Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Օրերը Սեւ Են, Դագաղները Ճերմակ»

$
0
0

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

haleb-2_10816

Բան չմնաց գրելիք:

Բան չմնաց գրելիք, որովհետեւ այսօրուան զոհերուն կորուստը անցեալ շաբաթ սգացած էինք, դեռ ամիսներ առաջ, տարիներ առաջ սգացած էինք մեր նախորդ զոհերուն հետ, վաղուան եւ յաջորդելիք օրերու զոհերուն ալ մահը արդէն շատոնց սգացած ենք… առաջին զոհերուն հետ…

Բայց սուգը կարծես անվերջ է, ու օրերը առաւել գորշ գոյն կը ստանան, ինչպէս այսօր մատնանշեց քահանայ հայրը իր հրաժեշտի խօսքին մէջ։ Օրերը սեւ են, դագաղները ճերմակ…

Այո՛ դագաղները ճեփ-ճերմակ են, սպիտակ, ձիւնասպիտակ, ինչպէս մեր ժողովուրդի` հայ ազգին հաւաքական հոգիին սպիտակութիւնը, որ կազմուած է մեր շուտ ոգեւորուող, շուտ հիասթափող, վերստին հաւատացող եւ միշտ կրկին ու կրկին ապրիլ տենչացող հայ անհատներու մանկունակ հոգիներու միացումէն:

Այսօր հալէպահայութիւնը հրաժեշտ տուաւ իր զաւակներէն երեքին: Չեմ հասկնար ինչո՛ւ կ՛ըսեմ հրաժեշտ տուաւ… Մենք այսօր հողին յանձնեցինք երեք հայի մարմիններ, անոնց հետ նաեւ մենք թաղուեցանք. այս է դառն իրականութիւնը, եւ որքան ալ դառն ըլլայ այս իրականութիւնը իրականութիւն ըլլալէ չի՛ դադրիր…

Եկեղեցիներու զանգակներ… լուռ յուղարկաւորութիւն եւ թաղման արարողութիւնը  կատարող քահանայ հայրերու սառած ձայն` «Հայր մեր», «Ի վերին Երուսաղէմ», «Տէր Ողորմեա»…

Քանի՞երորդ թաղումը մէկ շաբթուան մէջ, եւ քանի՞երորդ անգամն ըլլալով արարողութեան աւարտին պիտի լսենք մեզմէ երբեք չբաժնուող մօր, քրոջ, կնոջ, նշանածի, զաւակի սուր ճիչ, բառեր չպարունակող աղաղակ, որ զոհուած հարազատէն նախ կը պահանջէ չերթալ, չհեռանալ, հողին չյանձնուիլ, ապա կը վերածուի գոռոցի, անզուսպ բողոքի.- Ինչո՞ւ…. ինչո՞ւ… ինչո՞ւ…

Այս բազում ինչուները ուղղուած են նախ մարդասպանին, մարդասպանին զէնք տուող կազմակերպութիւններուն, պետութիւններուն, սակայն նախ եւ առաջ տրուած են նաեւ մե՛զի, մե՛ր կազմակերպութիւններուն, մե՛ր ղեկավարներուն, մե՛ր հայկական պետութեան:

haleb-3_10816

Արարողութիւնները հասած են իրենց աւարտին, բոլորը շուարած վիճակ ունին, Գասպարին ի պատիւ Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, ի պատիւ Մովսէսին Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ մարտընկերները կ՛երգեն «Ջան ֆետայի»-ն, փամփուշտներ կ՛արձակեն օդին մէջ, կանայք ու աղջիկներ կը հեծկլտան, տղամարդիկ կը զսպեն իրենց լացը եւ… չեն կրնար, չեն ալ փորձեր թաքցնել իրենց արցունքը, մարտիկ ընկերոջ կորուստը սգացող մարտիկի արցունքը, անոնց ուսերը կը դողդղան, վեր կ՛ելլեն, վար կ՛իջնեն եւ կը կծկուին, արցունքները կը հոսին, սակայն այս լացը լալկանութիւն չէ, պոռթկում է, անզօրութեան դէմ պոռթկում, ինչպէ՞ս չկրցան պաշտպանել իրենց ընկերները, իրենց ազգակիցները բոլոր, եւ կու լան տղամարդիկ` անյայտի դէմ անզօր տղամարդիկ, որոնք սակայն ուխտած են շարունակել սուրբ գործը: Ուխտ մը, որուն նկատմամբ թերահաւատօրէն կը վերաբերին շատեր` ուղղելով նոյն հարցումը, ինչո՞ւ հոս կը մնանք, ինչո՞ւ մեզ չեն հեռացներ այս դժոխքէն, մինչ ուրիշներ` գաղութին գոյութեան ամրօրէն կառչածները կը զարմանան, թէ ինչո՞ւ յատկապէս այս օրերուն յաճախ կը կրկնուին այս հարցումները, երբ կը թուի, թէ մօտալուտ է պետական զօրքերուն Հալէպին տիրապետումը եւ վտանգի չէզոքացումը: Հարցականներ, որոնք չեն վերաբերիր այս տղոց, որոնց համար հոգիէն արցունք կը հոսի, անոնք ուխտած են ի գին իրենց կեանքին պաշտպանել հալէպահայութիւնը քանի դեռ գոյութիւն ունի գաղութը, մնացածը իրենց գործը չէ, մնացածին մասին թող մտածեն ազգին ղեկավարները, որոնցմէ երկուքը այսօր ներկայ էին` Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանն ու Պետրոս արք. Միրիաթեանը, երկու հայ համայնքապետերը միասին կը նախագահէին իմ ներկայ եղածս թաղման երկու արարողութիւններուն եւ… կը սգային իրենց հօտերու զաւակներուն կորուստը: Թերեւս ամէնէն դժբախտը մեր երկու հսկայ առաջնորդներն էին, չէ՞ որ ժողովուրդը իրենց կը նայի, իրենցմէ ուղղութիւն տուող խօսք մը կը սպասէ, եթէ ոչ փրկութեան միջոց մը, ապա հաւաքական որոշում մը կ՛ակնկալէ, պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ ղեկավարելու իրաւունք կու տայ:

Անձամբ կը հաւատամ, որ եթէ մեր առաջնորդները որոշում մը տան եւ այդ որոշումը գործադրել պահանջեն մեզմէ, մենք կը հնազանդինք իրենց, ես, օրինակ, նոյնիսկ եթէ հոս մնալու, գաղութը պահպանելու կողմնակից եմ, հակառակ որոշում տրուելու պարագային անվերապահօրէն կը հնազանդիմ:

Մտորումներս կրնան զիս հեռուները տանիլ, սակայն չեն կրնար մոռցնել, որ այսօր հոկտեմբերի 6 է, մէկը այն օրերէն, որոնք սեւ են, սեփ-սեւ, իսկ դագաղները ճերմակ են` ճեփ-ճերմակ, սպիտակ են, ձիւնասպիտակ:

Հալէպ, 6 հոկտեմբեր 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>