Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ ճանաչման աշխատանքը արուեստի ճամբով կատարելու այլ աշխատանք մը յաջողութեամբ կը պսակէ բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» ժապաւէնը: ժապաւէնը ոչ միայն կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան վկայութիւն մը, այլ նաեւ անիկա կը ներկայացնէ այլ դիտանկիւնէ մը:
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ թրքական ռազմական վարժարանի մը մէջ, որուն «կը ծառայեն» 1909 թուականին Քեսապի ու Ատանայի կոտորածներէն ճողոպրած երկու պատանիներ` Վարդանն ու Միհրանը: Վարդանին արեան կանչը միշտ զայն տանելով իր ընտանեկան յիշատակներուն` անընդհատ մտածել կու տայ իրեն իր մեծ հօր նուիրած մագաղաթեայ Սուրբ Գիրքին մասին, որ խլած են թուրքերը: Վարժարանին մէջ Միհրանն ու Վարդանը իրարու մէջ կը գտնեն իրենց ապաւէնը ու ուժերը կը միացնեն` գտնելու մագաղաթը:
«Կանչ» ժապաւէնը առաջին անգամ կը ցուցադրուի ապրիլի 20-ին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ: Ժապաւէնի մտայղացման հեղինակն ու արտադրողն է Հայկ Աւագեանը («AVAGYAN» production), իսկ բեմագրողներն են Սամուէլ Թադեւոսեանն ու Կառլեն Աբրահամեանը:
Խօսելով ժապաւէնին մասին` Աւագեան կը նշէ, որ «Կանչ» ժապաւէնը տարբեր է այն բանով, որ չի պարունակեր բռնութիւն ցոյց տուող տեսարաններ, այլ պատանիներուն ապրումներուն եւ պայքարին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ այդ մէկը: Բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանը կ՛ընդգծէ, որ ժապաւէնին յստակ պատգամը այն է, որ հայ մարդու կերպարը մնայուն է, կ՛անցնի դժուարութիւններէ իր տեսակը պահպանելու համար: Այս ողբերգական ժապաւէն չէ, որովհետեւ չկան Ցեղասպանութեան բնորոշ տեսարաններ, այս յաղթական ժապաւէն է, կը հաստատէ ան` բացատրելով, որ մագաղաթը կը յատկանշէ ընտանիքի, այբուբենը պահպանելու, ընտանեկան տոհմածառի գաղափարը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի:
Բացի անկէ, որ դէպքերը կը դառնան պատանիներուն շուրջ, «Կանչ» ժապաւէնը պատմական հաւաստիութիւն ունի: Ժապաւէնին բեմագրողը կը նշէ, որ «Կանչ»-ը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ պատմական դէմքեր, որոնք մեծ դեր խաղացած են հայատեացութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործին մէջ: Մասնաւորապէս խօսքը թուրք հասարակական գործիչ Հալիտէ Էտիպ Ատըվարի մասին է, որ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ որբերու «վերադաստիարակման»:
Ժապաւէնը նկարահանուած է «Փիւնիկ հիմնադրամ»-ի, Ազգային կինոկենտրոնի ֆինանսաւորմամբ եւ կրթութեան գիտութեան, մշակոյթի, պաշտպանութեան նախարարութիւններու աջակցութեամբ:
«Կանչ» ժապաւէնը, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Շուշի կոմիտէին, պիտի ներկայացուի Սիթի մոլի «Սինեմա սիթի» սրահին մէջ, հինգշաբթի, հոկտեմբեր 13-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Ներկայացման ներկայ պիտի ըլլան բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեան եւ բեմագրող Սամուէլ Թադեւոսեան: