ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ա.- Շքերթ Ընդ Հովանեաւ.- «Քերվան 1915»
Ծանօթ.- Մօտիկ անցեալին Կիրասոնէն «փող ու թմբուկով» հրապարակ հանուեցան երկու քարոզչական ժապաւէններ: Առաջինը` «Kervan 1915», պատուիրուած էր Թուրքիոյ «Միլլի կէօրիւշ»-ի («Թիւրք-իսլամ սենթեզ», կրօնա-ազգային համոյթի հայեցակարգ) (1) տնտեսական թեւին կողմէ, իսկ երկրորդը` «Խոստումը», պատուիրած էր Քըրք Գրիգորեանի հոլիվուտեան շարժապատկերի ընկերութիւնը: Բախտաւոր բեմադրիչները ընտրուած էին ըստ այդ հոլտինկները (2) տնօրինող անձերու հայեցողութեան: Այժմ փորձենք տեսնել, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է թրքական պատուէրը եւ որքա՞ն նպաստաւոր` հոլիվուտեանը:
Նենգամիտ Կարաւան.- 27 յունիս 2016-ին ծովափնեայ փոքրիկ Կիրասոնէն (տես կողքի քարտէսը) մեծ աղմուկով դէպի հարաւ ճամբայ ելաւ բեռնատար ինքնաշարժներու շարասիւն մը, որուն երկարութիւնն էր ոչ նուազ քան մէկուկէս քիլոմեթր: Երկու հազարանոց խումբը զինուած էր շարժապատկերի ճարտարագիտութեան «վերջին-սերունդ» միջոցներով (3), ինչպէս եւ համալրուած` հարիւր գրաստով: Երթի ընթացքին կը փակուէին մայրուղիները: Շրջաններու բոլոր պանդոկները կը յատկացուէին անձնակազմին: Շքերթը կ’առաջնորդէր բազմավաստակ թուրք բեմադրիչ Իսմայիլ Կիւնեշ: Նկարահանումներ կատարուեցան ինը աւաններու եւ քաղաքներու մէջ: «Kervan 2015» (120 վ.) ժապաւէնի ցուցադրութիւնը պիտի սկսի 2016 հոկտ. 7-ին:
Ըստ տեղական մամուլի արխիւին, 27 յունիս 2015-ին Կիրասոնէն դուրս բերուած է շուրջ 200 հոգինոց կարաւան մը, որ բաղկացած էր հայ կիներէ եւ մանուկներէ: Տղամարդոց ճակատագիրը յիշելու հարկ չկար: Կարաւանը պէտք էր կանխապէս որոշուած ուղեգծով շարժէր դէպի տարագրութեան վարչական կեդրոն Սեբաստիա (Սվազ): Ըստ բեմադրիչին, «տեղափոխութեան գործարք»-ը յանձն առած է վեհանձն ջորեպան Սալիհ (շարժապատկերին մէջ` Սելիմ): Նաեւ, ըստ բեմադրիչին, օսմանեան պետութիւնը իւրաքանչիւր անձի «փոխադրութեան» համար յօժարած է վճարել հինգ մեճիտիյէ: Այդ գումարին գնողական արժէքը այսօր կը համապատասխանէ շուրջ… եօթը հարիւր տոլարի: Քանի անգամ աւելի սուղ, քան կը գանձեն զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները այսօր: Ապշած էք, չէ՞:
Ուղղամիտ Սելիմ (= Անաղարտ) գիտէր, որ կարաւաններ յարձակումի կ’ենթարկուին: Կ’որոշէ դուրս գալ որոշուած ուղեգիծէն… (շարունակելի):
Բեմադրիչը.- Իսմայիլ Կիւնեշ (1961, Սամսոն, ) աւարտած է գրականութեան ճիւղը: 1982-1986 ընթացքին եղած է լրագրող: Բեմադրիչներու միութեան փոխնախագահն է, ինչպէս նաեւ` Շարժապատկերի հեղինակային տէրերու վարչութեան (Սինէպիր) նախագահը: Բեմադրած Է աւելի քան երեսուն ժապաւէն եւ հեռուստատեսային սերիալ: Ստացած է ութ մրցանակներ, որոնցմէ կ’ուզեմ մասնաւորել «Մեվլանա» (4) ոսկէ մետալը (1999): Այդ մրցանակը կը շնորհէ իր կեդրոնը Գոնիա հաստատած «Քոմպասսան հոլտինկ»-ը, որ «Միլլի կէօրիւշ»-ի տնտեսական ողնայարը կը սեպուի: Կիւնեշ իսկապէս արժանի է այս մրցանակին, որովհետեւ 1991-2008 շրջանին բեմադրած ժապաւէններէն հինգը բացայայտ կրօնական բներգներ ունէին: «Սեւ փիլոնով մարդը», 1992, «Հինգերորդ տարածաչափ» (Besinci Boyut, Մովսէս մարգարէ) 1993, «Վէյսել քերանի հազրեթի» (5) 1993 եւ աղմուկ բարձրացուցած «Իմամը», 2005, որ կը խօսէր այդ շրջանին քաղաքական հակաճառութեան թէժ օրակարգի վրայ գտնուող «Իմամ Հաթիպ» կրօնական վարժարանէ շրջանաւարտի մը մասին, որ «չի նմանիր» միւս շրջանաւարտներուն (իմա՛ իսլամականներուն), եւ որ պարագաներու բերմամբ «ակամայ» կը պարտադրուի դառնալ գիւղական հաւաքականութեան մը առաջնորդը: Ժապաւէնը պատրաստուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան հասնելէ անմիջապէս ետք: Ակնյայտօրէն քաղաքական-ջատագովական է:
Կիւնեշ ունի նաեւ երեք այլ ժապաւէններ, որոնք կ’օգնեն հասկնալու իր անձին ընտրութիւնը. «Չիզմէ» (մոյկ, 1991), «Այնտեղ ուր վարդ չկայ» («Կիւլիւն պիթթի՛ի եէր», 1998) եւ «Կանգնի՛ր ճամբորդ» («Տո՛ւր եոլճու», 2008), որոնք «հայրենասիրական» են, բայց հակադրուած` քեմալական իշխանութեան: Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ օրուան իսլամական հարստապետութիւնը (plutocracy) քարոզչական այս հոյածախս ծրագիրը վստահած է Կիւնեշի:
Ի դէպ, Կիւնեշի ստացած մրցանակներէն եւ ոչ մէկը կը վերաբերի իր բեմադրած ժապաւէններու գեղարուեստական յատկանիշներուն:
Կարաւանի ասքը.– «Քերվան 1915»-ի որմազդը ժապաւէնը կ’որակէ «Էզպեր պոզան» (արտասանութիւն խանգարող), այսինքն` ցարդ պահպանուած ասքի սահմանները զանցող: Կայքէջի վերնագիրը կ’ըսէ` «Խղճամիտ ակնարկ մը` հարիւրամեայ թապուին վրայ» (6): Այս ի հարկէ խաբէութիւն է: Բեմադրիչին կեցուածքը յստակացնելու համար պիտի տամ համեմատաբար երկար մէջբերում մը: Լեզուական կոկիկութիւնը զոհած եմ բնագրին աւելի հարազատ մնալու մտահոգութեամբ: Ընդգծումները` իմ կողմէս:
«Ֆաթիհ Աքընի «Տը քաթ»-ը կարծես թէ հրաձիգի եւ վարձկան մարդասպանի դեր ստանձնած ժապաւէն մը եղած է: Ես 23 միլիոն տոլարի դիմաց չեմ նկարեր նման ժապաւէն: Կարծես թէ անոր ըսուած է. «Ասիկա պիտի սպաննես, ա՛ռ այսքան դրամ»: (Ծայրայեղ իսլամական «Ենի Շաֆաք») (7):
«Ա. Աշխարհամարտին բոլոր ազգերը իրարու հետ պատերազմեցան: Շուրջ տասնվեց միլիոն մարդ իր կեանքը կորսնցուց: Անոնցմէ մօտ երեք միլիոնը օսմանեան պետութեան իսլամ հպատակներ էին: Երկու հարիւր տարի շարունակ մեծ կազմակերպութիւններ ծրագրելու եւ գործադրելու ընդունակութիւնը կորսնցուցած օսմանեան պետութեան այսքան ծաւալուն «տեղափոխութիւն» մը կատարելու ձախողութիւնը որպէս ապիկարութիւն կը գնահատեմ:... Ըստ 1948 թուականի Միացեալ ազգերու միջազգային ցեղասպանութեան օրէնքի սահմանումին, այս ողբերգութիւնը «ցեղասպանութիւն» որակել ճիշդ չի թուիր» (8):
Այս ելոյթները քայլեր են դէպի ետ, այլ` ոչ առաջ: Աքընի անբաւարար քայլն իսկ կը նկատուի ծախուած մարդու դաւաճանութիւն: Կանխամտածուած ոճիրը կը վերածուի ակամայ թերացումի: Շատ աւելի խորամանկ Մ. Քեմալ, ի ցոյց մարդկանց, մահապատժի ենթարկած էր տխրահռչակ Թոփալ Օսման եւ քանի մը այլ քաւութեան նոխազներ` որպէս «պատերազմական ոճրագործներ»: Իսմայիլ Կիւնեշ թերեւս բաւականանար ծանր յանդիմանութեամբ…
Դիպաշարը.- Բեմագրութեան հեղինակը նոյնպէս Կիւնեշն է:
«Փոխադրուող» խումբին մէջ է այրի Հայկանուշ: Ո՛չ, ո՛չ, անոր ամուսինը զոհ գացած է ծովային արկածի՛ մը: Սգաւոր (իմա` աւանդապահ) Հայկանուշ Կիրասոնի ափէն շիշ մը ջուր որպէս մասունք կու տայ իր դուստր Սիւզանին (Սիւզա՞ն…): Մինչ այդ մրցակից չար ջորեպան Մուրատ իր գործակալը` Ահմետը տեղաւորած է Սելիմի անձնակազմին մէջ: Սիւզան եւ զայն «փոխադրող» Ահմետ կը սիրահարին (այ քեզ բա՜ն… իսկ ինչո՞ւ թուրք աղջիկը երբեք չի սիրահարիր հայ իգիթին…):
Լեռնային ճամբաներու վրայ յղի կիներ եւ մանուկներ քալելու որոշ դժուարութիւն ունին: Ծննդաբերութիւնը նոյնպէս որոշ դժուարութիւններու կը հանդիպի: Հարկ է նշել, որ Հայկանուշի քոյրը թուրքերէն թաքցուցած է իր յղութիւնը, որպէսզի զինք ընդունին ճամբորդ խումբին մէջ: Այլապէս երեւակայելի՞ է, որ իշխանութիւնները աքսորէին… ը՜ … ըսել կ՛ուզեմ` փոխադրէի՛ն որեւէ յղի կին:
Չոր շրջաններէ դէպի խոնաւ լեռնային շրջաններ անցը եւս հեզասահ չէ: Լիովին հասկնալի սովորական հարցեր: Տեղատարափ անձրեւը կը պատճառէ… լպրծուն ցեխ… եւ Սիւզան կը գահավիժի դէպի ձոր… անոր կրնկակոխ հետեւող Ահմետ իսկոյն կը նետուի անդունդն ի վար եւ կը փրկէ Սիւզանը: Բայց Հայկանուշին տուած աւանդ-սրուակը կը կոտրուի (խորհրդանշական): Հայկանուշ եւ… Սելիմ կը զայրանան ի տես հայ հօր աւանդի կորուստին (ի՜նչ մարդ է եղեր այդ Սելիմը…): Իսկ ես կ’ափսոսամ յատուկ պատուէրով պատրաստուած աւելի քան հազար շքեղ ու շողշողուն տարազներուն համար, որոնք կորան ցեխ ու մուրի մէջ:
Բեռնատար ջորեպանը անդադար մտատանջութեան մէջ է, որովհետեւ փորձառութիւն չունի «մարդ փոխադրելու»: Լեռնային դժուար ճամբան ընտրած էր հեռանալու համար աւազակներու ծանօթ ուղիէն: Ճամբէն շեղելու որոշումը, սակայն, կասկած կը յարուցէ կիներուն մէջ: Չար Մուրատ թաքուն կը հետեւի խումբին: Թուրք Սելիմ, յանուն անոք հայ կիներու եւ մանուկներու, կռիւ կը մղէ եւ կը յաղթէ (ի՜նչ մարդ է եղեր այդ Սելիմը…):
Կը տեղեկացուինք, որ իսկապէս սիրահարած են գեղուհի Սիւզանը եւ վեհանձն Սելիմը (այլ` ոչ վատ Ահմետը) մարմնաւորող դերասանները: Անոնց ծնողները արդէն իսկ ծանօթացած են իրարու: Ի դէպ, ներկայանալի դերասանը (Մուրատ Հան) լրագրողներուն յայտնած է, թէ անմեղ մարդիկ տեղահանելը «զուլում» էր: Ծանուցաբանական ճարպիկ գիւտեր…
Կը տեղեկացուինք նաեւ, որ Հայկանուշը մարմնաւորող դերասանուհի Իփեք Թուզճուօղլու խորապէս հաւատացեալ կին մըն է: Դերասանուհին կ’ըսէ, որ ինք կը հասկնայ, թէ ինչո՛ւ Հայկանուշը դառնացած կրնայ ըլլալ օսմանեան պետութեան հանդէպ: Կ’աւելցնէ, որ բազմաթիւ հայ մայրեր իրենց զաւակները յանձնած են թուրք կիներու: Իփեք Թուզճուօղլու հոգեկան մեծ բաւարարութիւն զգացած է, երբ նկարահանումները կը կատարուէին Գոնիա քաղաքին մէջ: Բեմադրիչը որոշած էր աղէտահար Հալէպը փոխարինել իսլամական խորհրդանիշ Գոնիայով, որ, ի դէպ, բաւական հեռու է կարաւանի ուղեգիծէն (տե՛ս քարտէսը): Ինչպէս վերը նշեցի, Գոնիա նաեւ կեդրոնն է իսլամական տիտան «Քոմպասսան հոլտինկ»-ին: Ընտրութիւնը անգամ մը եւս կը մատնանշէ ժապաւէնին իսլամական ֆինանսաւորումը:
Կողքի լուսանկարը ցոյց կու տայ, որ բռնագաղթէն չորս տարի ետք իսկ մեզի հրամցուած պատկերը շատ հեռու է իրականութենէն: Ի դէպ, խորքի գերմանական զօրանոցը իրականին մօտ է, որովհետեւ պատրաստուած է արհեստագիտական միջոցներով:
«Հայկական» ծածկոց.– Երեք հայեր, ցաւօք, միացած են Կիւնեշի «Կարաւան»-ին: Առաջինն է` թրքահպատակ աղջնակ Այլին Մանուկեան, երաժշտական ձեւաւորումը կատարած է Թուրքիա հաստատուած տուտուկահար Սուրէն Ասատրեան, երկրորդական դեր մը վերցուցած է նոյնպէս Թուրքիա հաստատուած, իր գայթակղութիւններով համբաւաւոր «թոփ մոտել» Շաքէ Ռոզա (9): Ասատրեան եւ Յովհաննիսեան լրագրողներուն յայտնած են, որ փափաքած են մասնակցիլ, որովհետեւ հիացած են Կիւնեշի բեմագրութեամբ: Հայկական այս անպատուաբեր «ծածկոց»-ը հայթայթելու համար անոնց կնքած պայմանագրութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ չկան:
Ակնկալութիւններ.- Ժապաւէնը մեծածախս «քոսթիւմ տրամա» մըն է, որ հարիւր տոկոս կը համընկնի թրքական պաշտօնական թեզին: Գովերիզը (թրէյլըր) հասանելի է համացանցի վրայ (10): Անձնապէս պիտի ապշիմ, եթէ քննադատներու դրուատանքին արժանանայ Թուրքիայէն դուրս: Իսկ ներկայ իսլամական բռնատիրութեան պայմաններուն տակ կարելի չէ իմաստալից արժեւորում ակնկալել թուրք քննադատներէ: Կարելի է աւելի մանրամասն անդրադառնալ, եթէ հանգամանօրէն ցուցադրուի Լիբանանի մէջ:
Շարունակելի