Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան» Սերտարանի Ծրագիր

$
0
0

karagozian-1_93016

«Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւն»-ը իր բազմազան բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու կողքին, նոյեմբեր 2007-ին հաստատեց           սերտարանի բաժինը:

Սերտարանին իսկական նպատակն է օգտակար դառնալ հայ աշակերտներուն, որոնք կարելիութիւնը չունին տան մէջ սորվելու իրենց ամէնօրեայ դասերը` հետեւեալ գլխաւոր պատճառներով.

ա.- Տան մէջ փոքր մանուկներու ներկայութիւն, որ կ՛արգիլէ աշակերտին դասի մէջ կեդրոնանալ:

բ.- Սենեակի, տեղի անբաւարարութիւնը:

գ.- Աշխատող ծնողքի, կամ ծնողքի ուսումէ զրկուած ըլլալը, որով չեն կրնար օգնել զաւկին, որպէսզի աւելի լաւ հասկնայ եւ ըմբռնէ դպրոցին մէջ իրեն մատուցուածը:

karagozian-2_93016

Գործնական այս դժուարութիւնները դիմագրաւող աշակերտներուն համար սերտարանը հանդիսացաւ ապահով եւ յարմար այն վայրը, ուր մասնագիտացած ուսուցիչներու օժանդակութեամբ անոնք կրնան իրենց ուսումնական բնական կեանքը հեզասահօրէն շարունակել:

Ներկայիս սերտարանի ծրագրին կը մասնակցին 80 աշակերտներ: Դասարանները կ՛ընդգրկեն նախակրթարանի Ա. դասարանէն մինչեւ միջնակարգ Բ. դասարան:

Այս աշակերտները կու գան տարբեր միջավայրերէ եւ դպրոցներէ: Ոմանք կը յաճախեն ազգային վարժարաններ, ուրիշներ` կաթողիկէ, աւետարանական, բարեգործական, օտար եւ կամ պետական վարժարաններ:

Ուսուցիչները որեւէ ճիգ չեն խնայեր` լաւագոյնս մատուցելու իրենց աշակերտներուն եւ զանոնք պատրաստելու, որ ապագային իրենց կեանքին մէջ դառնան ինքնավստահ աշակերտներ` հասնելով բարձրագոյն կրթութիւններու:

2016-2017 տարեշրջանի սերտարանի բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2016-ին,  երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի «Հասէսեան» սրահին մէջ. բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ սերտարանի ծրագրի համակարգող Ալին Թահմազեանը, ապա ծրագիրի ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան ծնողներուն ներկայացուց սերտարանի հիմնական նպատակն ու յառաջիկայ տարուան կատարուելիք աշխատանքները:

«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը վերանորոգման աշխատանքներու տակ գտնուելու պատճառով սերտարանի աշխատանքները առժամաբար տեղի պիտի ունենան Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի շէնքին մէջ, ամէն օր, երեկոյեան ժամը 4:00-7:00:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>