ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հաւատացեալ չեմ: Անհաւատ ալ չեմ: Հաւատացեալին ու անհաւատին միջեւ ամենամօտ ածակա՞նը: Հաւանաբար` թերահաւատ:
Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատամ, սակայն շատ մը հաւատացեալներու նման, ամէն կիրակի եկեղեցի երթալու կարիքը չեմ զգար: Կը բաւականանամ ամէն իրիկուն, նախքան անկողին մտնելս, «Հայր Մեր»-ով: Տօնական օրերուն սուրբ պատարագին չմասնակցիլը ոչ թէ մեղք, այլ յանցանք կը համարեմ:
Պատարագէն ետք չեմ հաղորդուիր: Երբ խմբովին խոստովանանքի ժամանակ կը թուեն 7 մահացու մեղքերը, «Բարկութեամբ եւ մասամբ նորին», միակ մեղքը կը կարծեմ յաճախ գործած ըլլալ, եւ այդ «փոքրիկ» մեղքին համար կարիքը չեմ զգար հաղորդուելու: Կարեւորը յանցանքը կամ մեղքը ընդունիլն է:
Կողակիցս ու ես բնաւորութեամբ իրարմէ այնքան տարբեր ենք, սակայն իրարու հետ սիրով ըլլալու ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանայ երկուքիս տարբեր բնաւորութեան տէր ըլլալը:
«Սիրեցէք զմիմիանս». Աւետարանի այս խօսքին լի ու լի կը հնազանդինք:
Կինս, ինծի նման, «Հայր Մեր»-ով չի բաւականանար: Որքան ալ յոգնած կամ անքուն ըլլայ, ամէն իրիկուն, նախքան անկողին մտնելը, աղօթագիրքի «Հաւատով խոստովանիմ»-ը կարդալը, սովորութենէ աւելի, իրեն համար պայման է:
Բարկութեան մեղք համարուիլը զարմանք կը պատճառէ ինծի: Կա՞յ անձ մը, որ չի բարկանար: Բարկանալը բնական երեւոյթ է. կարեւորը ոխ չպահելն է:
Յիսուս Քրիստոս բարկացաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարին մէջ առեւտուր կ՛ընէին:
Նոյնիսկ Աստուած բարկանալով` Ադամին ու Եւային դրախտէն դուրս վռնտեց:
Դարեր ետք մարդկութեան դէմ բարկացաւ ու ջրհեղեղով պատժեց:
Աւելի ուշ, Բաբելոնի աշտարակի կառուցման ժամանակ, երբ մարդիկ դարձեալ բարկացուցին զԱստուած, լեզուները խառնեց զիրար հասկնալու արգելք հանդիսանալու միտումով: Մտքէն չանցաւ, որ հետագային մարդիկ անոր ալ ճարը պիտի գտնէին: Դպրոցներ, բառարաններ, լեզուագէտներ…
Հետաքրքրական է. մարդկութեան միալեզու ըլլալու պարագային, ո՞ր լեզուն պիտի ընդունուէր որպէս միջազգային լեզու:
Հայերէնը ամենայարմարն է իմ կարծիքովս, մինչեւ այն օրը, երբ ունեցանք երկու հայերէն, երկու ուղղագրութիւն, եւ օտարները պիտի տատամսէին, թէ ո՛ր մէկը նախընտրելի է որդեգրել.
արեւելահայերէ՞նը, թէ՞ արեւմտահայերէնը:
Լոյս իջնէ գերեզմանիդ, Ճեմարանի հայերէնի ուսուցիչս, պարոն Գառնիկ Բանեան:
Երբ շարադրութիւններուս մէջ նման «անլուրջ» տողի մը հանդիպէր, կարմիր մելանով կը գրէր:
– «Լրջացի՛ր, տղայ»:
Լրջանանք:
* * *
Տասնեակ մը տարիներ առաջ շատ գէշ ոտքի ցաւ մը ունէի: Ամիսներ երկարեցաւ: Ամենաուժեղ ցաւի դեղահատերը, ողնայարէս քանի մը անգամ «Քորթիզոն», չինական ասեղներ, մասնաւոր մարզանքներ, եւ ո՛չ մէկը կարողացաւ դարմանել կամ առնուազն թեթեւցնել ցաւերս:
Քանի մը ամիս բացակայեցայ գործէս:
Զատկուան շաբաթն էր: Հաւատացեալ կնոջս խնդրանքով (քիչ մըն ալ` ստիպումով) ընտանիքով գացինք եկեղեցի` ներկայ գտնուելու Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգին, ապա, ըստ հայկական աւանդութեան, պէտք էր անցնէինք Յիսուսի դագաղին տակէն` մենք ալ մեր կարգին մասնակից դառնալու Քրիստոսի չարչարանքներուն:
Ներկայ հաւատացեալները, մէկ առ մէկ, կարգով կ’անցնէին դագաղին տակէն, ապա հոգաբարձութեան անդամներէն կը ստանային Յիսուսի դագաղին վրայէն` օրհնուած քանի մը ծաղիկ:
Ոտքիս անտանելի ցաւը պատճառաբանելով, փոխանակ դագաղին տակէն անցնելու, կը պատրաստուէի քովէն քալելով, եկեղեցիէն դուրս ելլել, սակայն անգամ մը եւս «հնազանդելով» կնոջս` դժուարութեամբ անցայ դագաղին տակէն եւ դուրս ելլելով` ստացայ վարդ մը ու շարունակեցի ճամբաս դէպի եկեղեցիէն դուրս… առանց կաղալու:
«Ցաւս անցաւ» ըսի ցած ձայնով:
Կինս, ուրախացած եւ յուզուած, աչքերուն արցունքները կը սրբէր:
Ես, որ միշտ թերահաւատ եղած եմ, տարբեր անձէ մը եթէ լսած ըլլայի նման դէպք մը, զուգադիպութեան պիտի վերագրէի: Սակայն ի՞նչ էր պատճառը: Դագաղին տակէն անցնելէս անմիջապէս ետք էր, որ պատահեցաւ այդ «զուգադիպութիւնը»:
Զուգադիպութի՞ւն էր, թէ՞ հրաշք:
* * *
Արձակուրդով տարբեր նահանգ մը կը գտնուէինք եւ անուշադրութեամբ ինքնաշարժս շարած էի շէնքի մը գետնայարկ կառատան այն բաժինը, ուր որոշ ժամէ ետք դարպասը կը փակեն:
Երեկոն բաւական յառաջացած էր, երբ իջանք կառատուն, եւ զարմանքով նկատեցի, որ մուտքի ու ելքի դարպասները բակ են, իսկ պահակ պաշտօնեան իր խցիկը կղպած ու մեկնած էր:
Այդ տարիներուն բջիջային հեռաձայն ունեցողները հազուադէպ էին, եւ անշուշտ մենք ալ տակաւին այդ «նորաձեւութեան» չէինք հետեւեր, որպէսզի կարենայի ոստիկանութեան հեռաձայնել` օգնութիւն խնդրելու:
Շուարած էի ու մտահոգ, իսկ աստուածավախ կնոջս անդադար «Աստուած կ’օգնէ»-ները սկսած էին ջղայնութիւն պատճառել ինծի նման թերահաւատի մը:
«Աստուած ի՞նչ գործ ունի կառատան դուռը բացուելուն հետ», նախադասութիւնս տակաւին չաւարտած` կառատան դարպասին բացուիլը նկատեցինք, եւ ներս մտաւ ինքնաշարժ մը, որ այդ ժամուն կառատան մէջ մարդ տեսնելուն զարմացած` մեզ կը դիտէր:
Շէնքի գրասենեակներէն մէկուն պաշտօնեաներէն մէկն էր, որ կարեւոր թուղթ մը գրասենեակը մոռցած ըլլալուն` պատահմամբ այդ ժամուն եկած էր, եւ այդ «պատահական հանդիպումը» եղաւ մեր «փրկիչ»-ը:
Վստահաբար զուգադիպութիւն էր, սակայն մենք կրցանք դուրս ելլել եւ լման գիշեր մը կառատան մէջ բանտարկուած մնալէ փրկուեցանք:
Բազմիցս կրկնած «Աստուած կ’օգնէ»-ները այժմ փոխարինուած էր` «Տեսա՞ր` ինչպէս կ’օգնէ»-ով:
Կինս յաղթական էր: Ինծի կը մնար ընդունիլ:
* * *
Մինչեւ օրս, հայ եւ օտար քարոզիչներ, վստահաբար վճարովի, տունէ տուն պտտելով, Յիսուս կամ «Եհովա» կը քարոզեն:
Ընթերցողը բարի թող ըլլայ մտքէն չանցընելու, թէ ես ալ այդ քարոզիչներէն մէկը դարձած եմ:
Քա՛ւ լիցի: Ես այդ անձը չեմ: Պարզապէս ուզեցի բաժնեկից դարձնել իրական պատահած երկու դէպքերու:
Հաւատացեալները կրնան հրաշք որակել, իսկ թերահաւատները` զուգադիպութիւն:
Անհաւատները իրենք թող որոշեն, թէ ի՛նչ պիտի անուանեն:
Մարդիկ, երբ նեղ կացութեան մէջ գտնուին, լուրջ անհանգստութեամբ մը վարակուին, անմիջապէս Աստուծոյ օգնութեան կը դիմեն: Ուխտեր, խոստումներ, մինչեւ իսկ շատեր կ’ապաշխարեն ու կը դառնան աստուածավախ:
Վերի տողերը այս յօդուածագրին չեն համապատասխաներ:
Մնացի նոյն անձը: Ո՛չ աւելի հաւատացեալ, ո՛չ ալ նուազ թերահաւատ, սակայն քիչ մը աւելի համոզուեցայ, թէ տիեզերքի մէջ կայ ուժ մը, որուն տուած ենք Աստուած անունը եւ այդ ուժին հաւատացողներուն տուած` հաւատացեալ մակդիրը:
Կայ նաեւ տարբեր ուժ մը, որուն տուած ենք խիղճ անունը:
Իմ կարծիքովս, այն անձը, որ խիղճ ունի, նոյնիսկ` ինծի նման թերահաւատները, աստուածավախ կարելի է համարել, ինչ որ կը նշանակէ, թէ թերահաւատ ըլլալու կողքին, նաեւ աստուածավախներու շարքին կրնամ դասուիլ:
Կառատան դարպասին այդ վայրկեանին բացուելուն համար կինս կ’ըսէ` «Աստուած օգնեց». ես կ’ըսեմ` զուգադիպութիւն, սակայն Յիսուսի դագաղին տակէն անցնելէս անմիջապէս ետք ոտքիս ցաւին անհետանալը ոչ թէ ինծի նման թերահաւատները, նոյնիսկ անհաւատները չեն համարձակիր զուգադիպութեան վերագրել:
Աշխարհականներ կան, որոնք շատ մը կղերականներէ աւելի հաւատացեալ են:
Վերջերս այնքա՜ն քննադատուեցաւ Արամ արք. Աթէշեանը, որուն մասին դարձեալ խօսիլը անհամ կրկնութիւն պիտի ըլլար:
Եթէ այդ բարձրաստիճան կղերականը նուազագոյն հաւատքը կամ խիղճը ունեցած ըլլար, այդ աններելի սխալը պիտի չգործէր` ի սէր իր անձնական շահերուն:
Իր «աթոռ»-ը չկորսնցնելու սիրոյն նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ կը դնէ:
Նուազագոյն հաւատքը եթէ ունենար, պիտի հաւատար երկնային արդարութեան: Պիտի հաւատար, թէ ուշ կամ կանուխ երկնային արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, եւ Ցեղասպանութիւնը կամայ թէ ակամայ պիտի ընդունուի նաեւ Թուրքիոյ կողմէ:
Տասնամեակ մը անցած է այն թուականէն, երբ Յիսուսի դագաղին տակէն անցնելէս անմիջապէս ետք ցաւերս անհետացան:
Ամէն տարի, Զատկուան Աւագ ուրբաթ Յիսուսի դագաղին տակէն անցած ժամանակս կը յիշեմ այդ «հրաշք»-ը:
Որո՞ւ աղօթքն էր, որ Աստուած լսեց: Տակաւին թերահաւատ էի եւ ես Աստուծմէ չէի խնդրած, սակայն բուժում ստացայ` շատ հաւանաբար հաւատացեալ սիրելիի մը աղօթքներուն միջնորդութեամբ:
Այդ օրէն ի վեր, ամէն անգամ որ անցնիմ Յիսուսի դագաղին տակէն, ես ալ իմ կարգիս կը յիշեմ բոլոր կարիքաւորները:
«Եւ հիւանդաց բժշկութիւն,
Ննջեցելոց արքայութիւն»:
Լոս Անճելըս, 2016