Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հրաշալի Յայտնութիւն

$
0
0

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Վերջապէս մեր երկրի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ, որ հայոց բանակը կրնայ Հայաստանի տնտեսութեան «առաջատարը, շոգեքարշը» ըլլալ:

Նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը ներկայացնելով հետագայ իր գործունէութեան ծրագիրի ուրուագիծը` յայտնեց, թէ անցում պիտի կատարուի «բանակաշինութիւնից դէպի ազգ-բանակ կառուցում»: Նկատի ունենալով, որ տարածաշրջանի քաղաքական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ Հայաստան պարտաւոր է մե՛ծ բանակ պահելու, Վ. Սարգսեան կը բացատրէ իր ծրագիրը, որուն միջոցով, բանակը փոխանակ «շատ ծանր բեռ» ըլլալու երկրի տնտեսութեան եւ պետութեան համար` «կը դառնայ այդ տնտեսութեան եւ պետութեան առաջատարը, շոգեքարշը, եւ դա նշանակում է, որ ոչ միայն նրանք, ովքեր ծառայում են զինուած ուժերում, այլ ո՛ղջ ազգաբնակչութիւնը պէտք է բանակի հետ կապուած բազմաթիւ ծրագրեր ունենայ` լինի դա գիտական, հետազօտական, տնտեսական, արդիւնաբերական եւ այլն: Բանակը կարող է այդ առումով դառնալ իրական ոչ թէ խնդիր, այլ` լուծում»:

Այս ուշացած «յայտնագործումը» կրնայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ արագ բարելաւում մը արձանագրելու ուղղութեամբ, մանաւանդ եթէ կառավարութիւնը խստօրէն որդեգրէ պետական պիւտճէի արդիւնաւէտ, բծախնդիր ու խնայողաբար գործածելու յայտարարուած գործելակերպը:

Արդարեւ, բանակը ամէնէն մեծ սպառող հատուածն է երկրին, եւ անոր կարիքները գոհացնելու համար անցեալին գործադրուած են մատակարարման այնպիսի ձախաւեր ու յատկապէս կաշառակերութեան լաւագոյն պայմաններ ստեղծող միջոցներ, որոնց վերացումը ինքնին պիտի բազմապատկէ բանակի հզօրացման հնարաւորութիւնները:

Սնունդէն սկսեալ, մինչեւ զինուորի հանդերձանքը, մինչեւ իսկ պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ արհեստագիտական որոշ սարքերու արտադրանքը տեղական ուժերով կազմակերպելու նախանձախնդրութիւնը եւ այս բոլորը չարաշահող միջնորդները զանցող մատակարարումի ճամբով մը նուազագոյն գումարներով բանակին հասցնելը տնտեսական շարժ սկսելու պայմաններ պիտի ստեղծեն, յատկապէս` գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի ու բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ աշխատատեղեր ստեղծելով:

Ափսո՜ս կորսուած ժամանակին, ափսո՜ս մսխուած, թալանուած, կողոպտուած միջոցներուն, անէ՛ծք` հայ զինուորին հաշուոյն չարաշահութիւններով հարստացողներուն: Շարժի՛նք առաջ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>