Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Քարոլայն Քոքս Եւ Միջազգային Մարդասիրական Կառոյցի Անդամները` Արցախի Մէջ

$
0
0

0929cox

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 27 սեպտեմբերին ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսն ու անոր ընկերակցող Մարդասիրական օգնութիւն բարեսիրական կազմակերպութեան (HART-Humanitarian Aid Relief Trust) անդամները:

Ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ պարոնուհի Քոքսի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն 85-րդ այցելութիւնը յատկանշական է այն իմաստով, որ տեղի կ՛ունենայ Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակի օրերուն:

«Արցախը ճանաչելի կը դառնայ նաեւ ձեր ճամբով, քանի որ ամէն անգամ Արցախ կը բերէք բարեկամներու նոր խումբ: Այդ հանգամանքը շատ կարեւոր է, քանի որ Ազրպէյճան անընդհատ կը փորձէ ապակողմնորոշել միջազգային կառոյցները` սուտ եւ սխալ տեղեկատուութիւն տարածելով մեր երկրի մասին», նշած է խորհրդարանի ղեկավարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` պարոնուհին դիտել տուած է, որ ամէն անգամ այցելելով Արցախ` կը նկատէ յառաջընթաց եւ ենթակառուցուածքներու զարգացում, ինչ որ զինք կ՛ոգեշնչէ եւ կ՛ոգեւորէ:

«Ես ուրախ եմ ձեզի եւ հայկական սփիւռքին հետ աշխատելով: Պատրաստ եմ շարունակելու իմ մասնագիտական եւ մարդասիրական օժանդակութիւնս Արցախի ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր այցելութեան նոր մարդոց ծանօթացնելու Արցախի իրական պատմութիւնը», նշած է Քարոլայն Քոքս:

Կողմերը քննարկած են խորհրդարանական կապերու ընդլայնման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի մէջ գործող վերականգնողական կեդրոնի գործունէութեան, ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններէն ետք փաստերու հաւաքագրման եւ մարդասիրական բնոյթի այլ թեմաներ:

Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ ընկերային ու առողջապահութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արամ Գրիգորեան:

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Սահմանագիծ Այցելեց

0928cox

26 սեպտեմբերին Արցախ ժամանած Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները այցելած են պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտեր:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ սահմանագիծին վրայ անոնք հետաքրքրուած են զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու յաճախակիութեամբ, ծանօթացած` զինուորներուն ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ  մարտական հերթապահութեան կատարման առանձնայատկութիւններուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>