Զ. Թ.
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք այս գրութիւնը, որ պատրաստուած է Թեհրանի «Ալիք»-ի 85-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութեան ընթացքին:
Անմահ հայ հերոսներու փաղանգին մաս կազմող Եփրեմ Խանը (1868-1912) թաղուած է Թեհրանի Հայկազեան (այժմ` Դաւթեան) դպրոցի բակին մէջ: Անոր տպաւորիչ յուշարձանն ալ կանգնած է Թեհրանի Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Սակայն այս բոլորէն աւելի, ամէնէն հետաքրքրականը անոր անձնական ինչքերը, իրերն ու առարկաներն են, որոնք կը գտնուին Սպահանի
առաջնորդարանի թանգարանին մէջ:
Թանգարանի երկրորդ յարկ բարձրանալով եւ դէպի ձախ թեքելով` այցելուն շուտով կը նկատէ հերոսին արձանն ու յատուկ ապակեպատ ցուցասեղանի մը վրայ տեղադրուած հերոսին անձնական իրերն ու առարկաները:
Պատմական էջեր նկարագրող եւ դէպի հարուստ անցեալ մը փոխադրող պիտոյքներ:
Երեւակայութիւն ներշնչող եւ յուշեր յառաջացնող ակնթարթներ:
Հոն էին այդ հսկային զգեստն ու իւրայատուկ փափախը, որոնք կը մատնէին Եփրեմ Խան տիպարը:
Տիպար մը, որ գրեթէ մանկութիւն չունէր: Լոյս աշխարհ չժամանած` ան կորսնցուցած էր հայրը: Մօր մը մէկ հատիկը` փոքրիկն Եփրեմ Դաւթեանց, հակառակ խելացի աշակերտ մը ըլլալուն, ըմբոստ նկարագրի տէր, հեռացաւ իր ծննդավայր Գանձակէն (այժմ Ազրպէյճան) եւ հազիւ 17 գարուններ բոլորած` միացաւ առաջին հայ յեղափոխականներու հայդուկային շարժումին: Հաւանաբար դեռ այդ փափախը իր տրամադրութեան տակ չէր, երբ ան գործուղուեցաւ Վան, Էրզրում, Սասուն եւ Մուշ: Այս վերջին շրջանի Սուրբ Կարապետ վանքի մօտակայքը, դեռ քսան տարիքը չբոլորած, Եփրեմ Խան ցոյց տուաւ իր մարտունակութիւնը, խիզախութիւնն ու խոյանքը:
Միեւնոյն ցուցասեղանին վրայ տեղադրուած են փոքր տարիքէն ՀՅ Դաշնակցութեան անդամակցած Եփրեմ Խանի սուինները, դաշոյններն ու սուրերը` զանազան տեսակի, փոքրէն մեծ եւ թեթեւէն ամէնէն ծանր կշռողը:
Երիտասարդ Եփրեմ Խան, Յունոյի հրամանատարութեան տակ, իբրեւ տասնապետ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին, որ կը յատկանշուի հայ յեղափոխութեան պատմութեան մէջ որպէս զէնքի միջոցով հայ ժողովուրդի պատիւը պաշտպանելու իր տեսակին մէջ անդրանիկ փորձ: Խանի կողքին կային նաեւ հետագային պատմութիւն կերտած այլ տիպարներ եւս, որոնց կարգին` յատկապէս Քեռին:
Տարիներ ետք, 1897-ին, Եփրեմ իր մասնակցութիւնը բերաւ այլ կարեւոր արշաւանքի մը` Խանասորին, իբրեւ ձիաւոր խումբի տասնապետ: Անոր անմիջական պատասխանատուն էր Սեւքարեցի Սագոն: Իսկ Խանի կողքին, քիւրտ մազրիկ ցեղը պատժելու այդ հերոսական արշաւանքին, մաս կը կազմէին նաեւ հրամանատար եւ օգնական հրամանատար` Վարդան եւ Իշխան Արղութեան եւ անշուշտ այս արշաւանքը մտայղացող Նիկոլ Դումանը:
Այո՛, հոն այդ ցուցասեղանին վրայ հանգչած փափախը կը յուշէր, որ Եփրեմ Խան եկած էր վրէժը լուծելու աւելի քան երեք հարիւր երիտասարդներու նահատակութեան: Միջանկեալ, Խանասորի արշաւանքը չպատահած, այլ դէպք մը, սխրանք մը, որ նոյնքան յիշատակելի է եւ ցոյց կու տայ այս հերոսին խիզախութիւնն ու պայքարելու կամքը, նաեւ` հեռատեսութիւնն ու դիտելու եւ հետեւելու կարողութիւնները: Այսպէս, Սարգիս Կուկունեանի արշաւախումբին դէմ ցարական իշխանութեան հալածանքը պատճառ դարձաւ, որ անչափահաս Եփրեմ, Կարսի մէջ բանտարկուելէ եւ դատուելէ ետք, հինգ տարուան աքսորի դատապարտուի հեռաւոր Սիպերիոյ Սախալին կղզիները:
Հո՛ն, ցուցասեղանին վրայ տեղադրուած հեռադիտակն ու իւրայատուկ ակնոցը կը փաստէին, որ հերոս Եփրեմ Խան որքան հետեւելու, հետապնդելու եւ գործադրելու կարողութիւնը ունէր:
Արդարեւ, 1892-ին, աքսորուած, ան շարունակ մտածեց, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր խոյս տալ այդ հեռաւոր աշխարհի մէկ բեւեռային անկիւնէն: Այսպէս, ան շաբաթներ ու ամիսներ գաղտնօրէն գործելով` իրեն նման մէկ հայ եւ երեք ռուս աքսորուած բանտարկեալներու հետ կազմեց գերաններով ամրացուած ու պատրաստուած լաստ մը եւ վիթխարի Ամուր գետը նետուելով` խոյս տուաւ այդ զզուելի աքսորէն:
Ի՜նչ «Տը կրէյթ էսքէյփ», ի՜նչ «Էսքէյփ ֆրամ ալքաթրազ»: Կարելի չէ բաղդատութիւն կատարել:
Եփրեմ Խան եւ իր ընկերները քանի մը ժամ տեւողութիւն ունեցող լեռ ու ձորէն կամ փրփրադէզ ալիքներէն աւելի ահաւոր ոդիսական մը ապրած էին, որ տեւած էր գրեթէ երեք ամիս: Կարեւորը` այդ ամրակուռ լաստն ու գերանները կրցած էին Ամուր գետին պարտադրած բնական դժուարութիւնները յաղթահարել եւ վերստին հայրենիք փոխադրել Եփրեմ Խանը:
Ափսո՜ս, այդ պատմական ցուցասեղանին վրայ չկային այդ արկածախնդրական փախուստի մակոյկէն գերանի կտոր կամ նաւարկող թիերէն մէկը: Նաեւ` չկային Խանի ուսուցչական գործունէութէնէն յուշերը: Հազիւ վերադարձած սախալինեան այս ոդիսականէն, լաւապէս տիրապետած ըլլալով հայերէն, պարսկերէն, թրքերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն, ան գործուղուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններ` իբրեւ ուսուցիչ-գործիչ:
Իր պարտականութիւնն էր հայ երիտասարդութիւնը թրծել հայրենասիրութեամբ եւ «Դէպի Երկիր» կարգախօսով, ապա` զանոնք գործուղել զանազան շրջաններ: Միեւնոյն պարտականութիւնը ան շարունակեց Ատրպատականի մէջ, ուր Թաւրիզի ճամբով սահման ժամանող երիտասարդ յեղափոխականներու հետ շարունակ գործեց:
Ցուցադրուած սեղանին վրայ տեղադրուած են Խանի կօշիկներն ու անթացուպը:
Այսպէս, ան նաեւ մօտէն հետեւեցաւ այդ օրերու Պարսկաստանի անցուդարձերուն: Վիեննայի մէջ ՀՅԴ Դ. ընդհանուր ժողովը որոշեց ամբողջական մասնակցութիւն բերել Իրանի սահմանադրական շարժումին: Այս գործին «գլուխ»-ներ նշանակուած էին Ռոստոմ եւ նոյնինքն Եփրեմ Խան, որ շուտով գործի լծուեցաւ եւ իր փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ տեղացի երիտասարդ յեղափոխականներուն:
… Այժմ անգործութեան մատնուած է ցուցասեղանին վրայ տեղադրուած Խանի մաուզեր ատրճանակը, որուն խողովակներն ու փաշփշտակալը անխնայօրէն գործածուած էին: 1908-ի գարնան բախումները սկսան շահի բռնապետական ուժերուն հետ, եւ Իրանի հակասահմանադրական ուժերը պարտուեցան ու ջախջախուեցան: Այդ սահմանադրական ուժերու ընդհանուր հրամանատարն էր Եփրեմ Խան:
Այդ ցուցասեղանին դիմաց ապշած ու կեցած էի աւելի քան կէս ժամ, որուն ընթացքին վերոյիշեալ դէպքերը յիշած էի: Ժամանակն էր թանգարանէն հեռանալու եւ այցելելու հարուստ պատմութիւն ունեցող Սպահանի այլ վայրեր:
Վերջին ակնարկ մը` այդ գոյքերուն եւ արձանին: Եփրեմ Խան դաւադրաբար սպաննուեցաւ մայիս 1912-ին, երբ սահմանադրական ուժերուն հետ կը շարունակէր իր յաղթական երթը: Վիրաւոր զինակիցի օգնութեան փութալու ընթացքին ընկերասէր եւ երախտապարտ Եփրեմ Խան ստացաւ մահացու վէրք մը եւ այսպէս տարիներ շարունակ վահանի ետին պայքարելով` այս անգամ անշունչ վահանի վրայ յանձնուեցաւ հողին:
Հոն, ցուցասեղանին վրայ, պարապ էր ձախին զետեղուած ըմպանակը: Եփրեմ Խան դեռ որքա՜ն ծարաւ ունէր խոյալու եւ յաղթանակներ կերտելու…
Այդ օր շարունակ մտքիս մէջ անմոռանալի էր Սպահանի առաջնորդարանի թանգարանի երկրորդ յարկի Եփրեմ Խանի վերապահուած անկիւնը: Դեռ ալ դառն են յուշերը, ըստ երեւոյթին, իր ժամացոյցին նման, իմ ժամացոյցս ալ կանգ առած է պատմութեան այդ օրուան էջերուն մէջ: