Ազգային մեր առօրեային մէջ կը հանդիպինք այնպիսի երեւոյթներու, որոնց հանդէպ լուռ եւ անտարբեր մնալ կարելի չէ այլեւս: Լռութիւնը հաւանութեան նշան է, իսկ հաւանութիւնը յաճախ համակերպումի եւ զիջումի արտայայտութիւն է:
Դեռ մինչեւ ո՞ւր զիջիլ եւ ի՞նչ գնով: Ամէն ինչ կարելի չէ զիջիլ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի արժէքներու, որոնց կորուստը հայեցի մեր դիմագիծը կը խաթարէ եւ ազգային մեր ինքնութիւնը կը վտանգէ:
Վերջերս ընդհանրացած երեւոյթներէն մէկը հայ մամուլին մէջ օտար ծանուցումներու հրապարակումն է: Երեւոյթը կրնար մասամբ ընդունելի ըլլալ, եթէ ծանուցողը ըլլար օտար հաստատութեան մը մէկ ներկայացուցիչը, որ փափաքէր լիբանանեան բոլոր թերթերու մէջ միաժամանակ միեւնոյն ծանուցումը տպուած տեսնել: Սակայն, երբ ծանուցողը հայկական վարժարան մը, միութիւն մը կամ համալսարանական խմբաւորում մըն է, եւ ծանուցումը ուղղուած է հա՛յ մարդոց, ինչո՞ւ գրել եւ ծանուցել օտար լեզուով: Եթէ մեր վարժարանները, միութիւնները եւ համալսարանականները իրե՛նք տէր պիտի չկանգնին մայրենիին, ո՞վ պիտի կանգնի:
Հայ լեզուի պաշտպանութիւնը եթէ տեղէ մը պէտք է սկսիլ, նախ դպրոցներէն ու միութիւններէն պէտք է սկսիլ: Մամուլը պիտի աջակցի անոնց եւ ոչ թէ մեղսակից ըլլայ ընդհանուր նահանջին` իր էջերուն մէջ տեղ տալով նման ծանուցումներու: Հայ թերթը կարդացողը հայ մարդն է, օտարը չէ: Եթէ անպայման օտար ծանուցում հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը կայ, զայն պէտք է տպել օտար թերթի մէջ, որպէսզի օտարները կարդան եւ հասկնան: Այլապէս, նիւթականի եւ ճիգի անիմաստ վատնում է, քաղքենիութիւն եւ շփացածութիւն է հայ ընթերցողին` հայ դպրոցին, հայկական միութեան կամ երաժշտական մէկ ելոյթին մասին օտար լեզուով քարոզչութիւն կատարելը:
Երկրորդ երեւոյթը, որուն կ՛արժէ անդրադառնալ, ուրախ թէ տխուր առիթներով մեր այլասերումն է, այլափոխումը, աւելի պարզ` օտար բարքերու որդեգրումը: Այս պարագային ընելիք ունի նաեւ եկեղեցին: Շատ յաճախ ներկայ կը գտնուինք պսակներու, որոնց աւարտին ներկաները եկեղեցւոյ մէջ նորապսակներուն կը ծափեն, անոնց վրայ ծաղիկի փերթեր կը թափեն եւ կամ ուրախութեան բացագանչութիւններով եկեղեցւոյ սրբութիւնը կը պղծեն: Օտարոտի այս երեւոյթները ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործած են մեր մէջ: Հաւանաբար խառն ամուսնութիւններով` ըսուի: Սակայն ճիշդ չէ արդարացումը եւ անվերջ համակերպումը, արտօնելով, որ նման երեւոյթներ շարունակուին: Տակաւին չենք անդրադառնար նորածինի մը գալուստը ողջունող «պէյպի շաուըր»-ներուն, ամուրիութեան հրաժեշտ տուող «պեչըլըր փարթի»-ներուն, «պրայտըլ շաուըր»-ներուն եւ այն միւսներուն, որոնք օրէ օր աւելի կ՛ընդօրինակուին եւ կը տարածուին մեր մէջ:
Կայ նաեւ տխուր առիթներու` յուղարկաւորութիւններու պարագան: Վերջին տարիներուն նորութիւն են յուղարկաւորութեան թափօրները… երաժշտութեամբ կատարելը, ինչ որ խոտոր կը համեմատի հայկական բարքերուն: Մեր յուղարկաւորութիւնները ունին իրենց զուսպ ու պատշաճ, եկեղեցական յատուկ կարգն ու կանոնները, իսկ անոնցմէ դուրս` բարձր երաժշտութիւն սփռելը եւ ինքնաշարժներով փողոցները շրջիլը հայկական չէ, հարազա՛տ չէ:
Կար ժամանակ, երբ յուղարկաւորութիւններու ժամանակ հրացանաձգութիւն կը կատարուէր, հիմա նորոյթը պայթուցիկ պայթեցնելն է: Յուղարկաւորութեան ամբողջ տեւողութեան, ննջեցեալը տունէն եկեղեցի տանելու ճամբուն վրայ, պայթուցիկ կը պայթեցուի եւ «Տէ՛ր, ողորմեա»-ի երաժշտութեան սփռումին խառնուելով` ականջ կը խլացնէ, ահ ու սարսափ կը ստեղծէ եւ սրտաճմլիկ պատկեր մը կը պարզէ: Հայկական յուղարկաւորութիւնները այսպէս չեն ըլլար ու պէտք չէ ըլլան: Հարկ է կտրուկ կերպով արգիլել նման երեւոյթներու ընդհանրացումը մեր մէջ:
Անշուշտ, եկեղեցւոյ չափ պահանջկոտ պէտք է ըլլալ նաեւ մեր դպրոցներէն, որոնք ազգային սովորութիւններու, մշակոյթի եւ արժէքներու գլխաւոր պահապանը կոչուած են ըլլալու: Բայց հոն եւս ընկրկումը, զիջումը եւ օտարին կապկումը սկսած են տեղ գտնել: Հայկական կարգ մը դպրոցներ «հալոուին» կը տօնեն եւ կրթական մարմիններ լուռ կը մնան, ուրիշներ` «փիժամա տէյ» (գիշերանոցով դպրոց երթալու օր…) կը կազմակերպեն, եւ չի գտնուիր ծնող մը, որ առարկէ, թէ ի՞նչ կ՛ընէք եւ ինչո՞ւ կ՛ընէք: Իսկ աւարտականներու տարեվերջի տօնախմբութիւննե՞րը… բեռնակառքերով շրջիլ, ճչակներով թաղերը թնդացնել, տնօրէնութիւններու քիթին տակ ամբողջ օր մը ջրախաղեր կազմակերպել, անվերջ պոռչտուքներ եւ անկարգութիւններ կատարել: Ի՞նչն է դաստիարակիչը այս բոլորին մէջ եւ ի՞նչն է օգտակարը, չենք գիտեր: Ասոնց կողքին, կան նաեւ վկայականաց բաշխումի հանդէսներէն աւելի կարեւոր դարձած` հանդէսին յաջորդող եւ մինչեւ յաջորդ առաւօտ երկարող աշակերտական բազմահանգրուան տօնախմբութիւններն ու անիմաստ մսխումները (ճաշարան, գիշերային զբօսավայր, ծովափ…), որոնց մասին պէտք է խօսիլ եւ արտայայտուիլ անպայման:
Այս բոլորը եւ տակաւին շատ մը այլ չափազանցութիւններ տեղի կ՛ունենան մեր բոլորին աչքերուն դիմաց, յաճախ` մեր կամ մեր հարազատներուն մասնակցութեամբ ու մեղսակցութեամբ: Բայց որքա՞ն ճիշդ է այս ընթացքով շարունակելը:
Կ՛արժէ անգամ մը մտածել այս բոլորին մասին:
ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՄԸ