Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի երկրորդական բաժնի աշակերտութիւնը դաստիարակիչ հանդիպումով մը պատեհութիւնը ունեցաւ ծանօթանալու արցախեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքին:
Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեաններ Լիբանան կը գտնուէին Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակի ժողովրդային հանդիսութեան մասնակցելու համար:
Քոլեճ այցելելով` նահատակ Զոհրապեանի ծնողները հանդիպում ունեցան նախ տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ, որ հիւրերուն ծանօթացուց լիբանանահայ ազգային վարժարանները ընդհանրապէս եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը յատկապէս` 52 տարուան իր հունձքով եւ հայ կեանքին ունեցած իր ներդրումով: Ապա, փոքր հիւրասիրութենէ մը ետք, երկրորդականի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը պատուեց հայրենի հիւրերը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան քոլեճին երկրորդականի ուսուցիչները, որոնց կարգին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Տինքճեան, զուգադիպութեամբ մը նոյն պահուն քոլեճ այցելող, նախկին սոֆիայակոբեանական Էլի Պէրպէրեան եւ տնօրէն Վիգէն Աւագեան:
Հիւրերը ողջունեց տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ նահատակութիւնը գերագոյն արժէք է, որուն դիմաց կը խոնարհինք բոլորս: Նահատակութիւնը անծանօթ չէ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին համար, որովհետեւ քոլեճը ունի իր նահատակները` արցախեան հերոս Մհեր Ջուլհաճեանը, Լիզպոնի անձնազոհներէն Սիմոն Եահնիեանը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նահատակ Պարոյր Տուտագլեանը եւ ուրիշներ: Նահատակութիւնը ազգային դաստիարակութեան եւ մթնոլորտի արդիւնք է, նշեց ան:
Բարի գալուստի խօսքէն ետք աշակերտները հանդէս եկան արտասանութեամբ եւ երգով: Դրօ Միրզայեան արտասանեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ»-ը, Արազ Էլէյճեան` Ալիսիա Կիրակոսեանի «Ղարաբաղ»-ը, իսկ Շանթ Շմաւոնեան երգեց «Լերան լանջին» երգը:
Այնուհետեւ տնօրէն Վիգէն Աւագեան հրաւիրեց նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը եւ, իբրեւ յիշատակ, անոնց յանձնեց քոլեճին 50-ամեակի յուշամատեանը, քոլեճի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանը ծանօթացնող «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտը գիրքը եւ մեծադիր լուսանկար մը, որ նկարուած էր օր մը առաջ, ժողովրդային հանդիսութեան ընթացքին: Լուսանկարը կը ներկայացնէր Զոհրապեանի ծնողքը` բեմին վրայ, խօսքի պահուն, իսկ վերեւը` նոյն պահուն ցուցադրուող նահատակ Անդրանիկին նկարը:
Խօսք առաւ նահատակ Անդրանիկին հայրը եւ շատ զգացուած շնորհակալութիւն յայտնեց Անդրանիկի յիշատակին ցուցաբերուած յարգանքին համար: Ան ըսաւ, որ նահատակութիւնն ու հերոսութիւնը կու գան մեր ժողովուրդի ծիներէն եւ դաստիարակութենէն: Ան խօսեցաւ արցախեան քառօրեայ պատերազմի 96 նահատակներուն մասին եւ ըսաւ, որ բոլորը անվախ եւ քաջարի տղաք էին, որոնք կը հաւատային մեր ժողովուրդի հզօրութեան եւ անպարտելիութեան:
Զոհրապեան պատմեց իր հերոս տղուն մասին եւ ըսաւ, որ հպարտ է նման զաւակ մը ունեցած ըլլալուն համար: Ապա իր խօսքը ներկայ աշակերտներուն ուղղելով` Զոհրապեան թելադրեց լաւ կրթութիւն ստանալ, զարգանալ եւ հզօրանալ` շարունակելու համար Անդրանիկներու գործը: «Ձեր ազգային դաստիարակութեան եւ ոգիին կը հիանամ: Ձեզմով կը մխիթարուիմ ու կը սփոփուիմ», ըսաւ Զոհրապեան եւ մաղթեց, որ Անդրանիկի եւ 95 ընկերներուն յիշատակը վառ կը մնայ բոլորին մէջ:
Ապա ինքնաբուխ կերպով խօսք առաւ քոլեճի նախկին շրջանաւարտ, մոնրէալաբնակ երգիչ Էլի Պէրպէրեան: Ան ըսաւ, որ նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի լոյսը այսօր իր ծնողքին միջոցով փոխանցուեցաւ մեզի եւ հաւատք ու կորով տուաւ մեր պայքարը շարունակելու` մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Այս առթիւ, Պէրպէրեան երգեց «Աղբերս ու ես» երգը: Աշակերտները երգին ընկերակցեցան մեծ յուզումով:
Աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ եւ նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի հոգւոյն յիշատակին աղօթեց Պօղոս վրդ. Տինքճեան:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ յիշատակի տպաւորիչ նկարով: