ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պոլսահայութեան հաշուոյն անձնական փորձառութեամբ, Միջին Արեւելքի եւ հետզհետէ Եւրոպայի հաշուոյն ալ դիտումներու հետեւելով` կրնանք ըսել, թէ հայ ժողովուրդի վերջին քանի մը տասնամեակներու կարեւոր հարցադրումը ձեւաւորուած է «երթալ»-ու եւ «մնալ»-ու շուրջ:
Թերեւս ալ ազգային յատկութիւն մըն է, որ հայը Անի քաղաքի կործանումէն ի վեր, պատմականօրէն երթալու հակում մը ունեցած է:
Հայրենի երկրին նկատմամբ զգացական կապը չէ կրցած արգելք ըլլալ հայ շինականին, որ ան պանդուխտի ցուպը միշտ ձեռին ունենայ:
Անհասկանալի հակասութիւն մը կայ այս գործին մէջ: Մենք Անի քաղաքին գովքը հիւսող բոլոր երգերը յօրինած ենք զայն լքելէ ետք: Սասնայ գաւառը փառաբանող երգերու կարեւոր մէկ մասը հիւսուած է ո՛չ թէ Սասունի, այլ սասունցիներու նոր օրրան` Հայաստանի Թալինի շրջանին մէջ: Նոյնանուն երգին պատճառով համազգային դարձած «Գետաշէն» գիւղին անունն իսկ պիտի չիմանայինք, եթէ զայն կորսնցուցած չըլլայինք:
Այս օրինակները կը յուշեն ուրիշ իրողութիւն մը, քանի որ յաճախ ակամայ հեռացած ենք մեր հարազատ օրրաններէն, նոյնիսկ հայրենիքէն` Արեւմտեան Հայաստանէն: Այսօր ոչ ոք կրնայ մեղադրել Հալէպի հայութիւնը իր երկիրը լքելու մէջ: Բայց անդին կան հալէպահայեր, որոնք յամառ պայքար կը տանին այդ կործանած քաղաքին մէջ կեանքը վերականգնելու համար: Եւ կարծեմ` պարտաւոր ենք իրենց այդ կամքը գնահատելու: Մեծ անխղճութիւն է ըսել` «Այդտեղ ի՞նչ գործ ունիք, Ամերիկա կամ Եւրոպա (այսինքն` դէպի ուծացում) գաղթեցէք»:
«Քարը իր տեղը ծանր է», կ՛ըսէ թրքական առածը: Իսկ մայրս կը սիրէր այդ իմաստով հայեցի տարբերակը գործածել` «Ծառը իր ճիւղերով կը խայտայ» ըսելով: Տեղաշարժով` քարը կը կորսնցնէ ծանրութիւնը, իսկ ծառը կը զրկուի ճիւղերէն:
Թուրքիոյ ներկայ անկայուն, նոյնիսկ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ անգամ մը եւս օրակարգի եկած է երթալ-մնալու խնդիրը: Դարձեալ մտահոգութիւնը ուղղուած է նորահաս սերունդին:
«Գոնէ անոնք ազատին» ճարահատութիւնը աւելի յաճախ կը լսուի առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ: «Ազատիլ»-ը` սեփական մորթը փրկելով սահմանած միտքը ահա այսպէս դիւրաւ կը բռնէ օտարութեան ծովը տանող ճամբան:
Ազատելու աւելի հաստատ ճամբան կը մատնանշէ հայ ազգի պարծանք բանաստեղծը` Պարոյր Սեւակ. «Թշնամու կողը մխրճուել»: Կողը մխրճիլ Ճենկիզ Խանին, կողը մխրճիլ Լենկ Թիմուրին, կողը մխրճիլ Էնվերին, Թալէաթին, անոնց մերօրեայ շառաւիղներուն:
Յիմարութիւն է չարին գթութեան ապաւինել: Նազըմ Հիքմեթ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ. «Նապաստակը ոչ թէ վախնալուն համար կը փախչի, այլ փախչելուն համար կը վախնայ»: Դարձեալ դիմենք թրքական առակին. «Վախը կեանք չի փրկեր»:
Այս իրողութեան վառ ապացոյցը ամէն օր կ՛ապրուի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ: Ռոժավայի, Քոպանէի մէջ մարդիկ, այր կամ կին, պատանի կամ ծեր, ամբողջ ժողովուրդ մը կը դիմադրէ մեր ժամանակներու ամենաբարբարոս աւազակախումբին դէմ: Անշուշտ որ այդ դիմադրութիւնը կը խլէ բազմաթիւ կեանքեր, բայց երկրին կը պարգեւէ ապագայ:
Նժարի վրայ են սեփական մորթը փրկելու համար փախուստ տուողները եւ հայրենիքը պաշտպանելու համար Քոպանէի կամ Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ ինկողները: Ահա՛ տիեզերական երեւոյթ մը, որուն համար Պարոյր Սեւակ կ՛ըսէ. «Մարդ կայ` աշխարհն է շալակած տանում, մարդ էլ կայ` ելել է շալակն աշխարհի»: