Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իշխանութեան ղեկին վրայ իր գերդաստանին երկար մնալը օրինականացնելու նպատակով վերջերս կազմակերպեց սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ, որ միջազգային շրջանակներու, մարդկային իրաւանց խմբաւորումներու եւ քննադատներու կողմէ դատապարտուեցաւ: Սակայն, ինչպէս միշտ, «դատապարտում»-ը կը մնայ կրաւորական, որովհետեւ գործնական ոչ մէկ քայլ կ՛առնուի, իսկ բռնապետը եւ իր ընտանիքն ու անմիջական շրջապատը կը զօրանան ու կը բարգաւաճին… սահմանադրութեան օրէնքի «բարեփոխուած» յօդուածներով:
Ն.
Ալեքսանտր Մարքարով. (ԱՊՀ-ի հիմնարկի հայկական մասնաճիւղի տնօրէն) – «Ազրպէյճան դարձաւ աշխարհի մէջ այն սակաւ պետութիւններէն մէկը, ուր այս կամ այն պետական պաշտօնը ցանկացողներուն համար տարիքային շեմը իջեցուցած են նուազագոյնի: Այսուհետեւ Ազրպէյճանի մէջ պաշտօնական առումով բարձր պաշտօնները կրնան ստանձնել նոյնիսկ դպրոցի շրջանաւարտները: Իրականութեան մէջ, շատ հաւանաբար, խօսքը Իլհամ Ալիեւի ընդունած այսպէս կոչուած «հենտմէյտ» մարտավարութեան` իշխանութեան ապագայ ժառանգորդը պատրաստելու մասին է: Փաստօրէն Ալիեւ օրինականացուց իշխանութիւնը ժառանգաբար փոխանցելը: Անոր յաջորդ փոխանորդը շատ հաւանաբար կ՛ըլլայ Ալիեւի նշանակելիք փոխնախագահը»:
Ալեքսանտր Նիքոլոսքի (Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար).- «Կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սահմանադրութեան մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու գնահատման համար չեն դիմած Վենետիկի յանձնաժողովին: Կառավարութեան կոչ կ՛ընենք ուղղումներ կիրարկելու եւ իշխանութիւններու ճիւղերու եւ խորհրդարանի դերի միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար յարգելու Վենետիկի յանձնաժողովին կարծիքը: Նաեւ կոչ կ՛ընենք երկխօսութիւն հաստատելու ընդդիմադիրներու հետ եւ կը ցաւինք, որ հանրաքուէէն առաջ նախնական բանավէճեր չեն կազմակերպուած: Նաեւ ցաւ կը յայտնենք, որ շարք մը գործիչներ քրէական մեղադրանքներով ձերբակալուած են»:
«Էմնըսթի».- «Ազատութեան ոտնակոխումը յատկանշեց սահմանադրական հանրաքուէն: … Միջազգային ներում կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ փոխտնօրէն Քրիվոշիվ ըսաւ, որ հանրաքուէին սկիզբէն իսկ ընկերացած են ձերբակալութիւններն ու ահաբեկումները: Անոնք, որոնք փորձած են քննադատել եւ արշաւ կազմակերպել սահմանադրական փոփոխութեան այս առաջարկներուն դէմ, իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած են: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ընտրութիւններու ընդառաջ` շարունակաբար կը խախտեն մարդկային իրաւունքները»:
«Ա.ԷՖ.Փէ.».- «Ազրպէյճանի հանրաքուէն կը խթանէ ամենակարող նախագահը: Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը (Էմնըսթի ինթերնէյշընըլ) ըսաւ, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի առաջնորդեն ազատութեան կոպիտ խախտումներու, իսկ հանրաքուէն տեղի ունեցած է ձերբակալութիւններու, խախտումներու եւ սարսափի մթնոլորտին մէջ»:
ԵուրԱքթիւ.- «Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնն ու մարդկային իրաւանց պաշտպան խմբաւորումներ քննադատեցին սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն` ատիկա ոչ ժողովրդավարական անուանելով: Գործիչներ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին մարդկային իրաւանց խախտումներուն կապակցաբար»:
Հելսինքիի խորհուրդ.– (Ալիեւի յղուած նամակէն հատուածներ) «Խորապէս մտահոգ ենք առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններով, որոնք պիտի նսեմացնեն ժողովրդավարութիւնը պահպանելու համար Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւնները: Ընդարձակելով նախագահական իշխանութիւնները` առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւնները ենթակայ են պաշտօնի, դիրքի չարաշահումներու, որոնք պիտի արմատաւորեն քաղաքական իշխանութիւնը` զայն դարձնելով աւելի քիչ արձագանգող ազրպէյճանական ժողովուրդին կամքին: …Հանրաքուէն կը ստեղծէ օրինականութեան սուր տագնապներ: Ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ ալ ազրպէյճանցիները կրնան վստահութիւն ունենալ քուէարկութեան վրայ, որ տեղի կ՛ունենայ ազատ տեղեկատւութեան, բաց բանավէճերու եւ թափանցիկութենէ զուրկ պայմաններու մէջ: Այն, որ ազրպէյճանցիներուն թելադրուած է ի նպաստ քուէարկել այնպիսի միջոցառումներու, որոնք կը մաշեցնեն ժողովրդավարական սկզբունքները, կացութիւնը նոյնիսկ աւելի անընդունելի կը դարձնեն»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ».- «Սահմանադրական փոփոխութիւններով Իլհամ Ալիեւ իշխանութեան ղեկին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2020, իր պաշտօնավարութեան ներկայ ժամկէտէն երկու տարի աւելի: Հանրաքուէն վստահաբար պիտի զօրացնէ Ալիեւի դիրքը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կառավարութիւնը տնտեսական տագնապ կը դիմակալէ քարիւղի սակերու շարունակական անկումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող հակամարտութեան պատճառով: «Ալիեւ կը դիմագրաւէ յաւելեալ խնդիրներ եւ ան ոչ միայն կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ հզօր կ՛երեւի, այլ նաեւ իր ընտանիքը կ՛ուզէ պահել իշխանութեան վրայ», ըսաւ ռուս քաղաքական մեկնաբան Ալեքսէյ Մալաշենքօ: … Ըստ իրաւապաշտպան Կիորկի Կոկիայի, աճող կասկածը այն է, որ Իլհամ Ալիեւ իր տղուն համար հող կը պատրաստէ, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, ան զինք փոխարինէ»:
«Ռատիօ Ազատ Եւրոպա».- «Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ վիճելի սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէն, որ պիտի զօրացնէ նախագահ Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին ուժը` երկրի իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ պահելու: …Ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնը նախագահի պաշտօնավարութեան տեւողութեան երկարաձգումն է: Իլհամ Ալիեւ, որ նախագահական պաշտօնը 2003-ին ստանձնեց իր հօրմէն, պիտի պահէ այդ պաշտօնը մինչեւ 2020 թուական: 54-ամեայ նախագահը, ատկէ ետք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ միայն իւրաքանչիւր 7 տարին, բան մը, որ ինք իրաւունք պիտի ունենայ շարունակաբար ընելու, քանի որ նախագահի ժամկէտի սահմանափակումը 2009-ին ջնջուած է: Սահմանադրական այլ փոփոխութեամբ մը պիտի ստեղծուին երկու փոխնախագահներ, որոնք պիտի նշանակէ եւ պաշտօնազրկէ նախագահը: … Նախագահի թեկնածուի նուազագոյն տարիքը, որ այժմ 35 է, պիտի ջնջուի եւ երեսփոխանի թեկնածուի տարիքը 25-էն պիտի նուազի 18-ի: Ընդդիմութիւնն ու այլ քննադատներ կը պնդեն, որ ասիկա նախատեսուած է ամրապնդելու եւ երկարաձգելու Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին իշխանութիւնը: …Տարաձայնութիւններ կան, թէ առաջին փոխնախագահի պաշտօնը կը ստեղծուի Ալիեւի կնոջ` Մեհրիպանի (իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան փոխնախագահ), կամ իրենց 19-ամեայ տղուն` Հայտարի համար»:
«Ռոյթըրզ».- «Ազերի ուսուցիչ մը ըսաւ, որ ինք ի նպաստ քուէարկած է փոփոխութիւններուն, թէեւ չէ կարդացած, թէ ինչի՛ համար են այդ փոփոխութիւնները: …Ալիեւի իշխանութիւնը երկար ատեն օգտուած է տնտեսական բարգաւաճումէն, յատկապէս` քարիւղի արտադրութենէն: Բայց վերջին երկու տարիներուն քարիւղի սակերու անկումը տկարացուցին ազրպէյճանական դրամանիշը` մանաթը եւ տկարացուցին տնտեսութիւնը»:
«Տայ Ուելթ».- «Հանրաքուէն ճամբայ կը բանայ Իլհամ Ալիեւի տղուն դէպի իշխանութիւն վերելքի համար: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առաջին հայեացքէն արեւմտամէտ քաղաքական գործիչի տպաւորութիւն կը ձգէ: Բայց արտաքինը կը կուրցնէ: Իրականութեան մէջ նախագահ Ալիեւ Ազրպէյճանի մէջ իշխող գերդաստան կը կառուցէ: Ան ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի իր արդէն իսկ ահռելի հարստութիւն դիզած ընտանիքը այսուհետեւ ալ մնայ իշխանութեան ղեկին:
Հանրաքուէն նաեւ ճամբայ կը հարթէ Իլհամ Ալիեւի տղուն` Հայտարի վերելքին համար դէպի իշխանութեան գագաթ, քանի որ հիմա նախագահի թեկնածուի տարիքային պայմանը 35-էն 18 տարեկանի իջած է: Հիմա 19-ամեայ Հայտարը կ՛ուսանի Պաքուի միջազգային յարաբերութիւններու համալսարանին մէջ: Այսօրուան դրութեամբ, Հայտար յայտնի է միայն անով, որ 2010-ին, 11 տարեկանին, արդէն Տուպայի մէջ 44 միլիոն տոլարնոց շքեղ անշարժ գոյքի սեփականատէր էր: Բացի ատկէ, անոր անունը երեւցած է «Փանամական փաստաթղթեր»-ու մէջ ազրպէյճանական «Աթահոլտինկ»-ի առնչութեամբ, որ մասնաբաժիններ ունի դրամատուներու մէջ, նաեւ` զանազան պատկերասփիւռային, շինարարական, քարիւղի եւ կազի ընկերութիւններու մէջ: Հոլտինկի սեփականատէրը կ՛առնչուի միջազգային փտածութեան: Նախագահին երկու աղջիկները, ըստ «փանամական թղթածրար»-ին, նոյնպէս սեփականատէրեր են արտերկրի մէջ գործող ապօրինի ընկերութիւններու: Ատոնց միջոցով Ալիեւները, օրինակ, կը վերահսկեն Ազրպէյճանի մէջ ոսկիի արդիւնաբերութեան մարզը: Բացի ատկէ, անցեալ տարի կատարուած հետաքննութեան ծիրին մէջ բացայայտուած է, որ նախագահին ընտանիքը մասնաբաժիններ ունի Ազրպէյճանի ութ մեծ դրամատուներու մէջ: 2014-ի սկիզբը ատոնց արժէքը 3 միլիառ տոլար էր»:
![Հայտար, Լէյլա եւ Արզիւ Ալիեւ](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/10/haydar-leyla-arzu-aliyev_10716.jpg?resize=600%2C337)
Հայտար, Լէյլա եւ Արզիւ Ալիեւ
«Տէյլի Մէյլ».- «Միջազգային քննադատութեանց պայմաններուն մէջ ազրպէյճանցիք մասնակցեցան հանրաքուէին, որ կ՛առաջարկէր սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք կ՛երկարաձգեն նախագահական պաշտօնի տեւողութիւնը եւ լիազօրութիւնները: Առաջարկները, որոնք կը ներառեն նախագահական պաշտօնի տեւողութեան երկարաձգում` նախկին 5-ին փոխարէն 7 տարի, եւ նախագահը լիազօրել լուծարելու խորհրդարանը, քննադատուած են եւրոպական սահմանադրական օրէնքներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային խմբաւորումներու կողմէ: Ընդդիմադիրներ կը պնդեն, որ փոփոխութիւնները պիտի ամրացնեն ուժը գերդաստանի մը, քանի որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ որդին է նախորդ առաջնորդին: Ըստ ընդդիմադիրներուն, այս փոփոխութիւնները մեքենայական միջոցներ են երկարաձգելու անոր իշխանութիւնը` քարիւղով հարուստ կասպեան երկրին մէջ, որ միջազգային մնայուն քննադատութեան թիրախ է մարդկային իրաւանց խախտումներու եւ այլախոհները ճնշելուն համար: Ֆրանսա տեղակայուած միջազգային օրէնքի պաշտպան մասնագիտական խմբակը` Վենետիկի խորհուրդը, հրապարակուած նախնական զեկոյցով մը շեշտեց, որ նախագահական լիազօրութիւններու երկարաձգումը անարդարանալի է, եւ թէ` միւս առաջարկները պիտի խախտեն ուժի հաւասարակշռութիւնը»:
Քրիս Սմիթ.- (Հելսինքեան յանձնաժողովի ղեկավար, քոնկրեսական).- «Ամբողջովին ակներեւ է, որ Ազրպէյճանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծրարը մշակուած է նախագահի լիազօրութիւններու սահմանափակումները հանելու նպատակով: Այդ հանրաքուէն օրինականութենէ զուրկ հոլովոյթի գագաթնակէտ դարձած է: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նման նշանակալի փոփոխութիւններու դիմած է` երկրի ժողովուրդը զրկելով իր հիմնարար իրաւունքներէն, որոնք անհրաժեշտ են ուսումնասիրութեան փուլի մէջ գտնուող հարցերու ազատ քննարկման համար: Քանի մը շաբաթ շարունակ իշխանութիւնները կը ձերբակալէին եւ կը հետապնդէին քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ` ճնշելով անոնց ձայները, որոնք կ՛արտայայտուին նախատեսուած փոփոխութիւններուն դէմ: Միայն տարի մը առաջ Ազրպէյճան կ՛արգելակէր խորհրդարանական ընտրութիւններու նկատմամբ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական աշխատանքը: Ասիկա կը վկայէ, որ Պաքու ցանկութիւն չունի կատարելու ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները: Ես առաջուան պէս խորապէս մտահոգ եմ, որ այս անօրինական հոլովոյթը աւելի կ՛արգելակէ ազրպէյճանցիներու ժողովրդավարական ապագան»:
«Օզերվաթորիօ».- «Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախկին անդամ, «Յոյս» քաղաքական կուսակցութեան ղեկավար Իկպալ Ակազատէ ըսաւ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն մէջ ոչինչ դրական է, եւ թէ` այս հանրաքուէն կը ծառայէ միայն զօրացնելու նախագահը իբրեւ հաստատութիւն եւ տկարացնելու մնացեալ կառավարական բոլոր ճիգերը»:
Հետապնդումներու վերջին ալիքը Ազրպէյճանի արդէն իսկ տկարացած քաղաքացիական հասարակութեան մէջ կը յառաջացնէ կասկած երկրի ժողովրդավարական ապագային առնչութեամբ: Մինչ կառավարութիւնը այս տարուան մարտին ներում շնորհած է շարք մը առանցքային քաղաքական բանտարկեալներու, քաղաքական հիմքերով տակաւին բանտարկուածներուն ցանկը շատ երկար է: Աւելի լաւ ապագայի մը համար յոյսը տկար է, մինչ իշխող ընտրանին երկիրը կը հրէ դէպի այնպիսի ջուրեր, ուր փոթորիկը անխուսափելի է»:
«Ֆրիտըմ Հաուս».- «Ընդունելով հանրաքուէի արդիւնքները, Ազրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը խախտած է սեփական պահանջները: Արդիւնքները հաստատած են` հակառակ զեղծարարութեան ակներեւ փաստերուն: Ատով անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորուած է Ազրպէյճանի քաղաքացիներու իրաւունքներու հանդէպ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այն անձն է, որ ամէնէն աւելի պատասխանատու է վերջին տասնամեակին Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց սարսափելի խախտումներուն»: