Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

$
0
0

Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Կայ երաժշտութիւն, որ կը լսենք ինքնաշարժին մէջ` առանց մտիկ ընելու, այլ երաժշտութիւն կը հադուրժենք լսել միայն պարահանդէսներու սահմաններուն մէջ, իսկ նաեւ կայ երաժշտութիւն, որ կը լսենք համտեսելու համար արուեստի գործը: «Բամբիռ»-ի մատուցած արուեստը կը պատկանի այն տեսակին, որ ոչ միայն յաջողած է նուաճել երաժշտական բարձր որակ, այլ նաեւ հասնելով երաժիշտներուն ծինային համակարգին` ծնած է «Բամբիռ»-ին շարունակողականութիւնը ապահովող երկրորդ սերունդը, որուն համար արուեստի գործ կերտելը իր կենցաղին անքակտելի մասնիկն է:

bambir_10716

Ծնունդ` «Անգին քարեր»-էն «Բամբիռ»

1960-ականներու երկրորդ կիսուն, երկաթէ վարագոյրին ետին մնացած գիւմրեցի Գագիկ Բարսեղեան իր կիթառով կը շրջի Գիւմրիի ստորգետնեայ երաժշտական թաղերը, ուր կը ծանօթանայ թաւ կիթառահար Ռոպերթ Քոչարեանին, կիթառահար Սուրէն Մարտիրոսեանին եւ թմբկահար Լեւոն Նուրոյեանին: Անոնք միասնաբար կը կազմեն «Անգին քարեր» անունով խումբը, որ ունենալով հանդերձ իր անձնական ստեղծագործութիւնները, նաեւ կը վերամշակէ հայկական տարբեր աւանդական երգեր, ի մասնաւորի` կոմիտասեան երաժշտութիւնը, ռոք ժանրով: Հակառակ անոր որ ռոք երաժշտութիւնը այն տարածաշրջանին եւ ժամանակահատուածին համար տարածուած երաժշտական ճաշակ մը չէր, խումբը կը յաջողի գրաւել երաժշտասէրներու հիացումը` շնորհիւ իր ստեղծագործութիւններուն:

1978 թուականին «Անգին քարեր» խումբը կը վերանուանուի «Բամբիռ»` ունենալով Գագիկ Բարսեղեանը որպէս երգիչ եւ կիթառահար, Գուրգէն Յակոբճանեանը որպէս երգիչ եւ սրնգահար եւ Թաթուլ Եղիազարեանը` որպէս խումբին թաւջութակահար:

Անոնց համբաւը կը հասնի նաեւ հայրենիքի սահմաններէն դուրս ու առիթ կ՛ընծայէ անոնց կատարելու բազմաթիւ շրջագայութիւններ` հասնելով մինչեւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ: Գերազանցելով այն ժամանակի այլ երաժշտական խումբեր` «Բամբիռ»-ի հիմնադրութենէն միայն 4 տարի ետք արդէն Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած փառատօնի մը ընթացքին անոնք կը շահին ժողովրդային երաժշտութեան մրցանակը: «Բամբիռ»-ի նախահայր Գագիկ Բարսեղեան, որ հանրածանօթ է Ճակ (Jag) բեմական անունով, պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ` արդի հայկական երաժշտութեան մէջ իր ձեռքբերումներուն համար. ան մինչեւ այսօր իր ներկայութիւնը ունի երաժշտական ասպարէզին մէջ` ըլլայ ատիկա հայ եւ օտար երաժիշտներու հետ համագործակցութեամբ, թէ «Բամբիռ»-ի երկրորդ սերունդին զանազան ծրագիրներուն ընդմէջէն:

«Բամբիռ»-ի սերմերը

«Բամբիռ»-ի ընտանիքը 1978-էն ի վեր իր երդիքին տակ խմբած է աւելի քան 20 երաժիշտներ, որոնք ժամանակի տարբեր հատուածներու ընթացքին ամրապնդած են խումբին վարկը: 1994-ին, այս անգամ անկախ Հայաստանի Գիւմրիի մէջ, «Բամբիռ»-ի սերմերը կու տան իրենց ծիլերը, երբ Ճակի որդին` կիթառահար Նարեկը եւ Ռոպերթ Քոչարեանի որդին` թաւ կիթառահար Արմանը, ինչպէս նաեւ իրենց մանկութեան ընկեր սրնգահար Արիկ Գրիգորեանը կը հիմնեն «Բամբիռ»-ին երկրորդ սերունդը: Այս ընթացքին անոնց կը միանայ թմբկահար Աշոտ Կորգանեանը: 2007-ին Կորգանեանին կը փոխարինէ Վարդան Փարեմուզեանը:

Ներկայիս խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն.
– Նարեկ Բարսեղեան (երգիչ, կիթառահար),
– Արիկ Գրիգորեան (երգիչ, կիթառահար, փայտափող, սրնգահար, հարուածային գործիքներ),
– Արման Քոչարեան (երգիչ, թաւ կիթառահար),
– Վարդան Փարեմուզեան (երգիչ, թմբկահար եւ հարուածային գործիքներ):

Զրոյց` «Ազդակ»-ի հետ

«Ազդակ»-ի հետ համացանցի վրայ ունեցած մտերմիկ ու կարճ զրոյցի ընթացքին Նարեկ Բարսեղեան խօսելով խումբին երաժշտական ժանրերուն մասին` հաստատեց, որ «Բամբիռ»-ի երկրորդ սերունդը կը սիրէ ժանրերու հետ խաղալ. «Տարբեր ժանրերով կ՛աշխատինք` յառաջապահականէն մինչեւ ժողովրդական ու ռոքընռոլ: Իւրաքանչիւր երաժշտական ոճ տարբեր է, եւ ատոր համար որոշած ենք ոչ մեր բոլոր ստեղծագործութիւնները «Բամբիռ» անուան տակ հրապարակել, այսինքն «Բամբիռ» արտադրութեան մէջ են այդ գործերը, բայց ոչ բոլորը «Բամբիռ» անուան տակ` որպէս խումբի անուն», ըսաւ ան:

Այս իմաստով, «Բամբիռ» խումբը ունի`
– «Վիշապ անսամպլ»-ը, որուն աշխատանքը հիմնականօրէն կը տանի Արիկ Գրիգորեանը, եւ որուն ոճը ժողովրդական է:
– Տը Քրայսիս աֆ տը ժանր – ժանրերու ճգնաժամը, որուն ոճը փանք (punk) ծանր ռոք է:
– Ճակը, որ խումբին հիմնադիրին հետ համագործակցութիւնն է:
– «Բամբիռ»-ը, որ ունի հեղինակային եւ վերամշակման գործեր ու ռոք ոճը:

«Բայց Լիբանան պէտք է բերենք, կ՛երեւի, մեր վերջին երկու ալպոմները` Ինտեքս սէշընզ եւ Ափսեշընզ, որոնք, կը զգանք, ժողովուրդը շատ պիտի սիրէ Պէյրութի մէջ», աւելցուց ան:

«Բամբիռ» խումբը առաջին անգամը չէր, որ Լիբանան պիտի այցելէ: Խումբը 2009 թուականին մասնակցած է «Էհտեն»-ի փառատօնին, ինչպէս նաեւ մտերմիկ ելոյթներ ունեցած զանազան գիշերային զբօսավայրերու մէջ: Նարեկ Բարսեղեան վկայեց, որ` «Անցեալ անգամուան մեր փորձառութիւնը հետաքրքրական էր: Անշուշտ փառատօնին հանրութիւնը տարբեր էր, զբօսավայրերու հանրութիւնը` տարբեր, բայց երկուքն ալ հետաքրքրական էին, եւ խանդավառ ենք անգամ մը եւս գալու Լիբանան»:

Խօսելով երգերուն եւ երաժշտութեան ստեղծագործական աշխատանքին մասին` Նարեկ Բարսեղեան նշեց, որ իրենց գործերը հեղինակային են. ունին նաեւ ժողովրդական երգերու վերամշակումներ: «Յառաջապահական բաժիններ կը վերցնենք տարբեր ժամանակներէ, կը սկսինք մարսել, ծամել… տարբեր է: Հիմնականօրէն սեփական գրած նիւթի հետ կ՛աշխատինք` թէ՛ բառ, թէ՛ երաժշտութիւն: Հին սերունդի գործերէն ալ կ՛օգտուինք, Ճակի երգացանկէն ալ կ՛օգտուինք: Ճակի հետ կը նուագենք նաեւ: Բամբիռներէն մէկը ան է, արմատն է, նախատիպարն է «Բամբիռ»-ին եւ Ճակի հետ կը նուագենք», յայտնեց Նարեկ ու շարունակեց, որ` «Թէեւ իւրաքանչիւրս մէկ երկիր կ՛ապրի, օրինակ` Վարդանը Փարիզ է, միւսները Միացեալ Նահանգներ, ես` Հայաստան, բայց ամէն ինչ կը սկսի հոսկէ` Ձորաղբիւրէն, մեր արուեստանոցէն: Հիմնականօրէն ամէն ինչէ առաջ հոս կը հաւաքուինք, փորձերը կ՛ընենք, յետոյ կ՛ելլենք ճամբայ` շրջագայութեան եւ համերգներու»:

Ի դէպ, Նարեկը հետս կը խօսէր Ձորաղբիւրէն: «Էստեղ ծառեր ունենք լիքը, չի եղնի երկար ժամանակ բացակայենք. Աշնան բերքահաւաքն ա,  գիւղացիների հետ գործ ենք անում ու ալպոմ ենք ձայնագրում»: «Ես քեզ անկեղծօրէն ասեմ` երկու տարիէ սոլիթուտի մէջ եմ, սարերում… էս տունը հանդիպեց այգիով ու ուզեցի հոս մնալ…» [Այս հատուածը նախընտրեցի չթարգմանել արեւմտահայերէնի, քանի որ անկարելի պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնով ընկալել Հայաստանի աշնան սրճագոյնախառն դեղինն ու նարնջագոյնը, որուն գիրկը ճամբորդել երեւակայեցի այս բառերով]:

Ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` ան յայտնեց, որ ներկայիս կ՛աշխատին երկու ալպոմներու վրայ, որոնք լոյս պիտի տեսնեն յառաջիկայ տարուան կիսուն: Ատկէ բացի, անոնք կ՛աշխատին նաեւ ռատիօ թատրոնի եւ յղացական  երկար ալպոմի վրայ. «Ահագին զբաղած ենք»: Տարօրինակ խումբ ենք էլի՛, հետաքրքրական տարբեր սերունդներով», ըսաւ ան խնդալով ու աւելցուց, որ ստեղծագործական աշխարհը ունի իր մշտական մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց պատրաստ ըլլալու համար պէտք է աշխատիլ չծերանալ: «Մենք կը փորձենք աւելի շատ մաքուր մնալ մեր սրտի հետ` մեր ստեղծագործութիւններուն մէջ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ «Բամբիռ»-ի երկրորդ սերունդը հաւատարիմ է «Բամբիռ»-ի առաջին սերունդին եւ ի՞նչ եղափոխութիւն ապրած է, ան ըսաւ, որ հիմնականօրէն մէկ բանով հաւատարիմ են առաջին սերունդին. երբեք նոյնը չկրկնելով, այլ միշտ թարմ եւ նորարար ըլլալով` շարունակել ժառանգութիւնը:

bambir1_10716

Նկատի ունենալով, որ «Բամբիռ»-ի երկրորդ սերունդն ալ իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր շրջագայած է զանազան երկիրներ, խօսելով սփիւռք-հայրենիք կապի մասին` Նարեկ Բարսեղեան ըսաւ, որ` սփիւռքը եւ հայրենիքը միաբան կը տեսնեմ: Ունիմ սփիւռքի մէջ ծնած եւ ապրող հարազատներ, որոնց կէսը արեւմտահայ է, ըստ իս, երկուքը միաբան են: Լաւ է, որ երբ Ամերիկայի մէկ աննշան քաղաք երթաս, յանկարծ հայ կը տեսնես… Ես շատ կապուած եմ սփիւռքին ու հայրենիքին հետ եւ չեմ առանձնացներ, հակառակը լաւ կ՛ըլլար եթէ մէկ տեսակ հայ լեզու ըլլար եւ վերագտնէինք արեւմտահայերէնի քերականութիւնը, այբուբենը այբ բեն գիմով կարդայինք եւ ոչ թէ «ապըկըտըով»: Ինչ կը վերաբերի լեզուին, մշակոյթին, կ՛ուզէի ամբողջական միաբան մօտեցում տեսնել մօտիկ ապագային…

Որպէս հայ երիտասարդ երաժիշտներու պատգամ` Նարեկ Բարսեղեան ըսաւ, որ պէտք է միշտ թարմ ըլլալ. «Մի՛ կարծէք, որ բանի մը հասեր էք, թէկուզ հասած ըլլաք: Ամէնէն կարեւորը մարտահրաւէրները դիմագրաւելն է եւ այդ ամէնէն լաւ միջոցն է չծերանալու»: Այս ուղղութեամբ անոնք իրենց կայքին մէջ զետեղած են խումբին հետ ինթըրնշիփ ընելու կարելիութիւնը, որուն ընդմէջէն երիտասարդը աւելի կը ծանօթանայ արուեստի աշխարհին: Այս ինթըրնշիփին ներկայիս կը մասնակցին հինգ հոգի, երկուքը` Հայաստանէն:

«Բամբիռ»-ի երկրորդ սերունդը մինչեւ օրս հրապարակած է չորս ալպոմներ եւ ¬վեց առանձին երգեր: Տիրացած է զանազան մրցանակներու եւ պարգեւներու, ինչպէս` 2003 թուականին Ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան լաւագոյն ռոք խումբ մրցանակին եւ 2010 թուականին Աթէնքի մէջ կայացած Եւրոձայն միջազգային մրցումին երրորդ դիրքին: Անոնց ձեռքբերումներէն յիշատակութեան  արժանի է 2011-ին տեղի ունեցած «Արմինիըն սքոչ» անունով ձայնասկաւառակին շնորհահանդէսը: Այս ձայնասկաւառակը կը բովանդակէ «Բամբիռ»-ի առաջին եւ երկրորդ սերունդի 30-ամեայ գործունէութիւնը եւ նուիրուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140-ամեակին:

Նշենք, որ կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հայկական ակումբին, «Բամբիռ» խումբը Լիբանանի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ հոկտեմբեր 8-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Ելոյթին բացումը պիտի կատարէ Պէյրութի «Կարապալա» խումբը, որ երկար բացակայութենէ ետք բեմ պիտի վերադառնայ` ներկայացնելու փունջ մը նոր վերամշակումներ:

Ըստ You Tube-ին «Բամբիռ»-ին լաւագոյն տասը երգերն են`
Grapes of Sinai
Խիօ
Black blouse  (with Jag)
Կիտուր
Դղեակ
Լուցկիներով աղջիկը
Do you love me
Dark City Train
Հենց այսպէս
Urban

Իսկ մեր յանձնարարութիւններն են`
That՛s fine with us
Դատարկ արկղեր
Հազարան պլպուլ
Կիկոսի մահը  

 

Գիտէի՞ր, թէ…

– «Բամբիռ» խումբը երկու յաջորդական տարիներ տիրացած է Հայաստանի լաւագոյն ռոք խումբ տիտղոսին:
– 2012-ին Իրլանտայի ամէնէն հռչակաւոր «Էլեքթրիք փիքնիք» փառատօնին ընթացքին երեք բեմերու վրայ հինգ ելոյթներ ունեցած են:
– Ելոյթներ ունեցած են` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Իրլանտայի, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ վայրերու մէջ:
– Երբ արուեստանոցին մէջ չեն, շատ հաւանաբար անոնք բնութեան մէջ կը ստեղծագործեն իրենց երաժշտութիւնը:
– Անոնք կը գծեն եւ կը նկարահանեն իրենց անձնական տեսերիզները:
– Ֆրանսայի մէջ իրենց փորձերը կատարած են նուագի ազատ ելոյթներու (jam sessions) եւ երաժշտական գործիք վաճառող խանութի մէջ, երբ իրենց հետ չեն ունեցած երաժշտական բոլոր գործիքները:
– Որպէս շնորհակալութիւն իրենց հիւրընկալութեան` Պէյրութ, ընկերոջ պատշգամը նուագած են:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>