ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Արցախ այցելողներէն շատ քիչեր տեսած են Առաջամուղ գիւղը: Անիկա զբօսաշրջիկներուն համար ծանօթ վայր մը չէ, տեսարժան յուշարձաններ չունի, հեռու է Ստեփանակերտէն եւ կը գտնուի Հադրութ վարչական շրջանի ամէնէն հարաւը, Հադրութէն մօտ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Առաջամուղ գիւղը ազատագրուած տարածքներուն վրայ կառուցուելու սկսաւ 2004 թուականին, «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի եւ ԼՂՀ իշխանութիւններուն համատեղ ջանքերով, հետագային նաեւ` Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ին մասնակցութեամբ: Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու ծրագիրներուն մէջ Առաջամուղը յատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անիկա նախկին թրքաբնակ գիւղի մը վերականգնումով չէ՛ ստեղծուած, այլ հիմնովին նոր կառուցուած է եւ Արցախի հարաւը գտնուելով` բաւական մօտիկ է թէ՛ Իրանին, թէ՛ հայ-ազրպէյճանական այսպէս կոչուած շփման գիծին:
Առաջամուղի բնակիչներուն մէկ մասը զինուորականներու ընտանիքներ են, կան նաեւ շրջակայ գիւղերէն եկածներ եւ Ազրպէյճանէն գաղթական հայեր: Ներկայիս գիւղը ունի 18 տուն` աւելի քան 100 բնակիչներով, իսկ Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ի ֆինանսաւորումով 6 նոր տուներ շուտով պիտի յանձնուին Առաջամուղ տեղափոխուելու պատրաստ ընտանիքներու: Ըստ ծրագրին, յառաջիկայ տարիներուն գիւղի տուներուն թիւը պիտի հասնի 50-ի:
Առաջամուղի հիմնադրութեան օրերուն գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը գիւղի բնակչութեան տնտեսական կեանքի կազմակերպումն էր: Ճիշդ է, որ դպրոցի եւ գիւղապետարանի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ զինուորականներու ընտանիքները պետական աշխատողներ ըլլալով` աշխատավարձը կը ստանան ԼՂՀ կառավարութենէն, անդին, սակայն, միւս ընտանիքներուն եւ գիւղի զարգացման համար անհրաժեշտ էր տնտեսական այլ հնարաւորութիւններ, որպէսզի անոնք կարենային իրենց կեանքը կազմակերպել` աշխատանքով եւ եկամուտի ապահովումով: Այս գաղափարը կեանքի կոչելու նպատակով Անգլիայէն հայ գործարար եւ հանրային գործիչ Ֆրետ Հայրապետեան, որ նաեւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է, որոշեց նուռի այգիներ տնկել Առաջամուղի յարակից տարածքի մը վրայ, որպէսզի գիւղի բնակիչներուն համար աշխատանք ստեղծուի եւ նուռի արտադրութենէն եկած եկամուտով նոր ներդրումներ կատարուին շրջանին մէջ:
Վերջերս, երբ Ֆրետին հետ Առաջամուղ կ՛այցելէինք, ան պատմեց, որ առաջին ընտանիքները երբ որ գիւղ տեղափոխուեցան, տնտեսութեան զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ ուսումնասիրուեցան, եւ նուռի այգիի հիմնումը ամէնէն իրապաշտը համարուեցաւ` նկատի ունենալով շրջանի կլիմայական պայմանները եւ շուկային մէջ նուռի պահանջարկը:
– Ազատագրուած տարածքներու վերականգնումը միայն բնակարանաշինութիւնով չի վերջանար: Առաջամուղի բնակարաններու կառուցումէն ետք, գիտէինք, որ տնտեսական զարգացման համար ներդրումներ պէտք է կատարէինք: Ի վերջոյ, հողը պէտք է ծաղկեցնել, որպէսզի կեանքն ալ հետը ծաղկի: Նուռի այգին որոշեցինք տնկել տարածքի մը մէջ, որ շատերու կողմէ նոյնիսկ լսուած չէր, իսկ ուրիշներու կողմէ «Ազրպէյճանի վերադարձուելիք հող» կը համարուէր: Բայց մենք ետեւ նայողը չէինք: Որոշեցինք եւ անցանք աշխատանքի:
Դժուար գործի անցած էր Ֆրետ: Դիւրին չէր անապատի վերածուած ամայի տարածքը բնակեցնելէն ետք այգիներ աճեցնելու գործին նետուիլը: Այս մասին, սակայն, յաջորդ նամակով:
Գրեցէ՛ք ինծի: