Սեպտեմբեր 28-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան Կամերային տան մէջ կայացած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին «Ցեղասպանութեան 100+1 ամեակի» խորագիրով մենահամերգով մասնակցեցաւ նաեւ Նարէ՛ «Նոր Ձայն» լիբանանահայը:
Համերգը կազմակերպուած էր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան 100+1 ամեակին եւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած փառատօնին առիթով: Համերգին Նարէ՛ն ներկայացաւ յօրինող Կոնսդանդին Պետրոսեանի «Էլեգիա-վոկալիզմ» երգի կատարմամբ, որ Հայաստանի մէջ հնչեց առաջին անգամ ըլլալով:
Իսկ սեպտեմբեր 26-ին կայացած համերգը նուիրուած էր Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) ծննդեան տարեդարձին: Ի յիշատակ Մեծն Կոմիտասին, ներկայացուեցան իր գործերը, ինչպէս նաեւ մէջբերում կատարուեցաւ իր կեանքէն ու ստեղծագործական գործունէութենէն: Նշանակալից օրուան առիթով Նարէն կատարեց «Չինար ես» եւ «Շախկր Շուխկր» ստեղծագործութիւնները:
Համերգներուն եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ իր ջերմ մօտեցումով եւ ոգեշնչող խօսքերով ներկայացուց աշխարհի բոլոր ծագերէն եկած եւ ձեռնարկներուն մասնակցութիւն բերած հայ եւ հայերէն երգով ներկայացած օտար մասնակիցները եւ յաջողութիւն մաղթելով մասնակիցներուն, յանձնեց հաւաստագիրներ եւ մետալներ:
Նախարարը ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ լիբանանահայերուն եւ նշեց, որ Լիբանանը սփիւռքի մայրաքաղաքն է, իսկ Նարէն` ըլլալով լիբանանահայերուն ներկայացուցիչը, արժանացաւ ժողովուրդին ծափահարութիւններուն եւ նախարարութեան կողմէ առաջարկի` միշտ մասնակցութիւն բերելու համահայկական նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ հայ երգի տարածողը ըլլալու:
Նշենք, որ Նարէն 6 յուլիս 2016-ին Ֆրանսայի «Քոնսերվաթուար ինթերնասիոնալ տէօ միւզիք տէօ Փարիզ» սրահին մէջ «Նարէ՛, նոր ձայն մը երաժշտական աշխարհին մէջ» խորագիրով մենահամերգ մը ունեցաւ` արժանանալով մասնագէտներու գնահատանքին:
Ան նոյն ելոյթը ունեցած էր նաեւ 3 մարտ 2016-ին Լիբանանի Էն.Տի.Եու. համալսարանին մէջ: