Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Գրգեաշարեան-Գայիքեան Ֆոնտ»-ի Ներդրումը

$
0
0
Դոկտ. Ճան Շօ, Ստեփան Գրգեաշարեան եւ փրոֆ. Կարտնըր

Դոկտ. Ճան Շօ, Ստեփան Գրգեաշարեան եւ փրոֆ. Կարտնըր

Սիտնիի համալսարանի արուեստի եւ ընկերային գիտութիւններու ուսումնասիրութեան գրասենեակը աւստրալիական մամուլին յղած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է «Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ին: Ստորեւ` հաղորդագրութիւնը:

Կը շնորհաւորենք «Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ի առաջին հետազօտող նպաստընկալները` փրոֆ. Իըն Կարտնըր եւ դոկտ. Ճան Շօ, երկուքն ալ` «Ունիվըրսիթի աֆ Սիտնի»-ի դասախօսներ:

«Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ը ստեղծուեցաւ 2014-ի վերջաւորութեան, տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Հիլտա Գրգեաշարեաններու առատաձեռն նուիրատուութեամբ: Ֆոնտը կրթաթոշակ կը յատկացնէ բոլոր անոնց, որոնք Սիտնիի համալսարանին մէջ ակադեմական հետազօտութիւն կը կատարեն հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ` սկիզբէն մինչեւ 19-րդ դարու աւարտը:

«Շատ հետաքրքրական է, որ այս ուսումնասիրական աշխատանքը պիտի տարուի, եւ հաւանաբար Աւստրալիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով` ոչ հայ ակադեմականներու կողմէ, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի շատ հարուստ պատմութեամբ: Հայաստան 9-րդ եւ 10-րդ դարերուն արդէն ունէր ուսումնարաններ, որոնք համազօր էին արդի համալսարաններուն, ինչպէս` Տաթեւի ու Հաղբատի վանքերը, որոնք կը հաշուէին աւելի քան 500 ուսումնագէտներ: Այս բարձրորակ ակադեմականները ստեղծագործեցին եւ մարդկային քաղաքակրթութեան շնորհեցին անհաւատալի գանձեր, որոնք կը սպասեն ուսումնասիրուելու արեւմտեան ակադեմական շրջանակներու կողմէ: Յոյսով եմ, որ այս երկու նպաստները սկիզբն են եւ առաջին փոքր քայլերը` ակադեմական երկար ճամբորդութեան մը», յայտարարեց պրն. Գրգեաշարեան:

Կրօններու պատմութեան փրոֆեսէօր Իըն Կարտնըր, օգտագործելով հայոց պատմութեան աղբիւրներ, պիտի փորձէ ի յայտ բերել, թէ արդեօք Մանին, մանիքէականութեան հիմնադիրը, երրորդ դարուն իր կատարած ճամբորդութեան ընթացքին Հայաստան այցելա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Այս ուսումնասիրութիւնը պիտի լուծէ այս մարզին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր վիճելի հարց մը եւ լոյս պիտի սփռէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պատմութեան վրայ, որ կը մնայ հիմնահարց մը` ազգային ինքնութեան ոլորտին մէջ:

Հոկտեմբերին փրոֆ. Կարտնըր պիտի այցելէ Հայաստանի Աղվերանի շրջանը, ուր պիտի դասախօսէ գիտաժողովի մը` կազմակերպուած  «Իրան եւ Կովկաս»  պարբերաթերթին կողմէ: Մասնակցելով այս ժողովին եւ այցելելով զանազան հնավայրեր` ան կը յուսայ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայ ինքնութեան կառուցման գործընթացին եւ անոր ունեցած կապին` Հռոմէական կայսրութեան Արեւելեան շրջանին մէջ  մանիքէականութեան եւ քրիստոնէութեան զարգացման հետ, որ փրոֆէսէօրին ուսումնասիրութեան նիւթն է:

«Երախտապարտ եմ ինծի տրուած առիթին համար` աւելիով մխրճուելու հայոց պատմութեան բնագաւառին մէջ, ուր բաւարար ուսումնասիրութիւններ չեն եղած: Կը յուսամ ապահովել նոր ձեռքբերումներ եւ յայտնաբերել, թէ ի՛նչ կը կատարուէր Հայաստանի մէջ նախքան 301 թուականը, ժամանակահատուած մը, որուն մասին առ այժմ շատ քիչ բան գիտենք», ըսաւ փրոֆ. Կարտնըր:

Դոկտ. Ճան Շօ կը ծրագրէ անգլիական պատմական տեսանկիւնէն ուսումնասիրել Կիլիկեան Հայաստանը` ֆրանսական «Մելիւզին» վիպերգութեան ընդմէջէն, որ պատշաճեցուած է անգլերէնի, 1500 թուականին: Այս ուսումնասիրութիւնը պիտի հակաճառէ իրական եւ երեւակայածինայն ազդեցութեանց հանգամանքին, որ արեւելեան քրիստոնեայ համայնքները ունէին ԺԵ. դարու անգլիական մշակոյթին վրայ եւ պիտի յայտնաբերէ այն փոխազդեցութիւնը, որ այս երկու աշխարհագրական տարածաշրջանները ունեցած են:

«Շնորհիւ այս կրթանպաստին` պիտի կարենամ աւելի լաւ ուսումնասիրել այդ ժամանակաշրջանին Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Կիլիկեան Հայաստանի եռանկիւնաւորումը», յայտարարեց դոկտ. Շօ:

«Շատ հետաքրքրուած եմ եւ կ՛ուզեմ ուսումնասիրել այն հետաքրքրական յարաբերութիւնը,  որ գոյութիւն ունի պատմութեան եւ գրականութեան միջեւ` յենելով այդ ժամանակահատուածին մէջ Կիլիկեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն վրայ: Պատմութիւնը չէ տեղեկացուած հայկական տեսանկիւնէն, հետեւաբար յոյսով եմ, որ պիտի կարենամ փոխել կիզակէտը եւ վերահաստատել պատմութիւնը եւ լոյս սփռել հայկական տեսակէտին վրայ», բացատրեց  դոկտ. Շօ:

«Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ը կրթանպաստ պիտի տայ ամէն տարի եւ առ յաւէտ: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել`
Faculty of Arts and Social Sciences Research Office at fass.research@sydney.edu.au Phone: +61 2 9351 2222


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>