Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պապական Կոչ` Պաքուէն

$
0
0

khemp4_101016

Երբ Ֆրանչիսկոս պապն ու իր պաշտօնական պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը էջք կատարեց Պաքուի օդակայան, դիմաւորելու եկած էր երկրի փոխվարչապետ Ալի Հասանովը: Հոն չէր գտնուեր երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը, ոչ ալ` հլու կամակատար իր մօտիկ շրջանակը:

Նմանօրինակ ընդունելութիւն կարելի՞ է նկատել բարձրաստիճան կամ առաջին կարգի: Բնականաբար յստակ էր Ալիեւի պատգամը: Քիչ մըն ալ եթէ պրպտումներ կատարուին, եւ մանրամասնութիւններու երթանք, տեղին է նշել, թէ նոյնինքն փոխվարչապետ Հասանովը միեւնոյն ժամանակ տեղահանուած եւ գաղթական տեղացիներով զբաղող պետական խորհուրդի նախագահն է:

Դեռ յստակ չեն դիմաւորման առաջին վայրկեաններուն կատարուած փրոթոգոլային զրոյցին մանրամասնութիւնները, սակայն վստահաբար Հասանովը աղաւաղուած ձեւով եւ բացատրութիւններով կրցած է շուտով արծարծել Արցախի հիմնահարցը:

Մինչ այդ, առ ի պատրաստութիւն պապի այցին, նախագահ Ալիեւ արդէն իսկ յայտարարած էր, որ Արցախի խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումով:

Հետագային, Ալիեւի հետ տեսակցութեան ժամանակ, կրկին արծարծուած էր Արցախի հիմնահարցը, եւ  այդ առիթով Ֆրանչիսկոս պապը զուսպ արտայայտութիւն մը կատարած էր` շեշտելով, որ` «Ազրպէյճան ժամանելով հասկցայ, թէ որքա՛ն մարդ կը տառապի այս արիւնալի հակամարտութեան պատճառով: Կ՛ուզեմ, որ միջազգային հանրութիւնը աջակցութիւն ցուցաբերէ, որպէսզի խաղաղութիւն վերահաստատուի այս տարածաշրջանին մէջ, ուր կը հանդիպին Արեւելքն ու Արեւմուտքը»: Նշենք, թէ նմանօրինակ չափաւորական արտայայտութիւն, որ բնական երեւոյթ մըն է նմանօրինակ այցելութիւններու ընթացքին, կատարուած էր նաեւ քանի մը օր առաջ, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս պապը անդրադարձած էր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մասին` շեշտելով, որ անպայման պէտք է   յարգուին միջազգային օրէնքն ու ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան իրաւունքը:

Պաքուի օդակայան ժամանած էին նաեւ կարգ մը տեղացի այլախոհներ, կամ աւելի ճիշդը` ընդդիմադիր ճակատին մնացորդացը, որոնք շատ բան կը սպասէին, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան պապէն:

Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, պարզապէս խօսակցութեան ընդմէջէն անուղղակիօրէն անդրադարձաւ մարդկային իրաւունքներուն:

Արդեօք յուսախա՞բ եղան ընդդիմադիրները: Հարցադրում մը, որ ուղղեցին միջազգային ոչ կառավարական հիմնարկներ:

Պապի այցելութիւնը տեւեց հազիւ տաս ժամ… երկրի մը մէջ, ուր կաթողիկէ դաւանանքի պատկանող հաւատացեալներու թիւը չի գերազանցեր չորս հարիւրը:

Պաքուի մէջ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ հաւաքի ժամանակ խօսք ուղղելով` Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց. «Քա՛ջ եղէք, առանց վախի, յառա՛ջ ընթացէք»:

Տեղւոյն չորս հարիւր հաշուող կաթողիկէ յարանուանութեան անդամներուն կողքին կը գտնուէին նոյնքան թիւով տեղացիներ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>