Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խաչօ՞, Թէ՞ Չալօ

$
0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Տիկին Անուշ իր ընտանիքին անդամներուն բուռն փափաքին ընդառաջելով` ի վերջոյ կ՛ընդունի պզտիկ շնիկ մը բերել տունը: Անուշին ամուսինը եւ զաւակները գիրկէ գիրկ  կը սիրեն, կը շոյեն նոր հիւրը` Չալոն: Ընտանիքի անդամներուն միջեւ նոյնիսկ հարց կը ծագի շնիկը պտոյտի տանելու առաջնահերթութեան համար:

Մէկ տարի վերջ Անուշին ընտանիքը Չալոյին տարեդարձը կը տօնէ կարկանդակով մը: Օր մը, գիշերով, տիկին Անուշին ընտանիքին բոլոր անդամներուն բացակայութեան, Չալոյին հաջոցը կը հեռացնէ խուճապահար գողը, որ եկած էր տունը գողնալու: Իրապէս Չալոն ալ տան շատ սիրելի անդամներէն մին էր:

Տարիներ ետք տիկին Անուշին ընտանիքի անդամներուն վարուելակերպը կը փոխուի Չալոյին նկատմամբ: Շունը պտտցնելու պարտականութիւնը ա՛լ բեռ մըն էր տնացիներուն համար: Ամէն մարդ զբաղած էր: Չալոյին հաջոցը այլեւս անտանելի եւ զզուելի էր բոլորին, իսկ զայն կերակրելը` աւելորդ ծախս:

Օր մը տիկին Անուշ Չալոն կը դնէ ինքնաշարժին մէջ ու կը քշէ դէպի լեռները, պուրակի մը ծառերուն շուքին տիկին Անուշ Չալոյին փառաւոր ճաշ մը կը փռէ գետինը: Չալօ մեծ ուրախութեամբ պոչը շարժելով կը սկսի լափել իրեն մեծ յարգանքով եւ սիրուն խօսքերով հրամցուած ճաշը: Ճաշը լափելէ ետք հարկ էր, որ Չալոն իր տիրոջ` Անուշին շնորհակալութիւն յայտնէր` անոր շուրջը ցատկելով, լզվռտելով: Չալօ գլուխը կը վերցնէ վեր, կը դիտէ շուրջը, կը շրջի պուրակին մէջ, Անուշը կը փնտռէ ամէն դի: Զարմանալի՛, Անուշը չկա՜ր: Չալոն կը նստի գետին, ծառի մը շուքին ու կ՛ըմբռնէ պատահարը, դունչը կը զետեղէ թաթերուն մէջ, եւ աչքերէն հոսող արցունքները կը բացատրեն իրեն այս ուրախ պտոյտին տխուր բաժանման վիշտը:

Ի՜նչ զուգադիպութիւն, մեր փողոցին աղբանոցին պարկերը խառնող Խաչոյին ալ Չալոյին պէս գիրկէ գիրկ սիրեր են, շփացուցեր են, տարեդարձը տօներ են, օր մըն ալ առանց անուշ խօսքերուն եւ փառաւոր ճաշի` տունէն դուրս դրեր են զինք` մեր այս վայրի աշխարհի մեծ անտառին մէջ, ուր միայն աղբանոցներն ու մայթերը կ՛ընդունին զինք:

Մի՛ նեղուիր, Չալօ՛: Քեզի պատահածը Խաչոյին ալ պատահեր է: Աստուած քեզի լեզու տուած չէ խօսելու, հասկցուելու համար, բայց Խաչոյին լեզու եւ խելք ալ տուեր է հասկցուելու համար, բայց ո՛չ զինք մտիկ ընող կայ, ո՛չ ալ հասկցող:

Յանցաւորը դո՛ւն ես, Խաչօ՛, արդեօք Չալօ ծնիլը աւելի լա՞ւ էր:

19-9-2016
Լիբանան  


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>