապահար մանկամարդուհի մարմնաւորող գեղուհի Շարլոթ Լը Պոնի արտասուքները պարզապէս անդիմադրելի են: Օսքըր Այզաք (Միքայէլ) առանց ճիգի կարողացած է որդեգրել հայկական շեշտը: Կարողացած է նաեւ ցուցաբերել պայքարող ոգի: Չէ կարողացած, սակայն, բաւարար խանդ ցուցաբերել Շարլոթի հանդէպ: Ո՛չ, ո՛չ, ի հարկէ Թերի Ճորճ չէ մոռցած հայ դերասանները: Անժելա Սարաֆեան եւ Նազենի Յովհաննիսեան ունին երկրորդական դերեր:
Կռանող Մահիճը.– Յունական առասպելնեու մէջ կը տեսնուի Փրոքրուսթես (կռանող) անունով աւազակ մը, որ իր զոհերը կը սպաննէր անոնց հասակը «յարմարեցնելով» յատուկ պատրաստուած երկաթեայ մահիճի մը: Թերրի Ճորճի «մահիճը» եղած է հոլիվուտեան այն տեսութիւնը թէ.- «Բոլոր մեծ ժապաւէնները ասքեր են անհատներու մասին (4): Բարի, պահ մը ընդունինք այդ տեսակէտը: Հարցը այն է, որ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը դէպի անհատական հարցերու ուղղելով բեմադրիչը երկրորդ փլան կը մղէ խորապատկերը: «Թայթանիք»-ի բներգը ծովագնացութեան ապահովութիւնը չէր, այլ դասակարգային ոտնձգութեան համար տնօրինուած դաժան պատիժը: «Խոստումը», սակայն, կը յաւակնի լոյս սփռել պատմական ոճիրի մը վրայ: «Թերրի Ճորճ յոյժ կարեւոր նիւթ մը թաղած է խցկուած պատմութեան մը տակ», «Թորոնթօ ռիվիու»-ի էջերու վրայ կ’ըսէ Մ. Ն.-ու գլխաւոր քննադատը (5): Միթէ այս սրտցաւ խօսքերը ազրպէյճանական թէ՞զ կը պաշտպանեն: Նման կարծիքներ արտայայտած են բոլոր օտար արհեստավարժ շարժապատկերի քննադատները: Միթէ բոլո՞րը գործակալներ են:
Ժապաւէնի հիմնական թուլութիւնները հոլիվուտեան տգիտութիւնն ու ծանծաղամտութիւնն են: Զարգացած բեմադրիչներ գիտեն, որ արհաւիրքը անասելի է, կարելի չէ պատկերել, պէտք չէ «մօտաւորապէս» նմանակել: Ֆէսաւոր գազաններու կատարած խժդժութիւնները պարզապէս համոզիչ չեն, աւելի՛ն, հանդիսատեսի մօտ կը յառաջացնեն ոչ թէ սոսկում, այլ քմծիծաղ:
Հաշուեփակ.- Թերրի Ճորճ ամպիոններու վրայ բարոյական «բարձր ձի» է հեծած, որովհետեւ իր ժապաւէնը կ’ակնարկէ ցեղասպանութեան: Պարզ է, սակայն, որ այդ արարքով ինք անձնապէս ոչինչ վտանգած է: Յանձն առած է առանց ռիսքի գործարք մը: Նախ այն, որ արտադրութեան ծախսերը իրեն տրամադրուած էին արծաթէ ափսէի վրայ: Ապա այն, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ օրակարգի վրայ է տասնամեակներէ ի վեր: Թուրքիոյ մէջ հրապարակաւ իսկ ցուցադրուած են Էկոյեանի «Արարատ»-ի եւ Ֆաթիհ Աքընի «Հատում»-ի նման ժապաւէններ: Թաքսիմ հրապարակի վրայ թուրքեր ապրիլ 24 նշած են: Թ. Ճորճ «ուշացած մարգարէ» մըն է, կրնայ ցած գալ իր բարձր ձիէն:
Թուրքիոյ քաղաքական ուժերը պատուիրած են բազմաթիւ քարոզչական ժապաւէններ: Այդ ժապաւէններէն ոմանք, ինչպէս «Վերջին նամակը», ցուցադրուած են Լիբանանի մէջ: Այս նիւթին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (6): Ի դէպ այդ գործերը այնքան ձախաւեր են, որ քննադատներու կողմէ ծանակուած են նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: «Կարաւան 1915» իսլամական ներդրում է այդ ձախաւեր շարքին: Թուրք քննադատներէն ոչ մէկը սոսկում զգացած է ի տես քէչափաթաթախ որբուկին եւ անոր մահացած տատիկի քաջառողջ դիակին: Անոնք խորհուրդ տուած են նիւթական միջոցները գործածել աւելի խելամիտ կերպով:
Հարիւրամեակի առիթով հրապարակ ելան բազմաթիւ պատեհապաշտ, անորակ ժապաւԷններ եւ արուեստի այլ գործեր: Հայ լրատուական միջոցները պարտի՞ն անսակարկ ջատագովել բոլորը:
(Շար. 2 եւ վերջ)
——————————————-
1.- Տարուան եղանակներու նման կրկնուող պատմութեան «շրջանային տեսութեան» (Cyclical theory) առաջին արձանագրութիւնը կը պատկանի «պատմահայր» Հերոդոտոսի, 5-րդ դար, ն. ք. :
2.- Tobias Burns, The Hollywood Reporter, 9/13/2016
3.- Ընտրութիւնը աւելի քան զարմանալի է, որովհետեւ «Ասոշիէյթըտ փրէս» «չէզոք» կեցուածք որդեգրած է Օսմանեան պետութեան արարքները որպէս ցեղասպանութիւն որակելու հարցին մէջ:
4.- «Փան Արմինիըն», 8 սեպտեմբեր 2016:
5.- Tim Grierson, «The Promise»: Toronto Review, 12 Sep., 2016:
6.- «Թրքական շարժապատկերը Սան Սթեֆանոյէն մինչեւ Ֆեթհուլլա Կիւլէն», «Ազդակ» բացառիկ, Նոր տարի 2016: