Հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար նշելու ազգային հերոս, առասպելական դաշնակցական հրամանատար, արժանապատիւ ու խիզախ հայու` Աշոտ Ղուլեան – Բեկորի նահատակութեան 24-ամեակը:
Հայ ժողովուրդի գիտակցութեան, հոգւոյն, սիրտին ու պատմութեան մէջ, ինչպէս որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդը իւրայատուկ տեղ ունի յանձինս Դրոներու, Արամներու, Նժդեհներու, Ռուբէններու, նոյնպէս ալ արցախեան պայքարի ամբողջ տեւողութեան մասնակցած, բազմաթիւ ռազմավարական յանձնառութիւններ կատարած անձնուրաց Աշոտ Ղուլեանը, Մհերը, Կարօտը, Շահէն Մեղրեանը, Պետոն եւ միւսները, որոնց սխրագործութիւնները, անսակարկ նուիրաբերումը յանուն հայրենիքի իւրայատուկ տեղ ունին, որոնք պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ, անոնց խիզախ նկարագիրը ազնիւ բնաւորութիւնը, քաջութիւնը, անհատականութիւնը պիտի դաստիարակեն ու կերտեն նոր հայու տիպարը:
Տիպար սերունդ մը, որ չուշացաւ ինքզինք արժանապատիւ կերպով դրսեւորելու Արցախի վերջին քառօրեայ պատերազմի ընթացքին աննկուն կամքով, մինչեւ իրենց վերջին շունչը եւ վերջին փամփուշտը պայքարող եւ դիրքերը իրենց կեանքի գնով պաշտպանող հերոսները, որոնք նոյնպէս նահատակուեցան յանուն Արցախի անկախութեան եւ անկաշկանդ գոյատեւման:
Փա՛ռք ու պատիւ Բեկորներուն, Պետոներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին անմահացած բոլոր տղաներուն:
Սակայն այսօր Բեկորի նահատակութեան յիշատակութեան առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկի տարողութիւնը, իմաստը, պատկերը սովորական արարողական ձեռնարկներու սահմաններէն դուրս պիտի տեղափոխենք, բնաւ պիտի չբաւարարուինք սոսկ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ զայն վերյիշելու ձեւաչափով, այլ համայն հայութիւնը այսօր պարտաւոր է, մանաւանդ` արցախեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ դարձեալ թէժ կրակի վրայ կը թուի ըլլալ Արցախի քաղաքական կարգավիճակի հարցը կամ բանակցային գործընթացը, բազմատեսակ ճնշումները, շրջանային թէ միջազգային ուժերու աշխարհաքաղաքական միջամտութիւնները, այս բոլորը այսօր մեզ կը մղեն ազգովին եւ յատկապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մարտունակ երիտասարդութեան, որ այս տեսակի ձեռնարկները վերածուին տեսակ մը մեր ուխտը վերանորոգելու մեր վճռակամութիւնը վերահաստատելու, որ մենք ոչ մէկ պարագայի կրնանք Բեկորներու, Վիգէններու եւ նորօրեայ հերոսներու արդար արիւնով ազատագրուած հողեր, շրջաններ զիջիլ:
Բացառուած պէտք է ըլլայ պարտուողական դիրքերէ բանակցիլը, մանաւանդ` քառօրեայ պատերազմէն ետք, ուր մենք դարձեալ ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած են, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու ցանկացած սադրանք, ցանկացած անհաւասար կռիւ, ցանկացած լայնածաւալ յարձակումներ, ինչ տեսակի գերարդիական զէնքեր ալ գործածելու ըլլան մեր թշնամիները:
Իրաւացի է Գարեգին Նժդեհ, երբ կ՛ըսէ. «Զէնքը չէ, որ այդ տղաներին զինուոր է դարձրել, այլ` մարտական ոգին ու խմորը, արիութիւնը, հայրենի հողի ու սրբութեան զգացումը, հայրենիքի ազատագրութեան համար կռուելու եւ անգամ մեռնելու հաստատակամութիւնը»:
Աշոտ Ղուլեանի սերունդը` Պետոն, Կարօտը, Շահէնը լաւապէս ըմբռնած էին այս իրողութիւնը եւ համոզուած էին, որ հայ ժողովուրդը ոչ մէկ տեղ ունի զիջելու: Առանց Արցախի անառիկ լեռներուն, առանց ազատագրուած տարածքներուն պահպանման` դիւրաբեկ կը դառնայ Հայաստանը, կը խաթարուի հայու տեսակը, կը կորսնցնենք նաեւ մայր Հայաստանը եւ անոր սիրտն ու թոքերը հանդիսացող Երեւանն ու Ստեփանակերտը:
Այսօրուան հաւաքը պէտք է վերածուի կոչի, ուժի, քաղաքական գործօնի, պէտք է վերստին խիտ շարքերով զօրաշարժի ենթարկէ ինքզինք, որովհետեւ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք եւ ամէն վայրկեան պատրաստ պէտք է ըլլանք արժանապատիւ կերպով դիմակայելու իւրաքանչիւր յարձակում, վտանգ, միջազգային թէ շրջանային ճնշումներ:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր համայն հայութեան ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած է արցախեան բանակցային գործընթացին վրայ: 1988 փետրուարին արցախեան ազատագրական շարժումը համայն հայութեան համար դարձաւ համահայկական առաջնահերթ խնդիր եւ է մինչեւ այսօր: Համախմբեց մեր ժողովուրդը եւ զինուորագրեց Արցախի անկախութեան դատին:
Տուեալ ազատագրական-ինքնապաշտպանութեան պայքարը սկիզբ ունեցաւ 1988-ին որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան շահերու պաշտպանութեան, ֆիզիքական ապահովութեան, երկրի սահմաններու անվտանգութեան պայքար: Սակայն տրուած ըլլալով, որ պատմութիւնը անքակտելի կապերով Ղարաբաղը կապած է մայր Հայաստանի, իր հարազատ միջավայրին, հայութիւնը այնտեղ ապրած է դարեր շարունակ եւ միշտ կազմած է ազգաբնակչութեան մեծագոյն մասը, ուրեմն, բնականաբար տուեալ շարժումը պիտի դառնար ազգային ազատագրական պայքարի համայն հայութեան հիմնահարցերու համապարփակ լուծման կարեւորագոյն մէկ օղակը, որուն համար, գլխաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, սփիւռքի թէ հայրենիքի ազգաբնակչութիւնը, գիտակցելով տուեալ կենարար իրողութեան, անվերապահօրէն օժանդակեց առաջին իսկ օրէն` զօրաշարժի ենթարկելով մէկ ազգ – մէկ հայրենիք կարգախօսին տակ նիւթական, ֆիզիքական, քաղաքական, քարոզչական կարողութիւնները, նախ որովհետեւ հայ ժողովուրդը խորապէս համոզուած է, որ Արցախի կռիւները անհերքելիօրէն Հայ դատի բաղկացուցիչ կարեւոր մէկ մասն են, ու ապա` տրուած ըլլալով, որ 1918-էն ի վեր Արցախի հայութեան պայքարը եւ անոր կտրած ճամբան արդէն ապացուցած են, որ այդ սրբազան կռիւը ունի համահայկական բնոյթ եւ կենսական կարեւորութիւն Հայաստանի ու սփիւռքի գոյութեան համար:
Այդ համահայկական շարժումը, Արցախի ազատագրական պայքարը եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը պաշտպանող փաղանգին գլխաւորներէն էր, որ ծրագրող, կազմակերպող, առաջնորդող, մարտնչող առասպելական հրամանատարը, տաղանդաւոր անհատականութիւն մըն էր, եւ որուն մասին ոսկի տառերով արձանագրուած է հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառաւոր ազատագրական հերոսական էջերուն մէջ:
Ընկ. Աշոտ Ղուլեանը` Բեկորը, Դաշնակցութեան շարքերուն զինուորագրուած նոր տիպի հրամանատար էր. իրօք, ինքն էր մշակողը յեղափոխութեան շարժման տեսութիւնը ու զէնքը ձեռին դիրքէ դիրք, գիւղէ գիւղ, ինչպէս որ ժամանակին Սերոբ Աղբիւր եւ Գէորգ Չաւուշներ հայրենիքի եւ ժողովուրդի ճակատագիրը ապահովող ու վերափոխող գաղափարներու իրականացման համար ոչ մէկ ճիգ ու ժամանակ կը խնայէին:
Շուշիի ազատագրութեան, Քարինտակ գիւղի կռիւներուն, Խոջալուի ազատագրութեան, Մարտակերտի եւ Դրմբոնի կռիւներուն, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի պաշտպանութեան ամէնէն ծանր օրերուն Արցախ աշխարհի ամբողջ ժողովուրդը անվերապահօրէն կը վստահէր Բեկորին, անվերապահօրէն կը վստահէին իրենց զաւակներուն ճակատագիրը կապել Արցախի անբասիր, խիզախ եւ հզօր անհատականութեան տէր ընկ. Աշոտ Ղուլեանին: Որովհետեւ բոլոր մարտերու ժամանակ Բեկորը առաջինն էր միշտ ռազմադաշտ մտնողը եւ միշտ վերջին դուրս եկողը:
1991-ին Բեկորը նշանակուեցաւ Արցախի ազատագրական բանակի առաջին վաշտի հրամանատար: Աշոտ Ղուլեան Արցախի բանակի ոգին էր, բանակի յաղթանակներուն խորհրդանիշը: Այդ պատճառով ալ Աշոտի զինուորները կը պաշտէին զինք, պատրաստ էին նահատակուելու իրեն համար, միայն թէ իրենց առասպելական հրամանատարը ապրի, որպէսզի ապրի Արցախը, բանակը, հայութիւնը:
Աշոտ Ղուլեան, բոլորին վկայութեամբ, քաջերուն մէջ ամէնէն քաջն էր:
Բեկորը իր ղեկավարած եւ մասնակցած բազմաթիւ մարտերուն, իր կատարած կարեւորագոյն ռազմավարական յանձնարարութիւններու մասին բնաւ չէր սիրեր երկար-բարակ խօսիլ:
Կռիւներու ժամանակ հինգ անգամ վիրաւորուած էր տարբեր տեսակի արկերու, նռնակներու եւ փամփուշտներու բեկորներէն:
1992 թուականին Արցախի ազատամարտիկները շատ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեցին: Անոնց մէջ իւրայատուկ տեղ ունի Շուշի քաղաքի ազատագրումը: Միջազգային շատ մը ռազմագէտներ տակաւին կ՛ուսումնասիրեն, թէ այն ինչպիսի՞ ռազմավարութեամբ կատարուեցաւ եւ քաղաքը ազատագրուեցաւ:
Շուշիի ազատագրութեան մէջ Բեկորին դերակատարութիւնը վճռորոշ էր: Կռիւներուն ընթացքին ոչ ոք հասկցաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ, որ երէկուան բանուոր տղան, առանց ռազմական կրթութեան, դառնալով վաշտի հրամանատար, ինչպիսի քաջութեամբ ու հմտութեամբ կռիւ տուաւ եւ անթերի կատարեց իրեն վստահուած առաջադրանքը: Բեկորը իր զինուորներով առաջինը մտաւ Շուշի քաղաք, ազատագրեց եւ ապահովեց հայկական բերդաքաղաքի անվտանգութիւնը: Ահաւասիկ ինչո՛ւ առասպելական էր ընկ. Աշոտ Ղուլեանը: Առասպելական հրամանատար էր նաեւ, որովհետեւ մասնակցած էր եւ միշտ առաջին գիծի վրայ Ասկերանի, Հադրութի, Շահումեանի, Բուզլուխի, Վերին Շէնի, Մանաշիթի, Մալիբէյլուի, Խոջալուի, Քարինտակի, Լաչինի, Մարտակերտի, Կուսապատի, Սրխաւենդի կռիւներուն այո՛, գրեթէ ամբողջ տարածքով մէկ:
Ընկ. Աշոտ Ղուլեան օր մը իր տարած բազմաթիւ մարտերէն մէկուն աւարտին կատակով իր սիրելի զինակիցներուն հետ խօսակցութեան մը ընթացքին հետեւեալը կ՛ըսէ. «Տղա՛ք, պարզւում է, որ բնածին ռազմական ընդունակութիւններ ունեմ եւ նոր եմ միայն հասկանում դա: Ես պէտք էր ռազմական կրթութիւն ստանայի»:
Այդ բազմաթիւ մարտերու մասնակցութեան ընթացքին էր, որ Աշոտ Ղուլեան 5 անգամ վիրաւորուած ու չապաքինուած` վերադարձած է ռազմադաշտ. այդ իսկ պատճառով ալ իր զինակիցները զինք կնքեցին Բեկոր անունով:
Սակայն Աշոտ Ղուլեան-Բեկորին համար 1992 թուականի 24 օգոստոսի գիշերը պիտի ըլլար ճակատագրական: Դրմբոն գիւղի ազատագրութեան համար հետախուզական յանձնառութեամբ գիւղը ճեղքած առասպելական հրամանատարը կը նահատակուէր` միանալով առյաւէտ անմահացած իր պաշտելի ընկերներուն փաղանգին:
Աշոտ Հմայեակի Ղուլեանը ծնած է 6 հոկտեմբեր 1959-ին, համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ:
Աշոտ աւարտած էր Ստեփանակերտի միջնակարգ դպրոցը եւ պարագաներու բերումով անցած էր գործի եւ կեանքի ասպարէզ: Ճակտի արդար քրտինքով վաստակելու համար ընտանիքի հիմնական կարիքները` միշտ համբերատար կերպով սպասելով լաւ ժամանակները:
Աշոտ Ղուլեան ամէնէն շատ կը սիրէր Արցախը, կ՛երազէր անոր ազատագրութիւնը, անկախութիւնը. կը սիրէր կեանքը, ճամբորդութիւնները, ծովը եւ իր զինուորները:
Առասպելական Աշոտ Ղուլեանին` հայրենիքին մատուցած բարձր ծառայութեան համար յետ մահու շնորհուած է «Մարտական խաչ առաջին աստիճան»-ի եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշաններ, ինչպէս նաեւ արժանացած «Արցախի հերոս» կոչման:
Աշոտ Ղուլեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ էր:
Հայ ժողովուրդը հպարտանալու իրաւունք ունի:
Դաշնակցութիւնը նաեւ հպարտանալու իրաւունք ունի, որ իր շարքերէն ներս այդպիսի քաջեր կան:
Ի դէպ, թէեւ նախապէս ալ յայտարարած ենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հպարտանալու իրաւունք ունի եւ արդարացի է, որովհետեւ, յիշեցման կարգով, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը վերյիշեցնէր անհերքելի որոշ իրողութիւններ, որ`
– Արցախի առաջին խորհրդարանի նախագահը դաշնակցական էր:
– Արցախի Հանրապետութեան առաջին նախագահը դաշնակցական էր:
– Բանակի առաջին հրամանատարը դաշնակցական էր:
– Առաջին կանոնաւոր զինուորական գումարտակը դաշնակցական էր:
– Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերէն այդ կռիւներուն զոհուած են աւելի քան 300 կուսակցական ընկերներ` Վարդան, Վիգէն, Մհեր, Արթուր, Աբօ, Պետօ, Կարօտ, Շահէն, Սիմոն, Մերուժան, Բեկոր, Նորիկ եւ բոլորը:
Առիթով մը ընկ. Աշոտ Ղուլեան զրոյցի մը ընթացքին ընկերներուն հետեւեալը կ՛ըսէր. «Տղա՛ք, այդ հայրենասիրութիւն ըսուած բանը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` քեզ վրայ դրուած պարտականութիւնների բարեխղճօրէն կատարում, եթէ զինուորից սկսած մինչեւ նախարարը բոլորանուէր իրենց գործն անեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները կը պսակուեն յաղթանակով»:
Սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ,
Այսօր հաւաքուած ենք, այո՛, յարգանքի տուրք մատուցելու մեր հերոս ընկերոջ անսակարկ նուիրաբերումին` ի խնդիր հայրենիքի. բայց հիմնականին մէջ հաւաքուած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու, մեր վճռակամութիւնը վերահաստատելու` շարունակելու համար ընկեր Աշոտ Ղուլեանի գործը:
Ճիշդ է` Արցախը անկախ է, ազատ է, բայց տակաւին պատերազմ է, տակաւին ամէն օր ամբողջ սահմանին երկայնքին օրական ազրպէյճանցիները կը խախտեն զինադադարը: Մեր տղաները, մեր ազատամարտիկ բանակայինները կը պաշտպանեն մեր Արցախի անառիկ լեռները, մեր սրբազան դիրքերը խրամատներուն մէջ: Անոնք կը պաշտպանեն նաեւ Հայաստանի գոյութիւնը: Անոնք կը պաշտպանեն մեր արժանապատուութիւնը, մեր ազգը:
Սիրելի՛ ԼԵՄ-ականններ,
Իբրեւ դաշնակցական հրամանատար` ընկ. Աշոտ Ղուլեան այսօր ի՞նչ պիտի թելադրէր մեզի, ի՞նչ պիտի ակնկալէր մեզմէ, բոլորէս: Առաջին հերթին ան պիտի ակնկալէր սատար հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդի բոլոր պահանջատիրութիւններուն:
Հետեւաբար մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք այսօր, մանաւանդ դո՛ւն, լիբանանահա՛յ երիտասարդութիւն:
Մենք ազգովին պէտք է աշխատինք, որպէսզի հիւսիսային Արցախի տակաւին գրաւեալ շրջանները Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի ազատագրումը կատարուի, եւ ատիկա մեր սերունդին պատմական օրակարգերէն մէկը պէտք է ըլլայ:
Մենք պէտք է ազգովին աշխատինք, որպէսզի Արցախի հարցի լուծման ներկայ հանգրուանին բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լիիրաւ մասնակցի:
Ազգովին երբ կ՛ըսեմ, այսինքն Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ աշխատինք, որպէսզի ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական պայմանագիր ստորագրուի:
Մենք պէտք է ազգովին աշխատինք, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ յստակ կերպով ամրագրուին Արցախի տարածքային ամբողջականութեան դրոյթները:
Իսկ վերջապէս, ինչ կը վերաբերի վերջերս թէժ կրակի վրայ ընթացող տեսակցութիւնները նախագահներու միջեւ, հանդիպումները, բանակցութիւնները, ըլլան անոնք Վիեննայի թէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, իբր թէ ազատագրուած շրջաններու փոխարէն Արցախի որոշակի քաղաքական կարգավիճակի մը տարբերակի կարելիութիւնը, առաջին անգամ չէ, որ այս տեսակի դրսեւորումներ, ճնշումներ եւ տարաձայնութիւններ կը կատարուին ոչ ալ հաւանաբար վերջինը ըլլան: Դիւանագիտական սակարկութեան եւ քաշքշուքներուն մէջ շատ բան կախեալ է մեզմէ, հայութեան միասնականութենէն, մեր անզիջող քաղաքական վճռակամութենէն, Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքի թափէն եւ համազգային զօրակցութեան չափէն:
Վերադառնալով ընկ. Բեկորին, մէկ այլ զրոյցի մը ընթացքին, այդ թէժ մարտերուն մէկուն մէջ, ընկ. Բեկոր իր զինակիցներուն հետեւեալը կ՛ըսէր. «Տղե՛րք, Ղարաբաղը լոկ սկիզբն է, վերջը պիտի լինի Արեւմտեան Հայաստանը»:
Հետեւաբար, սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ,
Այո՛, գործունէութեան դաշտը ձեզի է, ոտքի՛ ելէք, ոտքի՛ հանեցէք ձեր շրջապատը, ձեր գաղափարական, կարգապահական եւ մարտական ոգիով խանդավառեցէ՛ք երիտասարդութիւնը, տուէք իրենց հեռանկար, ընկեր Աշոտի շունչը, երազը եւ պատգամը բացատրեցէ՛ք:
Անորոշութեան եւ պարապութեան մէջ գտնուող երիտասարդութեան դուք պէտք է համոզէք, տոգորէք, պէտք է ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Նախիջեւան եւ Արեւմտահայաստան: Դո՛ւք, ԼԵՄ-ականնե՛րդ, պիտի չտկարանաք աշխարհաքաղաքական մեծապետական խաղերէն եւ կացութիւններէն, պիտի չտկարանաք արդի ժամանակներու համաշխարհայնացման կեղծ արժէքներէն, որոնք կ՛այլասերեն, կ՛ապազգայնացնեն, կ՛ապաքաղաքականացնեն պահանջատէր ժողովուրդներ, դո՛ւք պիտի մերժէք, շպրտէք այս կեղծ արժեչափերը:
Դո՛ւք պիտի զինուորագրուիք ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքին եւ ժողովուրդներու համերաշխ համակեցութեան երաշխիքներու ապահովման գործընթացին:
Մենք, իբրեւ հաւաքականութիւն եւ լիբանանահայութիւն, մեր դերակատարութիւնը պէտք չէ միայն սահմանուած ըլլայ զօրակցական կոչերով կամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող բանավէճերով` հայկական իրականութիւնը յուզող ցանկացած երեւոյթի վերաբերեալ:
Մենք, իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն, պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլանք Հայաստանի պետականաշինութեան, տնտեսութեան զարգացման, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան:
Մենք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլանք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքին:
Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին նահատակուած մեր բոլոր առասպելական Բեկորները:
Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուրի մէջ ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները: